14 Սեպտեմբեր 1920. Լեւոն Շանթի պատուիրակութիւնը ձեռնունայն Երեւան վերադարձաւ… Մոսկուայէն

14 Սեպտեմբերի այս օրը, 91 տարի առաջ, Ռուսաստանի պետական ղեկին տիրացած պոլշեւիկները մեծապետական դիւանագիտութեան դաժանագոյն դաս մը տուին հայ ժողովուրդին։

Մայիս 1920էն ի վեր Մոսկուա գտնուող ու հայեւռուս յարաբերութեանց բնականոնացման համար բանակցելու եկած Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը, Լեւոն Շանթի գլխաւորութեամբ, ամենայն «քաղաքավարութեամբ» ետ Երեւան ղրկուեցաւ, իբր թէ անաւարտ բանակցութիւնները Հայաստանի մէջ շարունակելու պատճառաբանութեամբ…

Շանթի պատուիրակութիւնը Մոսկուա ղրկուած էր 1920ի Մայիսմէկեան պոլշեւիկեան խռովութիւններէն անմիջապէս ետք, որպէսզի Լենինին ու անոր ընկերներուն հաւաստիացնէ, թէ՝

– Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը միայն բարեացակամօրէն տրամադրուած են Կարմիր Յեղափոխութեան նկատմամբ։

– Հայ, թաթար, վրացի թէ թուրք պոլշեւիկներու կողմէ Հայաստանի հանրապետական իշխանութեանց դէմ հնչած իբր «իմպերիալիզմի գործակալ»ի վերագրումները որեւէ ձեւով չեն համապատասխաներ իրականութեան։

– Հայաստանի հանրապետական կառավարութիւնը ոչ միայն հալածանքի ենթարկած չէր պոլշեւիկ գործիչները, այլեւ Հայաստանի մէջ ազատ ապրելու հնարաւորութիւն տուած էր Վրաստանի թէ Ատրպէյճանի՝ յաջորդաբար մենշեւիկեան ու մուսաւաթական իշխանութեանց կողմէ հալածուած պոլշեւիկներուն։

– Եթէ Ռուսաստանի պետական շահերուն կամ մինչեւ իսկ խորհրդային իշխանութեան ամրապնդման սպառնացող վտանգ կար – եւ անշուշտ կա՛ր -, ատիկա չէր գար Հայաստանի անկախութենէն կամ հանրապետական կառավարութենէն, այլ՝ կու գար նոյնինքն թրքական ազգայնամոլութենէն, որ Դաշնակիցներու եւ Իմպերիալիզմի դէմ պայքարի ամբոխավարութեամբ՝ համաթրքական կայսրութեան վերականգնման ցնորքին նոր զառանցանքը կþապրէր…

Շանթի պատուիրակութիւնը ամիսներ ամբողջ մնաց Մոսկուա եւ երկա՜ր բանակցութիւններ վարեց խորհրդային դիւանագիտութեան խորհրդաւոր դէմքերէն Լեգրանի հետ, որ յանուն լենինեան Ռուսաստանի՝ բնաւ չպահանջեց Հայաստանի Հանրապետութենէն, որ խորհրդային լուծի տակ մտնէ։ Ընդհակառակն՝ Հայաստանի անկախութիւնը ճանչնալու եւ յարգելու դիւանագիտական ամէն ճարտասանութեան դիմեց եւ մինչեւ Նոյեմբեր 1920ի վերջին օրը փորձեց օրօրել հայկական դիւանագիտութիւնը՝ Ռուսաստան-Հայաստան ռազմավարական նորովի դաշինքի մը ստորագրութեան խոստումներով։

Լեգրանի բանաձեւումներով՝ Խորհրդային Ռուսաստանը Հայաստանի Հանրապետութենէն կþակընկալէր, որ՝

– Չստորագրէ Սեւրի Դաշնագիրը, իսկ 10 Օգոստոս 1920ի ստորագրումէն ետք ալ՝ չվաւերացնէ զայն։

– Միանայ Արեւեքի ժողովուրդներուն «շղթայազերծած» իբր թէ հակա-իմպերիալիստական պայքարին՝ առաջին հերթին հարթելով ազգամիջեան վէճերը թուրքեւթաթար իր հարեւաններուն հետ։

Ինչ որ Հայաստանի Հանրապետութեան բանագնացներուն չէր ըսեր, սակայն, խորհրդային դիւանագիտութեան նորընծայ ներկայացուցիչ Լեգրանը, քաղաքական այն պարզ իրողութիւնն էր, որ նոյն այդ ժամանակաշրջանին, Լենինի եւ Քեմալի միջեւ, գաղտնաբար յառաջ կը մղուէին տենդագին բանակցութիւններ՝ ի խնդիր ռուսեւթրքական ռազմավարական համագործակցութեան մը կնքումին։

Թէ՛ անձնապէս Լեւոն Շանթ ինք եւ թէ Հայաստանի մէջ կառավարութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը ստանձնած Հ.Յ.Դ. Բիւրոն Օգոստոս 1920էն ետք արդէն քաջատեղեակ էին, որ Հայաստանն ու հայութիւնը յայտնուած էին մեծապետական խօլ մրցապայքարի մը զոհ երթալու օրհասական վիճակին մէջ։

Մէկ կողմէ՝ Դաշնակիցներու Եւրոպան ու Արեւմուտքը գինովցած էին Առաջին Աշխարհամարտի յաղթական ուժի իրենց առաւելութեամբ եւ պատերազմական գողօնէն առաւելագոյնը խլելու պատեհապաշտութեամբ։

Միւս կողմէ՝ թրքական ազգայնամոլութիւնն ու ռուսական պոլշեւիզմը կենաց-մահու կռիւ կը մղէին եւ պէտք ունէին, ամէն գնով, իրենց միջեւ ռազմավարական զինակցութեան մը կնքումին, որպէսզի կարենային միացեալ ուժերով դիմադրել յաղթական Դաշնակիցներու աւարառուի ախորժակներուն…

Իսկ փոքր ու տկար ժողովուրդները լքուած էին իրենց բախտին եւ սեփական ուժին, որպէսզի կարենային փրկել կարելին ու հնարաւորը։

Ահա՛ այս աստիճան դաժան էր անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ազատատենչ հայ ժողովուրդին տրուած Լենինի Ռուսաստանին դիւանագիտական ծանր դասը։

Շանթի պատուիրակութիւնը Սեպտեմբեր 14ին Երեւան վերադարձաւ, իսկ Լեգրան երկու շաբաթ ետք Երեւան եկաւ՝ իբր թէ բանակցութիւնները վերսկսելու, բայց իրականութեան մէջ Լենինի եւ Քեմալի միջեւ ի վերջոյ կնքուած պայմանագրին գործադրութեան հսկելու համար։

Փաստօրէն Սեպտեմբեր 20ին Լենին եւ ընկերները որոշեցին զէնքով ու դրամով օգնութեան ձեռք երկարել Քեմալին, որ երկու օր ետք՝ 22 Սեպտեմբեր 1920ին Հայաստան ներխուժելու հրահանգ տուաւ իր զօրքին։

Պատմական այս փաստերու անտեսման գնով՝ խորհրդահայ պատմագրութեան նենգափոխումներուն կողմէ շատ չարչրկուած նիւթ են Շանթի պատուիրակութիւնը եւ անոր առաքելութիւնը։

Շանթը ամբողջ տասնամեակներ մեղադրուեցաւ, որ դիւանագէտ չէր եւ բան չէր հասկնար… քաղաքականութենէ։

Իսկ Հայաստանի կառավարութեան ղեկին գտնուող Դաշնակցութիւնը շարունակ մեղադրուեցաւ իր այն «սխալ»ին համար, որ 28 Ապրիլ 1920ին Ատրպէյճանի խորհրդայնացումէն ետք չուզեց իշխանութիւնը յանձնել պոլշեւիկներուն…

Այդ նենգափոխումներուն արձագանգը լսելի է մինչեւ մեր օրերը, երբ իբր թէ «Հանրապետական» ու «Նժդեհեան» գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուող վերանկախացեալ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, իր պաշտօնական կայքէջին վրայ, սեւով ճերմակի վրայ կը գրէ, թէ՝
– 1920ին «Հայաստանի կառավարութեան հակաբոլշեւիկեան դիրքորոշում»ը պատճառ եղաւ, որ Մոսկուան զիջումներ չկատարէ…

– «Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան օրօք ու խորհրդայնացումից յետոյ էլ երկրի ղեկավարման գործում անթոյլատրելի մեծ դեր ունէին օտարները»…

91 տարիներ անցած են 14 Սեպտեմբերէն ասդին, երբ Լեւոն Շանթի պատուիրակութիւնը ձեռնունայն վերադարձաւ Մոսկուայէն։

Ո՛չ Շանթին կը պակսէր դիւանագիտական ճկունութիւնը, ոչ ալ ատենի Դաշնակցութեան Բիւրոն… «հակաբոլշեւիկ» դիրքորոշում ունէր։

Պարզապէս պատմական պարզ ու դաժան իրողութիւնը այն էր, որ Դաշնակիցները պատերազմական գողօնէն առաւելագոյնը խլելու մրցապայքարի մէջ էին, իսկ Լենին եւ Քեմալ իրենց իշխանութիւնը հաստատելու կենաց-մահու կռիւ կը մղէին։

Հայաստանն ու հայութիւնը դատապարտուած էին վճարելու մեծերու ահեղ պայքարին ահաւոր գինը՝ իրենց արիւնէն եւ հողէն։

Հայաստանն ու հայութիւնը անշուշտ անձնատուր չեղան ճակատագրի քմայքին. ազգային կամքի եւ հաւաքական ուժի գերագոյն լարումով դիմադրեցին երկու կողմէ մոլեգնած թշնամի ուժերուն, մինչեւ որ ուժասպառ՝ ստիպուեցան ընտրել… չարեաց փոքրագոյնը։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել