Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Փոխնախագահը

Կիրակի, 2 սեպտեմբեր 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը: Անոր կ՛ընկերանար Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւն մը:

Անոնք նախ մասնակցեցան վանքի մատրան մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագին եւ ապա հանդիպում ունեցան վեհափառ հայրապետին հետ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ հոն իրագործուող ծրագիրներուն: Ներկաները նաեւ ունկնդրեցին Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 27-ամեակին առիթով վեհափառ հայրապետին ուղղած պատգամը:

Յայտնենք, որ օր մը առաջ վեհափառ հայրապետին այցելած էր Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի անդամներէն Դաւիթ Իշխանեան եւ անոր յանձնած էր յուշանուէր մը` Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին կողմէ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել