Մասնատումի Ուղերձներ Եւ Ելք` Դէպի Սեւ Ծով

2030-NICՄիացեալ Նահանգներու ազգային հետազօտութեան խորհուրդի հրապարակած յառաջիկայ քսան տարուան նախատեսութիւնները բովանդակող զեկուցումը հայկական կողմին համար կ՛առանձնանայ` Թուրքիոյ մասնատումին վերաբերող կատարուող վերլուծումով եւ եզրակացութեամբ: Նշելուհամար, թէ առնչուած ի՛նչ այլ կէտեր կը բովանդակէ զեկուցումը, արագ ակնարկով մը պէտք է արձանագրել քրտական գործօնի գերաշխուժացումը, Քիւրտիստանի ստեղծումը եւ թրքական պետութեան ազդեցութեան աճը` միջազգային հարցերուն վրայ:

Բնական է, որ իրատեսական պատճառներ չկան խանդավառութեամբ ընկալելու համար նման զեկուցումի մը Թուրքիոյ վերաբերող բաժինը:

Մեծն Քիւրտիստանի մտավախութիւնը ակներեւ է Անգարայի առած իւրաքանչիւր քայլին մէջ: Ճիշդ է, որ Թուրքիան բաղկացնող ազգաբնակչութիւնները այսօր բացայայտօրէն այլեւս ունին ինքնութեան խնդիր: Քիւրտերէն սկսեալ, անցնելով դէպի ալեւիները, ասորիները, հայերը, յոյները,զազաներն ու ղըզըլպաշները (յիշելու համար հիմնականները) իրենց արտայայտութիւններով, շարժումներով, իրաւունքներու պահանջներով հետզհետէ սկսած են յստակ տարբերութիւն ցոյց տալ Թուրքիոյ քաղաքացիներու եւ ազգութեամբ թուրքերու միջեւ: Ինքնութեան խնդիրն ու մանաւանդխտրականութիւնն ու իրաւազրկումը մասնատումի ուղղութեամբ մնայուն պայթունավտանգ ենթահող պատրաստ վիճակի մէջ պահելու կը ծառայեն: Թէեւ խնդիրները տարբեր են, իրաւազրկումի տարողութիւնները` եւս, այսուհանդերձ քեմալական աշխարհիկութեան, իշխանութեանկրօնականութեան եւ զինուորականութեան իրողականութեան իրար հակասող երեւոյթներու միջեւ Թուրքիան իրօք կրնայ մասնատումի վտանգ դիմագրաւել:

Դիպաշարին հետեւողը կը համոզուի ու կը վերահամոզուի, որ Թուրքիոյ դիմակայած թիւ մէկ խնդիրը այսօր քրտական հարցն է: Սուրիոյ իրադարձութիւններուն Անգարայի մօտեցումները, պահանջները, յայտարարութիւններն ու առնուած զինուորաքաղաքական քայլերը հիմնականին մէջուղղակի թէ անուղղակի կ՛առնչուին քրտական վտանգը կարելիի սահմաններուն մէջ հեռացնելու քաղաքականութեամբ: Սահմաններու տարածքին զինուորական ուժի կուտակումը, հրթիռներու տեղակայումը եւ մանաւանդ անվտանգութեան գօտի ձեւաւորելու հետեւողական քայլերը Դամասկոսի դէմպատերազմելէ աւելին Իրաքի, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ քիւրտերու միացումով մեծն Քիւրտիստանի ծրագիրին տապալման կը միտին:

Յայտնաբար Թուրքիոյ տարածքին ապրող ալեւի ազգաբնակչութիւնը կը պահէ իր կրաւորականութիւնը` մերժելով վերածուիլ քաղաքական գործօնի: Դամասկոսը փաստօրէն չէ յաջողած ալեւի զանգուածը Տրովադայի ձիու վերածել: Մինչդեռ, Անգարան նման շահարկումներ կը կատարէ սիւննիզանգուածներուն եւ հիմա ալ Սուրիոյ տարածքին ապրող թիւրքմեն ազգաբնակչութեան նկատմամբ (նկատի ունենալ` նախագահ Կիւլին յայտարարութիւնը Սուրիոյ մէջ ապրող թիւրքմեններու դերակատարութեան մասին): Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրուան առիթով կազմակերպուած բողոքիգործողութիւններուն ալեւի համայնքի որոշ շրջանակներ կրաւորականութենէ դուրս գալու առայժմ շարունակութիւն չունեցած փորձ կատարեցին, որոնք արժանացան իշխանութիւններուն բիրտ հակազդեցութեան:

Վերադառնանք զեկուցումի բովանդակութեան` այնտեղ տեսնելու համար դիտարժան երկու հանգամանք: Զեկուցումը, եթէ որեւէ վերլուծական կեդրոնի ստորագրութիւնը կրէր, պիտի փորձէինք տեսնել անոր ետին կանգնած քաղաքական ուժը կամ պետութեան մը ձեռագիրը` համապատասխանեզրակացութիւն կատարելու համար: Այս պարագային ուղղակի Միացեալ Նահանգներու ազգային հետազօտութեան կեդրոնի պաշտօնական զեկուցումին մասին է խօսքը, ինչ որ ցուցանիշային որոշ իմաստ ունի:
Երկրորդ, այս զեկուցումին հրապարակումով Ուաշինկթըն յստակ ուղերձ կը փոխանցէ Անգարային: Նման կանխատեսումներ, վերլուծումներ, մանաւանդ պատկան համապատասխան ծառայութիւններու կողմէ կ՛ունենան կա՛մ փակ ու խորհրդապահական կա՛մ ալ բաց ու հրապարակային բնոյթ:Երկրորդ տարբերակները կ՛ունենան քարոզչական բնոյթ եւ ուղերձ ու պատգամ փոխանցող միտում:

Միացեալ Նահանգները պաշտօնապէս առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիոյ մասնատումի մասին ուղերձներ կը փոխանցեն: Թուրքիոյ մասնատման հնարաւորութեան մասին որեւէ հրապարակումի ընթացքին, հայկական կողմը պէտք է մտաբերէ հայերուն սեւծովեան ելք խոստացող Ուաշինկթընիներկայացուցիչին կատարած վերյիշեցումը, որ մինչ այժմ չէ հերքուած:

«Ա.»
«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել