ՀԵԴ-ն կը շարունակէ բժշկական օժանդակութիւն տրամադրել Արցախի ազատամարտի վեթերաններուն

AYF-WOS-logoԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի «Մեր զինուորներու կողքին» նախաձեռնութեան շնորհիւ կարելի եղած է բժշկական կենսական օժանդակութիւն տրամադրել Արցախի ազատամարտի ընթացքին վիրաւորուած քանի մը տասնեակ վեթերաններու, Հայաստանի մէջ:

Արշաւի կազմակերպիչներէն Դաւիթ Առաքելեան կ՛ողջունէ այն իրողութիւնը, որ գաղութը իր նուիրատուուիւններով կրցած է գործնականապէս ցոյց տալ, թէ նեցուկ կը կանգնի Արցախի ազատամարտիկներուն:

Արշաւին շնորհիւ տրամադրուած են դեղեր, ֆիզիքական ու հոգեբանական դարմանումներ, ինչպէս նաեւ գործողութիւններ կատարուած են, զգալիօրէն բարելաւելով վիրաւորուած ազատմարտիկներու կենսամակարդակը:

Այս ազատամարտիկներէն մէկն է Իվան Միրզոյեանը, որ գերի իյնալէ ետք՝ ատրպէյճանցիներու ձեռամբ անմարդկային վերաբերմունքի ենթարկուելով իսկ կրցած է ողջ մնալ ու փախուստ տալ, վերամիանալով ազատագրական պայքարին: Ան ներկայիս կը հետեւի բժշկական խորհրդատուութեանց եւ կը ստանայ հարկաւոր դեղերը, այս արշաւին միջոցաւ:

Այլ ազատամարտիկ մը՝ Անդրանիկ Կէտիկեան, որ «Արաբկիր» ջոկատին մարտիկներէն մէկն էր եւ որ լսողութիւնը կորսնցուցած էր պատերազմի ընթացքին: Ան ներկայիս օժտուած է «Սիմընզ» վաճառանիշով լսողական սարքով, վերատիրանալով լսելու կարողութեան:

Ուրիշ մըն է Արմէն Բեկեանը, որ անդամալուծուած էր ազատամարտին ընթացքին: Ներկայիս ան կրնայ ինքնաշարժ վարել, շնորհիւ անոր ինքնաշարժին մէջ զետեղուած յատուկ սարքաւորման, որուն շնորհիւ ան աւելի դիւրութեամբ պիտի տեղափոխուի:

Արշաւը կը շարունակէ նուիրատուութեանց հաւաքը եւ դարմանումները, որոնք կ՛իրականացուին Երեւանի բժշակական կեդրոնին միջոցաւ:

Նման օժանդակութիւններ հարկաւոր են յատկապէս Հայաստանի մէջ, որովհետեւ մինչ Արցախի հանրապետութիւնը վիրաւորուած ազատամարտիկներու բժշկական օժանդակութեան տրամադրելու յատուկ ծրագիրներ ունի, նման ծրագիրներ չեն մշակուած Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ:

՚՚Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ նուիրատուութիւններ կատարելու համար այցելել
WithOurSoldiers.com կայքը:

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Տպել Տպել