Ակնարկ. Ուաշինկթընի Կտրուկ Շրջադարձային Վարքագիծը

Միացեալ Նահանգներու նախագահին մօտ հռետորաբանական վերիվայրումներն ու կտրուկ շրջադարձները հետեւողական վարքագիծի բնոյթ կրած են: Այնքան մը, որ ոճի աննախընթաց սաստկացումը, հասցէական վերագրումները, հետեւողներուն մօտ սկսած են տարակուսանքներ ստեղծել յայտարարուածի եւ անոր համապատասխան առնուելիք քայլերու բացակայութիւնը կանխատեսելով:

Փիոնկեանկ-Ուաշինկթըն արձանագրուած փոխմեղադրական մագլցողականութիւնը պահ մը աշխարհը համոզեց, որ հիւլէական պատերազմի մեկնարկը սարերու ետին չէ: Կտրուկ շրջադարձը Ուաշինկթընի կողմէ, աւելի ճիշդը` նախագահ Թրամփի ոճային եւ բովանդակային փոփոխութեամբ յատկանշուած յանկարծակի յայտարարութիւնը ո՛չ միայն մերձեցման, այլ նաեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ու դէպի համագործակցութեան դաշտ հեռանկարի ուրուագիծեր ցոյց տուաւ Հիւսիսային Քորէա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու նոր էջին վրայ:

Բոլորովին տարբեր չէր նաեւ Ուաշինկթըն-Մոսկուա յարաբերութիւններու պատկերը. թէեւ այստեղ հիւլէական պատերազմի մեկնարկի նախադրեալներ չկային, այսուհանդերձ պաղ պատերազմը յիշեցնող նախօրեակի մէջ գտնուելու մթնոլորտի տարածումն էր յատկապէս Ուաշինկթընի, ապա նաեւ Մոսկուայի կողմէ: Պատժամիջոցներ, կոչեր, դիւանագիտական անձնակազմերու տուն կանչեր, նախագահական ընտրութիւններուն ազդած ըլլալու ամբաստանութիւններ, որոնք գրեթէ դիւանագիտական կապերու ամբողջական խզումի հասնելու տպաւորութիւն կը ստեղծէին:

Եթէ ոչ կտրուկ, այս պարագային դանդաղ շրջադարձ արձանագրելու երեւոյթ պարզուեցաւ նաեւ այս հարթութեան վրայ: Թրամփ-Փութին հելսինքեան հանդիպումի նախօրեակին, ընթացքին եւ անկէ անմիջապէս ետք հռետորաբանութիւնը բոլորովին ուրիշ ոճ եւ բովանդակութիւն ունէր: Կ՛երեւային Ուաշինկթըն-Մոսկուա մերձեցման եւ որոշ տեղեր համագործակցութեան ընդհանուր եզրեր: Այդ եզրերէն գլխաւորը կարելի էր դիտարկել Սուրիոյ մէջ ռազմաքաղաքական ծրագիրներու իրականացման համար փոխադարձ որոշակի հասկացողութեան յանգիլը:

Այս ընդհանուր վարքագիծէն կը թուի, որ անմասն չէ մնացած նաեւ Ուաշինկթըն-Թեհրան յարաբերութիւններու ընթացքը: Դարձեալ հիւլէական ընդհանուր համաձայնագիրէն քաշուելու քայլ, ապա ճնշում` համաձայնագիրը ստորագրած պետութիւններուն հետեւելու իր օրինակին, եւ նոր պատժամիջոցներու ձեռնարկման գործողութիւններ: Եւ ահա շրջադարձ կատարելու նախաքայլը` նախագահ Թրամփի Թեհրանի մասին կատարած վերջին յայտարարութիւնը: «Ունիմ այն զգացումը, թէ իրանցի ղեկավարները մօտ օրէն պիտի խօսին Ուաշինկթընի հետ»:

Անկախ անկէ, որ մօտ օրէնը անորոշ ժամկէտ է եւ յայտնի չէ, թէ ի՛նչ եզրերու շուրջ պիտի ձեռնարկուի երկխօսութիւնը, Թրամփ շրջադարձի նախապատրաստական հող կը հերկէ այս յայտարարութեամբ:

Հիմնական այս երեք ուղղութիւններուն վրայ կատարուած հռետորաբանական շրջադարձները կ՛ուղենշեն Ուաշինկթընի կամ աւելի մասնակի բնութագրումով թրամփեան ելեւէջային վարքագիծը:

Հիմա, նկատենք չորրորդ ուղղութիւնը: Այժմ ամերիկեան պատժամիջոցներ սկսած են որդեգրուիլ Անգարայի նկատմամբ: Երկար ատենէ ի վեր յայտարարողական մակարդակի վրայ կատարուած եւ կատարուող պարանաձգումնային իրավիճակէն ետք Ուաշինկթըն այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ գործնական փուլ կը թեւակոխեն Անգարայի նկատմամբ կատարուած մեղադրանքները:

Խնդիրը անշուշտ կը վերաբերի ամերիկացի պատուելի Էնտրու Պրանսընի ձերբակալութեան արարքին մէջ երկու նախարարներու ունեցած դերակատարութեան: Մինչ, պաշտօնական Անգարան կը յայտարարէր համաչափ հակազդեցութեամբ հանդէս գալ: Նախընթաց այլ արարներ մագլցողական լարուածութիւն յառաջացուցած էին Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն մէջ. բազմիցս դեսպաններ ետ կանչուած էին եւ ոչ շատ ուշ վերադարձած իրենց պաշտօնին` զանազան փուլերու:

Անկախ անկէ, որ փոխպատժամիջոցային քայլերու ձեռնարկումը ըստ էութեան կրնայ վերաբերիլ Պրանսըն Կիւլենի դիմաց փոխանակման գործողութիւն ապահովելու առաջադրանքին, այդուհանդերձ տարբեր պատճառներ համոզել կու տան, որ մագլցողականութեան առաստաղի բարձրացումը սահմանափակ է. Թրամփ յանկարծ կրնայ յիշել Անգարայի ռազմավարական կարեւոր դաշնակից ըլլալու հանգամանքն ու այդ հանգամանքի պատմական կարգավիճակը: Յատկանշական է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին միաժամանակեայ յայտարարութիւնը` «ամերիկեան սպառնալիքներու պատժամիջոցները Թուրքիոյ վրայ ազդեցութիւն պիտի չունենան». քիչ ետք ըսելու համար, որ ամերիկացի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկած են այն միացեալ քայլերը, որոնք կարելի է որդեգրել Իտլիպի մէջ: Այս չի նշանակեր, որ Իտլիպի համար ամէն ինչ համաձայնեցուած է, բայց թէ միասին քննարկելիք եւ ընելիք ունին, ատիկա պարզ է:

Թրամփի ոճային եւ բովանդակային սաստկացումները, սպառնալիքները կը շարունակեն արձանագրել կտրուկ, արագ շրջադարձներ: Փիոնկեանկը, Թեհրանն ու Մոսկուան այդ կը վկայեն. կը թուի նաեւ, որ այս առումով շարքը կը համալրէ նաեւ Անգարան:


«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել