Ակնարկ. Առանցքի Պետութիւններ Եւ Կրկնակի Խաղեր

Պաշտօնական Թեհրանը ողջունեց եւ դրական գնահատական տուաւ Թուրքիոյ նախագահի վերընտրութեան: Հաւանաբար քաղաքականօրէն ընկալելի դրսեւորում է, որ կը կատարուէր Իրանի իսլամական հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին կողմէ:

Քաղաքական հասկնալիւթիւնը այս պարագային առաւելաբար տարածաշրջանին մէջ Մոսկուա-Թեհրան-Անգարա երբեմն ուրուագծային, յաճախ ուղղակի տեսանելի ռազմավարական եռակողմ դաշինքի հետ կապուած է, յատկապէս Սուրիոյ տարածքին արձանագրուող իրադարձութիւնները նկատի ունենալով, ինչպէս նաեւ Թեհրան-Ուաշինկթըն ըստ էութեան հակադրութեան եւ վերիվայրումնային յարաբերութիւնները նկատի ունենալով:

Ուրեմն խնդիրը միջինարեւելեան տարածաշրջանին կամ սուրիական պատերազմին առնչուած ռազմաքաղաքական իրադրութիւններուն հետ կապ չունի միայն: Թեհրանի դէմ յատկապէս Ուաշինկթընի կողմէ կիրարկուող մեկուսացման քաղաքականութիւնը յատկանշուեցաւ հիւլէական համաձայնութենէն ետ քաշուելով եւ համաձայնագիրը ստորագրած երկիրներուն կոչ ընելով յայտարարելու համաձայնութիւնը: Պատժամիջոցներու վերաորդեգրման առընթեր կոչերը կը շարունակուին Իրանէն կազի արտածումը արգելակելու:

Այս պայմաններուն մէջ Անգարան Ուաշինկթընի թելադրած խաղի կանոններուն հետեւելու ոչ միանշանակ քայլեր կ՛առնէ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու 26 յունիսին կը յայտարարէր, որ Թուրքիա անփոխարինելի դաշնակից մըն է ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներուն, այլեւ բոլոր դաշնակիցներուն համար: Այստեղ պէտք է հասկնալ, նաեւ Իրանը:

Նոյն օրերուն, Քրեմլին հաղորդագրութեամբ մը կը յայտարարէր, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները համաձայնած են սերտօրէն համագործակցիլ Սուրիոյ տագնապի լուծման համար եւ անդրադարձած ուժանիւթի մարզին մէջ միացեալ ծրագիրներու առաջնահերթութեան: Ուժանիւթային- ռազմավարական ծրագիրներու համաձայնեցման այս յայտարարութիւնը կը կատարուէր զուգահեռ Իրանի մեկուսացման եւ վառելանիւթի արտածման դէմ մղուող ամերիկեան պայքարին, մինչ քաղաքական կոչերը կը կեդրոնանային իրանեան ուժերուն սուրիական տարածքներէն հեռանալու հրամայականին վրայ:

Թրքական այս երկակի խաղը որոշ ճամբայ անցած է արդէն եւ տակաւին շարունակուելու նախադրեալներ կը պարզէ: Բայց վերադառնանք տարածաշրջանային ռազմավարական առանցքին եւ անմիջապէս նկատի ունենանք, որ այդ առանցքային պետութիւններէն երկուքին հետ ամերիկեան յարաբերութիւնները վերափոխուելու սեմին են:

Թուրքիոյ նախագահի վերընտրութեան շնորհաւորանքի առիթով Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ նախագահները շեշտած էին իրենց վճռականութիւնը ամրապնդելու երկկողմանի յարաբերութիւնները, նախ եւ առաջ` զինուորական գետնի վրայ: Անոնք նաեւ շեշտած էին Սուրիոյ տագնապին լուծման համար միացեալ ճամբու քարտէսի մը կարեւորութիւնը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ համագործակցութեան շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը:

Իսկ հիմա արդէն կը խօսուի Թրամփ-Փութին հելսինքեան հանդիպումի նախապատրաստութիւններուն մասին:

Առանցքի պետութիւններէն Ուաշինկթընի հետ յարաբերաբար Անգարան եւ Մոսկուան այլ ուղղութեան վրայ կը գտնուին:

Վերադառնանք Էրտողանի ընտրութիւնը Թեհրանի կողմէ դրական եւ ողջունելի նկատելու յայտարարութեան եւ հիմա նկատենք, որ յայտարարութիւնը կատարուած է ոչ թէ նախագահական, ոչ թէ արտաքին գործոց նախարարութեան այլ արտաքին գործոց նախարարութեան, բանբերի աստիճանաչափով:

«Ա.»







aztagdaily.com

Տպել Տպել