Անդրադարձ. Չքացնել Ուրուականը


ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

1 յուլիսին Միջազգային եւրասիական շարժումի, Իզպորկեան ակումբին նախաձեռնութեամբ բացումը կատարուեցաւ «Կովկասի մէջ Ազրպէյճանը Ռուսիոյ միակ դաշնակիցն է» խորհրդաժողովին, որուն կազմակերպիչը Միջազգային եւրասիական շարժում կազմակերպութեան նախագահ Ալեքսանտր Տուկինն էր: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները մատնանշեցին, որ խորհրդաժողովը տեղի կ՛ունենայ «ապրիլեան մարտերուն իբրեւ հետեւանք հայկական բռնագրաւումէն ազատագրուած Ջոջուկ Մարճանլի գիւղին մէջ»: Խորհրդաժողովի ծիրին մէջ յայտնի ռազմական փորձագէտ Մաքսիմ Շեւչենքոյէ, «Ռաշա Թուտէյ»-ի յառաջատար մեկնաբան Ալեքանտր Պոնտունովէ, Ռուսիոյ իշխող Միասնական Ռուսիա կուսակցութենէն երեսփոխան Ալեքսէյ Եզուպովէ, Տումայի կոմիտէի նախագահի տեղակալ Տմիթրի Սաւելեւէ, Տումայի նախագահի օգնական Վլատիսլաւ Քալխիտովէ եւ ինքնին տխրահռչակ Տուկինէ եւ ուրիշներէ բաղկացած ռուսական պատուիրակութիւնը այցելեց 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին ազրպէյճանական ուժերու վերահսկողութեան տակ անցած Լելէ Թեփէ բարձունքին վրայ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքեր:

Բազմաթիւ փորձագէտներ եւ մեկնաբաններ փորձեցին մեղմացնել դէպքին լրջութիւնը` նշելով, որ այդտեղ հնչած ազրպէյճանամէտ յայտարարութիւնները չեն համապատասխաներ Ռուսիոյ պաշտօնական դիրքորոշումին: Այդ պնդումը միայն առերեւոյթ ճիշդ է, եւ ոչ` իրողապէս. Քրեմլինի մօտիկ անձնաւորութիւններէ կազմուած ռուսական պատուիրակութեան մը մասնակցութեամբ խորհրդաժողովին խորագիրը, խորհրդաժողովին համար ընտրուած վայրն ու Լելէ Թեփէ բարձունք այցելութիւնը հայկական կողմին յղուած յստակ զգուշացումին եռակի ընդգծումն են:

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 11-12 յուլիսին պիտի այցելէ Պրիւքսել: Ռուս ռազմական փորձագէտ, ԱՊՀ երկիրներու հիմնարկի տնօրէնի տեղակալ Վլատիմիր Եւսիեւ «Ռուսարմինֆօ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Արեւմուտքի երկիրներու, ՕԹԱՆ-ի հետ Հայաստանի կապերու ընդլայնումը եւ մասնաւորաբար Հայաստանի վարչապետին ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակցութիւնը «լրջօրէն կը մտահոգեն Ռուսիան»` աւելցնելով. «Ինծի կը թուի, որ եթէ Հայաստանին այդքան կը մտահոգէ ռուս փորձագէտներու այցելութիւնը Ազրպէյճան, ապա անոր պէտք է անհանգստացնէ նաեւ այն, թէ արդեօք չափազանց լուրջ չի՞ համագործակցիր ՕԹԱՆ-ի հետ` իր խաղաղարարները ուղարկելով դաշինքի գործողութիւններուն եւ մասնակցելով «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրին»: Սակայն Հայաստանը նոր չէ, որ այդ ամէնը կը կատարէ, ուստի հարցը կը վերաբերի Երեւանի նկատմամբ Մոսկուայի վստահութեան փոփոխութեան:

Մոսկուան չի վստահիր վարչապետ Փաշինեանին ու անոր թիմին, եւ չէ համոզուած աշխարհաքաղաքական արեւելումի վերաբերեալ անոր կատարած յայտարարութիւններով: Ստեղծուած է խիստ վտանգաւոր կացութիւն մը, ուր ազատ արձակուած է 13 յունիս 1992-ի` Շահումեանի կորուստի ուրուականը: Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հակառուսականութեան պատճառով Քրեմլինի` մեզի դէմ որդեգրած պատժական տնօրինումներուն իբրեւ հետեւանք, մենք ո՛չ միայն Շահումեանը կորսնցուցինք, այլ նաեւ Հատրութի եւ Մարտակերտի գիւղերը, մեր դէմ շղթայազերծուեցաւ «Օղակ» գործողութիւնը: Մօտիկ անցեալին Հայաստանի Ա. նախագահի թիմէն եղած Հայաստանի ներկայ վարչապետը պէտք է դասեր քաղէ անցեալի դառն փորձառութենէն եւ չքացնէ ռուսական կողմին մօտ գոյութիւն ունեցող տեղի կամ անտեղի եղող, սակայն խիստ վտանգաւոր այն տպաւորութիւնը, թէ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները հակառուս են:

aztagdaily.com

Տպել Տպել