Հայ Դատի Ջատագովում Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Մէջ

Տէյվիտ Վալատաոյի հետ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան եւ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման 100ամեակներուն առիթով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի կազմակերպած ձեռնարկներուն զուգահեռ՝ Հայ Դատի ջատագովման շարք մը հանդիպումներ տեղի ունեցան քոնկրեսականներու հետ, նշեալ ձեռնարկներուն մասնակցելու համար մայրաքաղաք ժամանած ամերիկահայերու մասնակցութեամբ։

Էնթընի Պրաունի հետ

Այս նպատակով Շիքակոյէն ժամանած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Կրեկ Պետեան կը յայտնէ, թէ հանդիպումները առիթ հանդիսացած են ամերիկահայութիւնը յուզող գլխաւոր հարցերուն շուրջ յատկանշական խորհրդակցութիւններ կատարելու քոնկրեսականներու հետ։

Ուաշինկթըն ժամանած էին նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդագրութեանց համակարգող Տիգրան Խոտանեան, կառավարական հարցերու համակարգող Սերոբ Աբրահամեան եւ համայնքային յարաբերութեանց համակարգող Սիմոն Մաղաքեան։

Փիթըր Քինկի հետ

Ուաշինկթըն այցելող ամերիկահայերուն կողքին, քոնկրեսականներու հետ հանդիպումներ ունեցան նաեւ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցող Հայ Դատի վարժողական շարք մը ծրագիրներու մասնակիցները։

Հայ Դատի ջատագովները այցելեցին հետեւեալ քոնկրեսականներուն գրասենեակները. ծերակուտական Մայքըլ Պենեթ, Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Տէյվ Պրեթ, Էնթընի Պրաուն, Թոնի Քարտենաս, Մայքըլ Քանֆմըն, Ճիմ Քոսթա, Ճան Քըրթըս, Տենի Տէյվիս, Տուայթ Էվընզ, Պրայըն Հիլընզ, Թերի Հոլինկզուըրթ, Ճօ Քենետի Գ., Փիթըր Քինկ, Ռուպըն Քիուըն, Տան Լեմպորն, Ճիմ ՄըքԿավըրն, Պիլ Փասքալ, Էրիք Փոլսըն, Էտ Փըրլմութըր, Ճերըտ Փոլիս, Ճան Սարպէյնզ, Ճեն Շաքովսքի, Պրետ Շըրմըն, Ալպի Սայըրզ, Սքաթ Թիփըն, Տէյվ Թրաթ եւ Տէյվիտ Վալատաօ։

Թոնի Քարտենասի հետ

Հարիւրամեակներուն նուիրուած միւս ձեռնարկներն էին՝ Քոնկրեսի շէնքին մէջ կայացած հանդիսութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, ինչպէս նաեւ «Սմիթսոնիըն»ի մէջ Հայաստանի նուիրուած ցուցահանդէսը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Յուլիս 8։

asbarez.com

30/06/2018

Տպել Տպել