Ակնարկ. Քաղաքակիրթ Բանավէճ Եւ Զուտ Իրաւական Հարթութիւն

Հայաստանի երկրորդ նախագահի կալանաւորումը տեղի տուած է տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու: Տարաբնոյթը որոշ տեղեր վերածուած է ուղղակի հակոտնեայ տեսակէտներով եւ իրերամերժ փոխամբաստանութիւններով յատկանշուող ընդհանուր մթնոլորտի:

Նման մթնոլորտ քաղաքական եւ հասարակական բեմերու վրայ այդքան ալ անհաւանական կրնայ չթուիլ, եթէ մտաբերենք որեւէ երկրի պարագային նախկին նախագահի նկատմամբ քրէական գործի յարուցման եւ անոր հետեւող կալանաւորման որոշումի պարագաներ: Զգայացունց եղելութիւններուն կը հետեւին թէժ քննարկումներ:

Այդ քննարկումները օրինաչափ կարելի է նկատել եւ այդպէս ալ նկատի ունենալ ամէն տեսակի մեկնաբանութիւն, թէկուզ քաղաքական հայեացքներու, ընկալումներու եւ համոզումներու հիման վրայ, այնքան ատեն, որ այդ քննարկումները կը պահեն առարկայականութիւնը, ոճային պատշաճութիւնը, մէկ խօսքով` կառուցողականութիւնը: Եթէ մանաւանդ չեն շեղիր թեմայէն եւ ստեղծուած մթնոլորտին մէջ տարբեր թիրախներ հարուածելու նպատակ չեն հետապնդեր: Այլապէս, կառուցողականութեան տիրականութեամբ յատկանշուող բազմակարծութիւնը միայն օգտակար կրնայ հանդիսանալ միտքերու բախումով ընդհանուր յայտարարային եզրայանգումներ արձանագրելու համար:

Կը թուի, որ զգայացունց եղելութիւններու հետագայ շարքի մը ականատես պիտի ըլլան ներհայաստանեան իրադարձութիւններուն հետեւողները, եւ իւրաքանչիւր փուլին պիտի հետեւին քննարկումներու նման համապատկերներ:

Նախ նկատենք, որ ոչ քաղաքակիրթ ոճի դրսեւորումը պաշտօնական լրահոսերուն, մեկնաբանութիւններուն չի վերաբերիր. անիկա առաւելաբար իւրայատուկ է ելեկտրոնային տարածքներու վրայ թեմայէն շեղում կատարող եւ յաճախանքային թիրախ հարուածելու փորձ ընողներուն:

Նման ոչ քաղաքակիրթ բանավէճի` պաշտօնական լրատուամիջոցներու տիրոյթներ տեղափոխումը անուղղակի արժեւորում կատարած կ՛ըլլայ անհիմն վերագրումներով շրջանառութեան մէջ դրուած նիւթերուն: Պէտք է պահել մակարդակը: Արձանագրել շեղումները, ճիգ ընել, որպէսզի բանավէճը ճիշդ հուն վերադառնայ: Ի վերջոյ պէտք չէ մոռնալ, որ թաւշեայ յեղափոխութեան` երկրին ու պետութեան միջազգային վարկ ու հեղինակութիւն ապահոված ըլլալու փաստին մէջ հիմնական դեր ունէր իրադարձութիւններու քաղաքակիրթ բնոյթը:

Եթէ արտաքին աշխարհին մեր պետութիւնն ու հասարակութիւնը յաջողեցան ներկայանալ քաղաքակիրթ, ապա աւելի քան անհրաժեշտ է, որ նոյն ոճը տիրական ըլլայ նաեւ ներքին առումով:

Հիմա թեման Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահին կապուած իրադարձութիւններն են: Գործող Սահմանադրութեան փիլիսոփայութեան կարեւորագոյն առանցքներէն է արդարադատութեան համակարգի անկախացումը գործադիր եւ օրէնսդիր հաստատութիւններէն: Յայտարարուած պաշտօնական առաջադրանքները համահունչ են սահմանադրական այդ իրաւադրոյթներուն:

Հետեւաբար նաեւ ակնկալութիւնը` դատական համակարգի անկախ գործունէութեան նման առիթներուն աւելիով ընդգծելի կ՛ըլլայ իբրեւ անշրջանցելի հրամայական: Մինչ այդ զգալի է անհրաժեշտութիւնը պաշտօնական իրաւական մեկնաբանութեան 2005-ին ընդունուած Սահմանադրութեան 56.1 յօդուածին: Հանրապետութեան նախագահը անձեռնմխելի է եւ հանրապետութեան նախագահը իր լիազօրութիւններու ժամկէտին մէջ եւ անկէ ետք չի կրնար հետապնդուիլ եւ պատասխանատուութեան ենթարկուիլ իր կարգավիճակէն բխող գործողութիւններու համար:

Բացի այդ, նոյն յօդուածին համաձայն, իր կարգավիճակին հետ չկապուած գործողութիւններու համար հանրապետութեան նախագահը կրնայ պատասխանատուութեան ենթարկուիլ իր լիազօրութիւններու աւարտէն ետք:

Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ երկրորդ նախագահին հասցէին ձեւակերպուած մեղադրանքը երկրի սահմանադրական կարգի տապալման կը վերաբերի. այլ խօսքով, հարցը կը կեդրոնանայ բանակը ներքին կարգուսարքին միջամուխ ընելու հրաման տուած ըլլալուն վրայ` տրուած ըլլալով, որ հանրապետութեան նախագահը նախկին սահմանադրութեամբ զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարն էր:

Այստեղ իրաւականօրէն խճճուած հարցեր կան, որոնք պէտք է մասնագիտական բացատրութիւն ստանան: Արտակարգ դրութիւն հաստատելը գործող նախագահի կարգավիճակէն բխած լիազօրութիւններուն մէջ կը ներառուի: Փորձագիտական իրաւականութիւնը պէտք է բացատրութիւն տայ, որ բանակի ներգրաւումը արտակարգ դրութեան յայտարարութեան պարագային կը կապուի՞ հանրապետութեան նախագահի կարգավիճակէն բխած լիազօրութիւններու մէջ, թէ ոչ բանակը ներքաղաքական խնդիրներուն մասնակից դարձնելը առանց արտակարգ դրութեան հետ կապելու կ՛ենթադրէ սահմանադրական կարգի տապալում:

Բնական պիտի նկատուէր (գուցէ եւ օգտակար) այս հարցին վրայ բանավիճային կեդրոնացումը: Մնացեալ շեղումները այլ թիրախներ խփելու, նախընտրական ենթահողեր պատրաստելու կամ յաճախանքային քարացած մօտեցումներ դրսեւորելու կը ծառայեն:

Ակնկալութիւնը այն է, որ Սահմանադրութեան ոգիին եւ իրաւադրոյթներուն համաձայն, ինչպէս նաեւ նորահաստատ իշխանութիւններու յայտարարած առաջադրանքներուն համահունչ` դատական համակարգը գործէ բացառապէս անկախ եւ ընթացակարգի տիրոյթը ըստ էութեան ունենայ զուտ իրաւական բնոյթ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել