Բագրատունի Ընդունեց Ֆրանսուա Ասսէլինէոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Ժողովրդային հանրապետական կուսակցութեան (Եու. Փի. Էր.) նախագահ Ֆրանսուա Ասսելինէոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային հարցեր:

Ասսելինէօ ներկայացուց իր ղեկավարած կուսակցութեան գաղափարական սկզբունքները եւ շրջանային ու միջազգային անցուդարձերուն շուրջ իր կարծիքը: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց Ֆրանսայի հզօրացման ու յաւելեալ դերակատարութեան համար ինքնուրոյն վարքագիծի մը կիրարկման անհրաժեշտութիւնը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն: Ժողովրդավարութեան, արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ միջազգային օրէնքի ըմբռնումներու այսօրուան ներկայացուցած պատկերն ու զանոնք ի սպաս ժողովուրդին դնելու խնդիրը եղաւ նաեւ քննարկումի նիւթ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել