Սերոբ Աղբիւր (Վարդանեան,1864¬1899). Հայկական Ազատամարտի «առիւծասիրտ» հայդուկապետը

aghpiurserop- Հայ մարդու ազգային յիշողութեան մէջ անջնջելի խորհուրդ ու պատգամ խտացուցած է մեր օրացոյցին 24 Հոկտեմբերի էջը, որովհետեւ թրքական բռնակալութեան սադրանքով, 112 տարի առաջ այսպիսի օր մը, Սասնոյ Կէլիէկուզան գիւղին մէջ, դաւադրաբար թունաւորուեցաւ, նահատակուեցաւ ու անարգօրէն գլխատուեցաւ մեր ժողովուրդին առասպելատիպ հերոսներէն Աղբիւր Սերոբ։

Հայոց ազգային¬ազատագրական շարժման անզուգական դէմքերէն եղաւ Սերոբ Վարդանեան աւազանի անունով Սասնոյ Աշխարհին մէջ լոյս աշխարհ եկած գաղափարի այս մարտիկը։ Մեր ժողովուրդն ու հայ աշուղները սրտաբուխ շատ երգեր նուիրեցին հայ յեղափոխականի եւ դաշնակցական ֆետայիի իւրայատուկ դպրոց մը մարմնաւորած հայդուկապետ Սերոբին։ Այդ երգերուն շնորհիւ անմահացան անունն ու գործը Հայ Հողի հարազատ ու խրոխտ այս ծնունդին, որ պահապան հրեշտակը դարձաւ անզէն ու անպաշտպան հայ գիւղացիին եւ սանձ դրաւ թրքական թէ քրտական հայակուլ ախորժակներուն։ Հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներուն համար ազգային ինքնաճանաչման, մարտունակ նկարագրի եւ անկոտրում կամքի ներշնչման վարար աղբիւր մը եղան կերպարն ու օրինակը Տարօնի Առիւծին։ Այդ պատճառով ալ մեր ժողովուրդը, անզուգական իր հերոսին նուիրուած սրտաբուխ երգին մէջ, իբրեւ «Սրտի Աղբիւր» անմահացուց Սասնոյ հայդուկապետին՝

«Նեմրութայ սարը հազար ակն ունի
Հազարն էլ Մըշու դաշտն ի վայր կþերթայ,
Մենակ Աղբիւրի աղբիւրը սրտի
Խեղճ ժողովրդի սրտի մէջ կþերթայ.-
Ազատ օրերի, դալար օրերի
Ծարաւ վաթանի սրտի մէջ կþերթայ…»

Տարօնի Ախլաթ գաւառի Սոխորդ գիւղէն էր Սերոբ։ Ծնած էր 1864ին, գիւղի մեծատուն Վարդանեաններու հին ու բարեհամբաւ օճախին մէջ։ Կրտսերն էր չորս եղբայրներու։ Մեծ եղբայրը՝ Մխօ գիւղապետն էր։ Սոխորդի մէջ ուսման հնարաւորութիւն չկար եւ Սերոբ իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուց ձիա- վարութեամբ եւ որսորդութեամբ՝ Նեմրութ լերան լանջերուն թէ բարձունքներուն։

Սերոբի կազմաւորման մէջ բախտորոշ դեր ունեցաւ իր Առաքել հօրեղբայրը, որ տարիներով Պոլիս ապրելէ, ուսանելէ եւ օսմանեան մայրաքաղաքի հայ կեանքը փոթորկող ազգային զարթօնքին ու ազատագրական շարժման խմորումներուն մօտէն առընչուելէ ետք՝ Սոխորդ վերադարձած էր 1885ին։ 21ամեայ Սերոբը ուղղակի յափշտակութեամբ փարեցաւ իր հօրեղբօր բերած գաղափարներուն եւ, անոր շունչին տակ, ոչ միայն գրել-կարդալ սորվեցաւ ու բացուեցաւ, ինքնազարգացման ճամբով, հայ հոգեմտաւոր ժառանգութեան, այլեւ՝ ազգային իրաւունքներու եւ արժանաւորութեան նոր լոյսի տակ սկսաւ դիտել Ախլաթի հայութեան կեանքը։ Առաւելաբար քիւրտերով եւ չերքէզներով շրջապատուած, բայց իր 35 գիւղերով զուտ հայաբնակ շրջան էր Ախլաթը։

Նոյն այդ շրջանին պատահեցաւ միջադէպ մը, որ լրիւ շրջեց արդէն ազգային ապրումներով տոգորուած երիտասարդ Սերոբի կեանքին ընթացքը։ Նեմրութի բարձունքին իր ձիով որսորդութեան ելած Սերոբը դէմ յանդիման գտնուեցաւ քանի մը քիւրտերու, որոնք սպառնալիքի տակ կþուզէին տիրանալ իր ձիուն։ Քաջ ու անվեհեր հայ երիտասարդը տեղի չտուաւ, ընդհակառակը՝ զէնքով դիմադրեց իր վրայ յարձակողներուն, սպաննեց անոնցմէ մէկը եւ միւսները մղեց փախուստի։

Ոստիկանական ու դատական հետապնդումներու առաջքն առնելու նպատակով՝ գիւղապետ եղբայրը հնարաւորութիւնները ստեղծեց եւ համոզեց Սերոբին, որ որոշ ժամանակով երթայ Պոլիս։ Այդպէս ալ եղաւ։ Բայց կարճատեւ եղաւ Պոլսոյ մէջ Սերոբի կեցութիւնը։ Անցաւ Ռումանիա եւ հաստատուեցաւ Սուլինա քաղաքը, որ դարձած էր հայ պանդուխտներու հաւաքավայր մը։

Սուլինայի մէջ Սերոբ բացաւ սրճարան մը, որ անմիջապէս դարձաւ հայ պանդուխտներու ժամադրավայրը։ 1890ականներու սկիզբն էր եւ Երկրէն հասնող յեղափոխական խմորումներու լուրերը, հնչակեան եւ դաշնակցական գաղափարներու եւ ուղղութիւններու արձագանգով, ախլաթցի Սերոբին սրճարանը վերածեցին հայ երիտասարդներու իսկական գաղափարական հնոցի, ուր քննարկումներն ու վէճերը վերջ չունէին եւ Սերոբ յափշտակութեամբ մասնակիցը դարձած էր անոնց՝ սեփական ուղղութիւնը ճշդելու եւ կողմնորոշումը կատարելու հաստատակամութեամբ։

Սերոբի մէջ աստիճանաբար արմատաւորուեցաւ նորաստեղծ Դաշնակցութեան նկատմամբ գաղափարական հակումը։ 1892ին ան միացաւ Դաշնակցութեան եւ կազմեց պանդուխտ հայ երիտասարդներէ բաղկացած դաշնակցական իր խումբը։ Եւ երբ 1894ին, Կովկասի վրայով, Սուլինա հասաւ Մուշի յեղափոխական երիտասարդ գործիչներէն Հրայր Դժոխքը, որպէսզի պանդուխտ մշեցիներուն համոզէ զէնք ապահովելու եւ Երկիր վերադառնալու անհրաժեշտութեան շուրջ, Սերոբ արդէն պատրաստ էր…

1895ի սկզբնաւորութեան, Սերոբ իր խումբով հասաւ Թիֆլիս, ուր Քրիստափոր անձամբ ստանձնեց անոնց գաղափարական եւ մարտական անհրաժեշտ պատրաստութիւնը ջամբելու աշխատանքը։ Քրիստափորի շունչով թրծուեցաւ Սերոբի յեղափոխական եւ կազմակերպական ուժեղ նկարագիրը, անխախտ հաւատքի եւ երկաթեայ կարգապահութեան տէր դաշնակցականը, որ իր անձնուիրութեամբ, գաղափարապաշտութեամբ եւ կազմակերպական բնատուր ձիրքով՝ ղեկավար դեր պիտի ստանձնէր Տարօնի շրջանի հայ յեղափոխական շարժման արմատաւորման ու հզօրացման մէջ։
1895ի գարնան, 27 հոգինոց իր զինեալ ու զինատար խումբով, Սերոբ կտրեց ռուս-թրքական սահմանը եւ հասաւ Ախլաթ։ Անմիջապէս լծուեցաւ գաւառի ինքնապաշտպանութեան գործի կազմակերպումին։ Կազմակերպական իր բացառիկ տաղանդով, կամքեր կռանելու եւ ինքնավստահութիւն ներշնչելու ղեկավարի իր բնատուր ձիրքով, բայց մանաւանդ խստակեաց իր վարքով ու կարգապահութեան նկատմամբ իր անզիջող վճռականութեամբ՝ Սերոբ հրաշքի համազօր հոգեփոխութիւն առաջացուց Ախլաթի մէջ, որ կրցաւ գրեթէ անվնաս դուրս գալ 1895-96ի համիտեան կոտորածներէն։ Մինչ այլուր հարիւր հազարաւոր անզէն ու անպաշտպան հայերու արիւն թափեցաւ, Սերոբի ղեկավարութեամբ Ախլաթի հայութիւնը ինքնապաշտպանութեան դիմեց եւ սանձեց շրջակայքի քիւրտերուն եւ չերքէզներուն ալան-թալանի նկրտումները։ Նաեւ անձնական իր քաջագործութեանց շնորհիւ, Սերոբի հռչակը շատ արագ տարածուեցաւ Տարօնայ աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը։ Բնականաբար դարձաւ թրքական իշխանութեանց աչքի փուշը։

Զինու զօրութեամբ Սերոբը ձեռք անցընելու կառավարութեան բազում փորձերը անփառունակ ձախողութեան դատապարտուեցան։ Յատկապէս Բաղէշի շրջանի Բաբշէն գիւղի կռիւը, որ Հրայր Դժոխքի վկայութեամբ կը հանդիսանայ հայ ազգային¬ազատագրական շարժման ամէնէն փառաւոր էջերէն մէկը, ուր քանի մը տասնեակ ֆետայիներով Սերոբ յաջողեցաւ յաղթական դուրս գալ աւելի քան հազար զինուոր հաշուող եւ երեք թնթանօթներով զինուած թրքական զօրքի հետ ընդհարումէն, ուղղակի անպարտելի հայդուկապետի հռչակ ապահովեց Սերոբ Աղբիւրին։

Ինչպէս որ Գաբրիէլ Լազեան կը վկայէ, Աղբիւր Սերոբ անսպառ կորով եւ ինքնավստահութիւն ներշընչեց մեր ժողովուրդին։ «Վերեւ Աստուած, ներքեւ Սերոբ՝ կþըսէր ժողովուրդը»։ Ամէնուր՝ «բոլորին Սերոբ կը քարոզէ. Տղա՜ք, առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի՛ մնաք»։

Թէեւ կարճատեւ եղաւ Սերոբի ֆետայական գործունէութիւնը, բայց ամբողջ հինգ տարի, 1895էն 1899, անոր անունին կապուեցաւ Տարօնի յեղափոխական շարժումը։ Ֆետայական իր դպրոցէն անցան եւ թրծուեցան աննման գործիչներ՝ Բալապեխ Կարապետէն մինչեւ Առիւծ Գեւօ, Զուլումաթէն մինչեւ Գէորգ Չաւուշ ու Անդրանիկ։

Սերոբ ստեղծեց յեղափոխական կենսակերպի իր ուրոյն ոճը, երբ հանդերձ ընտանեօք ֆետայական կեանք ապրեցաւ՝ միշտ իր կողքին ունենալով կինը, Սօսէն, որ իր կարգին առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Հայկական Ազատամարտի ոսկեայ մատեանին մէջ։ Աղբիւր Սերոբի կինն ու զաւակները լրիւ կիսեցին իրենց ամուսնին եւ հօր ընտրած կեանքին դաժան պայմանները. ապրեցան լեռներու վրայ փախստական կեանք. մասնակից դարձան անհաւասար ուժերով մղուած, բայց հերոսական յաղթանակով նուաճուած Սերոբի կռիւներուն. նաեւ ցմրուր ճաշակեցին Հայկական Յեղափոխութեան ներքին չարիքի դառն բաժակը, երբ մատնութեան եւ դաւաճանութեան ճամբով վատօրէն վերջ տրուեցաւ անպարտելի հերոսի կեանքին ու քաջագործութեանց։

Աղբիւր Սերոբին կռուի դաշտի վրայ պարտութեան մատնելու անկարողութենէն մղուած՝ թրքական կառավարութիւնը՝ արիւնարբու Համիտի գործակատար Պշարէ Խալիլի միջոցաւ՝ դիմեց դաւադիր լուծումին։ Գտաւ ու կաշառեց հայ մատնիչ մը, որ իմանալէ ետք Կելիէկուզանի մէջ Սերոբի թագստոցը, մօտեցաւ անոր իբրեւ ֆետայական շարժման հաւատաւոր զօրակից մը, որպէսզի ծխախոտի միջոցաւ թունաւորէ Առիւծին եւ, կռուելու անկարող վիճակի մատնելով զայն, տեղեակ պահէ Պշարէ Խալիլին՝ անպարտելի Սերոբի թագստոցին մասին։

Եւ 24 Հոկտեմբեր 1899ին, հազարաւոր զօրքով, Պշարէ Խալիլ պաշարեց Կելիէկուզանը։ Հակառակ իր վատուժ վիճակին, Սերոբ իր ընկերներուն եւ ընտանիքին հետ մինչեւ վերջին շունչ դիմադրեց անարգ ու դաւադիր թշնամիին։
Պշարէ Խալիլ հասաւ իր նպատակին։ Եւ թրքական վատոգի «հզօրութիւն»ը հանդիսադրելով՝ վիրաւոր ինկած հայ հերոսին գլուխը կտրեց եւ ցիցի մը վրայ դրած ցուցադրեց Բաղէշի փողոցներուն մէջ՝ թուրք ամբոխին «խրախճանք»… պարգեւելով։

Այդպիսի՛ դաժան ու դառն վախճան ունեցաւ յեղափոխական կամքի եւ ֆետայական քաջութեան անկրկնելի աղբիւրը՝ հայ ժողովուրդի արդար ցասումին ու ծառացումին անմահ ջահակիրներէն Սերոբ Աղբիւրը։
Բայց անպատիժ չմնաց անարգ թուրքը։ Դաշնակցութեան որոշումով՝ Անդրանիկ իր ընկերներով գտաւ ու հասաւ Պշարէ Խալիլին եւ արդար դատաստանի ենթարկեց դահիճին։

Աւելի քան հարիւր եւ տասը տարիներ անցած են Աղբիւր Սերոբի նահատակութենէն ասդին, բայց Սասնոյ անմոռանալի հայդուկապետին հերոսական աւանդը կը շարունակէ ազգային կազմաւորման վաւերական աղբիւր մը մնալ նորահաս հայորդիներուն համար։

Հայրենի հողի վրայ թէ սփիւռքի տարածքին լոյս աշխարհ գան մեր սերունդները, Հոկտեմբեր 24ի այս օրը անպայման կանգ պիտի առնեն Աղբիւր Սերոբի խորհուրդին եւ պատգամին առջեւ, Սիամանթոյի բարձրաթռիչ քերթուածին բառերով յիշելու եւ յիշեցնելու համար՝

Ո՜վ մարտնչումներու եւ զօրութեան արքայակերպ հսկայ,
Ներէ որ ակնածութեամբ եւ եղբօր մը պէս դէպի քեզ յառաջանամ,
Եւ իմ տառապողի եւ տարփաւորի կարմիր քնարովս այս իրիկուն,
Քու ջատագովանքդ ու փառաւորումդ երգեմ քեզ պաշտողներուն համար։

…Դուն՝ որուն նայուածքներուն հրամանին տակ բարբարոսները պաղատելէն կը հնազանդէին,
Դուն՝ որուն քայլերուն եւ զէնքերուն շառաչումէն ռազմագունդեր նահանջեցին…
Դուն՝ հայրենիքին սրտապնդող արեգակն էիր դժբախտներու համար
Եւ միանգամայն փոթորկանման աղջամուղջը թշնամիներն ահաբեկող…

…Աւա՜ղ, չեմ գիտեր թէ ո՞ւր է որ իր բոլոր փառաւորութեամբը կը յաւերժանայ
Քու տիտանեան մարմինդ արեւանման գլուխէդ անջատուած.
Ո՞ր վրէժխնդիր, ո՞ր քինայոյզ եւ ո՞ր բարեկամ աստղի տակ.
Բայց քու անունդ, ո՜վ զօրութենէ եւ հաւատքէ հրաշացեալ Սերոբ,
Քու անունդ կը տարածուի, կը գահակալուի եւ կþարշալոյսուի
Մեր հոգիներուն տրտմութեամբ եւ հայրենիքին բոլոր անկիւններուն վրայ,
Ինչպէս աստուածառաք եւ անառելի եւ աննուաճ Անունը Յոյսին…

Ն.
ԱԶԱՏ ՕՐ

Տպել Տպել