Յակոբ Գարակէօզեան (Զաւէն, 1873¬1897).«Պարտաճանաչութեան վսեմ ոգով տոգորուած» հայ յեղափոխականը

karageozian1 «Սուլթանի կառավարութիւնը նախ դժոխային բարբարոսութեանց սոսկալի շարքով մը հալածեց յեղափոխականները. ի՞նչ հետեւանք տեսաւ – ո՛րչափ որ իւր ուժը աւելցուց՝ հիմն ի վեր կործանելու Հայկական շարժման շէնքը, ա՛յնչափ աւելի մեծացաւ, ընդարձակուեցաւ ատիկա։ Կռահեց ուրեմն, որ ասոր վախճանն ալ պիտի կրնայ ըլլալ պալքանեան ազգերու ապստամբութեանց հետեւանքին պէս,- ասոնք ալ զինք պիտի անդամահատին. երբե՛ք, բնաւ երբեք։

Բռնակալը նախարարներուն հետ կը խորհըրդակցի երկար ատեն եւ վերջապէս կը յղանան բնաջինջ ընել ամբողջ հայ ազգը՝ թէ՛ տնտեսական ճնշումով եւ թէ սուրով. «ալ ո՞վ պիտի մնայ ընդվզող» կը մտածէ արիւնարբու-հրէշ Համիտը։ Այժմ կը մնայ միջոցի վրայ խորհիլ. ան ալ հեշտութեամբ գտան. եւ ի՜նչ արմատական միջոց.- արիւնախում քուրդերը զինել ու ձգել հայերուն մէջ, տալով իրենց լիազօրութիւն ամէն միջոցների դիմելու. կը բաւէր, որ հոն հայ չթողուն»։
Ուրբաթ, 12 Օգոստոս 2011 09:43

Նման գաղափարներով զինուած 24ամեայ հայ յեղափոխական մը, 12 Օգոստոսին, 114 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ, մատնութեան հետեւանքով թուրք ոստիկաններու կողմէ պաշարուեցաւ, անձնատուր ըլլալու հրահանգներուն ատրճանակի կրակով պատասխանեց եւ, մինչեւ բառացիօրէն վերջին փամփուշտը կռուելէ ու տմարդ ոսոխին դիմադրելէ ետք, վերջին փամփուշտը իր ճակտին կրակելով՝ հայ կեանքէն վաղաժամ հեռացաւ ու գնաց միանալու հայ յեղափոխական շարժման «անկեղծ զինուոր»ներու փաղանգին։

Զաւէն մարտական անունով հռչակուեցաւ հայ յեղափոխականի այս ինքնատիպ մարմնաւորումը, որ հայ ժողովուրդի անձնազոհ նուիրեալներու մեծ ընտանքին մէջ արժանաւորապէս նուաճեց գաղափարի մարտիկի եւ ինքնահաւատարիմ գաղափարապաշտի օրինակելի պատուանդանը։

Եղաւ ներկայացուցչական դէմք մը «պարտաճանաչութեան վսեմ ոգով տոգորուած» հայորդիներու այն սերունդին, որ 1880ականներու վերջերուն, տակաւին պատանի տարիքէն, անխախտ հաւատքով եւ գերագոյն զոհաբերութեան ուխտով փարեցաւ ազգային-ազատագրական պայքարի նոր կազմակերպուող շարժումին։
Աւազանի անունով Յակոբ Գարակէօզեան՝ Զաւէն Տրապիզոնի ծնունդ էր։ Հոն ուսանած եւ մեծցած էր՝ դառնալով Տրապիզոնի դաշնակցական կազմակերպութեան յառաջապահ շունչն ու ոգին։

Կը բաւէ կարդալ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի 1 Հոկտեմբեր 1897ի համարին առաջին էջը գրաւած «Կ. Պոլսի Կեդրոնական Կոմիտէ»ի մահազդը՝ անդրադառնալու համար, որ հայոց «Յեղափոխութիւնը Զաւէնի անձին մէջ շիտակ գործիչ մը կորսնցուց, բայց անոր հերոսական մահը նոր ապացոյց մըն ալ բերաւ յեղափոխական իտէալի անայլայլ վեհութեանը»։ Իսկ դաշնակցական մտքի եւ հայ մշակոյթի երախտաւորներէն Գասպար Իփէկեան, աւելի քան կէս դար ետք, իր խմբագրած «Համազգայինի Օրացոյց-Տարեգիրք»ի 1952ի համարով, Օգոստոս 12ի էջը կարեւորութեամբ նուիրելով Զաւէնի մարտիրոսացումին, առաւելագոյն խտութեամբ՝ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անձնուէր եւ աննման գործիչներէն էր» դափնեպսակին արժանացուցած է Զաւէնը։

Ուսումնատենչ եւ կեանքի մէջ անձնական յաջողութեան հասնելու ամէն յարմարութեամբ օժտուած աշակերտ էր Զաւէն։ Բայց ինչպէս իր սերունդէն շատերը, անոր սիրտը անքակտելի թելերով կապուած էր Սասունին, ուր Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի թաւալգլոր անկումին վերջ տալու, ազատութեան նոր դարագլուխ բանալու եւ գերագոյն զոհաբերութեամբ հայկական յեղափոխութեան անմար խարոյկը բոցավառելու օրհասական կռիւ սկսած էր։

Սասուն հասնելու եւ թրքական բռնատիրութեան դէմ կռուի դաշտ նետուած հայոց ֆետայիներուն իր աջակցութիւնը բերելու Զաւէնի մտասեւեռումը գրքունակ եւ քաղքենի կեանքէն ընդմիշտ հեռացուց 18 տարիքը դեռ նոր բոլորած Զաւէնին։

Ինչպէս որ կը վկայէ «Դրօշակ»ի 25 Նոյեմբեր 1897ի համարին առաջին ու երկրորդ էջերը լրիւ գրաւած կենսագրականը, Զաւէն յեղափոխականի իր մկրտութիւնը ստացաւ 1889ին, երբ աշակերտական ու պատանեկան իրենց հայրենասիրական խումբին հաւաքած խնայողութիւններով՝ Զաւէն եւ իր 2 ընկերները, «ժանգոտ ռէվոլվէր մը եւ քոսոտ դանակ մը» առած, գաղտնաբար հեռացան Տրապիզոնէն‘ Կարին երթալու եւ հոնկէ ալ Սասուն անցնելու համար։ Լսած էին, որ Կարնոյ մէջ Դաշնակցութիւնը կամաւորներ կ՝արձանագրէ՝ զանոնք զինատար խումբերով Սասուն ուղարկելու համար, ուր կը պատրաստուէր ապստամբական ընդհանուր շարժում մը 1890ի գարնան։

Պատանեկան այդ ճամբորդութիւնը իր նպատակին չհասաւ։ Սայլապանը կէս ճամբան ձգեց իր դեռահաս յաճախորդները, որոնք ոտքով շարունակեցին եւ խստաշունչ ձմրան ցուրտ ու բուքին ամբողջ օր մը ճամբայ կտրելէ ետք՝ ուժասպառ հասան Կարին։ Զաւէնի ծնողքն ու պարագաները, իրենց «կորսուած» զաւակը գտնելու յոյսով‘ դիմեցին թուրք ոստիկանութեան, որ Կարնոյ խաներէն մէկուն մէջ գտաւ պատանիները։ Անոնք արդարացան՝ ըսելով, որ Կարնոյ «Սանասարեան» վարժարանը արձանագրուելու նպատակով թողած էին իրենց ծննդավայրը…

Երկիր մուտքի առաջին այդ փորձին ձախողութիւնը ոչ միայն չընկճեց, այլեւ աւելիով կարծրացուց պայքարի ոգին Զաւէնի եւ ընկերներուն մէջ։

Դպրոցը հազիւ աւարտած, Զաւէն նետուեցաւ յեղափոխական գործի մէջ՝ երիտասարդական խմբակներու կազմութեան, անոնց գաղափարական պատրաստութեան եւ մարտական վարժեցման նուիրուելով։ 1890ի Կարնոյ բողոքի ցոյցը եւ անոր հետեւած ոստիկանական հալածանքը յեղափոխական հայորդիներու դէմ, ապա՝ Պոլսոյ Գում Գափուի մեծ ցոյցը իրենց խոր անդրադարձը ունեցան նաեւ Տրապիզոնի հայութեան վրայ։ Ազատախոհ ու հայրենասէր ուսուցիչներ եւ երիտասարդներ հսկողութեան տակ առնուեցան, ձերբակալուեցան կամ հեռացուեցան Տրապիզոնէն։ Զաւէն յաջողեցաւ, ընդյատակեայ գործելու իր ընդունակութեամբ, խուսափիլ կառավարական հետապնդումներէ։ Անդամագրուեցաւ նորակազմ Դաշնակցութեան եւ շուտով դարձաւ Հ.Յ.Դ. ամէնէն աշխոյժ գործիչներէն մէկը։ 1893ին ընտրուեցաւ Տրապիզոնի դաշնակցական Կոմիտէի անդամ, ստանձնեց Կոմիտէ քարտուղարութիւնը եւ ծաւալուն աշխատանք տարաւ Տրապիզոնի հայութեան զինումին եւ ինքնապաշտպանութեան ուղղութեամբ՝ դիմագրաւելու համար կառավարական ճնշումներու խստացումը եւ, յատկապէս, համիտեան կոտորածներու ծաւալումը հայկական նահանգներու տարածքին։

Ընդհանրապէս ամբողջ Կարնոյ հայութեան գլխուն սպառնական կախուած էր կոտորածի սպառնալիքը։ Սուլթան Համիտ Կարնոյ բռնատէր կարգած էր Բահրի փաշան, որ ամէն միջոցի կը դիմէր արեան մէջ խեղդելու համար հայոց ազատատենչութիւնը։

Դէպքերը գահավէժ ընթացք առին 1895ին։ Դաշնակցութեան որոշումով ահաբեկուեցաւ հայակեր Բահրի փաշան։ Հարիւրաւորներ ձերբակալուեցան, անոնց շարքին՝ նաեւ Զաւէն, որ սակայն իր բարեհամբոյր արտաքին տեսքով յաջողեցաւ փարատել ամէն կասկած՝ յեղափոխականի իր անդրդուելի եւ յանդուգն նկարագրին նկատմամբ։ Վրայ հասաւ Տրապիզոնի հայութեան 1895ի Սեպտեմբեր 26ի մեծ ջարդը։ Զաւէն յաջողեցաւ փախուստ տալ եւ անցնիլ Պոլիս, ուր ամբողջապէս նուիրուեցաւ սուլթանի կառավարութեան դէմ Դաշնակցութեան ծաւալած անհաշտ պայքարին։

Պոլիսը 23ամեայ Զաւէնի առջեւ բացաւ կենդանի կռուի բուռն դաշտ մը։ Բաբգէն Սիւնիի եւ Եգիպտացիի (Արտաշէս Մ. Դեւեան) շունչին տակ, Զաւէն ոչ միայն ընտելացաւ ռումբերու պատրաստութեան եւ գործածութեան, այլեւ՝ գրական իր շնորհները ի գործ դրաւ, «Դրօշակ»ի էջերուն Երկրի յեղափոխական մթնոլորտին մասին թղթակցութիւններ լոյս ընծայելով։

Օսմանեան Դրամատան գրաւումէն եւ համիտեան կատաղի հակադարձութենէն ետք, Զաւէն լեցուեցաւ կոտորուած անմեղներու եւ նահատակուած Բաբգէն Սիւնիներու վրէժը լուծելու վճռականութեամբ։ Սուլթանի կառավարութեան դէմ անհաշտ կռիւը նահանջի բոլոր ճանապարհները փակած էր այլեւս։ Զաւէն տենդագին լծուած էր հակահարուածի պատրաստութեան, երբ 12 Օգոստոս 1897ի վաղ առաւօտեան անոր տունը պաշարուեցաւ թուրք ոստիկանութեան կողմէ։ Զաւէն մատնուած էր եւ գիտէր, որ հնչած էր օրհասական ժամը։ Բացառուած էր անձնատուութիւնը։ Ոստիկաններու անձնատուութեան պահանջին պատասխանեց կրակոցով։ Մինչեւ վերջին փամփուշտը կռուեցաւ։ Բայց առանձին՝ երկար չէր կրնար խուսափիլ ճակատագրէն։ Վերջին փամփուշտը ուղղեց իր ճակտին եւ, ազատութիւն գոռալով, ընտրեց յեղափոխականի արժանապատիւ վախճանը։
«Ազատութիւն կամ մահ»։

Կարճատեւ կեանք ունեցաւ հայ յեղափոխականի ամբողջական կերպարն ու ինքնահաւատարմութիւնը մարմնաւորող այս առաքեալը։

Զաւէն անունով ճանչցուած տրապիզոնցի Յակոբ Գարակէօզեանը իր ուրոյն ներդրումը ունեցաւ հայոց ազգային-ազատագրական շարժման մեծ աւանդին մէջ։
Եւ հետագայ սերունդներուն համար ուղի բացաւ ու վարակիչ օրինակ դարձաւ գաղափարական իր կտակը, որ այնքան պարզութեամբ խտացուած է Սասնոյ առաջին ապստամբութեան նուիրուած «Դրօշակ»ի 1895ի թիւ 11 համարին մէջ, «Ակնարկ մը» խորագրով.-«Հայ եղբայրնե՛ր, ճանչնանք ներկայ ճգնաժամային րոպէին ահագին նշանակութիւնը. գիտնա՛նք ուրեմն այս պատմական րոպէն համապատասխան, նպատակայարմար ժամանցով սահեցնել։ Ամենամեծ ոճիր մþէ այս եզական վայրկեանին ծալապատիկ նստիլը. ամօթ չէ՞ մեզ կասիլ ա՛յն պահուն, երբ արդէն տեսած ենք իւր բոլոր վսեմութեամբը մեր նպատակակէտը։ Թող ուրեմն ամէն հայ իւր օգնութեան բաժինը հատուցանէ իւր ազգին՝ կա՛մ կեանքով, կա՛մ խօսքով, կա՛մ դրամով, որոնք, երեքն ալ, այժմու կարիքին ամենաանհրաժեշտ տարրերն են։ Եւ իւր այդ պարտքը կատարելէն վերջ միայն թող ամէն ոք իւր խիղճը հանդարտած գտնէ, ապա թէ ոչ թող գիտնայ՝ թէ ապագայ սերունդին, որու փրկութիւնը մեր գործունէութենէն կախեալ է, ահեղ ու անաչառ դատաստանին առջեւ անէծքի ու նախատինքի բաժին միայն պիտի ստանայ։

«Օգնե՛նք իրար, եղբայրնե՛ր, հասնինք ամէն տեղ։ Մեր նպատակակէտին հասնելու համար դեռ բաւական փուշեր կան կոխելիք. անվեհեր կերպով յարատեւինք մեր ուղին. մեր առած իւրաքանչիւր քայլը թող աստիճան մը եւս աւելի ամրապնդէ մեր հոգին։ Պարտականութեան վսեմ ոգով տոգորուած՝ առանց կասելու դիմենք դէպի մեր կէտ¬նպատակին։
«Յառա՛ջ ուրեմն, եղբայրներ, մի՛շտ յառաջ»։

Այսպիսի՛ հաւատքով ու գաղափարապաշտութեամբ առաքելատիպ հերոս էր Զաւէն, որ իր գերագոյնը՝ կեանքը զոհաբերեց հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան կռուին։
Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել