ՀՄԸՄի Հարիւրամեակի Շքեղ Հանդիսութիւն Կլենտէյլի Մէջ

Կիրակի, 28 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5ին, Կլենտէյլ «Հայ սքուլ»ի հանդիսասրահին մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցաւ մէջ, ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու եզրափակիչ հանդիսութիւնը:

Ներկայ էին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, նահանգային ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարճըր, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան եւ քաղաքա-պետական խորհուրդի անդամներ Փօլա Տիվայն եւ Վարդան Ղարպետեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Վիգէն Եագուպեան եւ Յակոբ Խաչերեան (օրուան բանախօս), ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վիգէն Դաւթեան եւ Օշին Փիրումեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Կարօ Իսպէնճեան եւ Ռազմիկ Շիրինեան, Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահներ եւ Տիպար ՀՄԸՄականներ, ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ մեծ թիւով ՀՄԸՄականներ եւ համակիրներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ, ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄի փողերախումբին եւ գլխաւորութեամբ Շրջանային խմբապետուհի Շարլին Գէօզալեանի: Սրահ մուտք գործեցին նաեւ դրօշները այն բոլոր երկիրներուն, ուր կը գործէ ՀՄԸՄը՝ իր մօտաւորապէս 40 մասնաճիւղերով: Փողերախումբը կատարեց Մ. Նահանգներու, Հայաստանի, ՀՄԸՄի եւ հարիւրամեակի քայլերգները, սկաուտական պատիւներով: Օրուան հանդիսավարը՝ ՀՄԸՄի երիտասարդական բաժանմունքէն Սօսի (Պեքարեան) Սեթի, իր բացման խօսքին մէջ նախ ողջունեց ներկաները, ապա ընդգծեց ՀՄԸՄի բազմաշերտ դերը աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան առողջ դաստիարակութեան մէջ, ապա հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը՝ իր սրտի խօսքը արտասանելու:

Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան նախ ողջունեց ու գնահատեց ՀՄԸՄի աշխատանքը, որ ամբողջ 100 տարի կանգ չէ առած: Այդ աշխատանքը, ըսաւ ան, կանգ չառաւ Շաւարշ Քրիսեանի նահատակութեամբ, այլ՝ շարունակուեցաւ, ընդարձակուեցաւ եւ նոր մակարդակներ նուաճեց: Ան նշեց, թէ ՀՄԸՄի ծնունդը կարիքի մը արդիւնքն էր, ու այդ մէկը ցուցանիշն էր Ցեղասպանութենէն ետք մեր ժողովուրդի վերականգնումի կամքին:

Այս հարիւրամեակը հանդիսացաւ պատուաբեր դարաշրջան մը եւ նոյն ոգիով կը թեւակոխենք նոր հարիւրամեակը, եզրափակեց սրբազան հայրը եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցեց ՀՄԸՄին համար:

Ապա Քեթրին Պարճըր, բեմ բարձրանալով՝ շնորհաւորեց ՀՄԸՄը ու դրուատեց երիտասարդութեան դաստիարակութեան մէջ անոր մեծ դերը, յատկապէս հայաշատ Լոս Անճելըս գաւառին մէջ: Պարճըր ապա պաշտօնական գնահատագիր մը յանձնեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսելեանին:

Սրահին մէջ ապա ստեղծուեցաւ իւրայատուկ «մարզական» մթնոլորտ մը, երբ մուտք գործեցին դեռատի մարմնամարզիկներ եւ սկաուտներ, որոնք բեմին վրայ ցուցադրեցին իրենց մարզական ճկունութիւնները՝ ընկերակցութեամբ պատանի մարզիկներու գնդակներու կշռոյթին:

Շրջանային վարչութեան խօսքը անգլերէնով փոխանցեց Արմանտ Քիլիճեան: Ան անդրադարձաւ ՀՄԸՄի սկզբունքներուն՝ հայ երիտասարդները դաստիարակել ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս, որպէսզի դառնան յանձնառու հայեր եւ այսօր, այս միութիւնը ամբողջ հայկական աշխարհին մէջ տարածուած է: «Մենք կը տօնախմբենք հարիւրամեակը աշխարհի չորս կողմը գործող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ եւ ասիկա մեծ պատիւ է», ըսաւ ան:

Ապա ան անդրադարձաւ ՀՄԸՄի իրագործումներուն, ներառեալ Արեւմտեան շրջանին մէջ, նշեց նորագոյն նախաձեռնութիւնը՝ «Հրաշք»ը եւ աւելցուց, թէ այս բոլորը մէկ օրուան մէջ չ՛իրականացան, այլ՝ ամբողջ սերունդներու հետեւողական ու անհաշիւ զոհողութիւններով: Այս բոլորին մղիչ ուժը հանդիսացաւ միութեան նշանաբանը՝ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»ը, որ իւրայատուկ մեծ ընտանիքի մը վերածած է մեր միութիւնը: Եզրափակելով, Արմանտ Քիլիճեան անգամ մը եւս ողջունեց ներկաները հարիւրամեակի այս ձեռնարկին առիթով:

Շրջանային վարչութեան խօսքին յաջորդեց «Արտակարգ պատուանշան»ի տուչութիւնը: Բեմ հրաւիրուեցաւ տասնամեակներով ՀՄԸՄի սկաուտական շարժման մէջ մեծ դեր ունեցած Վարուժ Միրզայեանը: Ան իր սկաուտական տարազով բարձրացաւ բեմ եւ սրահի գնահատական ծափահարութիւններուն տակ, ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան անդամներ Վիգէն Դաւթեանի եւ Օշին Փիրումեանի կողմէ ստացաւ «Արտակարգ պատուանշան»ը՝ իբրեւ գնահատանք իր ՀՄԸՄականի վաստակին:

Յաջորդեց սահիկներով ՀՄԸՄի պատմութեան ներկայացումը: Խումբ մը արի-արենուշներ, հայերէնով եւ անգլերէնով, փոխն ի փոխ, ներկայացուցին ՀՄԸՄի անցեալի իրագործումները, հասնելով մինչեւ քանի մը ամիս առաջ համա-ՀՄԸՄական ընդհանուր բանակումը, կայացած՝ Հայաստանի մէջ:

Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան, որ մանկութենէն ի վեր ՀՄԸՄական, սկաուտ, մարզիկ եւ վարչական եղած է:

Ան իր խօսքը սկսաւ մանկութեան յուշերէն, երբ առաջին անգամ գայլիկի տարազով մուտք գործած էր ՀՄԸՄի ակումբը, Հալէպի մէջ՝ պատմելով.

«Տան դուռնէն դուրս չելած, ամէն օրուան սովորութենէն տարբեր, մայրը ա՛յս անգամ համբուրած էր ճակատը: Չ՛ուշանար շարք բռնելը… Պալուի անմեղ հայեացքին տակ կոկուիլը…

Հանգի՛ստ, պատրա՛ստ… Պատուի ա՛ռ… Աչքերը յառած դաշտի անկիւնը սիւնին վրայ բարձրացած երեք գոյնով (եռագոյն) դրօշին երկու մատները կը տանի բարձր ճակատին:

Ու… Մուտք կը գործէ զինուորագրուելով ազգային աւանդներու պահապան նահատակ ցեղի անմահներու կամաւոր բանակ:

ՀՄԸՄի իմ անդամակցութեան այս յուշերը յար ու նման են հոս՝ սրահին մէջ հաւաքուածներուս մեծամասնութեան անզուգական այս միութեան անդամակցութեան իրենց պատմութեան:

Միութիւն մը, որ դար մը ամբողջ իր պատասխանատուութիւնը համարեց հայ մարդը կերտելը: Միութիւն մը, որ իր հիմնադրութենէն մինչեւ յաղթական տողանցքներ Ազատ ու անկախ հայրենիքի մայրաքաղաք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակ ու Բիւրականի մէջ բանակումներ, կտրեց երկար ու տագնապալից ճամբայ», ըսաւ Խաչերեան՝ աւելցնելով. «ՀՄԸՄը կազմեց մարզական խումբեր, սկաուտական շարքեր ու հոն դաստիարակեց հայ մանուկը, պատանին ու երիտասարդը թէ՛ մարզական եւ թէ ազգային առողջ ոգիով, բայց բնա՛ւ չտողանցեցին անոր սկաուտն ու արենուշը կամ գայլիկն ու արծուիկը կամ երէցն ու պարմանուհին՝ կատարելու համար սկաուտական վարժութիւն, այլ կուռ շարքերով ու խրոխտ քայլերով Սփիւռքի տարածքին ցիր ու ցան հայ ժողովուրդի հարիւր հազարաւոր զաւակներու միտքին, սիրտին ու հոգիին մէջ կենդանի պահեցին հայոց ազգային բանակ ունենալու երազը»:

ՀՄԸՄը դարձաւ համահայկական կազմակերպութիւն՝ բառին բուն իմաստով, սակայն «այս համահայկականացումը ծառայեց մէկ ազգի գաղափարի առաւե՛լ զարգացման ու կերտման: Այո՛, ՀՄԸՄը լիապէս իր կառոյցով, գործադաշտով եւ առաջադրած նպատակներով եղաւ հիմնական գործօններէն մին մէ՛կ ազգի գաղափարին շուրջ միաւորման», ընդգծեց ան:

Բաանախօսը ապա շեշտեց ՀՄԸՄի՝ հայրենիք վերադառնալու հանգամանքին՝ ըսելով. «Վերադարձ հողին, հայրենիքին, արմատներուն: Այնտեղ, ուրկէ վտարանդի դարձաւ նաեւ ՀՄԸՄ, Հայաստանի հանրապետութեան կերտիչներուն հետ, քաղաքական պայմաններու շրջադարձային փոփոխութիւններուն իբրեւ հետեւանք: Եւ պատահական չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄի 100ամեայ յոբելեանները կը նոյնանան ժամանակի իմաստով: Հայկական Պոլսոյ մէջ ստեղծուած ՀՄԸՄը շուտով, նոյն տարին իսկ կ՛արմատաւորուէր անկախ հայրենիքի մէջ եւ անկէ կը հեռանար ակամայ, խորհրդային իշխանութիւններու հաստատման պատճառով: Դարձեալ ամենագերադասելի միջավայրը վերադառնալու համար՝ հազիւ, երբ հայրենիքը անկախացման գործընթացներ ցոյց կու տար: Անմնացորդ հայրենիքին, Արցախի ազատագրութեան դատին ծառայելու համար առաջին ՀՄԸՄականներու արիւնը կը խառնուէր արցախեան ազատամարտին ինկած նահատակներու արեան: Մինչ Սփիւռքի մէջ կազմաւորուած ՀՄԸՄականը կը փութար հասնելու Շուշիի ազատագրութեան գործին, եւ ապա հանգչելու Եռաբլրուի մէջ հանգչող հայրենի ՀՄԸՄականի կողքին: Այսպէս էր դաստիարակութիւնը:

Նոյն գաղափարախօսութեան հանդէպ տածուած հաւատքն էր, որ ՀՄԸՄի բոլոր շրջանները առաջնորդեց հայաստանեան բանակավայր, այնտեղ նաեւ պատուի կանգնելու ազատօրէն ծածանող հայոց եռագոյնին դիմաց: Այնտեղ կազմակերպելու համար միջ-ՀՄԸՄական մրցախաղեր՝ այդպիսով նաեւ հայաշխարհի երիտասարդութիւնը ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ համախմբելու, կողք կողքի մրցելու եւ միասին յաղթելու համար»:

Ան ընդգծեց այն գաղափարը, որ անհրաժեշտ է այս բոլոր իրագործումներէն անդին նայիլ ու աչքերը յառել դէպի յաղթական ապագայ:

«Առ այս, անհրաժեշտ են հետեւեալ սկզբունքները.

Նկատի ունենալով ՀՄԸՄի՝ համայն հայութեան կողմէ ընդունելի եղած ըլլալը, հարիւր տարուան ընթացքին իր հարազատութեամբ եւ անշահախնդրութեամբ կամաւոր ծառայութեամբ ամենաժողովրդական այս կազմակերպութիւնը մեր բոլորին զանգուածային յենասիւնին վերածուած է, հետեւաբար,

1.- ՀՄԸՄը, որ ազգային արմատներու կառչած միութիւն է եւ էովին այդպէս դաստիարակած իր անդամները այսօր իր գործունէութիւնը չի կրնար եւ պէտք չէ սահմանափակէ միայն միութեան մէջ սկաուտական կամ մարզական կարգավիճակներով: Այսօր աւելի քան անհրաժեշտ է, որ ՀՄԸՄը աւելի կազմակերպ միութեան վերածուելով՝ յատկապէս մեր գաղութային կեանքին նոր աւիշ, նոր մարդուժ, նոր կենսունակութիւն ապահովէ: Ազգային, միութենական, հոգեւոր ու մարդկային դաստիարակութեամբ կերտուած մարդոց այս շտեմարանը անհրաժեշտ է, որ միութեան կառուցային վերամշակումով ու նոր գործադաշտի, նոր գործառոյթներու սահմանագծումով տրամադրուի ու տրամադրէ նաեւ իր երէց վեթերան քոյրերու եւ եղբայրներու տասնեակ հազարաւոր մարդուժը մեր ազգային հաւաքական կեանքին հետզհետէ ահագնացող մարտահրաւէրներու դիմակայման:

2.- Այսօրուան աշխարհի ներկայ գործընթացները, համաշխարհայնացման հսկայական ալիքները մեր ժողովուրդը կը հեռացնեն իր աւանդական բարքերէն, կը միտին կազմաքանդել կառոյցները, չէզոքացնել գաղափարները: Այսօրուան աշխարհի տրամաբանութիւնը ու զարգացումի եղանակները ամբողջ աշխարհի երիտասարդութեան վրայ նաեւ կը ձգեն իրենց ազդեցութիւնը՝ ազգային ինքնութենէ պարպելով զայն:

Զուտ սկաուտական եւ մարզական առաքելութեան առընթեր, այսօր նաեւ երիտասարդութիւնը համախմբելու, մեզմէ հեռու երիտասարդ խաւը ներգրաւելու ու դէպի հայկական-ազգային արմատներ ուղղելու խնդիր ու հրամայական է դրուած ՀՄԸՄական երիտասարդութեան առջեւ: Աւելի ճիշդը, «արի արանց» երիտասարդական շարքերու կողքին ու նոյն գաղափարական ենթահողով գործող ամենաերիտասարդ միութեան՝ ՀՄԸՄի տարազաւոր միաւորներու առաքելութիւնն է մեր նորահաս սերունդներն ու երիտասարդութիւնը համաշխարհայնացման ալիքէն փրկելը՝ ազգային աւանդներու պահպանումով ու գուցէ ամենաարդիական միջոցները որդեգրելով: Հարիւրամեայ այս աւանդապահ եւ արժէքապահ միութեան վստահուած է այս նորօրեայ առաքելութիւնը: Առաքելութիւն, որ պիտի նպատակադրէ մեր ազգային ու հոգեւոր ոտնահարուած ու ամէն օր ոտնահարուող սրբութիւնները՝ կրօնք, մշակոյթ, լեզու, բարքեր, աւանդ ու ժառանգութիւն վերադարձնել իրենց պատուանդանին, գուրգուրալ անոնց վրայ եւ շարունակել անոնց խորհուրդները փոխանցել ոչ միայն ՀՄԸՄական այլ ընդհանրապէս հայոց երիտասարդ սերունդներուն:

3.- Ազգային տեսլականները վառ կը մնան, կը բոցավառին մինչեւ այն ատեն, որ զանոնք առաջնահերթ կարեւորութեամբ ժողովուրդներու հաւաքական յիշողութեան եւ հաւաքական ապրումներուն մաս կազմել տուող միութիւններ եւ համախումբ ու կազմակերպուած կառոյցներ զանոնք կը հետապնդեն:

ՀՄԸՄը մնայուն ու հետեւողականօրէն պահակը եղած է Ազատ ու Անկախ Հայաստանի խորհուրդներուն: Անվերապահօրէն իր պահակի հանգամանքը՝ ՀՄԸՄը պատուով կատարած է ահաւասիկ հարիւր տարիէ ի վեր: Այսօր սակայն, քաղաքական պայմաններով, Հայասատնի հանրապետութեան իրերայաջորդ իշխանութիւններուն եւ ընդհանրապէս հայաշխարհի մէջ գործող աւանդական եւ նորաստեղծ քաղաքական ուժերուն կողմէ երկրորդ կարգ մղուած է Միացեալ Հայաստանի տեսլականը:

Հայ ժողովուդին համար Ուիլսընեան սահմաններով ամբողջական (այսինքն միացեալ) Հայաստանը է՛ր, է՛ եւ պիտի՛ մնայ իրականանալի եռանպատակ տեսլական:

Ամբողջական Հայաստանի տեսլականը երիտասարդութեան մօտ վառ պահելու եւ ժողովուրդի մօտ ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը դէպի այդ տեսլականը հունաւորելու դերը այսօր եւս իր ուսերուն պէտք է բեռցնէ առաջին հերթին ՀՄԸՄը», շեշտեց ան:

Յակոբ Խաչերեան իր խօսքը եզրափակեց յայտարարելով, թէ ՀՄԸՄը Անդրանիկ Ծառուկեանի կողմէ բանաձեւուած ուխտը՝ Արարատի կատարին հասնելու ուխտը վերանորոգելու հրամայականին դիմաց կը գտնուի. «Ու այդ խոստումին հաւատարիմ իրերայաջորդ ՀՄԸՄական սերունդներ պէ՛տք է ու պիտի՛ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը մինչեւ ա՛յն օր, երբ Բագաւանի շրջակայքը մեր մարզիկները վերակենդանացնեն «զԱռաւօտն Նաւասարդ»ին ու մեր սկաուտական շարքերը վառեն ՄԵ՛Ծ խարոյկը սահմաններէն անդին՝ Սրբազան լերան լանջերուն, կանչեն Հայկ Նահապետը, Մեսրոպ Մաշտոցը, Քաջն Վարդանը, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչ Արամը Մանուկեան ու բոլո՛ր-բոլո՛ր մեր անցեալի Այրերն ու ՀՄԸՄականները, ու իրենց աչքերը յառած Արարատի գագաթին բարձրաղաղակ երգեն.

«Յառա՜ջ, յառա՜ջ յաղթակա՛ն ցեղի անմահներ»:

Օրուան բանախօսին ելոյթէն վերջ, Շրջանային վարչութիւնը «Ծառայութեան» շքանշանով մեծարեց խումբ մը վաստակաշատ ՀՄԸՄականներ՝ Մարօ Քէշիշեանը, Վաչիկ Սարգիսեանը, Արա Քերքեզեանը, Սարգիս Թաթիկեանը, Արմիկ Աբրահամեանը, Պաղտիկ Օհանեանը, Ստեփան Պաշպուտարեանը, Արթ Խաչատուրեանը, Թովմաս Թոքմաճեանը, Սարօ Ղազարեանը, Ճէք Գասամանեանը, Անահիտ Գասպարեանը, եւ Ալին Աղբաբեանը: Անոնք բոլորը բեմ բարձրացան եւ մէկ առ մէկ պատուուեցան «Ծառայութեան» շքանշանով, Շրջանային վարչութեան անդամներուն կողմէ, ապա հաւաքաբար խմբովին լուսանկարուեցան, իբրեւ մէկ ընտանիքի անդամներ:

Հանդիսութեան ընթացքին, նաեւ մէկ առ մէկ ոգեկոչուեցան անցնող տարուան ընթացքին Արեւմտեան շրջանէն՝ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄականները, յարգանքի եւ յուզումի մթնոլորտ մը ստեղծելով սրահին մէջ: Անոնք էին՝ Ճորճ Ժամկոչեան, Վարդգէս Մեսրոպեան, Աւետիս Ժամկոչեան, Ռոպերթ Սարգիս, Ժորժ Ահարոնեան, Սերժիկ Իսաղուլեան եւ Գէորգ Խամիսեան:

Աւարտին, ազգային հայրենասիրական փունջ մը երգերով ելոյթ ունեցաւ Քրիստափոր Արապեան, իսկ հանդիսութիւնը փակուեցաւ Վարանդ Աւանէսեանի կողմէ 100ամեակի քայլերգի կատարումով (խօսք՝ Ներսեհ Լիպարեանի, երաժշտութիւն՝ Վահրամ Էմմիյեանի):

Սակայն ո՛չ, հանդիսութիւնը «աւարտ» մը չէր, այլ պարզապէս՝ ցտեսութիւն ըսելու առիթ մը, երբ պաստառին վրայ երեւացին ՀՄԸՄին գրեթէ «տարեկից» երեք վաստակաշատ, բայց… միշտ առոյգ ՀՄԸՄականներ՝ աքելլա Յակոբ Կարապետեան, Ժիրայր եւ Խաժակ Սարգիսեան, որոնք միասնաբար երգեցին սկաուտական բանակումներու ողջերթի յուզիչ երգը՝ «Ցտեսութիւն կ՛ըսենք եղբայր, միայն ցտեսութիւն, դարձեալ իրար կը հանդիպինք»:

asbarez.com

Տպել Տպել