Խմբագրական. «Ապրիլ Միասին»- ի Առաջադրանքն Ու Զայն Արգելակողները

(Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան 17-րդ Վեհաժողովին Առիթով)

Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի Երեւանի մէջ կայացումը նախ կը տեղաւորուի ֆրանսերէնի պահպանման համար պաշտօնական Փարիզի կիրարկած լեզուամշակութային քաղաքականութեան տրամաբանութեան մէջ:

Լեզուի, լեզուամշակոյթի ու ընդհանրապէս լեզուամտածողութեան պահպանումը եւ տարածումը ինքնին շեշտակիօրէն քաղաքական երանգներ, լուռ ենթանպատակներ կը ներառեն եւ ըստ էութեան տարբեր աշխարհագրական միջավայրերու մէջ պետութիւններու ներկայութեան եւ արմատաւորման նպաստող կարեւորագոյն ազդակ են` պատմական ժամանակներէն ի վեր: Այս պարագային նաեւ լեզուական եւ մշակութային հարցերէն աւելին է` քաղաքակրթութեան տարածման առումով:

Պարզ է, որ ֆրանսախօսութիւնը նահանջած է: Նահանջած է ոչ թէ անպայման առաջին մտածումով զիջելով անգլերէնին, որովհետեւ անգլերէնը ինքը անընդհատ ձեւափոխումներու ենթարկման հոլովոյթի մէջ է: Համատարած է այսօր համացանցերէնը, որ սղագրութիւններով, պատկերատառերով, լատինատառերու եւ տուեալ լեզուի խառնուրդներով վերածուած է արագ հաղորդալեզուի: Արհեստագիտութեան նոր քաղաքակրթութիւնը ձեւախեղած է դասականը եւ անոր հետ նաեւ դասական լեզուները, որոնք նաեւ զարգացման դասական եղանակով նորոգուելու եւ վերանորոգուելու ընթացքի մէջ ըլլալու դերին մէջ են:

Նոր քաղաքակրթութիւնը ֆրանսայի նախագահին ընկալումով աշխարհակարգ մը ձեւաւորած է, որ կը յատկանշուի սուտով, ատելութեան քարոզչութեամբ եւ վերջին տասնամեակներուն համախմբուելու համար գործած կանոններուն չէզոքացումով ու վերացումով: Ուստի, ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը պէտք է վերածուի վերստին համախմբուելու սթափութեան հարթակի:

Գերտէրութեան մը ներկայացուցիչին կողմէ հնչեցուած ահազանգը, իրավիճակը բնութագրող իր տուած յատկանիշներով, կը խօսի ըստ էութեան անհատական, մարդկային արժեհամակարգի մը ի սպառ բացակայելու դատապարտումին միտող այսօրուան իրադրութիւններուն մասին:

Եթէ սուտը պիտի ընկալուի իբրեւ գերտէրութիւններու կողմէ իրականանալի ռազմական միջամտութեան համար պատրուակային հիմնաւորում, ապա ատելութեան քարոզչութիւնը` զանգուածային տարողութեամբ մարդկային կեանքերու հաշուոյն պատերազմներ հրահրելու հզօր մեքենայ: Գերնպատակներու համար կիրարկուող այս միջոցները հիմնովին կ՛արգելակեն մարդոց, հաւաքականութիւններու եւ պետութիւններու համախմբումները կամ 17-րդ վեհաժողովի կարգախօսով` «Միասին ապրիլ»-ը:

Վեհաժողովին Երեւանի մէջ կայացումը եւ այդ շրջագիծին մէջ տարբեր առիթներով կատարուած Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ դատապարտման հրամայականի կամ արցախեան տագնապի էութեան հիման վրայ մարդու տարրական ինքնորոշման իրաւունքի յիշեցումները կը վերաբերին նաեւ մեր ազգային խնդիրներուն: Այնտեղ նկատելու համար, որ սուտը կամ ժխտողականութիւնը եւ զանոնք կիրարկողները իրե՛նք է, որ կ՛արգելակեն համախմբուիլը կամ միասին ապրիլը: Կը փակեն ճանապարհները եւ կ՛արծարծեն նախապայմանները: Իսկ արցախեան տագնապին առումով ատելութեան քարոզչութիւն իրականացնողները չեն յարգեր միջազգային պայմանաւորուածութիւնները եւ կը հարուածեն բանակցային խաղաղ ճանապարհային գործընթացները:

Սթափութեան կոչը` կլիմայական հարցերու, միջազգային ահաբեկչութեան դէմ համախմբուած աշխատելու, քաղաքակրթական արժեհամակարգերը վերականգնելու եւ նման հարթակ լիարժէք օգտագործելու, ուրեմն կը վերաբերի նաեւ ազգային խնդիրներու: Սթափ ընկալելու նաեւ այն անհրաժեշտութիւնը, որ Ցեղասպանութիւնը պատժելի եւ հատուցելի յանցագործութիւն է, որ ժխտողականութիւնը մերժելի է եւ ատելութեան պետական քարոզչութիւն տարածելը խաղաղ գործընթացները արգելակող գործօն է:

Երեւան ժամանած աշխարհի 84 երկրի պաշտօնատարները ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովին ընդգծած հրամայականներուն ընդառաջ սթափ գնահատական տալու անհրաժեշտութեան առջեւ են` միասին ապրելու կամ համախմբուելու առաջադրանքներու իրականացման դէմ արգելքներ դնող պետութիւններու կիրարկած քաղաքականութեան: Անոնց շարքին` նաեւ Անգարային եւ Պաքուին: Սկզբունքով` նախ անոնց:

aztagdaily.com

Տպել Տպել