«ՀՅԴ-ի ընդմէջէն հայ ժողովուրդը առհասարակ, եւ հայ երիտասարդութիւնը ի մասնաւորի եկաւ իր կամքը հակադրելու դառն ճակատագրին»

HovigTaslakianՍտորեւ կը ներկայացնենք Դեկտեմբեր 1-ին Մոնթրէալի մէջ կայացած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցու-թեան 122-րդ տարեդարձին առիթով կայացած հանդիսութեան ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի նախկին անդամ տոքթ. Յովիկ Թասլաքեանի խօսքը:

Ամէն տարի այս օրը առիթ կը հանդիսանայ բոլորին, համախմբուելու ու հաւաքաբար խորհրդածելու հայ կեանքի անցած ուղիին, հայութեան դէմ ցցուող մարտահրաւէրներուն ու հայ ժողովուրդին, հայ հասարակութեան զանոնք դիմակալելու ընթացքին մասին, ինչպէս նաեւ այս բոլորին մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դերակատարութեան ու անկէ հայ հասարակութեան սպասումներուն մասին: Այս ամէնը տեղադրուած ներազգային, շրջանային եւ միջազգային բարդ կացութեան մը ենթահողին վրայ:

Վերջին տասնամեակին, մասնաւորաբար վերջին տարիներուն, միակ գերուժի միահեծան հակակշիռնե-րով բնորոշուող աշխարհակարգը սկսած է տեղի տալ այլ ուժերու նախաձեռնութիւններու դիմաց, ուժեր, որոնք կը ձգտին վերածուիլ միջազգային թատերաբեմի վրայ հաշուառելի հակակշիռներու: Այս ուժերը, իրենց ներքին առարկայական, իմա` ժողովրդագրական, տնտեսական, աշխարհագրական, եւ ենթակա-յական, հասկնալ` ձգտում, յաւակնութիւն, տինամիզմով կը ներկայանան, որպէս դէպի բազմակողմա-նիութիւն, բազմաբեւեռութիւն ուղղուող համաշխարհային քաղաքական նոր աշխարհակարգի որոշիչ դե-րակատարներ կամ դերակատարութեան հաւակնորդներ:

Երկրորդ հաստատումը, որ անհրաժեշտ է կատարել կը վերաբերի համաշխարհայնացման յաղթական երթին, մարդկային կեանքի բոլոր երեւոյթներուն վերաբերեալ: Արդարեւ` ան իր հետ կը բերէ արժէքնե-րու, կենսաոճի, արտադրութեան ձեւերու եւ ընկերային-տնտեսական համակարգերու նոյնացում, կապ-ուած հաղորդակցութեան միջոցներու տարածման, տնտեսութեան ֆինանսականացման եւ ֆինանսա-կան տեղաշարժերու: Ֆինանսական տեղաշարժ, որ դուռը լայն բացած է ֆինանսական սպեքուլացիայի դիմաց, որ իր կարգին յառաջ բերած է այսօրուայ միջազգային տնտեսական ճգնաժամը: Բոլորս ի վիճակի ենք հաստատելու մերօրեայ մարդոց նիւթապաշտութեան փաստը, ազգային հաւաքականութիւննե-րու ինքնուրոյնութեան նահանջը եւ այլասերումը, սպառողական մշակոյթի տիրապետութիւնը, ապաքաղաքականացման հոլովոյթը, ընկերային-հասարակական արժէքներու նահանջը, անհատապաշտութիւնը եւ եսապաշտութիւնը, որոնք կու գան փոխարինելու մարդկայնապաշտութիւնը եւ ընկերային արդարու-թեան ձգտումը: Հայ կեանքը եւս մտած է այս հունին մէջ:

Շրջանային իմաստով, ականատես ենք Թուրքիոյ ժողովրդագրական, տնտեսական եւ քաղաքական յա-րաճուն վերելքին եւ արեւմուտքի անոր հանդէպ արտայայտուող վերանորոգ նեցուկին ու զօրակցու-թեան, Արեւմուտքի կողմէ անոր համար սահմանուած նոր դերակատարութիւնը յաջողութեամբ գլուխ հանելու համար:

Ատրպէյճան ամբողջութեամբ համարկուած ընդհանրապէս արեւմտեան եւ ի մասնաւորի թրքական աշ-խարհաքաղաքական համակարգին մէջ, կը շարունակէ իր խօլ զինարշաւը, օրէ օր աւելի սպառնալից արտայայտութեամբ հայկական զոյգ պետութիւններուն նկատմամբ:

Իրան, որ կը յաւակնի շրջանային դերակատարութեան, շրջանային գերուժի յաւակնութիւններով, անոր վերեւ կը շարունակեն կուտակուիլ սեւ ամպեր: Ան կը դիմագրաւէ արտաքին լուրջ սպառնալիքներ ու տնտեսական մեծ տագնապ, կապուած իր դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն: Ան կը մնայ Հայաս-տանի միակ, կայուն եւ ապահով ելքը դէպի արտաքին աշխարհ:

Վրաստան կը շարունակէ մնալ անկանխատեսելի, մանաւանդ որ անուղղակիօրէն կ՛առնչէ Ջաւախքի հայութեան հլու հնազանդութիւնը Հայաստանի արտաքին աշխարհ ազատ ելքին հետ:
Իսկ Ռուսաստան, որ սկսած է վերագտնել իր տնտեսական տինամիզմը եւ կուտակել ֆինանսական հսկայական միջոցներ, արդիւնք ուժանիւթի եւ հումքերու գիներու աննախադէպ աճին, վերականգնած է իր աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւնները ի մասնաւորի իր անմիջական շրջապատին, նախկին խորհրդային երկիրներուն նկատմամբ, որոնց մէջ յատուկ նշանակութիւն ունի Անդրկովկասը: Ան ուղղա-կի թէ անուղղակի դերակատար է նոյնիսկ երկիրներու ներքին քաղաքական կեանքի ձեւաւորման ու այդ երկիրներու ներքին թէ արտաքին քաղաքական ընտրանքներուն մէջ: Նոյնիսկ յարաբերաբար հզօր Ուքրանիան հեռու չէ, ռուսական այս դերակատարութենէն: Ո՞ւր մնաց փոքրիկ, թշնամիներով շրջապատ-ուած ու տնտեսապէս տկար ու տակաւին չի կայացած Հայաստանը:

Ներազգային իմաստով, պատկերը շատ հեռու է գոհունակութիւն առթելէ: Հայաստանի մէջ կը շարու-նակուի բարոյա-հոգեբանական, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ճգնաժամը: Սփիւռքեան ամէ-նահայադրոշմ գաղութները, ինչպիսին են միջին արեւելեան մեր գաղութները, կը դիմագրաւեն գոյութե-նական վտանգներ, իսկ արեւմտեան ափի մեր գաղութները դէմ յանդիման կը գտնուին այլասերումի վտանգին: Տարբեր չէ պարագան նախկին խորհրդային տարածքի հայկական գաղութներուն:

Այսպիսի միջազգային, շրջանային եւ ներազգային կացութիւններու մէջ կոչուած է, այսօր եւս, գործելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Կոչուած է գործելու այսպիսի ժամանակներու, երբ միջազգային թէ շրջանային կացութիւնները իրենց ամբողջ բարդութեամբ ընկալելու եւ հնարամիտ լուծումներ փնտռելու կոչուած ենք ազգովին, ապահովելու համար հայ ժողովուրդին գոյատեւումը եւ իր քաղաքակր-թական անխափան երթը, միջազգային թէ շրջանային կացութիւններու վրայ ներգործելու մեր կարողու-թիւնը ըլլալով սահմանափակ, մենք պարտաւոր ենք հզօրացնել հայկական գործօնը, որպէս ամէնաա-պահով երաշխիքը մեր անվտանգութեան: Սակայն նման ներազգային անձուկ պայմաններու մէջ է, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը լուծումներու որոնման գերխնդիրը ունի դրուած իր առջեւ, մանաւանդ որ երազը խամրելու վտանգին դէմ յանդիման կանգնած ենք: Ու մեզմէ կը սպասուի տարերային այս ընթացքը շրջել ու յոյսը վերակենդանացնել ու զայն վառ պահել:

Բայց այդ ե՞րբ էր, որ Դաշնակցութիւնը աշխարհաքաղաքական եւ ազգային բարենպաստ պայմաններու մէջ գործած է: Մեր ուղին երբեք դիւրին չէ եղած: Այսօրը շատ տարբեր չէ անցեալէն:

Ժողովուրդները իրենց մէջ կուտակուած ունին ահագին կենսուժ, կրակ, որ կը ժայթքի բռնկումներով: Դեռ ոչ շատ հեռու, 24 տարիներ առաջ, անոր ականատեսը եղանք Ղարաբաղեան ազատագրական պայքա-րի բռնկումով:

Հայ ժողովուրդին մօտ կուտակուած այդ ուժին, այդ կրակին բռնկումին, ժայթքումին պատրոյգը վառելու ու այս բռնկումները ազնիւին, գեղեցիկին, վեհին, օգտակարին նպատակամղումին առաքելութեամբ է, որ ծնունդ առաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, 122 տարիներ առաջ:

Ճիշդ այդ ժամանակաշրջանին, երբ հայ հաւաքականութիւնները կարծես յանձնուած էին իրենց ճակա-տագրին, երբ անաղմուկ ու անբողոք կ՛ուղղուէին դէպի ստոյգ կորուստ, ուծացում, այլասերում, ՀՅԴ-ի ընդմէջէն հայ ժողովուրդը առհասարակ, եւ հայ երիտասարդութիւնը ի մասնաւորի եկաւ իր կամքը հա-կադրելու դառն ճակատագրին: Ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մէջ թրծուած երիտասարդութիւնը եկաւ իտէալ ներարկելու իրականութեան, կամք հակադրելու պատմութեան տարերքին, դառնալով հայութեան այն տարրը, որ մերժեց հպատակիլ պայմաններու վատ դասաւորումին, հայութեան գորշ ու մռայլ գոյութեան: Ասոր շնորհիւ մեր երիտասարդութեան մէջ վարակիչ դարձաւ յաղթելու կամքը, դրսեւորուելով, անսահման զոհաբերութեան պատրաստակամութեանը, իր յանձնառութիւնը հասցնելով կեանքի գնով իսկ յաղթելու ու հայ ազգային իտէալները նուիրականացնելու ձգտումին:

Յաղթանակները նախապատրաստող ազգային համապատասխան ենթահող ստեղծելու համար, ՀՅԴ-ն անխնայ պայքար յայտարարեց հայ կեանքին մէջ յամեցող տկարութիւններուն, յոռի բարքերուն եւ ժխտական երեւոյթներուն դէմ:

Հայ կեանքին հանդէպ ՀՅԴ-ի խստապահանջ վերաբերումը, թերիներու յստակ մատնանշումը ու անոնց պատճառներուն ու հետեւանքներուն վերլուծութիւնը յառաջ բերաւ քննադատական ու քննական մտքի զարգացման համար անհրաժեշտ ենթահող ու ՀՅԴ-ի մէջ ու շուրջ մշակուեցաւ մտածող, վերլուծող, քաղաքականապէս զարգացած ու պայքարի պատրաստ երիտասարդութիւն մը: Այս երիտասարդութեան մօտ մշակուած քննական ու քննադատական միտքը մերժեց չփաստարկուած հաստատումները, իր խօսքն ու քաղաքական եզրակացութիւնները հիմնելով վերլուծութեան եւ տրամաբանութեան վրայ, որով կարելի դարձաւ ՀՅԴ-ի շուրջ համախմբել մեր ժողովուրդի մէկ կարեւոր եւ գիտակից հատուածը, զայն միշտ հաղորդ պահելով մեր առաջադրանքներուն, իտէալներուն, ձգտումներուն, զայն մասնակից ունենալով մեր գործին, որով նաեւ կարելի դարձաւ մեր ժողովուրդի զաւակներէն տասնեակ հազարաւորնե-րու ձգտումը միանալու մեր շարքերուն, հոն հաշտեցնելով իրենց ազատ ու արժանապատիւ գոյութեան մարդկային ամէնաազնիւ ձգտումը, կազմակերպական կարգապահութեան կամաւոր ենթակայութեան հետ: Այս մէկը կարելի դարձաւ այն պարզ ու յստակ պատճառով, որ անոնք հասկցան, թէ մեծ գործերու մասնակցութիւնը եւ ներգործօն դերակատարութիւնը հաւաքականութիւններու կեանքին մէջ կ՛ենթադ-րեն կամքի եւ կարողութիւններու ներդրում` կազմակերպական շրջագիծի մը մէջ: Այս մեծ գործերուն եւ ներգործօն դերակատարութեան մեր ճամբան անցաւ յեղափոխութեան արիւնոտ դաշտերէն, ու սերունդ-ներ ամբողջ մեզի կտակեցին յեղափոխական լաւագոյն աւանդները` կարգապահութեան, նուիրումի, զո-հաբերութեան, համեստութեան, յանդգնութեան, հայրենասիրութեան ու իտէալապաշտութեան: Այսպէս է, ու այս ունակութիւններով, այս աւանդները կրելով է, որ Դաշնակցութիւնը դարձաւ տիրական ներկա-յութիւն մեր կեանքին մէջ, միշտ շարունակելով գործել մեր ժողովուրդին ծառայի դիրքերէն, սակայն միշտ ու միշտ պահելով իր գրաւչութիւնն ու քաշողականութիւնը, հետեւաբար նաեւ հեղինակութիւնը, որոնք ծնունդն էին իր կրած համամարդկային վեհ գաղափարներուն, իր դրսեւորած ազնիւ յատկանիշնե-րուն, իր ստեղծած պայծառ դիմագիծին ու բռնած ազգային մեծ գործին:
Այս բոլորով է, որ կը պայմանաւորուի իր կարողութիւնը, իր հիմնադրութենէն 122 տարիներ վերջ եւս, շարունակելու իր ոգեպնդող, որոշիչ ու առաջնորդող դերակատարութիւնը` հայ կեանքին մէջ:

Դաշնակցութիւնը հանդիսացած է ու կը շարունակէ հանդիսանալ այն շրջագիծը, այն միջավայրը, ուր ճիգ եղած ու կարելի դարձած է լաւագոյնս հաշտեցնել արդիականութիւնը թէ որպէս մտածում, թէ որպէս գործի եղանակ, մեր բարքերուն ու աւանդութիւններուն հետ, տրամաբանութիւնը` հաւատքին հետ, անց-եալը` ապագայի մեր տեսլականին հետ, այսպիսով դառնալով կամուրջ հայ միտքին ու հոգիին, պատ-մութեան ու ներկային ու ապագայի ձգտումին միջեւ:

Յեղափոխող այս միջավայրին մէջ է, որ կարելի դարձաւ ազատագրել հայ մարդը ժառանգուած ու կա-ղապարուած հին մտապատկերներէն, զայն բարձրացնելով շատ արագ շարժող ու փոփոխուող աշխար-հի ճիշդ վերլուծումը կատարելու ունակութեան, զայն ձերբազատելով ամլացնող մտքի ծուլութենէն ու ինքնագոհութենէն, մղելու համար զայն մերօրեայ պահանջներուն համապատասխանող միտք ու մտա-ծում զարգացնելու աշխատանքին, վերստին զայն հաղորդ դարձնելով մեր ցեղի ոգիին հետ, մեր քաղա-քական ժառանգութեան, պատմական փորձին եւ դարերու ընթացքին կուտակուած մտաւոր ու իմացա-կան հարստութեան հետ, ձեռնամուխ դառնալով հայ մտքի ու հոգիի կառուցման աշխատելադաշտը բանալու դէպի նորանոր հորիզոններու նուաճում:

Մեր օրերու անձնապաշտութեան ու անհատներու պաշտամունքի հաստատուող երեւոյթին դիմաց, Դաշնակցութիւնը ինչպէս անցեալին, այսօր եւս, կը մնայ հաւաքականութեան կայացման ու անոր դերի ու նշանակութեան արժեւորման ձգտողը, կարողութիւններու մէկտեղումի ու փոխզօրակցութեան ու անով հաւաքական հզօրութիւն կերտելու ձգտումի դրօշակիրը, հաւաքական ուժի կայացման եւ անով հայ ինքնուրոյն գործօնի ձեւաւորման յառաջապահը, հաստատ գիտակցելով, որ պատմութեան յառա-ջընթացը կը պայմանաւորուի առարկայական պայմաններու, իմա` ուժի եւ հզօրութեան եւ զանոնք համատեղող ու հունաւորող կազմակերպութեան եւ ենթակայական պայմաններու, հասկնալ հաւաքակա-նութիւններու արտայայտած հաւատքի, մտքի, խղճի ու կամքի, այս առարկայական եւ ենթակայական պայմաններու փոխ ներգործութեամբ: Այս համոզումով գործեցինք դեռ 122 տարիներ առաջ: Դաշնակցութիւնը եղաւ ու մնաց ուժեղ անհատականութիւններ յայտնաբերող ու այդ անհատականութիւնները զարգացնող ու հաստատող միջավայր, այդ անհատականութիւնները համատեղող ու ներդաշնակող կազմակերպական միջավայր, որպէս հայկական ուժին եւ գործօնին ձեւաւորման հիմնական տարր:

Բնական էր ու է որ հայ հասարակութիւնը իր ամբողջութեանը մէջ կարելի չէր ընդգրկել մեր կազմա-կերպական թէ համակիր շրջանակին մէջ: Մեր ձգտումը եղաւ ու մնաց հայ կեանքին մէջ ստեղծել եղա-նակ, տարածել համոզում, գաղափար, տեսակէտ, որ խարսխուած է ազգային մեր գաղափարախօսու-թեան վրայ, միշտ ջանալով ունենալ ժողովրդավար, զարգացած եւ բաց հասարակարգ, որով նաեւ` այլա-կարծութեան գոյութեան մեր յարգումը:
ՀՅԴ-ն իր կառոյցով ու համակիրներով, ըլլալով հանդերձ հայ հասարակութեան մէկ հատուածը, երբեք չեղաւ հատուածապաշտ ու ինքն իր վրայ փակուած, այլ միշտ մնաց ականջալուր մեր ժողովուրդին բազկերակին, այդպէսով հանդիսանալով հարազատ արտայայտիչը անոր յոյզերուն, յոյսերուն, մտահոգութիւններուն, ձգտումներուն: Ու փոխադարձաբար, մեր ժողովուրդը ականջ տուաւ անոր խօսքին, պատգամին արտայայտած կեցուածքներուն ու եկաւ մեծաթիւ զինուորագրուելու, ՀՅԴ-ի ճամբով, հայ ժողովուրդի ինքնուրոյն գոյութեան, դիրքին, հեղինակութեան, արժանապատուութեան ու ազատ ապրե-լու իրաւունքին ձեռքբերման պայքարին, անձնուրացութեամբ լծուելով հայ ազգի հաւաքական ապագան կերտելու եւ ազգային իրաւունքներու տիրացման նուիրական պայքարին: Ու ՀՅԴ-ի շղթայազերծած այս պայքարին շուրջ համախմբուած մարդիկ, ի մասնաւորի երիտասարդ տարրը, աշխատեցան ու կ՛աշխատին փշրել մշակուած ու հաստատուած մտային կաղապարումները, տոկմաները, հետամուտ ըլլալով յանդուգն նախաձեռնութիւններով շարժման մէջ դնել հայ մարդու միտքը, որպէսզի չամլանայ հայ քաղաքական-հասարակական միտքը, ու զարգանայ մտածումի արմատականութիւնը: Մանաւանդ որ հայ կեանքը այսօր ունի անկումային միտումներ: Այդ մէկը կը նշմարենք, կը շօշափենք Սփիւռքի թէ Հայաս-տանի մէջ հաւասարապէս: Պէտք է արձանագրել մտահոգութեամբ, թէ հայ կեանքի ներքին ուժականու-թիւնը նահանջ արձանագրած է: Անցեալի ուժեղ հաւաքականութիւններ, ազգեր, պետութիւններ պատ-մութեան անցած են: Անոնք մէկ օրէն միւսը չէ, որ անհետացան: Անոնց գոյութեան ներքին ուժականու-թիւնը ունեցաւ անկումային ընթացք եւ անոնք անկարող գտնուեցան այդ ընթացքը կանխելու կամ շրջելու:

Այդ ներքին ուժականութեան կորուստին մէջ ներգործած են նաեւ ինքնամաքրումի, բիւրեղացման կարո-ղութեան կորուստը` Բաբելոնէն Հռոմ ու Հռոմէն մինչեւ Խորհրդային կայսրութիւն: Այս մեկնակէտով ալ մենք կը շարունակենք մերժել մեր ժողովուրդին, ի մասնաւորի հայրենաբնակ հատուածին խոստացուող «հրաշքը», որուն մէջ առաջնահերթ չեն դասուիր արդարութիւնը, քաղաքական բաց համակարգի ձեւաւո-րումը, ժողովրդավարութիւնը, ազատութիւններու եւ մարդու արժանապատիւ կեանքի իրաւունքի յարգումը:

Մտահոգութեամբ կ՛արձանագրենք նահանջը` ազգային-քաղաքական հարցերու առնչուող մտաւոր-ին-թելեքթուալ բանավէճին, քննարկումներուն, որով մակերեսային խօսքը կը փորձէ ծածկել, յաճախ թաղել հայ կեանքի հիմնախնդիրներու արծարծումը, դուռ բանալով ամբոխավարական ճառերու եւ հանրու-թեան մանիբուլացիային: Երբեմն ալ այլապէս դատապարտելի միջոցներով փորձ կը կատարուի հա-կակշռել մարդոց կամքը, որով կը ծնին այն վերնախաւերը, որոնք յուսախաբութենէ յուսախաբութիւն կ՛առաջնորդեն մարդիկ, մղելով տասնեակ հազարաւորներ հեռանալու արդէն իսկ ժողովրդագրականօրէն վտիտ մեր երկրէն ու հայ միջավայրէն:

Սակայն մենք պիտի շարունակենք մնալ պահանջատէրն ու նախաձեռնողը հայ ազգային համապար-փակ եւ ներդաշնակ քաղաքական ծրագրի մը ու ռազմավարութեան մը մշակման, ծրագրեր ու ռազմա-վարութիւն, որոնք հաշուի կ՛առնեն հայութեան բոլոր հատուածներուն, հայրենաբնակ թէ Սփիւռքի տար-բեր գաղութներու մէջ ցրուած, թէ հնարաւորութիւնները, թէ ձգտումները, որպէսզի մտածումի վրայ խարսխուած ու հայութեան բոլոր հատուածներուն ու հոսանքներուն համագործակցութեամբ յառաջ տա-նինք հայութիւնը իր ապագայի գծով անորոշութենէն ու իրաւազրկումէն դուրս բերելու մեր նուիրական գործը, յաղթահարելու համար հայ ժողովուրդի գլխուն դամոկլեան սուրի պէս կախուած վտանգները` անմիաբանութիւնը, հայրենի հողին կառչածութեան թուլացումը, երկրէն արտահոսքը, առաջնորդող գա-ղափարի բացակայութիւնը, առաջնորդող քաղաքական խաւի ջլատումը, մտքի, մտածումի նահանջը, հայ ազգային-քաղաքական իտէալի աղաւաղումը եւ քաղաքական կամքի կորուստը:

Ու այս նպատակին համար մենք պիտի շարունակենք մեր ժողովուրդին հետ խօսիլ մտքի ուժով եւ սրտի ջերմութեամբ: Առ այդ մեր խօսքը, մեր պատգամը հեռու պահած ենք ձեւապաշտութենէ ու ամբոխավարական շեշտէ, մեր խօսքը միշտ ուղղելով հայ մարդու բանականութեան, խօսք մը, որ պիտի շարունակէ ըլլալ մտածումի խտացում, պարզ, բայց երբեք պարզունակ: Ու մենք յանձնառութեան մեր սեփական օրինակով կը ձգտինք ուղեցոյց հանդիսանալ մեր ժողովուրդին ընդհանրապէս ու մեր երիտասարդու-թեան մասնաւորաբար` արժէքներու մեր կառչածութեամբ ու արժեչափերու յարգումով: Մենք յանձնառու ենք մնալու գաղափարներ յղացող եւ հայ կեանքին մէջ ներգործօն դերակատարութիւն ստանձնող, կա-ցութիւններ շարժող ինքնուրոյն քաղաքական ուժ` մնայուն վերամշակման ենթարկելով եւ վերաթարմացնելով մեր «ընկերութեան ծրագիրը» (project de sociռte), մնալով հայ կեանքին մէջ անպայման առաջնոր-դութեան, բայց, ուշադիր, ոչ անպայման ղեկավարման ձգտող ուժ:

Մովսէս Խորենացին, դեռ շուրջ 16 դարեր առաջ կը հաստատէր, թէ «մեր թշուառութիւնը հիմնականին մէջ առաջնորդող գաղափարի եւ առաջնորդող տարրի չգոյութեան մէջ եղած է»:
Դաշնակցութիւնը մտածեց ու գործեց, որ այս հաստատումը միմիայն անցեալ ըլլայ ու առնչութիւն չունե-նայ մեր նորօրեայ կեանքին հետ:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հայ կեանքին մէջ գործած է ու կը շարունակէ գործել լայնախոհու-թեամբ, ըլլալով նախաձեռնողը գաղափարական տարբեր ուղղութիւններ ունեցող հայ ազգի շերտերու, ինչպէս նաեւ հայ կեանքին հետ իրենց առնչութիւնը թուլցած թէ կորսնցուցած հատուածներուն հետ երկ-խօսութեան, հաստատ հաւատալով, որ բոլորս միասին, մեր բոլորին մտաւոր եւ ֆիզիքական կարողա-կանութեան միաւորումով ու ամբողջական ներդրումով, մտքի ուժով, վարակիչ հաւատքով, անդուլ եւ կազմակերպ աշխատանքով երբ լծուինք հայ ազգային իտէալներու նուաճուն պայքարին, կարելիութիւն կ՛ունենանք տեղաշարժ յառաջացնել հայութեան քաղաքական ներկայի ու իրերու ոչ հայանպաստ դա-սաւորումներուն, յառաջ ընթանալ դէպի աւելի յուսատու վիճակներ: Հայ ազգի ամբողջ կարողականու-թեան մեր ապագայի կերտումին նպատակամշակումին առաջադրանքով ալ մենք կը գուրգուրանք իւ-րաքանչիւր հայ մարդու վրայ, ջանալով զայն հաղորդ պահել հայ կեանքի իրադարձութիւններու հետ, մեր մտածումներուն, ապրումներուն, յոյզերուն եւ ձգտումներուն հետ, ջանալով օգտագործել արդի ար-հեստագիտութեան ընձեռած հնարաւորութիւնները հայ մարդը հայկականութեամբ ապրեցնելու ու հա-յութեան հաւաքական ուժին ու զօրութեան կերտումին եւ պահանջատիրական ու ազգակերտ մեր երթին մէջ զայն ներքաշելու համար: Ու այս մէկը կ՛ենթադրէ վստահութեան վրայ կառուցուած յարաբերութիւն, որ իր կարգին կը պարտաւորեցնէ մեզ հայ մարդոց հետ խօսիլ ճշմարտութեան լեզուով: Հետեւաբար կարելի չէ ճշմարտանման բաներ յայտնել, խուսափելով բուն ճշմարտութիւնը ներկայացնելէ: Այս պատճա-ռով ալ` Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ ճշմարտութիւնները իր ամբողջ մերկութեամբ ներկայացնել մեր ժողովուրդին, յառաջացնելով որոշներու դժգոհութիւնը, երբեմն ալ բարկութիւնը, սակայն շահելով մեր ժողովուրդի քաղաքականացած խաւերու վստահութիւնը, հետեւաբար նաեւ զօրակցութիւնը: Այս զօրակցութիւնը մեզ կու տայ ինքնավստահութիւն, որպէսզի շարունակենք պայքարը իրաւ արժէքներու եւ կա-յացած որակներու պաշտպանութեան ի խնդիր:

Մեր վարքագիծը կը շարունակէ մնալ ճշմարիտին, հարազատին եւ առաւելագոյն որակի ձգտումը, որովհետեւ կը հաւատանք, որ այդ ձգտումին յստակ ու անխարդախ արտայայտութեամբ կարելի է հայ մար-դուն մօտ վառ պահել ազգային հպարտութեան զգացումը, մանաւանդ սփիւռքեան համայնակուլ ու ջլա-տող պայմաններուն մէջ, հպարտութեան զգացում մը, որ կարելի կը դարձնէ հայ մարդուն հայկական պատկանելիութիւնը անբարդոյթ, ինքնավստահութեամբ ու հպարտութեամբ կրել, որով ան ինքզինք ամ-րօրէն կապուած, միաւորուած զգայ հայ հաւաքականութեան հետ, ապա նաեւ մասնակից դառնայ մի-ացեալ ուժերով հայ ազգի յարատեւութեան ու յաւերժութեան ապահովման գործին, յարատեւում մը, որ կ՛ենթադրէ ժողովրդագրական հնարաւորութիւն, դիմագծութիւն, ներքին ուժականութիւն` տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական ոլորտներուն մէջ: Այս բոլորէն կախեալ է հայութեան ամրակայումը եւ քաղաքակրթական երթը, այս բոլորէն կախեալ է Հայ Դատի մեր պահանջատիրութեան յաջող աւարտը, աւարտ մը, որ պիտի ապահովէ Ցեղասպանութեան ճանաչում ու հատուցում, հողահաւաք եւ հայահաւաք:

Այս է մեր ճանապարհը: Այս է այն ճանապարհը, որ պիտի յառաջացնէ կազմակերպ հաւաքականու-թիւն, որ գիտէ կամքը հակադրել ճակատագրապաշտութեան, գիտէ առարկայական պայմաններու մէջ իտէալ ներարկել, պատմութեան մէջ կամք:

Թերեւս հաստատումներուս մէջ ոմանք ռոմանթիզմ տեսնեն: Բայց եկէք միասին ակնարկ մը նետենք մեր վերջին մէկ դարու պատմութեան վրայ, որ տեսնենք թէ ո՞ւր էինք ազգովին ու ո՞ւր հասած ենք այ-սօր: Փաստօրէն, 19-րդ դարու վերջերուն հայութեան ջախջախիչ մասը կորսնցուցած էր իր մէկ ազգի պատկանելիութեան զգացումը, չունէր այլեւս ազգային յստակ բանաձեւուած առաջադրանքներ, չունէր հաւաքական ուժ ու կամք, կորսնցուցած էր իր պատմութեան եւ մշակոյթին հետ առնչութիւնն ու իր հա-ւաքական յիշողութիւնը, հայերէնը դադրած էր իր լեզուն ըլլալէ, ան դադրած էր իր իսկ հայրենիքին մէջ ժողովրդագրական իմաստով մեծամասնութիւն ըլլալէ, դարձած էր հպատակ օտար տիրակալներու: Ու այսօր ունինք միատարր հայ բնակչութեամբ հայրենիք, իր փոքրացած տարածքով հանդերձ, աւելի քան 40,000 քիլոմեթր Հայաստանի Հանրապետութեամբ ու Արցախով: Այս կը նշանակէ, թէ համատարած կո-րուստէ փրկուած է մեր հայրենիքի այն մասը, որ պիտի երաշխաւորէ հայ ազգի գոյատեւումը, անոր բնականոն զարգացումը, մշակութային ծաղկումը եւ քաղաքակրթական երթը, պայմանաւ որ ազգովին յաջողինք համախմբուիլ ազգային մեր այսօրուայ հիմնական առաջադրանքին շուրջ, որն է հզօր, արդար, ազատ եւ խորապէս ժողովրդավար հասարակարգով օժտուած պետականութեան մը հաստատումն ու ամրակայումը:

Յուսահատեցնող ու գահավէժ ընթացող անցեալէն հայ կեանքը նոր հեռանկարներու բացող այդ անկիւ-նադարձը մենք կարելի դարձուցինք ծով արեամբ ու անսահման զոհողութիւններով, ատով իսկ բոլորին չափ եւ ինչու չէ նաեւ բոլորէն աւելի նախանձախնդիր ենք, որ ձեռքէ չտանք մեր այդ հսկայ ձեռքբերումը:

Հրայր Մարուխեան իր մէկ խօսքին մէջ կ՛ըսէր. «Նիկոլ Աղբալեանի բառերով ՀՅԴ-ն լաւատես երազողներու խմբակցութիւն չէ, այլ` հանրային պայքարի կազմակերպութիւն, ու կ՛աւելցնէր եւ իբրեւ այդպիսին, հայ ժողովուրդի ճակատագրի բարդ հոլովոյթին մէջ իր ներդրումը անհրաժեշտութենէ աւելի իր յանձնա-ռութեան գիտակցուած անդրադարձով կը բաբախէ հայրենի սահմաններէն մինչեւ Արցախի ազատագրական պայքարի ամէնաթէժ դիրքերը, ու անկէ ներշնչուած արտերկրի բոլոր հայադրոշմ անկիւնները»:

Այո, այդպէս է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Այդպէս ալ կը շարունակէ մնալ վարակիչ ներկա-յութիւն մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ ան եղաւ ու մնաց մտքի, խռովքի, ազնիւ կիրքի, ազգային արժէք-ներու պահպանման ուղղութեամբ խստապահանջ ու իտէալապաշտ մարդոց հաւաքականութիւն մը: Ու վստահ եղէք, որ ան պիտի շարունակէ ապրիլ, տագնապիլ, մտածել, արարել ու գործել ազգային ամբողջական յանձնառութեամբ, շարունակելով իր անջնջելի դրոշմը դնել հայ կեանքին վրայ:

Բարի ճանապարհ անոր դէպի նորանոր նուաճումներ հայ ժողովուրդի իտէալներու կենսագործման պայքարի ճակատներուն վրայ, որպէսզի հայութեան հաւաքական առաջադրանքներն ու երազները իրականութիւն դառնան, ու հայութիւնը հաստատէ իր անկախ պետականութիւնը, արդար ու ազատ հասարակարգով, իր ամբողջական հայրենիքի տարածքին վրայ, ուր ան պիտի վերախմբուի շարունակելու համար իր պատմական երթը:

«ՀՈՐԻԶՈՆ»

Տպել Տպել