«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ի խմբագրականը. Մինչեւ Փետրուար 18…

armenia-president-residency
Զարմանալի զուգադիպութիւն…

Պաշտօնապէս որոշումը առնուեցաւ եւ Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեան նշման օրն իսկ` Փետրուար 18, 2013-ին պիտի կատարուին Հայաստանի Նախագահական ընտրութիւնը:

Հաւանաբար շատերու համար, յստակ է թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ արդիւնքը եւ ի վերջոյ ո՞վ պիտի ստանձնէ երկրին ղեկը: Հակառակ այս կացութեան, տկարութեան եւ անկարողութեան նշան է անտարբեր մնալն ու կրաւորական դիրքորոշում որդեգրելը:

Գէթ, նոյնիսկ ընտրութեան գործընթացը առիթ եւ մթնոլորտ կը ստեղծէ իշխանափոխութեան մը կարելիութեան:

Յստակ է թէ Հայաստանի յառաջիկայ հնգամեայ ապագան կախեալ է այս ընտրութենէն, եւ այսուամէնայնիւ թէ՛ ժողովուրդը եւ թէ՛ անոր ընտրած վարչակազմի ապագայ ղեկավարը կարեւոր եւ առաջնահերթ պիտի նկատէ (…կամ պէտք է որ նկատէ) այս մարտահրաւէրները եւ պիտի ստանձնէ զանոնք յաղթահարելու յանձնառութիւնը:

Հոս տեղին է նշելն ու շեշտելը թէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան որոշումը ոեւէ անձի, կամ որեւէ կազմակերպութեան դիրքորոշումով պայմանաւորուած չի կրնար ըլլալ:

Միշտ ալ խումբն ու խմբային որոշումը գերադասելով անհատէն, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, իր որոշումներն ու գործընթացը կը կատարէ ժողովներով:

Նաեւ, բոլորն ալ քաջատեղեակ են թէ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան ընթացքը շատ յստակ է, եւ հետեւաբար կուսակցութիւնը ոեւէ մէկուն դիրքորոշումով եւ անձնական քմահաճոյքով չի պայմանաւորեր իր որոշումը:

Այս պատճառով եւ հասարակութեան լայն շերտերը համախմբելու մտահոգութեամբ, Հ.Յ.Դ. նախաձեռնեց “Միասնական օրակարգով դէպի նախագահական ընտրութիւններ“ կարգախօսը: Ի վերջոյ, տեղին է ունենալ ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն, որպէսզի յանուն ներազգային համերաշխութեան, բոլորին տրուին հաւասար կարելիութիւններ եւ բոլորը օգտուին ստեղծուած բարիքներէն:

Աւելի քան իննիսուն տարի առաջ, Փետրուար 18, 1921-ին համատարած վայրագութեան եւ ամբողջական բռնատիրութեան ճամբով, համայնավարութիւնը անշնչելի եւ սահմռկեցուցիչ դարձուցած էր կացութիւնը Հայաստանէն ներս…ուր մուտք գործած էր ներքին ինքնավստահութեան խոստումով եւ բռնօրէն որեւէ քայլ չառնելու ապահովութիւնը տալէ ետք: Տեղին է վերլուծել համաժողովրդային այս ապստամբութեան ներքին, ենթակայական եւ հոգեբանական պատճառները:

Կլասնոսթէն, փերեսթրոյքայէն եւ ապա վերանկախացումէն ետք, Փետրուար 18, 2013-ին…Ի՞նչ պայմաններու տակ հայորդին պիտի ուղղուի քուէատուփ:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ի խմբագրական
Դեկտեմբեր 10, 2012

Տպել Տպել