ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Տօնակատարութիւնները Եւ ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Բանակումը Աւարտեցան Յաղթանակի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսով

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Այցելեց ՀՄԸՄ-ի Բանակավայր Եւ Սկաուտներուն Յորդորեց Նուիրական Աշխատանքով Շէնացնել Մեր Կեանքը

Երէկ, երեկոյեան, յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսով իրենց աւարտին հասան ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններն ու համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումը, որոնք ամբողջ տասը օր մէկ դարեայ «կամաւոր բանակ»-ին խօսքն ու գործը ծանօթացուցին հայրենի հայութեան, հայ մարմնակրթութեան 100 տարուան աւանդներուն վերարժեւորումը կատարեցին եւ Հայաստանին յիշատակ ձգեցին 100-ամեակի յուշակոթողը Բիւրականի մէջ, Վահան Չերազի արձանը` Գիւմրիի մէջ, իսկ ՀՄԸՄ-ի դրօշը` Ծիծեռնակաբերդի յուշարձան-թանգարանին մէջ:

100-ամեակի Յաղթանակի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

100-ամեակի տօնակատարութիւնները աւարտեցան երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Փարաւոն» ճաշարանին մէջ կատարուած յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսով` հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան:

Ճաշկերոյթին մասնակցեցան 2000 ՀՄԸՄ-ականներ` համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի մասնակիցներ, հիւրեր, բարեկամներ, բարերարներ եւ 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով աշխարհի զանազան երկիրներէն Հայաստան եկած ՀՄԸՄ-ականներ: Ճաշկերոյթը խանդավառեցին երգիչներ Հրաչ Կայծակեան, Յակոբ Մկրտիչեան, Սեւակ Ամրոյեան, Նարէ Գէորգեան, Ռուբէն Սասունցի, Կապի Կալոյեան, Գոհար Յովհաննիսեան, Արաբօ եւ Ներսիկ Իսպիրեաններ:

Բանակումին Փակումը Եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Այցելութիւնը

Յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսէն օր մը առաջ, շաբաթ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, պաշտօնական հանդիսութեամբ մը Բիւրականի մէջ իր աւարտին հասաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումը:

Հայաստանի մէջ կատարուած համա-ՀՄԸՄ-ական եօթը բանակումներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, նաեւ` միութեան 100-ամեայ պատմութեան մէջ գեղեցիկ նախընթաց մը ստեղծելով, բանակումին փակման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, որ նաեւ հայրապետական իր պատգամը ուղղեց բանակումին մասնակից 1200 սկաուտներուն:

Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ նշեց, որ դարերով հայ մարդը կերտեց հայ հողը: Կառուցեց բերդեր, ամրոցներ եւ տաճարներ: Ստեղծեց մշակոյթ եւ հոգեւոր արժէքներ, որոնց ապաւինած` մեր ժողովուրդը դիմագրաւեց իր դէմ ցցուած բոլոր դժուարութիւնները: Ան ըսաւ, թէ շնորհիւ իր հաւատքին ու մշակոյթին, հայ ժողովուրդը վերապրեցաւ ամէնէն դաժան փորձութիւններէն: Վերապրեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ահաւոր ոճիրէն, ու թէեւ եղեռնահար, ան կրցաւ իր յաղթանակներով վերակերտել անկախ պետականութիւն:

Շարունակելով, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը յայտնեց, որ 2018 տարին կը զուգադիպի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման եւ Մայիսեան հերոսամարտերուն 100-ամեակին, որուն ընդառաջ` տարին հռչակուած է երիտասարդութեան տարի, որպէսզի կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներն ու հոգեւոր հովիւները խրախուսեն եւ քաջալերեն երիտասարդները` Հայաստան այցելելու եւ հայրենի իրականութեամբ զօրանալու, հայ կեանքին ու անոր յոյսերուն, դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն ծանօթանալու համար:

Իր պատգամին մէջ, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը շեշտեց, որ կոչուած ենք առաջնորդուելու «ամուր հոգիով, զօրեղ հաւատքով եւ հաստատուն միասնականութեամբ, որպէսզի կարենանք մեր յոյսերը իրականութիւն դարձնել եւ մեր դէմ ցցուած բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւել»: Այս առիթով, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը կոչ ուղղեց բանակող սկաուտներուն բանակումէն ետք իրենց համայնքները վերադառնալու աւելի զօրացած, աւելի յստակ պատկերացնելով ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ աւելի ամուր նախանձախնդրութեամբ, որպէսզի նուիրական աշխատանքով շէնացնենք մեր կեանքը:

Աւարտին, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան` այսքան մեծաթիւ սկաուտներ Հայաստան բերելու եւ զանոնք իրենց երկրին ու ժողովուրդին կապելու համար: «Դուք պիտի ըլլաք այս երկրին եւ անոր ժողովուրդի ապագային կերտողները», եզրափակեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:

Յայտնենք, որ բարի գալուստի խօսքով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ողջունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն նախագահութեան համար:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր պատգամէն ետք հրաժեշտ տուաւ բանակողներուն, որոնք փակման հանդիսութեան պաշտօնական յայտագիրը շարունակեցին` ներկայութեամբ սփիւռքի

փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեանի, Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Մոհամետ Ալի Իպրահիմի, «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամի համանախագահ Գաբրիէլ Չէեմպերճեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու ու բազմահարիւր ծնողներու:

Այս առիթով խօսք առաւ սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան եւ ըսաւ, որ նախարարութեան պատգամը յստակ է. եկէ՛ք Հայաստան, կեանքի՛ կոչեցէք «Դէպի երկիր» կարգախօսը: Մա՛ս կազմեցէք պետականաշինութեան հոլովոյթին: Հայաստանը ո՛չ միայն ձեր հայրենիքն է, այլ նաեւ` ձեր երկիրն է իր պետականութեամբ: Հայրենիքը սիրով կը սպասէ ձեզ: Մենք միասին պիտի կերտենք մեր ազգի լուսաւոր ապագան, մենք միասին պիտի կառուցենք նոր Հայաստանը:

Ապա, տեղի ունեցաւ սկաուտական «Արարատեան» կարգի տուչութիւն` բանակումի նախօրեակին յատուկ դասընթացքի մասնակցած խմբապետներու, որոնցմէ 23-ը կարգի փողկապին արժանանալէ ետք արժանացան նաեւ կարգի մետալին եւ վկայականին, ձեռամբ` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ, «Արարատեան» կարգի դաստիարակ ու խմբապետ Կարպիս Գապասագալեանի:

«Արարատեան» կարգի տուչութիւնը կատարելէ ետք, կարճ խօսքով մը, Գապասագալեան յայտնեց, որ «Արարատեան» կարգի փողկապը աշխատանքի լուծ է` խմբապետներու վիզէն կախուած: Ան նուիրումի կոչ է եւ ծառայութեան հրաւէր: «Արարատեան» կարգը մեր սրբազան լերան անունով է, հետեւաբար, երբ ձեր շրջանները վերադառնաք` պարտիք ՀՄԸՄ-ը դարձնել սրբազան: Պատրաստ եղէք միութեան մէջ ձեր առաւելագոյնը ներկայացնելու, որովհետեւ ձեր շրջանները մեծ ակնկալութիւններ ունին ձեզմէ:

Վկայականներու եւ մետալներու տուչութեան մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վաչէ Նաճարեան, Օշին Փիրումեան, Բագրատ Եսայեան եւ Գառնիկ Մկրտիչեան:

Ապա, բանակումի ընդհանուր հերթապահ Յարութ Պաղամեան յայտարարեց մրցանակակիր պատուիրակութիւններու անունները: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանը արժանացաւ բանակումի զարգացման մրցումի եւ ռալիի առաջնութիւններուն, ինչպէս նաեւ` երկիրներու ներկայացման լաւագոյն տաղաւարի եւ խարուկահանդէսի երկրորդութեան մրցանակներուն:

Խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վաչէ Նաճարեան եւ ըսաւ, թէ բանակողներուն պարտականութիւնն է բանակումին յիշատակները մասունքի նման տանիլ շրջաններ եւ տարածել ո՛չ միայն ՀՄԸՄ-ի շրջանակին մէջ, այլ նաեւ հոն, ուր հայ կայ: Այս միութիւնը, որ ունեցած է Վարդան Բախշեանի եւ Վիգէն Զաքարեանի նման անդամներ, յաւերժ պիտի ձգտի իր նպատակներուն իրականացման:

Նաճարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բանակումին յաջողութեան նպաստած ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան, բանակումի խմբապետական ու գործադիր կազմերուն, որոնց հետեւողական ու բծախնդիր աշխատանքով կարելի դարձաւ իրագործել միութեան 100-ամեակին նուիրուած այս յիշատակելի բանակումը:

Յաջորդ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան: Ան ըսաւ, որ հայրենիք բառը այլեւս երազ չէ, որովհետեւ համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին մասնակիցները անցնող 10 օրերուն հայրենիքի ինքնութիւնը շօշափեցին իրենց հինգ զգայարաններով:

«Հայկական լեռնաշխարհի երկրորդ բարձրագոյն լերան լանջերուն կանգնած, եկէ՛ք մեր հայեացքները ուղղենք դէպի մեր սրբազան լերան գագաթը եւ ուխտենք, որ սկաուտական եւ ազգային մեր կեանքը նպատակաուղղուած ըլլայ հայրենիքի բարելաւման», նշեց Փիրումեան եւ աւելցուց. «Սիրելի՛ սկաուտներ, թող հայրենիքի շունչը դառնայ այն բարի քամին, որ ձեր կեանքի առագաստը մշտապէս ուղղէ դէպի Հայաստան»:

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի խօսքը ուղղեց վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան: Ան ըսաւ, թէ ՀԱՍԿ-ը իր ամբողջ ներուժով փորձեց բանակումը կազմակերպել առանց խոչընդոտներու, եւ եթէ պատահեցան թերացումներ, ներողութիւն պէտք է խնդրել անոնց համար:

Այնուհետեւ, իր խօսքը բանակող սկաուտներուն ուղղելով, Յակոբեան ըսաւ. Սիրելի՛ սկաուտներ, գիտցէ՛ք, որ հայրենիքի մէջ տուն մը ունիք այլեւս: Այդ տունը ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի գրասենեակն է կամ այս բանակավայրը: Երբ Հայաստան այցելէք, անպայման այցելեցէ՛ք ձեր տունը: Ու միշտ յիշեցէ՛ք, որ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին մէկ փոքր անդամը միշտ պատրաստ է հիւրընկալելու ձեզ հայրենիքի մէջ»:

Փակման հանդիսութեան իր խօսքը ուղղեց նաեւ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրտողլեան: Ան ըսաւ, թէ համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումները այն եզակի առիթներն են, ուր տեղայնականութիւնը մէկդի կը դրուի, կը մոռցուի, թէ ո՞վ, ո՞ր երկրէն եկած է կամ ի՞նչ ոճով հայերէն կը խօսի: Բոլորը կը խմբուին ՀՄԸՄ-ի սկաուտական դրօշին ներքեւ` դառնալով համահաւասար ՀՄԸՄ-ականներ: Իր խօսքը բանակողներուն ուղղելով` Օրտողլեան ըսաւ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է իմանայ, որ 24 երկիրներու 110 մասնաճիւղերու եւ միաւորներու մէջ ունի քոյրեր եւ եղբայրներ, որոնց դռները միշտ բաց պիտի ըլլան ամէն ՀՄԸՄ-ականի դիմաց»:

Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները յուշանուէրներ յանձնեցին բանակումին խմբապետական եւ գործադիր կազմերու անդամներուն, «Արարատեան» կարգի դաստիարակ, խմբապետ Կարպիս Գապասագալեանին, «Մարզիկ»-ի խմբագիր Վիգէն Աւագեանին եւ շրջաններու պատուիրակութիւններու պատասխանատուներուն:

Հուսկ, փակման հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յառաջ նահատակ» քայլերգով եւ բանակումի մասնակիցներուն կողմէ «Ցտեսութիւն» երգի կատարումով:

Պաշտօնական հանդիսութենէն ետք, մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր բանակողները իրենց ուրախութիւնը, երգն ու պարը շարունակեցին հայրենի եւ յատկապէս Լիբանանէն եկած երգիչներու խանդավառ երգերով: Երեկոն ազգային-յեղափոխական երգերով փակեց Գառնիկ Սարգիսեան:

Դրօշներու Փոխանցումը

Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի փակման առընթեր, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն աւարտը կատարուեցաւ խորհրդանշական հանդիսութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 28 յուլիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ, ուր հանդիսաւորապէս վար առնուեցան 10 օր շարունակ ծածանած Եռագոյնն ու ՀՄԸՄ-ի դրօշները: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի խումբ մը սկաուտներ: Հանդիսութեան յատուկ փայլք տուաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբը` ղեկավարութեամբ Գօգօ Գույումճեանի:

Վար առնուած դրօշներէն ՀՄԸՄ-ի դրօշը պաշտօնապէս յանձնուեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնի ժամանակաւոր գործակատար Նարինէ Մարգարեանին` իր տեղը գտնելու համար թանգարանին մէջ, մինչ Եռագոյնը յանձնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանին` զայն ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի թանգարանին մէջ մնայուն ցուցադրութեան արժանացնելու համար:

aztagdaily.com

Տպել Տպել