Խմբագրական. Քաղաքական Հոգեհանգիստ

Մեծանուն Շարլ Ազնաւուրի հոգեհանգստեան-մեծարանքի արարողութիւնը ֆրանսական պետութեան բարձրագոյն մակարդակով նախ բնականաբար այդ պետութեան մշակութային քաղաքականութեան կարեւորագոյն յատկանիշի մասին կը խօսի` իր մշակոյթի գործիչները արժեւորելու եւ այդ գերագոյն գնահատումի օրինակով ամբողջ ազգին, մարդկութեան կարեւորագոյն ուղերձ փոխանցելու: Ուղերձ, որ արժէքներ հարուածող այսօրուան յորձանուտին մէջ իսկական մշակութային արժէքը եւ այդ արժէքաբանը գերագոյն մեծարման արժանի կը շարունակեն մնալ Ֆրանսայի պետութեան համար:

Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը` պետութեամբ, մշակութային գործիչներով, ընդհանրապէս հասարակութեամբ արժանին մատուցեց Ֆրանսայի երգարուեստի պատմութեան մէջ ուրոյն ոճ, բովանդակութիւն ու կարելի է ըսել յատուկ դպրոց հաղորդած Ազնաւուրին:

Այս առիթով նաեւ համակողմանի արժեւորումներ կատարուեցան բարիին, ազնիւին, սիրոյ, հանդուրժողականութեան, աշխատանքին, իրաւազուրկներուն, գաղթականներուն նուիրուած եւ ընդհանրապէս մարդկային առաքինութիւններու Ազնաւուրի ճամբով մշակութայնացումին: Եւ այդ բոլորին ճամբով անգամ մը եւս Ֆրանսան արձագանգեց Հայոց ցեղասպանութեան, հայ բռնագաղթուածներուն, Ֆրանսայի մէջ անոնց համարկումին` վերընդգծելով, որ Ֆրանսան կը շարունակէ կառչած մնալ մարդու իրաւունքները գերադասող եւ բռնութիւնն ու խտրականութիւնը մերժող ազգ-պետութիւն գաղափարին:

Քաղաքական առումով դիտարկելի որոշ երեւոյթներ կ՛արժէ արձանագրել այս առիթով: Ազնաւուրի հոգեհանգիստին Ֆրանսայի նախագահին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին միասին մուտք գործելը, երկու երկիրներուն օրհներգներուն հնչումը, երկիրներու առաջին դէմքերուն խօսքերը, դագաղը պարուրած Ֆրանսայի դրօշին առընթեր հայկական եռագոյնով ծաղկեպսակի տեղադրումը եւ մանաւանդ նախագահ Մաքրոնի խօսքին մէջ Հայաստանի ու հայութեան յատկացուցած բաժինը գլեցին անցան Ազնաւուրի հայկական ծագումին, ֆրանսական մշակոյթին անոր բերած անգնահատելի նպաստին, համամարդկային արժէքներու ջատագովութեան սահմանները: Քաղաքական առանցքը այդ բոլորին շեշտակիօրէն կը վերաբերէր ազնաւուրեան կամուրջին` հայ-ֆրանսական միջպետական յարաբերութիւններուն:

Եւ յատկապէս պաշտօնական Փարիզը` հանրապետութեան նախագահով, կառավարութեան անդամներով, արարողակարգով, զինուորական պահակագունդով եւ յարակից երգչախումբով Ազնաւուրի մեծարման ընդմէջէն ընդգծեց ո՛չ միայն հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու բարեկամութեան դարաւոր անցեալին վրայ հիմնուած իրականութիւնը, այլ նաեւ քաղաքական առումով լուսաւորեց երկու հանրապետութիւններուն միջեւ կայացած միջպետական յարաբերութիւններու փաստը:

Այդ յարաբերութիւնները անցեալ ուղի չեն միայն, ուր յատկապէս երկրաշարժին առիթով մեկնարկած Ազնաւուրի կազմակերպած համաշխարհային այլազան օժանդակութիւնները նպաստեցին դէպի անկախութիւն աննահանջ երթ որոշած մեր երկրի աշխարհին ճանաչողութեան: Այդ յարաբերութիւնները ներկայ են եւ դէպի ապագայ նայող հեռանկարային ընթացք, որ աւանդութիւն ունի եւ որ ամէն կարեւոր փուլի զգալի կը դարձնէ երկու պետութիւններուն քաղաքական բազկերակի զարկերուն ներդաշնակ կշռոյթները:

Ֆրանսախօս երկիրներու համաժողովի Երեւանի մէջ կայացումը Փարիզ-Երեւան միջպետական յարաբերութիւններու անցած ուղիին արգասիքն է, որքան ալ քաղաքականօրէն հասկնալի ըլլայ Ֆրանսայի տարածաշրջանին մէջ ներկայութեան միտող քայլերու ընդհանուր շրջագիծին մէջ նման որոշումի դիտարկումը:

Այս բոլորի արժեւորումը ուղղակի եւ անուղղակի կը կատարուի Ֆրանսախօսութեան համաժողովին: Կ՛արժեւորուին տակաւին յատկապէս Երեւան-Պրիւքսել համաձայնագիրներու վաւերացման, իրականացման եւ դէպի Եւրոպա տարբեր բնագաւառներու ուղղութեամբ համարկումի շեշտակի քայլեր առնելու Երեւանի պատրաստակամութեան մէջ Փարիզի ունեցած դերակատարութիւնը:

Ազնաւուր առիթով մը յայտարարած էր, թէ բոլոր հայերը պէտք է աշխատին Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձնել հայ երիտասարդութեան երազանքներու երկիրը:

Այդ երազանքներու ի կատար ածումը կ՛ենթադրէ օրէնքի գերակայութեամբ հանգուցալուծումներ, երկխօսութեան ճամբով համաձայնութիւններ եւ բացառապէս անոնց ճամբով` իրաւական, ժողովրդավար եւ զարգացող պետութեան եւ հասարակութեան կայացում:

Աշխարհի գերտէրութիւններէն մէկուն կողմէ եւ Ազնաւուրի ընդմէջէն մեր երկրին ու պետութեան շնորհուած պատիւն ու արժեւորումը այդ հրամայականը կը յուշեն:

aztagdaily.com

Տպել Տպել