«Հայրենիք»ի խմբագրական. Լիզպոնեան անքակտելի եւ թարմ յուշեր

Այդ օրերուն չկային ելեկտրոնային քարոզչական սարքեր։

Գոյութիւն չունէին, կամ աւելի ճիշդը որո՞ւ միտքէն կ՛անցնէր, թէ Ֆէյսպուքը, Թուիթըրը, Ինսթակրամն ու ապագային ստեղծուելիք համակարգչային քարոզչական այլ կառոյցներ իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը պիտի բանեցնէին կեանքի վրայ, յեղաշրջելով մշակութային, ընկերային թէ քաղաքական իրավիճակները։

Այսպէս, Յուլիս 27, 1983-ին Արա Քըրճըլեանը, Վաչէ Տաղլեանը, Սիմոն Եահնիեանը, Սեդրակ Աճեմեանը եւ Սարգիս Աբրահամեանը ժամանած էին «ճերմակ քաղաք»՝ Լիզպոն, սուրբ երազը իրականացնելու․․․տրամադրելով դեռ գարուններու մէջ թաւալող իրենց կեանքը։

Անոնք պատրաստած էին յետմահու փոքր վիտէօ երիզ մը, որ ցայսօր կը սփռուի, վերամշակուած ու վերաորակաւորուած, վերոյիշեալ քարոզչական միջոցներով։

Դժուար էր անոնց պարտականութիւնը։ Արարքը ինքնին դժուար չէր «Հայ Յեղափոխական Բանակ»-ին զինուորագրուած գաղափարի այս մարտիկներուն համար։ Անոնք համոզուած էին ՄԵԿՆՈՒՄԻՆ, սակայն մարտահրաւէր մը կար։ Քաջատեղեակ էին, թէ կրնան զոհը դառնալ հակաքարոզչական մեքենայի մը, որ այդ օրերուն «ահաբեկչութիւն» կոչեցեալ բացատրութեամբ կը վերլուծէին, կը վերագրէին եւ կ՚եզրակացնէին յաւելեալ աղաւաղում եւ կեղծիք ստեղծելով, խաթարելով իրականութիւնն ու արդարութիւնը։

Այսպէս, Թուրքիոյ դեսպանատան գրաւումը եւ տղոց անձնասպանական արարքը ցնցած էր աշխարհը, եւ բացայայտած արդարութիւն մը՝ ի տես իրաւազուրկ ազգերու դարաւոր իրաւունքին,Խրիմեան Հայրիկեան ոճով եւ կորովով։
Հաւանաբար շատ աւելի նախնական միջոցներով կատարուեցաւ Յուլիս 25, 1897-ի Խանասորի արշաւանքին քարոզչական աշխատանքը, սակայն օրին, ինչպէս 86 տարի ետք ալ, բծախնդիր ձեւով պատրաստուած էր, մանրամասնօրէն ներկայացնելով արարքին ետին գտնուող ծալքերը։

Լիզպոնի մէջ պատահածը աժան, անմեղ հոգիներ խլող արարք մը չէր, ոչ ալ այդ օրերուն տիրող պաղ պատերազմի մէկ տաք եւ ցնցում յառաջացնող դէպք։ Նոյնիսկ տեղացիք լաւապէս հասկցած ու ընբռնած էին այս «հինգ խենթ»երուն սուրբ նպատակն ու արձագանգող պոռթկումը՝ տեղահանուած եւ ջարդուած ժողովուրդի մը արդար ցասումին:

«Մահ իմացեալ անմահութիւն» էր Արայի, Վաչէի, Սիմոնի, Սեդրակի եւ Սարգիսի կարգախօսը։ Այսօր, 35 տարի ետք, Լիզպոնի արարքը կը մնայ անմոռանալի վկայութիւն մը՝ հայ ազգային գաղափարախօսութեան, որ նուաճած է եւ դեռ ալ պիտի նուաճէ իմացեալ մահով անմահութիւնը։

hairenikweekly.com

26 յուլիս 2017

Տպել Տպել