Պատշաճ Յարգանք Ընկ. Վահէ Յարութիւնեանի Յիշատակին

Կիրակի, 2 Սեպտեմբեր 2018ի յետմիջօրէին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կլենտէյլի (Գալիֆորնիա) «Գարամանուկեան» կեդրոնի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ոգեկոչական հաւաք մը, յարգելու համար յիշատակն ու վաստակը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի գործավար եւ աշխատակազմի ղեկավար, նորոգ հանգուցեալ ընկ. Վահէ Յարութիւնեանի։

Հաւաքը կայացաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կայացած քառասունքի հոգեհանգստեան արարողութենէն վերջ։

Ներկայ էին հանգուցեալին ընտանեկան պարագաները, հարազատները եւ գաղափարի ընկերները, որոնք նաեւ նախաձեռնած էին այս յիշատակի հանդիպումը։

Խօսք առին Վահէ Յարութիւնեանի մտերիմ ընկերներ Արիս Յովսէփեան, Վաչէ Բրուտեան (որ նաեւ ներկայացուց Վահէի մտերիմներէն Զաւէն Թորիկեանի «Վահէին Պարտէզը» յիշատակի գրութենէն հատուածներ), Վարուժան Բաբումեան, Սարգիս Մահսէրէճեան, Մխիթար Մուրատեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վիգէն Եագուպեան։

Բոլոր խօսք առնողները կսկիծով անդրադարձան Վահէ Յարութիւնեանի մարդկային եւ կուսակցական ամբասիր նկարագրի գիծերը, պատմեցին յուշեր Վահէի հետ իրենց մտերմութենէն։ Բոլորն ալ ընդգծեցին Վահէին բծախնդիր մօտեցումը կուսակցական գլխագիր Գործին նպատմամբ, թէ ինչպէս ան ընթացիկ ժողովական կեանքէն անդին՝ նոյն այդ ժողովներու որոշումները կեանքի կոչելու գործընթացին մէջ ունեցած է իր մղիչ դերակատարութիւնը։ Ընկերները նաեւ խօսեցան իր ամրակուռ նկարագրին մասին, զինք նմանցուցին այն կրակին, որ չէր երեւնար, սակայն կը ջերմացնէր։ Իր կորուստը ծանր էր ոչ միայն իր կնոջ՝ Թամարին, զաւակին՝ Գալէին, մօր, քոյրերուն եւ եղբայրներուն ու հարազատներուն, այլեւ ամբողջ Հ.Յ.Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին համար, որովհետեւ Վահէն կը հանդիսանար նաեւ մեր կազմակերպական յիշողութեան շտեմարանը։

Ընկ. Վիգէն Եագուպեան իր խօսքին մէջ յատկապէս ընդգծեց. «Վահէն եղաւ այն ընկերը, որուն վստահութիւնը վայելելով, կրնաս ինքզինքդ զգալ ապահով, ամուր, պաշտպանուած եւ պինդ… Եւ այդպէս էր Վահէն։ Սակաւախօս, սակայն վիթխարի ապառաժի նման՝ լուռ կանգնած կողքիդ։ Ծայրայեղ խնայասէր՝ երբ կարգը կու գար բառերու եւ խօսքի գործածութեան, սակայն անծայրածիր կերպով առատաձեռն՝ իր ընկերներուն հանդէպ հոգատարութեան եւ բարեսիրութեան մէջ։ Կը կարծեմ, որ Վահէն կ՛առաջնորդուէր կեանքի իր փորձառութեամբ եւ ստացած դաստիարակութեամբ բիւրեղացած բարոյական ներքին մէկ արժէքային համակարգով, որ կը ծառայէր իբրեւ անշեղ կողմնացոյց»։

Ընտանիքին կողմէ շնորհակալութեան եւ սրտի խօսք ուղղեցին Վահէ Յարութիւնեանի քրորդին՝ Արթին Թեյմուրեանը եւ երէց եղբայրը՝ Վարանդ Յարութիւնեանը։
Յիշատակի հաւաքը վերջ գտաւ «Վէրքերով լի» խմբերգով։

Տպել Տպել