Արտագաղթը՝ Կողքով

Անցեալ Կիրակի, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ նախաձեռնուած Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ հանդիպումին, «Ասպարէզ»ի կողմէ հետեւեալ հարցումը ուղղեցինք կառավարութեան ղեկավարին.
– Հայաստանի կառավարութիւնը արտագաղթը վտանգ կը նկատէ՞ երկիրի անվտանգութեան: Եթէ այո՛, ի՞նչ ռազմավարութիւն որդեգրուած է՝ մեր երկիրի անվտանգութեան սպառնացող այս հարցին լուծում մը տալու:

«Եթէ այո»ն անտեղի էր: Վարչապետին համաձայն՝ արտագաղթը այո՛, ցաւալի է, այո՛, իւրաքանչիւր հայ, որ կը լքէ երկիրը, ցաւ կը պատճառէ կառավարութեան, սակայն, այդքան ալ ճիշդ չէ այն, որ արտագաղթի ծաւալները ազգային անվտանգութեան վտանգ կը հանդիսանան. ըստ իրեն՝ թիւերը ուռճացած են: Հարցը ինքնին, ըստ վարչապետին, քաղաքականացուած է եւ ընդդիմութեան կողմէ կը շահարկուի՝ վարկաբեկելու համար իշխանութիւնը:

Մէկ խօսքով, Հայաստանի վարչապետը արտագաղթի ծաւալները մտահոգիչ, բայց ոչ սպառնական կը նկատէ: Հաւանաբար վարչապետէն այլ պատասխան ալ պէտք չէ ակնկալէինք: Միայն վերջին վիճակագրութիւնը, որ պետական ծառայութեան մը կողմէ հրապարակուած է, անցեալ 11 ամիսներուն Հայաստանէն մշտապէս հեռացածներու թիւը կը ներկայացնէր 71,400: Գրեթէ նոյն թիւերը ներկայացուած էին նախորդ տարիներու զեկոյցներուն մէջ:

Հայաստանի բնակչութեան թիւի նուազման միտումը կանգնեցնելու ուղղութեամբ, կառավարութիւնը այո՛, որոշ միջոցներ ձեռք առած է: Բազմազաւակութիւնը խրախուսելու ուղղութեամբ առնուած համեստ քայլերը (հաւանաբար պետութեան միջոցներու սղութեան, անբաւարարութեան պատճառով), ծննդաբերութիւնը անվճառ դարձնելու որոշումը եւ քանի մը նմանօրինակ քայլեր ճիշդ ուղղութեամբ միջոցառումներ են: Սակայն, մեր կարծիքով՝ նախ եւ առաջ, կառավարութիւնը պէտք է անկեղծ ըլլայ եւ ընդունի, թէ արտագաղթը ազգային անվտանգութեան հարց է, եւ ապա դիմէ համապատասխան, համակողմանի քայլերու՝ պայքարելու համար անոր դէմ, այն արդիւնաւէտութեամբ, որ երկիրի սահմանները պաշտպանելու համար միջոցներ ձեռք կ՛առնուին:

Սակայն, այս կառավարութինը, այս իշխանութիւնները երբե՛ք չեն կրնար նման բան ընդունիլ, որովհետեւ հարցին համակողմանի մօտեցումը պիտի պահանջէ առաջին հերթին իշխանական համակարգի ամբողջական փոփոխութիւն, որուն շնորհիւ միայն կրնայ Հայաստանի մէջ արդար դասակարգ ստեղծել՝ տանելի դարձնելով կեանքը, ազատ շնչելու, գործելու, արտայայտուելու ու ապրելու միջավայր ընձեռելով բոլորին:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
12 Դեկտեմբեր 2012

Տպել Տպել