Ասորիներու ցեղասպանութեան 90ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Կիրակի 9 Դեկտեմբերին, Աթէնքի արուարձաններէն Էղալէոյի «Եանիս Ռիցոս» մշակութային կեդրոնէն ներս:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ասորիներու համահելլէնական միութեան կողմէ եւ օրուայ բանախօսն էր Նիքոս Լիղերոս:
Ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, իսկ ընկ. Յակոբ Աւագեան ուղղեց ողջոյնի խօսքը:
Յոյն ծանօթ անձնաւորութիւն, փրոֆէսէօր Նիքոս Լիղերոս խօսեցաւ Ասորիներու ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին, շեշտելով մանաւանդ, թէ Յունաստան, որպէս մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերը գերակշիռ համարող երկիր՝ պարտի ճանչնալ ասորիներու ցեղասպանութիւնը, որպէս մէկ ամբողջութիւն՝ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրագործուած հայերու եւ յոյներու ցեղասպանութեանց:
Նիքոս Լիղերոս կարեւորութեամբ շեշտեց ազգերու պատմութիւնն ու յուշը կենդանի պահող յուշարձաններու կայացման հարցը եւ անդրադարձ մը կատարեց ասորիներու լեզուի՝ արամայերէնի բարդութեան վրայ:
Ան դատապարտեց հանրային հանրութեան կրաւորական կեցուածքը, շեշտելով թէ շատ յստակ են ճանաչումներու յառաջիկայ քայլերը: Յիշեց, Եւրոպական Միութեան 2006ի որոշումը, նոյնպէս Շուէտի 2010ի որոշումը, եւ Աւստրալիոյ մէջ մասնակի ճանաչումները, ուր երեք ցեղասպանութիւնները որպէս մէկ ամբողջութիւն ներկայացուած են:
«ԱԶԱՏ ՕՐ»







