Հաղորդագրութիւն

28 յուլիս 2018-ին Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումը հասաւ իր աւարտին: Այս բանակումը իւրայատուկ էր իր բնոյթով եւ մասնակիցներու թիւով: Քսան երեք տարբեր երկիրներէ եկած աւելի քան 1200 բանակողները պատմական օրեր ապրեցան` մասնակցելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած միութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի պատուիրակութիւնը իր 139 մասնակիցներով աշխուժ գործունէութիւն ցուցաբերեց եւ դրական ներդրում ունեցաւ այս բանակումին աշխատանքներուն: Այս գործունէութեան շնորհիւ պատուիրակութիւնը վերադարձաւ արձանագրելով պատուաբեր արդիւնքներ: Բանակումին ընթացքին Լիբանանի պատուիրակութիւնը գրաւեց զարգացման մրցումին եւ ռալիին առաջին դիրքը, խարուկահանդէսի` երկրորդ դիրքը եւ երկիրներու տաղաւարներու ներկայացումներուն երրորդ դիրքը:

Միութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի ձեռնարկները եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումը ՀՄԸՄ-ի պատմութեան աւելցուցին փայլուն էջեր: Անցած շաբթուան փառաշուք տօնակատարութիւններն ու Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի պատմական ու անմոռաց օրերը ա՛լ աւելի ոգեւորեցին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները յաւելեալ թափով շարունակելու իրենց աշխատանքները եւ պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ մը կերտելու:

Տպել Տպել