Հայաստանի նորագոյն զարգացումներուն լոյսին տակ. Ո՞վ Պիտի Փրկէ «Մազ»ը…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 2ին, Հայաստանի քաղաքական բեմը արագօրէն ջերմացաւ իրերայաջորդ դէպքերու պատճառով, որոնք եթէ անմիջականօրէն նոր գագաթնակէտի մը հասցուցին Երեւանի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեամբ դրսեւորուած հակադրութիւնները, խորքին մէջ պարզապէս նոր քայլեր էին այն երթին մէջ, որ սկիզբ առած էր աւելի քան հինգ ամիս առաջ, «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» ճամբով։

Անմիջական պատճառներն ու հետեւանքները ծանօթ են. ինքզինք ժողովուրդի կամքին մարմնաւորումը դաւանող վարչապետ Փաշինեան, նոր քաջալերանք ստանալով երեւանեան յաջողութեամբ, տաք կրակի վրայ դրաւ խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններու կաթսան, իր ձեռք բերած խաղաքարտերը ծառայեցնելու համար նա՛եւ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ունենալու, եւ իր կառավարութեան յենարանը աւելի եւս ամրապնդելու միտումով։ Սա նոր դիտաւորութիւն չէ, այլ բացայայտուած է այն օրերէն ի վեր, երբ ան հասաւ գործադիր իշխանութեան գլուխը, ապա տարբեր արտայայտութիւններով յառաջ քշեց այժմու խորհրդարանին «անվաւեր»ութեան տեսակէտը։ Մնացեալ զարգացումները յայտնի են, անհրաժեշտ չենք նկատեր մտնելու բոլորին ծանօթ մանրամասնութիւններուն մէջ, որոնց շարքին՝ ամէնէն ուշագրաւ դէպքը եղաւ կառավարական համաձայնութեան խզումն ու վարչապետի յառաջ քշած տեսակէտին հակադրուած կուսակցութեանց ներկայացուցիչներուն կառավարութենէն դուրս գալը։ Պարզ իրականութիւն է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը այժմ կը ներկայանայ մէկ խմբակով, բացի մէկ փոխ վարչապետէ, եւ քաղաքական մեկնաբանութեան մէջ սկսած է տեղ գտնել «միակուսակցական վարչաձեւ»ի մտավախութիւնը։

«Խնդրայարոյց օրինագիծ»ին յատուկ խորհրդարանի նիստը՝ 2 Հոկտեմբերին, եւ անոր վաւերացումը, դարձան կայծը «ճգնաժամային վիճակ»ի ստեղծման։ Ճգնաժամ բառը չակերտեցինք, որովհետեւ սա է կարծիքը քաղաքական բոլոր ուժերուն ու կողմերուն։ Բարեբախտութիւն պէտք է համարել այն, որ վարչապետին ու հակադիր կուսակցութեանց միջեւ բանակցութիւնները միանգամընդմիշտ չեն խզուած. հակառակ զայրոյթի ու սպառնական արտայայտութեանց, մեղադրանքներու հրապարակման (եւ անոնց լուծումի նպաստող տարրեր չեն), նախագահ Արմէն Սարգսեանի՝ հանդուրժողութիւն ցուցաբերելու կոչը չէ մնացած անարձագանգ։ Վարչապետին տարակարծիք կողմերը կը պնդեն, որ ոչ ոք դէմ է կանխահաս ընտրութիւններու ընտրանքին, որովհետեւ բոլորն ալ գիտակից են, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակը պէտք է քաղաքական գետնի վրայ համապատասխան արտայայտութիւն գտնէ, սակայն առարկութիւն ունին հոն հասնելու օրինական քայլերուն շուրջ։ Մերժելի է այս կամ այն կողմը մեկուսացնելու, վարկաբեկելու եւ դաշտէն դուրս քշելու ընտրանքը (նման փորձեր կատարուած են Հայաստանի մէջ թէ այլուր, երկար ժամանակի վրայ բարիք չեն բերած)։

Մթնոլորտին ջերմացումը, ինչպէս նշեցինք, ունի բազմաթիւ պատճառներ. կողմերէն իւրաքանչիւրը բնականաբար արդար կը նկատէ իր կեցուածքն ու հարցերը բարւոք լուծումի տանելու մօտեցումը։ Ու եթէ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու օրերուն, յանկարծ հրապարակ նետուեցաւ «սեւ-ճերմակ»ի «տեսութիւն» մը, ու յետոյ փորձ կատարուեցաւ զայն դարմանելու, հիմա կայ նոր «նշանաբան» մը՝ յեղափոխականի ու հակայեղափոխականի վերագրումները։ Այս բոլորը, գումարուելով վէճին վրայ, ստեղծած են զայրոյթի ու դժգոհութեան տրամադրութիւններ՝ հաւասարապէս երկու ճակատներուն մօտ, անելը կը մնայ անփոփոխ, հակառակ բանակցային ընթացքէն չհրաժարելու կամքին։

Կ՛ըսուի արդարօրէն. «Եթէ զայրացած ես, որոշումներ մի՛ տար, այլ տասը համրէ»։ Կարելի է նման յորդորի մը տարբերակներն ալ գտնել, որպէսզի տաքցած բեմն ու զայն աւելի ջերմացնել սպառնացող հաւանականութիւնները տեղատուութիւն ապրին, իսկական երկխօսութեան մշակոյթը փոխարինէ սպառնալիքներու եւ կամք պարտադրելու երեւոյթով ներկայացող ընթացքը։ Բոլոր կողմերը հրաւիրուած են լաւ «կարդալու» իրական կացութիւնը, գնահատելու կարողութիւններն ու զանոնք ի սպաս դնելու հայրենիքին, ի շահ ժողովուրդին։ Զիրար լսելը, հասկնալն ու յարգելը քաղաքական աւելի բարձր ու ցանկալի մշակոյթ է, քան ինչ որ մեղադրանքներով, սպառնալիքներով ու վերագրումներով կը տիրէ այժմ, խմորուեցաւ վերջին ամիսներուն, յաճախ դուռը լայն բանալով… հայհոյանքի «մշակոյթին» առջեւ (ի մտի չունինք միայն այն դէպքը, որ պատահած է Երեքշաբթի գիշեր եւ արծարծուեցաւ խորհրդարանի Չորեքշաբթիի նիստին), այլ նաեւ այն՝ որ ատենէ մը ի վեր կը տարածուի համացանցային ալիքներու վրայ, սաստկացաւ Երեւանի ընտրութեանց օրերուն։ Բնականաբար կարելի է առարկել, որ համացանցային նման արտայայտութիւններ պաշտօնական կամ լուրջ հանգամանք չունին, պէտք չէ արժէք տալ անոնց, բայց կարելի չէ արհամարհել անոնց վատ ազդեցութիւնը քիչ մը ամէն տեղ։

Պահանջուածը խրամատներու կամրջումն ու վիհերու ջնջումն է, եւ ոչ թէ աւելի եւս խորացումը։ Սա չենք արձանագրեր փղոսկրեայ աշտարակը արձակուած քարոզի տրամադրութեամբ։

…Արաբներու քաղաքական բառամթերքին մէջ կայ հին խօսք մը՝ «Շաարաթ Մուաուիա», որ կը նշանակէ «Մուաուիայի մազը»։ Մուաուիա Պըն Ապի Սուֆիան կը նկատուի օմայատ խալիֆաներու առաջինը։ Ինչպէ՞ս ծնած է այս խօսքը։ Կþըսուի, որ լաւ կառավարիչի մը արժանիքներուն մասին խօսելով՝ իր գործակիցներուն ըսած է մօտաւորապէս հետեւեալը. «Լաւ իշխանաւորը ան է, որ իր եւ հպատակներուն՝ ժողովուրդին միջեւ կը պահէ մազի թել մը. եթէ զգայ, որ ժողովուրդին կողմէ տկարութիւն մը կամ թուլութիւն մը կայ, կրնայ դէպի իրեն քաշել մազը, իսկ երբ զգայ, որ ժողովուրդն է քաշողը՝ պէտք է տեղի տայ եւ իր կողմէ թուլացնէ պրկուած մազը, սակայն երբեք պէտք չէ թոյլ տայ, որ մազը կտրուի, խզում պէտք չէ տեղի ունենայ»։

Այսօր, նման մազ մը կ՛երկարի իշխանութեան եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ։ Պէտք է փրկել ու պահպանել այդ մազը, ի շահ երկրին, ժողովուրդին եւ մանաւանդ բարեկարգչական այն երթին, որ սրտբացօրէն դիմաւորուեցաւ մեծամասնութեան կողմէ։ Հարցումը այն է, թէ ո՞վ պիտի փրկէ այդ «մազ»ը, անյապաղ վերականգնելու համար համախոհութեան, իրարհասկացողութեան ու համերաշխութեան ուղին, եթէ ոչ… բոլորը։

asbarez.com

Տպել Տպել