Հ.Օ.Մ.-ի Մասնաճիւղ՝ Հոլանտայի Մէջ

ԱԼՄԵԼՕ, Հոլանտա ․– Հայ Օգնութեան Միութիւնը Յունիս 30, 2018-ին Ալմելօ քաղաքին մէջ հիմը դրաւՀոլանտայի մեկուսի մասնաճիւղին: Նոր մասնաճիւղի այս հիմնադրութեամբ, Հ․Օ․Մ․-ի կառոյցներու թիւը կը հասնի 27 երկիրներու, ուր միութիւնը իր մասնաճիւղերով գործօն դերակատարութիւն կ’ունենայ:

Հարիւրէ աւելի հայրենակիցներ հաւաքուած էին Գալուստ Կիւլպէնքեան սրահին մէջ, ուր դաստիարակչական յայտագրին ընթացքին, Հայ Օգնութեան Միութեան ծաւալուն գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցաւ:

Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ, Լիզա Աւագեան նոր մասնաճիւղին նուիրեց Հ.Օ.Մ.-ի դրօշակը, որպէսզի ան հպարտութեամբ ծածանի նորաստեղծ մասնաճիւղի աշխատանքներու ընթացքին: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ շեշտելով կարեւորութիւնը սփիւռքի նոր գաղութի մէջ այս կազմակերպութեան հիմնադրութեան ըսաւ «լիայոյս եմ եւ համոզուած որ նոր մասնաճիւղը իր առաւելագոյնը պիտի տայ իր գաղութին եւ հայրենիքին՝ միշտ հետապնդելով Հ.Օ.Մ.-ի առաքելութեան եւ նպատակներուն թէ’ շրջանի եւ թէ’ կեդրոնականի մակարդակներու վրայ»: Ձեռնարկը աւարտեցաւ գեղարուեստական յայտագրով մը:

1910-ին հիմնուած Հայ Օգնութեան Միութիւնը 27 երկիրներու մէջ գործող մասնաճիւղերով, ոչ-յարանուանական, մարդասիրական միութիւն մըն է, որ համաշխարհային տարողութեամբ կը ծառայէ ու կը սատարէ դաստիարակչական ծրագիրներու, առողջապահական, բարեգործական անմիջական օգնութիւն կը ցուցաբերէ հայ գաղութներուն եւ նեցուկ կը կանգնի կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեան, բարելաւման ու տարածման ի խնդիր տարուող աշխատանքներու:

hairenikweekly.com

Տպել Տպել