Դիւանագիտութեան Աղէտը

RazmigShirinianՄեր երկիրը այսօր, եւ յատկապէս մեր պետականութիւնը, կը կառուցուի բազմաթիւ հակասութիւններու բախումներու մէջ: Հակասութիւնները քիչ մը աւելի շեշտուած կ՛երեւին ժողովուրդ եւ իշխանութիւն, յատկապէս՝ քաղքենի եւ աշխատաւոր ներհակ շահերու բախումներուն մէջ: Քաղաքացիական ընկերութեան բնական կառուցուածքը, օրինակ, ամենակուռ պաշտպանն է երկրին, իսկ իշխանութեան դիւանագիտութիւնը՝ ամէնէն արագ քաղաքական տապալումի ճամբան կը հարթէ: Պատմական ճակատագիր է կարծէք, որ քաղաքական այս գահավէժ վիճակէն խուսափելու ամէն ջանք տկար մնացած է հայուն ու յատկապէս հայ աշխատաւորին մէջ, հետեւաբար, հայ աշխատաւոր զանգուածը տակաւին չէ կրցած տէր կանգնիլ ազատ ու անկախ իր հայրենիքին:

Մտահոգութիւնը, բնականաբար, 21րդ դարու հայ քաղաքական ճակատագիրն է: Ի՞նչ ունինք ճանչնալիք մենք մեր մասին, մեր իրականութեան, մեր քաղաքակրթութեան մասին՝ պարզելու համար մեր ապագան, արժեւորելու համար մենք զմեզ մարդկութեան առջեւ: Մարդկութիւն ըսելով՝ ամէն բանէ առաջ պէտք է հասկնալ հայութիւն, եւ հետեւաբար, արժեւորել մենք զմեզ՝ մեր առջեւ: Ասիկա կարեւոր ճանաչում է 21րդ դարու հայ քաղաքական ճակատագիրին համար: Այս ճանաչման մէջ հիմնական է անդրադառնալ, որ հայ քաղաքակրթութիւնը տէր կանգնած ու ամուր պահած է մարդկութեան զարգացող ու յառաջդիմական գիծը: Լաւ ըմբռնած է կարեւորութիւնը ընկերվար կենցաղին, համագործակցութեան եւ համերաշխութեան արուեստին: Վերջին հաշուով, գոյութիւն չունի ուրիշ քաղաքակրթութիւն մը, որ նաեւ բարբարոսութիւն չէ եղած:

Դժբախտաբար, սակայն, տակաւին նոյն անհեթեթ ու ստորակայութեան բարդոյթով կը նայինք քաղաքակրթական մեր հարցերուն: Սպասումի ու ակնկալութիւններու յոյսերով տարուած՝ նոյն դիւանագիտական ու ռազմավարական տրամաբանութեամբ կը նայինք Հայ Դատին: Մեր հայ ածուն, Հայաստանով թէ Արցախով, æաւախքով թէ Արեւմտահայաստանով, մերձաւոր թէ հեռաւոր գաղթօճախներով ո՛չ մէկ աղերսով կ՛արժեւորենք քաղաքական զարգացման ու յատկապէս Հայաստանի աշխատաւորական բնիկ ու Սփիւռքի աշխարհաքաղաքական փարթամ դասաւորումներու գիծին մէջ: Նայեցէք ռազմաքաղաքական մեր մտածողութեան, մեր որոշումներուն եւ հակազդեցութիւններուն, մեր ակնկալութիւններուն ու սպասումներուն, ու պիտի տեսնէք ազդեցութիւնը Արեւմուտքի քաղքենիացած դիւանագիտութեան:

Բացայայտ է արդէն ճակատագրական մեր գիծին մէջ, որ Արեւմուտքի դիւանագիտական հաշուարկումներով կարելի չէ հայկական քաղաքական ինքնութիւն մը, կամ Հայ Դատի ռազմավարական յաջողութիւն մը ակնկալել: Սուրիահայութիւնը, օրինակ, այսօր կ՛ապրի Արեւմուտքի դիւանագիտութեան աւերիչ ազդեցութեան տակ: Տարուած ենք այդ դիւանագիտութեամբ եւ անտեսած ենք քաղաքական զարգացման մեր միջավայրը: Միջին Արեւելքի անյայտ ու նաեւ տարերայնօրէն շահագործուած փոքրամասնութիւններու շարքին դասուած է հայը, եւ այս պարզ իրականութեան մէջ կարելի չէ հայուն ապահովութիւնը երաշխաւորել արեւմտեան դիւանագիտական առեւտուրին մէջ:

Ո՞ւր պէտք է փնտռել մեր ապահովութիւնն ու գոյատեւման երաշխիքը: Պատասխանը՝ մեր ներքին միջավայրն է: Հայրենիքի կողքին, Հալէպի, Լիբանանի կամ Պարսկաստանի եւ այլ գաղութներու ինքնամփոփ, կուռ եւ զուսպ կեցուածքին մէջ: Նոյնիսկ զոհ տալու գնով, այդ գաղութներու պահպանումը ազգային ինքնութեան հարց է, այլապէս՝ մեր ինքնութիւնը պիտի նուազի Ամերիկայի քոնկրեսականներու հայանպաստ յայտարարութիւններուն մէջ: Պիտի կործանենք հայոց պատմութիւնը ու պիտի զիջինք Ցեղասպանութեան ահաւոր աղէտը՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու անհեթեթ եւ ապաքաղաքական պատկերներուն մէջ: Դժբախտաբար, ազգային մեր ինքնութիւնը եւ քաղաքական իրաւացիութիւնը տակաւին կարելի չէ եղած կառուցել պետականութեան մէջ: Հետեւաբար, Սփիւռքը կը մնայ կարեւոր երաշխիքը այդ ինքնութեան, մանաւանդ՝ հայրենամերձ գաղութները, որոնք թուրքին հանգիստը խանգարող քաղաքականացման կեդրոններ եղած են:

Պատկերը այսօր ուշագրաւ է Միջին Արեւելքի դէպքերուն մէջ: Երեւակայեցէք, որ թրքական զինեալ ուժեր զինուորական փորձերու ձեռնարկած են Գամիշլիի հայաբնակ շրջանին մէջ: Անկասկած, որ Գամիշլիի 8000 հաշուող հայութիւնը թրքական անմիջական վտանգին տակ է: Քրտական պայքարը չէզոքացնելու պատրուակին տակ թուրք կառավարութիւնը ամէն գնով ու հմտութեամբ հայկական Սփիւռքը քանդելու միջոցներ կը հետապնդէ, որովհետեւ Սփիւռքն է, վերջին հաշուով, Թուրքիոյ քաղաքական սարսափը: Սուրիոյ նախագահ Ասատի իշխանութիւնը երբեք սպառնալիք չէ եղած թրքական կառավարութեան: Բայց հայկական մեր կուռ եւ քաղաքականացման կեդրոնները, ինչպէս Հալէպի, Գամիշլիի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի հայութիւնը, աւելի լուրջ վտանգ են՝ թրքական հոգին խորտակող:

Ասոր համար է որ թուրքը ամէն գնով կը փորձէ սպաննել քաղաքական մեր հոգին եւ շպրտել մեզ դիւանագիտական ապաքաղաքականացած զբաղումներու մէջ: Գիտէ, որ քաղաքականացած հայը կը գտնուի ճիշդ հոն, ուր Միջին Արեւելքի ժողովուրդը իր բազում շահերու բախումով ինքզինք բզքտելու ելած է: Սուրիոյ մէջ՝ իշխանութեան տիրանալու քաոսն է, զոր հայը կը դիմագրաւէ, իսկ թուրքը կը գործածէ կացութիւնը ու կը միջամտէ՝ նախ հայո՛ւն հաշիւը մաքրելու համար:

Ի վերջոյ, անբնական է քաղաքական ատելութիւնն ու մաղձը սովորական մարդու կեանքին մէջ: Քաղաքականութիւնը մարդկութեան գոյակցութեան արուեստն է, բայց դժբախտաբար, դիւանագիտութիւնն է, որ նորէն միջամտած է՝ խանգարելու համար քաղաքական զարգացումն ու ժողովուրդներու, ներառեալ հայուն, գոյատեւման բնական ընթացքը:

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Տպել Տպել