Հայ Դատը Փոխվարչապետ Միրզոյեանի Հետ Քննեց Քաղաքական Առաջնահերթ Հարցեր

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներ այցելող Հայաստանի փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեան 19 Յուլիսին այցելեց կազմակերպութեան գրասենեակը, Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն հետ քննելով Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի ջատագովման քաղաքական առաջնահերթ հարցերը։

Միրզոյանին կ՛ընկերակցէին Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ Հայաստանի կառավարութենէն ու դեսպանատունէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Կողմերը քննեցին շրջանային մարտահրաւէրները, սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն արդար հատուցում ապահովելու եւ Միացեալ Նահանգներու ու Հայաստանի միջեւ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական համագործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները։

Նշենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատը ներկայիս յառաջ կը մղէ հետեւեալ տնտեսական նախաձռնութիւնները.

Հայաստանի մէջ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան, արուեստներու եւ ուսողութեան դասաւանդումներու համար 140 միլիոն տոլարի յատկացում մը՝ Միացեալ Նահանգներու «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրին միջոցաւ.

Կրկնակի հարկումէ խուսափելու նպատակով առեւտրական նոր համաձայնագիրի մը ստորագրութիւն Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ.

Ընկերային ապահովութեան տուրքերու կրկնակի գանձումի առաջքը առնող համաձայնագիր մը երկու երկիրներուն միջեւ.
Լոս Անճելըս-Երեւան ուղղակի թռիչքներու համակարգ մը ստեղծելու կարելիութեանց քն-նարկում.
Երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը զարգացնելու նպատակով հաստատուած՝ Առեւտուրի եւ ներդրումներու խորհուրդի գործունէութեան խթանում։

Միրզոյանի հետ խորհրդակցութիւնները «հոյակապ» որակելով՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կը յայտնէ, թէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնը այս նախաձեռնութիւններու իրականացման համար շատ լաւ առիթներ ստեղծած է՝ աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն սկսած է տեսնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովդավարական կարգերուն մէջ գոյութիւն ունեցող հսկայ տարբերութիւնները, իրողութիւն մը, որ կրնայ նպաստել Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի առաջնահերթութեանց եւ այդ նպատակով առնուած եւ առնուելիք քայլերուն մանրամասնօրէն ծանօթանալու համար՝ այցելել https://anca.org/anca360 կայքէջը։

asbarez.com

Տպել Տպել