Ակնարկ. Համագաղութային Գործունէութիւն. Նոր Կշռոյթներու Անհրաժեշտութիւնը

Լիբանանահայ համայնքը, աշնան եղանակին առընթեր, գործունէութեան աշխուժ վերամուտի նախադրեալներ կը պարզէ: Անցնող շաբաթավերջը յատկանշուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ձեռնադրութեան 50-ամեակի նշումով: Լիբանանի պետութեան երեք գլխաւոր դէմքերու ներկայացուցիչներու, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատարին, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու, հայ եւ լիբանանեան այլ համայնքներու հոգեւոր եւ քաղաքական մարմիններու պատասխանատուներուն մասնակցութիւնը յատուկ տարողութիւն, համընդգրկում եւ այդ բոլորով իսկ` կարեւոր հնչեղութիւն ապահովեցին նշումին:

Համագաղութային եւ առողջապահական իրերօգնութեան սնտուկներու լիբանանեան առումով համընդհանուր ընդգրկուածութեան իրագործումով ԱՖՀԻԼ-ը նշեց իր հիմնադրութեան քսանամեակը:

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակի առիթով հանրութեան ներկայացուեցան պետականակերտ սերունդի ամէնէն լուսաւոր դէմքին` Արամ Մանուկեանի հատորները:

Մշակութային գետնի վրայ շուտով լիբանանահայ համայնքը կը հիւրընկալէ Գիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը` իրերայաջորդ թատերական երեք տարբեր գործերու ներկայացումները դիտելու:

Լիբանանահայ մամուլի գրաւուած օրուան սիւնակները հետզհետէ յագեցած տեսք կը ստանան` նախանշելով, որ մինչեւ տարեվերջ ազգային, հոգեւոր, մշակութային մամլոյ լսարաններու, քննարկումներու, ձեռնարկներու շարք մը, արդէն ծրագրուած, իրարու ետեւէ իրագործման կը դրուին:

Հաւանաբար մտովին պատկերացնենք, որ լիբանանահայ համայնքին համար օրինաչափ երեւոյթ է ձեռնարկներու առատութիւնը: Այս աւանդութիւնը եւ աշնանամուտին հետ ձեռնարկներու տեղատարափը անպայմանօրէն կը մեկնաբանուի լիբանանահայութեան կենսունակութեամբ:

Ձեռնարկներու գերյագեցած ժամանակացոյցները յաճախ տեղի կու տան առաջարկներու` ուղղուած մամուլին` միացեալ ժամանակացոյցի մը ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը շեշտող, որուն նպատակը հաւանական խաչաձեւումներ կանխարգիլելն է:

Խնդիրը, սակայն, հետզհետէ իբրեւ մտածողութիւն ինքզինք զգալի կը դարձնէ` ոչ միայն ձեռնարկներու թուականներու համակարգումը կատարելու անհրաժեշտութիւնը փոխանցելու, այլ` անոնց ընդհանուր ուղղուածութիւնը, աւելի ճիշդ` նպատակաուղղուածութիւնը միասին ճշդելու ու նաեւ շատ մը նախաձեռնութիւններ համագաղութային համակարգումով մեկնարկելու:

Առ այս պահը, ապրիլեան ոգեկոչումներէն զատ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամն է, որ իբրեւ բրգաձեւ կառոյց` լիբանանեան բաժինը ունի համագաղութային ներկայացուածութիւն` յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական առումներով:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ցնցումային փուլէ ետք, այսօր արդէն վերակազմակերպման ծրագիրներ եւ նորարար մօտեցումներ կը նախանշէ: Տարուան հանգանակութեանց մեկնարկը կայացած է արդէն: Մինչ կ՛որդեգրուին նորարար, յաւելեալ թափանցիկութիւն եւ հաշուետուութիւն ներառած դրութեանց օգտագործումով գործելաոճ վաստակելու համար վստահութիւն, բայց մանաւանդ համոզում` գործին եւ առաջադրանքներուն կատարման եւ արդիւնաւորման հանդէպ:

Պետականաշինութեան եւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու հզօրացման նպաստող գործադաշտային այս հարթակը դրամական միջոցներու ապահովելիք հանրագումարներէն բացի` համախմբուած աշխատելու եւ նոր կառոյցներու նախադէպ դառնալու գաղափարախօսական հիմունքներ ունի:

Շաբաթներ ետք «Հայաստան» հիմնադրամը հայ հասարակութեան պիտի ներկայանայ նոր ծրագիրներով, նոր աշխատելաոճով: Լիբանանահայութիւնը, այս պարագային, իբրեւ համագաղութային ներկայացուածութիւն ապահոված կառոյց, «Հայաստան» հիմնադրամի ժամացոյցի նոր սլաքներուն հետ գործունէութեան կշռոյթները համընթաց լարելու առաջադրանք ունի: Անմիջականօրէն:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել