Ակնարկ. Թրքական Տրովադայի Ձին` Ռազմավարական Առանցքին Մէջ

Թեհրանի միջնախագահական եռակողմ ժողովը, ըստ էութեան միացեալ զինուորաքաղաքական որեւէ նախաձեռնութիւն առնելու որոշումին չէ յանգած: Կարգախօսաբանութիւնը գերակշիռ է ժողովէն բխած յայտարարութիւններուն, ու տակաւին` անոր մասնակից իւրաքանչիւր նախագահի կողմէ կատարուած հրապարակումներուն մէջ:

Նախ նկատելի է, որ սուրիական հիմնահարցին հանգուցալուծման յատկացուած ժողովին բացակայ է ի՛նքը` Սուրիան: Մինչ պաշտօնական Անգարան կը շարունակէ Դամասկոսի կամ սուրիական վարչակարգի հովանաւոր ուժեր եզրաբանութիւնը օգտագործել առանցքի իր միւս երկու գործընկերներուն` Մոսկուայի եւ Թեհրանի մասին խօսելու ժամանակ:

Փարատոքսալ-հակասական դրոյթներ գոյութիւն ունին այստեղ, յատկապէս Անգարայի դիրքորոշումներուն հետ կապուած: Եռակողմ հանդիպումը կ՛ընդգծէ սուրիական տարածքներու վրայ ահաբեկչազերծումի առաջադրանքը. այդ կը հաստատէ նաեւ Անգարան, սակայն կը յամառի զգուշացնել ահաբեկչական տարրերու դէմ միացեալ գործողութեան մը ձեռնարկումէն` հիմնաւորելով, որ նման գործողութիւն մը գաղթականական հսկայական ալիք պիտի յառաջացնէ դէպի Թուրքիա:

Մինչ, Ուաշինկթըն, որ Անգարայի հետ այս օրերուն լարուած յարաբերութիւններու արարներ կը բեմադրէ, կը զգուշացնէ կողմերը անխոհեմ յարձակումէ մը: Ատիկա կը նշանակէ իր կարգին, որ որեւէ զինուորական գործողութիւն Իտլիպի նկատմամբ, կ՛ենթարկուի ամերիկեան մեկնաբանութեամբ` սուրիական վարչակարգին կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործումին, ինչ որ ենթահող կը պատրաստէ Ուաշինկթընի զինուորական միջամտութեան:

Իրավիճակի այս ամփոփ բնութագիրը մտածել կու տայ Իտլիպի ուղղութեամբ զինուորական միջամտութեան ուշացման հիմնական պատճառներուն մասին: Փաստօրէն չկայ համաձայնութիւն` Իտլիպը ազատագրելու ահաբեկիչ տարրերէն: Մնացեալը` մարդկային աղէտի նոր ալիքի բարձրացում, քաղաքայիններու Իտլիպի մէջ գոյութիւնը իբրեւ արգելակիչ երեւոյթի ներկայացում եւ նման ենթադրեալ հետեւանքներու պարզում, զինուորական գործողութեան մեկնարկի յետաձգման կամ առկախման կը միտին:

Սուրիական տարածքներու վերջնական ահաբեկչազերծումը եթէ Թեհրանի ժողովէն բխած առաջադրանք է, ապա թէժ կէտը այս պահու դրութեամբ Իտլիպն է, որուն ուղղութեամբ մաքրազտման գործողութիւն չ՛իրականանար: Այնքան ատեն որ Անգարան իր տարածաշրջանի առանցքային գործընկերներէն երաշխիք չի ստանար, որ Իտլիպը յետ զինուորական գործողութեան պիտի յանձնուի իր վերահսկողութեան, կանաչ լոյս չի տար ռազմական միացեալ միջամտութեան: Միւս կողմէ, թէ՛ Մոսկուան եւ թէ՛ Թեհրանը ճիգ կ՛ընեն հակաամերիկեան ճակատին ներգրաւած պահել Անգարան, որ իր հերթին հերթական շեղում կ՛արձանագրէ ռազմավարական առանցքէն:

Ի տարբերութիւն` Մոսկուայի եւ Թեհրանի նկատմամբ իր կիրարկած ճնշամիջոցներուն, Ուաշինկթընը Անգարայի նկատմամբ կաթիլային պատժամիջոցներով կը նպաստէ, որ թրքական տրովադայի ձին մնայ ռազմավարական առանցքին մէջ: Արդիւնքը այս բոլորին այն է, պարզացուած տեսքով, որ Մոսկուան եւ Թեհրանը կը հովանաւորեն պաշտօնական Դամասկոսը, մինչ Անգարան եւ Անգարայի նկատմամբ լարուածութիւն բեմականացնող Ուաշինկթընը` Իտլիպի զինեալ տարրերը:

Այս տեսութիւնը կ՛ամրագրէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, երբ կը յայտարարէ, թէ Թեհրանի եւ Մոսկուայի նպատակը Իտլիպի գրաւումն է: Այս կը նշանակէ, որ Անգարայի արգելակումը` ռազմական գործողութիւններու մեկնարկին Անգարայի վերահսկողութեան ապահովումը կը նպատակադրէ: Ենթադրեալ համաձայնութիւնը, թէ Իտլիպ պէտք է մուտք գործեն Սուրիոյ կառավարական ուժերը, համոզիչ չի թուիր Անգարային:

Մոսկուա – Թեհրան – Անգարա ռազմավարական առանցքի պահպանման համար կիրարկուող խաղերը անկիւնի առջեւ են արդէն: Իտլիպը կրնայ բեկումնային պահ ստեղծել ամբողջ տարածաշրջանին համար:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել