Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակ. «Ազդակ»-ի Լուսանկարներու Արխիւը Կը Համալրուի Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտիչներու Նոր Լուսանկարներով

Պատմական դէմքերու յատկացուած «Ազդակ»-ի լուսանկարներու ելեկտրոնային բաժինը հարստացաւ կարեւոր նոր խմբաքանակով: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական դէմքեր ներառած լուսանկարներու հարուստ հաւաքածոյ «Ազդակ»-ին յանձնեց Տասնապետեան ընտանիքը: Արխիւային նշանակութիւն ունեցող լուսանկարներուն մէջ կ՛երեւին Ռուբէն Տէր Մինասեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Սիմոն Վրացեան եւ Կարօ Սասունի:

Հաւաքածոյի թուայնացումով կ՛արխիւայնանան նաեւ Հրաչ Տասնապետեանի եւ իրեն ժամանակակից պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած անձնաւորութիւններու լուսանկարներ (ժողովներ, աշխատանքային հանդիպումներ, ընկերային պահեր):

Տպել Տպել