29 դեկտեմբեր 1982-ը ցնցիչ օր մը եղած էր լիբանանահայութեան, հա՛յութեան ու հայոց պատմութեան համար, երբ թրքական ոճրագործ ձեռքեր Պուրճ Համուտի սրտէն առեւանգեցին հայ ժողովուրդին ամէնէն ընտիր ու խիզախ զաւակներէն Աբօ Աշճեանը` աւելի ուշ բացայայտուելու համար, որ ան անյայտ պայմաններու մէջ սպաննուած է…
Փոխադարձաբար, շաբաթ, 15 դեկտեմբեր 2012-ը եզակի օր մը եղաւ լիբանանահայութեան ու համայն հայութեան համար: Իրերայաջորդ սերունդներ երկար պիտի յիշեն այս օրը: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ Թուրքիա ուզեց բնաջնջել հայ ժողովուրդը եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ բնաջնջել հայութեան քաղաքակրթական վկաները` հայկական կոթողները, խաչքարերն ու եկեղեցիները ու տակաւին` երբ կը փորձէ հրահրուող սուրիական «կրակին վրայ ձէթ թափել»` կիրարկելու համար իր հին ու նոր երազը` Միջին Արեւելքի հայօճախները հայութենէն պարպելու ծրագիրը, այս բոլորին դիմաց «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնի բացումը կու գայ անողոք պատասխան տալու թուրքին, թէ հայը պիտի շարունակէ պայքարիլ մինչեւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականի իրականացումը: «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնը այդ պայքարի նորագոյն քայլերէն մէկն է…
Արդարեւ, շաբաթ, 15 դեկտեմբեր 2012-ի յետմիջօրէի ժամը 2:30-ին, Պուրճ Համուտի Նոր Ատանա թաղամասին մէջ, նախկին Ազգային Կիլիկեան վարժարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին: ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի շեփորախումբին նուագակցութեամբ լիբանանեան, հայկական ու ՀՅԴ-ի քայլերգ` «Մշակ բանուոր»-ի ունկնդրութենէն եւ կեդրոնի դրան մուտքին Եռագոյն ժապաւէնի հատումէն ետք, Շանթ Յարութիւնեան Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) անունով ողջունելով ներկաները բացուած յայտարարեց ձեռնարկը: Յարութիւնեան խիստ բարձր գնահատելով նման կեդրոնի մը հիմնադրութեան իրականացումը նշեց, որ անիկա պիտի ըլլայ լիբանանահայ երիտասարդին երկրորդ տունը: Մէջբերելով ՀՅ Դաշնակցութեան տեսաբաններէն Միքայէլ Վարանդեանի երիտասարդութեան նուիրուած խօսքերէն հատուած մը` ան ընդգծեց, որ այս կեդրոնը իր շուրջ պիտի համախմբէ գաղափարապաշտ, գործունեայ երիտասարդներ, որոնց քննարկումի ու հետաքրքրութեան հիմնական առանցքը պիտի կազմեն Արեւմտահայաստանի բռնագրաւեալ հայկական հողերը` հասնելով մինչեւ արդի Հայաստան, սփիւռքի հայապահպանում եւ երիտասարդութեան առջեւ ցցուող այլ հրատապ առաջնահերթութիւններ: Շանթ Յարութիւնեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս կեդրոնի հիմնադրութեան ծրագիրի իրականացման, յատկապէս` բարերար Սեդա Դեղարարեանին:
Ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խօսք առաւ Յովիկ Պերթիզլեան, որ ողջունելէ ետք կեդրոնի բացման իրագործումը նշեց, որ «եկած ենք ականատես ըլլալու մեր երիտասարդներու երազը դարձած ուսանողական կեդրոնի մը հիմնումի իրականացման»: «Արժէքներու եւ գաղափարներու անկումին մէջ ապրող երիտասարդութեան ի տես, կը թուի, թէ գաղափարապաշտ երիտասարդութիւնը տեղ չունի այլեւս, սակայն ՀՅԴ-ի համար այդպէս չէ. ՀՅԴ-ն այս կեդրոնը հիմնեց պատրաստելու համար գաղափարապաշտ երիտասարդներ, որոնք դաստիարակուելով ու Դաշնակցական ոգիով թրծուելով իրենց կարգին պիտի լծուին Հայ դատի լուծման», ըսաւ Յովիկ Պերթիզլեան: «Մենք կը հաւատանք հայ երիտասարդութեան, մեր ուժը այդ հաւատքին մէջ է. ճիշդ է, այս կեդրոնը թերեւս իտէալական չէ, բայց սփիւռքի մեր պայմաններուն մէջ հրաշքի համազօր է», ընդգծեց ան: «Բոլորին համար մտատիպար դարձած ընկ. Աբօ Աշճեանի անունով այս կեդրոնին կոչումը պատահական չէ, եւ մենք կը հաւատանք, որ կեդրոն յաճախող նոր սերունդները իրապէս պիտի դաստիարակուին Աբօ Աշճեանի ոգիով, անոր կարգապահութեամբ, ճշդապահութեամբ, բայց մանաւանդ` անոր խիզախութեամբ, Հայ դատը բոլոր միջոցներով հետապնդելու վճռակամութեամբ: Մենք կը հաւատանք լիբանանահայ գաղութի շարունակականութեան: Փաստօրէն լիբանանահայութիւնը, ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը իր գործունէութեամբ արդարացուց ինքզինք», ընդգծեց Պերթիզլեան` շնորհակալութիւն յայտնելով Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ սիրայօժար Ազգային Կիլիկեան վարժարանի այս կալուածը տրամադրած էր այս կեդրոնին համար, նմանապէս հանգուցեալ Սեդա Դեղարարեանին, որ իբրեւ հիւանդապահուհի իր կեանքի տեւողութեան հաւաքած լումաները սիրայօժար նուիրած էր ՀՅ Դաշնակցութեան եւ ազգային բարերար Երջօ Սամուէլեանին, որ «Ս. Թեհլիրեան» ակումբի եւ Մար Եուսեֆի կեդրոնի օրինակելի նախընթացներով, այս անգամ եւս սիրայօժար հոգացած էր կեդրոնի կահաւորումը:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ բարձր գնահատեց Ազգային Կիլիկեան վարժարանի կառոյցը նման կեդրոնի մը վերածելու նախաձեռնութիւնը` ընդգծելով, որ երբ Արամ Ա. կաթողիկոս վարժարանի այս կալուածը տրամադրած է ու երբ Սեդա Դեղարարեան իր ամբողջ կեանքի հաւաքած գումարը սիրայօժար նուիրած է այս կուսակցութեան` վստահելով անոր, ապա մեր ժողովուրդը իր կարգին, խոր հաւատքով ու վստահութեամբ կը նայի այս կեդրոնին, ուր խոստմնալից երիտասարդներ պիտի համախմբուին ու գործեն անշահախնդրօրէն: «Աբօ Աշճեանի ոգիով ու ձեր գաղափարապաշտ գործելակերպով դուք պիտի շարունակէք գրաւել հայ ժողովուրդի վստահութիւնը, եւ ես հայ ժողովուրդին անունով կը շնորհաւորեմ հայ երիտասարդութիւնը», շեշտեց սրբազան հայրը: Ան մէջբերեց Թաթուլ Վանանդեցիի օրինակը, ուր այդ վերջինը իր նետով հարուածած էր Տուղրիլ պէկի որդին եւ խրոխտ վստահութեամբ պատասխանած էր Տուղրիլի մտատանջութեան, թէ` «եթէ հարուածը իմս է, զաւակդ անպայման կը մեռնի»: «ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ չկայ անհատի փառաբանում ու մենք հոս եկած չենք Աբօ Աշճեանի փառաբանումը կատարելու, այլ` եկած ենք ոգեկոչելու Աբօ Աշճեանի կորուստին 30-ամեակը: Արդարեւ, Աբօ Աշճեան եղաւ խիզախ, հաւատաւոր այն անձնուրացը, որ հայ ժողովուրդի ապահովութեան ու անվտանգութեան համար իր անձը դրաւ ծայրայեղ վտանգի տակ: Ան թշնամին հարուածեց Թաթուլ Վանանդեցիի հուժկու եւ անվրէպ հարուածով, եղաւ ուխտեալ ու յանձնառու: Ան երբեք չբացակայեցաւ հայ երիտասարդութեան ու հայութեան մտքէն, ան այսօր իր նուիրեալ ու նուիրական ոգիով ներկայ է նոր սերունդի կեանքին մէջ: Աւելի՛ն. իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ, այս կեդրոնը մտնելով ու թրծուելով Աբօ Աշճեանի ուխտով, կեդրոնէն մեկնումի պահուն իր հոգիին մէջ պէտք է նոր ընկեր Աբօ մը ծնի» ընդգծեց սրբազան հայրը` կրկին շնորհակալութիւն յայտնելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Սեդա Դեղարարեանին եւ ազգային բարերար Երջօ Սամուէլեանին:
Ձեռնարկին փակումը նշող «Արիւնոտ դրօշ»-ը տակաւին երկար տարիներ պիտի ներշնչէ հաւատաւոր հայ երիտասարդութիւնը…
«ԱԶԴԱԿ»







