ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Փառաշուք Տօնակատարութիւն` Պետական, Ազգային, Հոգեւոր, Քաղաքական Եւ Համաժողովրդային Լայն Մասնակցութեամբ

Հուլիս 24ին, Հայաստանն ու հայութիւնը իրենց արժանի յարգանքն ու գնահատանքը ընծայեցին մէկ դարեայ «կամաւոր բանակ»-ին` ՀՄԸՄ-ին, որ Պոլիսէն մինչեւ Պէյրութ, Հալէպ, Լոս Անճելըս, Փարիզ, Սիտնի ու Մոսկուա եղաւ աշխարհասփիւռ հայութեան ամէնէն բազմամարդ ու ամէնէն աշխուժ երիտասարդական կազմակերպութիւնը. ապրեցաւ ու գործեց ազգային անժամանցելի արժէքներով, բարոյական վեհ սկզբունքներով եւ մարդակերտման ու հայակերտման մնայուն առաջադրանքներով:

ՀՄԸՄ-ի հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքին ու գնահատանքին լաւագոյն արտայայտութիւնը եղաւ պաշտօնական տօնակատարութիւնը, որ երէկ յետմիջօրէին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 4:30-ին տեղի ունեցաւ Ալեքսանտր Սպենդիարեանի օփերայի սրահին մէջ, նախագահութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, հովանաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն:

Տօնակատարութեան իրենց ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ը պատուեցին նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ Կարէն Աւետիսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Արշակ եպս. Խաչատրեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչներ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան եւ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, հայ Կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս 20-րդ կաթողիկոս-պատրիարքի ներկայացուցիչ Րաֆայէլ արք. Մինասեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան, Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Կիպրոսի պետական երեսփոխան Վարդգէս Մահտեսեան, Արցախի Հանրապետութեան Մերձաւոր Արեւելքի ներկայացուցիչ Կարօ Քէպապճեան, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Վարդգէս Խօշեան, Համաշխարհային սկաուտական շարժումի եւրասիական տարածաշրջանի ներկայացուցիչ Շրինաթ Թրումել, ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, հայրենի հիւրեր եւ 100-ամեակի տօնակատարութիւններու «կնքահայրեր»: Ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, միութեան 26 շրջաններու պատասխանատուներ եւ 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն մասնակցելու համար Երեւան ժամանած բազմահարիւր ՀՄԸՄ-ականներ:

Տօնակատարութեան բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի, ՀՄԸՄ-ի, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի եւ 100-ամեակի դրօշներուն սրահ մուտքով: ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբի կշռութաւոր եղանակին հետ դրօշները բերին 12 սկաուտներ եւ 4 դրօշակակիրներ:

Տօնակատարութիւնը սկսաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Արշակ եպս. Խաչատրեանի Տէրունական աղօթքով եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան գիրին ընթերցումով: Իր գիրին մէջ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը գոհունակութեամբ կ՛անդրադառնար ՀՄԸՄ-ի մէկ դարեայ արդիւնաշատ առաքելութեան, ազգանուէր ու հայրենանուէր ոգիով բազմաթիւ սերունդներու դաստիարակութեան եւ կրթութեան գործին: Ան կը նշէր, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի երիտասարդներուն համախմբումը հայրենի երկրին մէջ վկայութիւնն է ամուր կամքի եւ վճռականութեան` ապրելու մեր ժողովուրդի դարաւոր աւանդներուն հաւատարմութեամբ եւ միասնաբար մեր ջանքերն ու նպաստը բերելու հայրենի մեր ժողովուրդի զարգացման, որպէսզի ամուր եւ անխաթար ըլլան մեր հայրենիքին սահմանները, հզօր` մեր պետութիւնը, յառաջընթաց ու բարօր` մեր ժողովուրդին կեանքը: Օրհնութեան գիրը նաեւ կը շեշտէր, որ ՀՄԸՄ-ի հայրենասէր ու ազգասէր ընթացքը բարի նպաստ է մեր պետութեան ու ժողովուրդի զօրացման եւ յարատեւութեան համար:

Այնուհետեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան գիրը ընթերցեց Պետրոս վրդ. Մանուէլեան: Իր օրհնութեան գիրին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս կը նշէր, որ ՀՄԸՄ եզակի դեր ունեցաւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Եզակի դեր մը, որ չսահմանափակուեցաւ միայն մարզական բնագաւառին մէջ, այլ` ներառեց հայ կեանքի ընկերային, կրթական, մշակութային, պահանջատիրական մարզերը: Եզակի դեր մը, որ չմնաց միայն տեղական ու տեղայնական պայմաններուն ու մտահոգութիւններուն առնչուած, այլ եղաւ գերազանցօրէն համահայկական: Եզակի դեր մը, որ երբեք չդարձաւ լուսանցքային, այլ իր զօրեղ ազդեցութիւնը ունեցաւ նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան մէջ: Վերջապէս, եզակի դեր մը, որ եղաւ ու մնաց համապարփակ, ազգային ձգտումներուն ու աւանդութիւններուն կենսագործման շաղախելով նաեւ մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներն ու սկզբունքները:

Տօնակատարութեան խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Ան ջերմօրէն շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակը եւ նշեց, որ Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութիւնը կեանքի կոչեց ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը` «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»-ը: Տարիներ շարունակ խեղճացած, կռացած հայ մարդը վեր բարձրացաւ եւ իրեն հետ բարձրացուց հայրենիքը: Փաշինեան յայտնեց, որ մենք պիտի շարունակենք բարձրանալ, մինչեւ որ ճախրենք մեր ազգային-պետական երազանքներու մակարդակին:

Շարունակելով, Հայաստանի վարչապետը կոչ ուղղեց միասնաբար բարձրանալու` բարձրացնելու համար հայ մարդոց քաղաքական գիտակցութիւնը եւ օրէնքի դիմաց անոնց ունեցած պարտաւորութիւնները: «Մենք պէտք է բարձրանանք մեր ծառայութեան մէջ», շեշտեց վարչապետը եւ աւելցուց, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է բարձրացնէ ուրիշները:

Փաշինեան իր խօսքին մէջ մեծապէս գնահատեց ՀՄԸՄ-ի դերը, իբրեւ որբախնամի աշխատանք կատարած, հայապահպանման նուիրուած եւ մարմնակրթական մեր աւանդութիւնները պահած ու պահպանած կազմակերպութիւն: Ան ըսաւ, թէ խորհրդանշական է, որ Պոլիս հիմնուած այս կազմակերպութիւնը իր հիմնադրութեան 100-ամեակը կը տօնէ ազատ ու անկախ Հայաստանի մէջ: Մենք պիտի շարունակենք բարձրանալ եւ մեզի հետ մեր հայրենիքն ալ բարձրացնել, մինչեւ ազատ ու երջանիկ Հայաստանի կերտումը, եզրափակեց ան:

Այս առիթով, յանուն ՀՅԴ Բիւրոյին ողջոյնի խօսք արտասանեց Բենիամին Պչաքճեան: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին պէտք է վեր առնել Հայաստանի Հանրապետութեան վերակերտման համար աշխատած, դաստիարակած ու դաստիարակուած եւ տասնեակ հազարաւոր սերունդներ Մայիս 28-ի շունչով կազմաւորած ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան իրագործման փաստը:

Իր խօսքին մէջ, Բենիամին Պչաքճեան նշեց, որ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարական առաջադրանքները ժողովրդային դարձնողը, հազարաւոր պատանիներ ու երիտասարդներ համախմբողը, սկաուտական եւ մարզական դաստիարակութեամբ ազգային ու մարդկային արժէքներ փոխանցողը, ազնիւ հայն ու առողջ քաղաքացին պատրաստողը, մարդուժի պատրաստութեան հիմնական դարբնողը` ՀՄԸՄ-ն է: Մեր ամենաբազմամարդ, ամենատարածուած եւ ամենաժողովրդային ուղեկից կազմակերպութիւնը»:

Շարունակելով, Պչաքճեան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ի նշանաբաններէն «Միշտ պատրաստ»-ը այժմէական կը հնչէ: Այո՛, ՀՄԸՄ-ը միշտ պատրաստ է ծառայելու հայութեան եւ հայրենիքին:

ՀՅԴ Բիւրոյի խօսքին յաջորդեց տեսանիւթի մը ցուցադրութիւնը: Տեսանիւթը ներկայացուց 100-ամեակի ջահին բոցավառումը Պէյրութէն, Պոլիսէն, Փարիզէն եւ Արարատի գագաթէն, ապա` չորս ջահերու միացումը Ծիծեռնակաբերդի անմար ջահին եւ չորս վայրերէն բերուած հողերու միախառնումը 100-ամեակի ծառատնկումի հողին, Ցեղասպանութեան յիշատակումի Ծիծեռնակաբերդի պուրակին մէջ:

Հանդիսութեան վերջին խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան ըսաւ, որ 100 տարին երկար ժամանակ է մարդու մը կեանքին համար, սակայն կարճ, շատ կարճ ժամանակ է ազգային հաւաքականութեան մը համար, սովահար, գաղթական եւ որբացած սերունդներէ միտքով ու մարմինով առողջ, ազգային իրենց ինքնութեամբ հպարտ եւ արժանապատիւ սերունդներ կերտելու համար: Ու զարմանալի բան չկայ ասոր մէջ, որովհետեւ սովորական միութիւն մը չեղաւ ՀՄԸՄ-ը: Սովորական պայմաններու մէջ չգործեց ՀՄԸՄ-ը:

Մկրտիչեան նշեց, որ «ՀՄԸՄ-ը սուղ գին վճարեց ազատ ու անկախ հայրենիքի գաղափարակիրը ըլլալուն համար: Սփիւռքի մէջ, ան երբեք դիւրին պայմաններու մէջ չգործեց: ՀՄԸՄ-ը մարզախաղեր կիրարկեց առանց մարզադաշտ ունենալու: ՀՄԸՄ-ը սկաուտութիւն կազմակերպեց առանց անհրաժեշտ յարմարութիւններ ունենալու: Բայց ՀՄԸՄ-ը գործեց եւ շատ լաւ գործեց, որովհետեւ կամաւոր բանակի սկզբունքով, անոր անդամներէն իւրաքանչիւրը իր միտքն ու բազուկը ի սպաս դրաւ հաւաքականին, ազգին ու հայրենիքին: ՀՄԸՄ-ը գործեց, մեծցաւ, ուռճացաւ եւ հզօրացաւ` բացառաբար ապաւինելով իր անդամներու կամաւոր աշխատանքի գիտակցութեան, պատրաստակամութեան եւ զոհողութեան ոգիին»:

Իր խօսքին մէջ, Մկրտիչեան յիշատակեց 100 տարի առաջ, Հայաստանի լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի այն բնորոշումը, թէ` «մեծ է դերը ՀՄԸՄ-ին: Այդ դերը լաւ ըմբռնելու համար անհրաժեշտ է ազգային բարձր գիտակցութիւն, այսինքն մեր ուժերուն, մեր արժէքին, մեր ընթացքին եւ նպատակին պայծառ ըմբռնում: Յարգանք, պատկառանք եւ տեղը այս աշխարհի մէջ` ուժով կը ստացուի, կը պարտադրուի եւ կը ներշնչուի: Իսկ ուժեղ են առոյգը, առողջն ու կորովին»:

«ՀՄԸՄ-ը առոյգ, առողջ ու կորովի հայութիւն պատրաստող այդ միութիւնն է: ՀՄԸՄ-ը մեր ուժին աղբիւրն է: Մեր յաջողութեան գրաւականներէն մէկն է, որուն պէտք է գուրգուրալ ազգովին», ըսաւ ան եւ իր խօսքը եզրափակեց նշելով, որ մեր ժողովուրդը ՀՄԸՄ-ին տուած է «Կամաւոր բանակ»-ի կոչում եւ պարտականութիւն: Այդ կոչումն ու պարտականութիւնը կը թելադրեն այսուհետեւ ըլլալ աւելի զգօն ու պատրաստ` դիմագրաւելու մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին սպառնացող բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները: Ի վերջոյ, մեր կեանքը, հայրենիք թէ սփիւռք, հայապահպանութեան համար մղուող մէկ մեծ պատերազմ է: ՀՄԸՄ-ը կամաւոր այն բանակն է, որ այդ մեծ պատերազմը, փոքր-փոքր կռիւներով, մասնաճիւղ առ մասնաճիւղ կը մղէ երկիրէ երկիր, շրջանէ շրջան: Ի՜նչ փոյթ, եթէ ան տեղ-տեղ կռիւը կը կորսնցնէ: Կարեւորը մեծ պատերազմը չկորսնցնելն է: Կարեւորը հայապահպանութեան զրահները գետինը չդնելն է: Այլապէս, ՀՄԸՄ-ը յաղթանակներու միութիւնն է»:

Խօսքէն ետք, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը հաճելի անակնկալ մը ներկայացուց ներկաներուն, երբ բեմ հրաւիրեց եւ միութեան «Արտակարգ» պատուանշանով պարգեւատրեց ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր սերունդի նահատակ անդամներէն Վահան Չերազի դուստրը` Բիւրակն Չերազ-Իշխանեանը եւ միութեան գաղափարախօս, նահատակ Շաւարշ Քրիսեանի եղբօրը թոռը` տոքթ. Շաւարշ Քրիսեանը:

Տօնակատարութեան գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի պետական սինֆոնիկ նուագախումբը` ղեկավարութեամբ Սերկէյ Սմբատեանի: Նուագախումբը ներկայացուց Ռուբէն Ալթունեանի եւ Խաչատուրեանի «Վարդագոյն աղջիկներու պարը», «Այշէի պարը» եւ «Վալսը», Էդուարդ Միրզոյեանէն քնարական պատկեր` «Շուշանիկ»-ը, Ռուբէն Ալթունեանի «Քոչարի 3»-ը, «Բերդ պար»-ը, Խաչատուրեանի «Սուրերով պար»-ը եւ «Գայեանէ» պալէէն հատուած մը: Նուագախումբին հետ առանձին կատարումներով հանդէս եկան մենակատարներ Աննա Այվազեան, Սիրանուշ Գասպարեան եւ Գէորգ Յակոբեան:

Տօնակատարութիւնը, որ ուղղակի սփռուեցաւ ՀՄԸՄ-ի դիմատետրի էջով, վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 6:30-ին:

100-ամեակի Կալա Ընթրիքը

100-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութեան յաջորդեց կալա-ընթրիքը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի նախագահն ու տիկինը, հայրենի պետական հիւրեր, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի բարերարներ ու բարեկամներ:

Ընթրիքին սրտի խօսքեր փոխանցեցին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Տեղի ունեցաւ 100-ամեակի տօնակատարութիւններու 10 նախագահներու եռագոյն երիզներով գնահատում: Կատարուեցաւ նաեւ 100-ամեակի յատուկ ժամացոյցներու տուչութիւն` Հայաստանի նախագահին եւ ընթրիքին ներկայ բարերարներուն: Յայտարարուեցաւ, որ 100-ամեակի «կնքահայրերը» 450 հազար ամ. տոլար նուիրած են տօնակատարութիւններու իրականացման համար:

aztagdaily.com

Տպել Տպել