Ակնարկ. Սահմանի Բացման Ենթաուղերձն Ու Սպասուող Բուն Ուղերձը

«Հայաստանը պատրաստ է առանց որեւէ նախապայմանի բացել Թուրքիայի հետ սահմանը»: «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ այս մասին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան (news.am):

Լուրի կամ աւելի ճիշդը խորագիրի հաւաստիութիւնը խնդրոյ առարկայ է: Մանաւանդ որ սահմանի փակումէն ի վեր Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան այս գերակայ ուղղութեան վերաբերող խնդիրին մէջ միշտ ցուցաբերուած է հետեւողականութիւն` սահմանի փակումին ամբողջական պատասխանատուութիւնը բարդելով Անգարայի ուսերուն: Անգարան է, որ պատրուակելով կամ ուղղակի պատճառներէն մէկը նկատելով Արցախի մէջ հայկական ուժերու ներկայութիւնը, փակած է Հայաստանի հետ սահմանը: Ո՛չ միայն փակած է, այլ այս մասին նաեւ յայտարարած եւ տակաւին` Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու ձեռնարկման կամ բնականոնացման նախապայմաններէն մէկը նկատած:

Նախապայմանային քաղաքականութիւն կիրարկելու իրողութիւնը Երեւանի կողմէ կը շարունակուի մատնացոյց ըլլալ միջազգային հանրային կարծիքին եւ միջազգային ընտանիքին ընդհանրապէս: Եւրոպայի վերջին փակ սահմանի մասին բազմիցս արտայայտուած են Երեւանի ներկայացուցիչները տարբեր առիթներու:

Լրատուութեան մէջ կը փարատի այս մասին տարբերութիւն մտցնելու հաւանականութիւն, երբ վարչապետը կը վերահաստատէ, որ «գիտէք` խնդիրն այն է, որ Հայաստանը չի փակել Թուրքիայի հետ սահմանը: Իրականում Թուրքիան է փակել Հայաստանի հետ սահմանը: Իրականում հայկական կողմից սահմանը բաց է, եւ որոշումը Թուրքիան պէտք է կայացնի»:

Տարածաշրջանային ներկայ խնդիրներն ու Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը այդ բոլորին մէջ չեն յուշեր, որ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման կամ սահմանի բացման մասին բանակցութիւններու ձեռնարկելու կարելիութիւնները բարձր են: Միանձնեայ կառավարման համակարգ օրինականացուցած, աշխարհին հետ սպառնալիքներով խօսող եւ ներքին սուր հարցեր դիմագրաւող Անգարան գէթ ներկայ պահուն Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման կամ դիւանագիտական կապերու հաստատման համար բանակցութիւններու նախաձեռնելու պատճառներ չունի:

Այս բոլորով հանդերձ քաղաքականօրէն նպատակայարմար է միջազգային հանրութեան ամէն առիթի շեշտելը, որ Երեւանը համաձայն է առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու բնականոնացման ձեռնարկելու: Այստեղ թէեւ միայն սահմանի բացման մասին է խօսքը, սակայն պարզ է, որ սահմանի բացման որոշումին յանգիլը պէտք է դիտարկել դիւանագիտական կապերու հաստատման ընդհանուր համաձայնութեան շրջագիծին մէջ:

Եթէ ոչ անպայման ներկայ պահուն, բայց հետագային պիտի հետեւի հայկական կողմէն յայտարարութեան երկրորդ բաժին մը: Հայկական կողմը միջազգային ընտանիքի առաջադրած ծրագիրներուն ընդառաջ քայլեր առնելու պատրաստ է, հետեւաբար հանգուցալուծման արգելակող կողմն ու ընդառաջող կողմը միեւնոյն պահուածքին արժանի չեն: Յար եւ նման արցախեան հարցի կարգաւորման համար որդեգրուած դիրքորոշումներուն, միջնորդներու կոչերուն եւ կայացած պայմանաւորուածութիւնները յարգելու եւ ընդհանրապէս ցարդ արձանագրուածներուն առումով համահաւասարեցում պէտք չէ կիրարկել կողմերուն նկատմամբ:

Պաշտօնական Երեւանը բարձրագոյն մակարդակներով եւ տարբեր ուղղութիւններով սկսած է իր կեցուածքն ու բարձրաձայնումները աւելի շեշտակի կատարել, անուղղակի հասցէներէն հետզհետէ աւելի ուղղակի հասցէականացումներ փոխանցելով:

Այս յայտարարութիւնը ունի ենթաուղերձ: Պատասխանատուն Անգարան է սահմանը փակելու, զայն փակ պահելու եւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը արգելակելու: Իրմէ պէտք է ակնկալել քայլ առնելու նոր նախաձեռնութիւն: Եւ մինչեւ այստեղ պաշտօնական Երեւանի ցարդ որդեգրած մօտեցումին հետեւողականութիւնը նկատելի է:

Պաշտօնական յայտարարութիւններու նորովի մօտեցումներն, ու բովանդակային նրբերանգները նկատելով կ՛ակնկալուի ենթաուղերձի ուղղակի բարձրաձայնում` միջազգային ճնշումի պահանջ Անգարայի վրայ երկիր շրջափակած ըլլալուն համար: Համահաւասարեցման խաղի կանոններու շրջումի հրամայական:

Այդ բարձրաձայնումները թէեւ ներկայ քաղաքական պայմանները նկատի ունենալով որեւէ առարկայացում չեն գտներ եւ գէթ ներկայ իրավիճակը գնահատելով` բեկումնային նոր պահ չեն ստեղծեր, այնուամենայնիւ, տուեալ մը եւս կ՛աւելցնեն միջազգային ընտանիքին նկատմամբ կարծր դիրքորոշումներու, սպառնական յայտարարութիւններու եւ տարբեր ուղղութիւններով նախապայմանային քաղաքականութիւն կիրարկող Անգարայի ստուար թղթածրարին մէջ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել