Աւետիք Իսահակեան (1875-1957). Հայոց Սրտի խռովայոյզ երգիչը

Ավետիք Իսահակյան
Հոկտեմբեր 17ի այս օրը, 54 տարի առաջ, Երեւանի մէջ վախճանեցաւ արդի հայ գրականութեան ամէնէն սիրուած դէմքերէն Աւետիք Իսահակեան, որ քնարերգական իր մեծ տաղանդով դարձաւ Հայոց Սրտի խռովայոյզ երգիչը եւ արժանացաւ հայ բանաստեղծներու Վարպետի տիտղոսին։

Նաեւ իբրեւ ազգային դէմք՝ Աւետիք Իսահակեան իր ուրոյն դրոշմը դրաւ հայ ժողովուրդի նոր ժամանակներու փոթորկայոյզ կեանքին վրայ։ Իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ Հայոց ազգային¬ազատագրական շարժման 19րդ դարավերջի շղթայազերծման մէջ՝ նախ Հայ Գուսան գրչանունով Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի էջերուն «Հայդուկի Երգեր» բանաստեղծական շարքը ստեղծելով, ապա եւ մանաւանդ՝ պատասխանատու դեր ստանձնելով, իբրեւ Հ.Յ.Դ. Ալեքսանդրապոլի Կոմիտէի անդամ, Դէպի Երկիր ֆետայի գործիչներու անցքն ու զէնք եւ զինամթերքի տեղափոխութիւնը կազմակերպելու առումով։

Ալեքսանդրապոլի ծնունդ էր Սահակ Իսահակեանի որդի Աւետիքը, որ ուսանեցաւ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ։ 1893ին ընդունուեցաւ Լայփցիկի համալսարանը, ուր ուսանած շրջանին աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ Եւրոպայի հայ ուսանողական շարժումներուն, մօտենալով յատկապէս «Դրօշակ»ին եւ Դաշնակցութեան։

1895ին վերադարձաւ իր ծննդավայրը, ուր անդամագրուեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ ընտրուեցաւ Ալեքսանդրապոլի Հ.Յ.Դ. Կոմիտէի անդամ։ Անմիջապէս գրաւեց ցարական իշխանութեանց ուշադրութիւնը եւ 1896ին ձերբակալուեցաւ իբրեւ դաշնակցական յեղափոխականի։ Մէկ տարի բանտարկուեցաւ Երեւանի բերդին մէջ։ Հազիւ ազատ արձակուած բանտէն՝ 1897ին լոյս ընծայեց իր բանաստեղութեանց առաջին հատորը, «Երգեր ու Վէրքեր» անունով։ Բայց ցարական իշխանութիւնը հանգիստ չտուաւ երիտասարդ ազգայնաշունչ բանաստեղծին ու թրքական լուծին դէմ պայքարող յեղափոխական գործիչին։ Դարձեալ ձերբակալուեցաւ իբրեւ «ցարական միապետութեան դէմ պայքարող «Ընդյատակեայ յեղափոխական կազմակերպոււթիւնների» անդամ» եւ աքսորուեցաւ Օտեսա։ Աքսորավայրէն անցաւ արտասահման, հաստատուեցաւ Զուիցերիա, ուր Ցիւրիխի համալսարանին մէջ հետեւեցաւ գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան պատմութեան դասընթացքներու։

1902ին վերադարձաւ հայրենիք եւ հաստատուեցաւ Թիֆլիս, ուր մինչեւ 1906 ծաւալեց գրական ստեղծագործական եւ ազգային-հասարակական եռուն գործունէութիւն։ Հայ ազգային-ազատագրական պայքարին նուիրուած իր ստեղծագործութեանց կողքին, Իսահակեան կարեւոր ներդրում ունեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի կազմած «Վերնատուն» գրական-մշակութային շարժման բեղմնաւորման մէջ։

1908ին, երրարդ անգամ ըլլալով, ձերբակալուեցաւ ցարական իշխանութեանց կողմէ, որոնք Դաշնակցութեան դէմ իրենց ձեռնարկած հալածանքի շրջագիծէն ներս, ատենի 158 հայ յառաջադէմ մտաւորականներու շարքին, ձերբակալեցին նաեւ Աւետիք Իսահակեանը եւ զինք եւս դատեցին ու դատապարտեցին «Դաշնակցութեան գործով»։ Ստացաւ բանտարկութեան վճիռ եւ նետուեցաւ Թիֆլիսի Մետեխի բանտը, ուր բանտակից եղաւ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Աւետիս Ահարոնեանի նման մեծ գրողներու եւ մտաւորական¬յեղափոխական դէմքերու։ Կէս տարի մնաց բանտի մէջ եւ շատերու նման ինք եւս փրկագինով ազատ արձակուեցաւ։ Կովկասի մէջ մնալը անհնար էր եւ 1911ին Իսահակեան իր կարգին անցաւ ու հաստատուեցաւ արտասահման։

Օսմանեան Սահմանադրական շարժման տարիներն էին. Համիտեան բռնատիրութեան տապալման կապուած հայկական յոյսերու ժամանակաշըրջանն էր։ Աւետիք Իսահակեան առաջին իսկ օրէն չհաւատաց Երիտասարդ Թուրքերու շռայլած խոստումներուն՝ Արեւմտեան Հայաստանի բարեկարգումներուն վերաբերեալ։ Զգաց հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին սպառնացող համաթրքական վտանգը եւ լծուեցաւ քաղաքական եռուն աշխատանքի՝ կանխելու համար Կայսերական Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ պատերազմական դաշինքի կնքումը։ Իսահակեան անցաւ Պերլին, ուր շարք մը գերմանացի մտաւորականներու հետ մասնակցեցաւ Գերմանահայկական Ընկերութեան ստեղծումին՝ միաժամանակ խմբագրելով Ընկերութեան «Մեսրոպ» հանդեսը։ Շուտով վրայ հասած Առաջին Աշխարհամարտը եւ հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ պետականօրէն գործադրած ցեղասպանութիւնը հաստատեցին Իսահակեանի ամենամռայլ կանխատեսումները Երիտթուրքերու հայաջինջ քաղաքականութեան վերաբերեալ։

Հայոց Արհաւիրքի այդ ամբողջ շրջանը իր արտացոլումը գտաւ Իսահակեանի գրականութեան մէջ։ Հայ ժողովուրդի ողբերգական ճակատագիրն ու հերոսական ազատամարտը իրենց խռովայոյզ արձագանգը գտան Իսահակեանի «Ձիւնն է եկել ծածկել հիմա…», «Հայաստանին», «Ահա նորէն գարուն եկաւ» եւ այլ բանաստեղծութեանց մէջ։ Իսահակեան նաեւ հանդէս եկաւ հրապարակախօսական յօդուածներով, որոնց առանցքը եղան Հայկական Հարցը, Հայաստանի վերամիաւորման խնդիրը եւ հայկական պետականութեան վերականգնումը։ Այդ նիւթերով կազմուեցաւ իր «Յիշատակարան»ը…

19րդ դարավերջի եւ 20րդ դարասկիզբի հայ քաղաքական կեանքի եւ Հայկական Հարցի իւրայատուկ համապատկերը եղաւ «Հայրենիք» ամսագրի էջերուն 1920ականներուն լոյս տեսած Իսահակեանի «Ուստա Կարոն» մեծածաւալ վէպը, որ մնաց անաւարտ։ «Ուստա Կարոն» կþաւարտուի այն օրը, երբ կը լուծուի Հայկական Հարցը»,- հետագային պիտի ըսէր Իսահակեան, որ բնաւ չհամակերպեցաւ Հայաստանի բռնագրաւումին ու մասնատումին եւ շարունակ մաղթեց՝
– «… Մեռնէի՝ Սեւանը ցամաքած չտեսնէի, ապրէի՝ Արարատը մերը տեսնէի…»։

Աւետիք Իսահակեան իւրայատուկ մօտեցում մը ունեցաւ Հայաստանի Խորհրդայնացումին։ Սկզբնապէս ուժգնօրէն դատապարտեց Հայաստանի անկախութեան կործանումը, բայց հետագային, 1926 թուականին, այցելելով Խորհրդային Հայաստան, վարպետը վերատեսութեան ենթարկեց իր դիրքորոշումը։ Երեւան գտնուած շրջանին հրատարակեց նոր բանաստեղծութիւններու եւ պատմուածքներու շարք մը՝ «Համբերութեան չիբուխը» (1928) եւայլն։ 1930ին վերադարձաւ արտասահման, ուր սկսաւ հրապարակ գալ Խորհրդային Հայաստանի ջատագովի դիրքերէն եւ 1936ին վերջնաւկանապէս վերադարձաւ ու հաստատուեցաւ Երեւան։ Այդ տարիներուն ծաւալած Ստալինեան հալածանքներէն զերծ մնաց, ստեղծագործելու լայն հնարաւութիւններ ունեցաւ, իսկ 1946ին ընտրուեցաւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ իր վախճանը՝ 17 Հոկտեմբեր 1957ին:

Հայոց Սրտի խռովայոյզ երգիչին այնքա՜ն սիրուած եւ ժողովրդական երգի վերածուած բազում բանաստեղծութիւններէն հետեւեալ երկու նմոյշով կþարժէ փակել Աւետիք Իսահակեան Վարպետին նուիրուած ոգեկոչական այս հակիրճ վկայութիւնը.

Օտա՜ր, ամայի՜ ճամբէքի վրայ
Իմ քարաւանըս մեղմ կը ղօղանջէ.
Կանգնի՛ր, քարաւանս, ինծի կը թուայ,
Թէ հայրենիքէս ինձ մարդ կը կանչէ:

Բայց լուռ է շուրջըս ու շըշուկ չըկայ
Արեւա՛ռ, անդո՛րր այս անապատում.
Ա՜խ, հայրենիքըս ինձ խորթ է հիմա,
Ու քնքուշ սէրըս ուրիշի գրկում:

Կընոջ համբոյրին է՛լ չեմ հաւատայ,
Շուտ կը մոռանա նա վառ արցունքներ.
Շարժուի՛ր, քարաւանս, ինձ ո՞վ ձայն կը տայ,
իտցի՛ր, լուսնի տակ չըկայ ուխտ եւ սէր:

Գընա՛, քարաւանս, ինձ հետդ քա՜շ տուր
Օտար, ամայի ճամբէքի վրայ.
Ուրտեղ կը յոգնիս‘ գըլուխըս վար դիր
Ժէռ-քարերի մէջ, փըշերի վըրայ…

Սիրեցի, եարս տարան

Սիրեցի, եարս տարան.
Եարա տըւին ու տարան
¬ Էս ի՞նչ զուլում աշխարհ է,
Սիրտըս պոկեցին, տարան:

Ցաւըս խորն է, ճար չըկայ,
Ճար չըկայ, ճար անող չըկայ,
¬ Էս ի՞նչ զուլում աշխարհ է,
Սրտացաւ ընկեր չըկայ:

Լա՛ւ օրերս գնացի՛ն,
Ափսո՛ս ասին, գնացի՛ն.
¬ Էս ի՞նչ զուլում աշխարհ է,
Սեւ դարդերս մնացին…

Ն.
ԱԶԱՏ ՕՐ

Տպել Տպել