Երեսփոխան Բագրատունի Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ նոր նշանակուած դեսպան Քրիս Ռեմփլինկը, որուն հետ քննարկեց Բրիտանիոյ եւ Լիբանանի փոխյարաբերութիւնները: Բագրատունի դեսպանին ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան` լիբանանեան դերակատարութեան վերաբերող անցեալի ու ներկայի տուեալներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութեան մասին որոշ ծանօթութիւններ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Բրիտանիոյ կեցուածքները` շրջանային եւ լիբանանեան հարցերուն վերաբերեալ: Դեսպան Ռեմփլինկ վերահաստատեց միջազգային խորհրդաժողովներուն ընթացքին թէ այլապէս Լիբանանի նկատմամբ Բրիտանիոյ տուած խոստումները` թէ՛ բանակի զինման, եւ թէ՛ շինարարական ու բարգաւաճման ծրագիրներուն առնչութեամբ:

Քննարկում կատարուեցաւ նաեւ Լիբանան ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներուն իրենց երկիրը վերադառնալու հարցին շուրջ:

Նաեւ` Ամերիկացի Դիւանագէտ Ուեքսըլ

Երեսփոխան Բագրատունի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քաղաքական ու տնտեսական հարցերու խորհրդական Հենս Ուեքսըլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ու շրջանային հարցեր:

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին Յակոբ Բագրատունի ներկայացուց Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան սկզբունքներն ու կեցուածքները` լիբանանեան թատերաբեմը յուզող հարցերուն նկատմամբ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել