Խաչատուր Կարճիկեան (1882-1918). Հայոց ազատ եւ անկախ պետականութեան կառուցումին անձնուէր առաջամարտիկն ու… քաւութեան նոխազը

Աշխարհաքաղաքական իր աննպաստ դիրքին ու թշնամապէս տրամադրուած դրացիներ ունենալու պատմական դաժան ճակատագրին բերմամբ, հայ ժողովուրդը պարտաւորուեցաւ իր արիւնէն ծանրագոյն գին վճարելու ոչ միայն Հայաստանի անկախութիւնը նուաճելու, այլեւ իր ազգային պետականութիւնը կերտելու համար։

Միայն «անձեւ քաոս» մը չէին պարզեր Հայաստանն ու հայութիւնը 1918ի Մայիսին, երբ հերոսաբար ծառացան հայասպանական իր ծրագիրը ամբողջացնելու եկած թրքական ոսոխին դէմ, Սարդարապատեան ճակատներուն վրայ յաղթանակը նուաճեցին, պետական անկախութիւն հռչակեցին եւ լծուեցան մեր պետականութեան կառուցումին։
Նաեւ հայրենահան գաղթականութեան ու հարիւր հազարներով անպատսպար ու սովահար հայու բեկորներու երկիր էր Հայաստանը 1918 թուականին, երբ Արամներու սերունդը անմնացորդ նուիրուեցաւ հայոց ազատ ու անկախ պետականութեան կառուցումին։

Հայաստանի անկախութեան պետական կառուցումը փաստօրէն պահանջեց, բառին ողբերգական իմաստով, ծանր ու դժուարին երկունքի ցաւագին գալարումներ։ Ունեցանք ներքին արիւնահոսութիւն եւ մեր ազգային եղերական ճակատագրին համար փնտռեցինք… քաւութեան նոխազներ։

Հայաստանի պետական անկախութեան կերտումը բնորոշած այդ ցաւագին երկունքին տխուր եւ եղերական պահերէն մէկը արձանագրուեցաւ 14 Նոյեմբերի այս օրը, 93 տարի առաջ։

Այսպէ՛ս, 1918ի Նոյեմբեր 14ին, նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ՝ Ալ. Խատիսեանի համախմբական կառավարութեան օրով, Խնամատարութեան նախարարի իր առանձնասենեակին մէջ աշխատելու պահուն, եղբայրասպան փամփուշտի զոհ գնաց Դաշնակցութեան մեծավաստակ գործիչներէն Խաչատուր Կարճիկեան։

Կարճիկեանի առանձնասենեակը անակնկալօրէն մտաւ իր մտերիմներէն՝ նոյնպէս դաշնակցական ծանօթ գործիչ սպայ Եգոր Տէր-Մինասեանը, որ ատրճանակը հանելով սկսաւ կրակել եւ տեղն ու տեղը սպաննել ընկերոջը։
Ողբերգական այդ պահը ամփոփ նկարագրելով՝ Սիմոն Վրացեան («Յուշապատում Հ.Յ.Դաշնակցութեան, 1890-1950», էջ 506) կþաւելցնէ, որ «- Եգո՜ր, ի՞նչ ես անում,- լինում է Խաչիկի վերջին խօսքը»։
Այդպիսի՛ դառն վախճան ունեցաւ, 36 տարեկանին, հայ ազգային-ազատագրական շարժման ակնառու դէմքերէն Խաչատուր Կարճիկեան, որ իր կեանքով ու գործով մարմնաւորեց Յեղափոխականի եւ Պետական Գործիչի դաշնակցական ինքնուրոյն համադրում մը։

Կովկասահայու ամբողջական կերպար մը եղաւ՝ թէ՛ ռուսական իրականութեան ժողովրդավարական խմորումներուն եւ ձգտումներուն յառաջադէմ արտայայտիչներէն մէկը ըլլալու, թէ՛ արեւելահայոց ազգային իրաւունքներուն աննահանջ պաշտպան կանգնելու, թէ՛ Անդրկովկասը ազգամիջեան համերաշխութեան եւ գործակցութեան առաջնորդելու եւ թէ, մանաւա՛նդ, արեւմտահայոց ազգային-ազատագրութեան անսակարկ նուիրուելու յանձնառութեան առումներով։
Յեղափոխականի եւ Պետական Գործիչի այսօրինակ դժուարին համադրում մը իրապէ՛ս հնարաւոր դարձնելու անհրաժեշտ նախադրեալները ունէր Խաչատուր Կարճիկեան։ Մէկ կողմէ՝ օժտուած էր ընկերական, դիւրահաղորդ եւ կենցաղավար անհատականութեամբ։ Իսկ միւս կողմէ՝ կը յատկանշուէր գաղափարական արժէքներու, սկզբունքային կեցուածքներու եւ գործնական լուծումներու կառչած հանրային ու մտաւորական գործիչի անզիջող հետեւողականութեամբ եւ հոգեմտաւոր հարուստ պաշարով։

Այդ պատճառով ալ, ինչպէս որ շատ արագ եղաւ իր մագլցումը հանրային-քաղաքական եւ ազգային-կուսակցական պատասխանատուութեանց աստիճաններէն, այնպէս ալ սխալ հասկցուելու եւ անհաշտ հակառակորդներ դիմագրաւելու ուղի մը բաժին հանուեցաւ Կարճիկեանին։

Ծնած էր 1882ին Վաղարշապատ (Էջմիածինի շըրջան), համեստ աշխատաւորի մը յարկին տակ։ Գիւղի ազգային վարժարանին մէջ տարրական ուսումը ստանալէ ետք, ընդունուեցաւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, որուն դասարանական բաժինը աւարտելէ ետք՝ անցաւ Երեւանի Պետական Գիմնազիոնը եւ աւարտեց փայլուն նիշերով։ Կրթանպաստի արժանացաւ եւ մեկնեցաւ Ս. Փեթերսպուրկ, որուն համալսարանի իրաւաբանութեան բաժնին մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ։ Ապրուստի դժուարութիւնները եւ նիւթական սեղմումները պատճառ դարձան, որ Խաչատուր ընդհատէ համալսարանական իր ուսումը, վերադառնայ Հայաստան եւ ուսուցչական պաշտօններ ստանձնէ նախ Ախալցխայի եւ, ապա, Ալեքսանդրապոլի հայկական վարժարաններուն մէջ։

Քսաներորդ դարասկիզբի այդ տարիներուն Անդրկովկասը հայկական եւ համառուսական առումներով եռեւեփումի մէջ կը գտնուէր։ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ուսանողական շարժումներուն աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած եւ արդէն Դաշնակցութեան միացած Խաչատուր Կարճիկեան դարձաւ, Ախալցխայի եւ յատկապէս Ալեքսանդրապոլի դպրոցներէն ներս իր ծաւալած գաղափարական լուսաւորումի աշխատանքներուն շնորհիւ, ատենի հայ երիտասարդութեան, մանաւա՛նդ դաշնակցական ուսանողութեան սիրելի՝ ազգային-յեղափոխական ուղի բացող «Խաչիկ վարժապետը»։ Գործուն մասնակցութիւն բերաւ հայ եկեղեցապատկան կալուածներու ցարական բռնագրաւման դէմ ծաւալած համաժողովրդական բողոքի շարժումին։ Ինչպէս եւ վճռորոշ դեր խաղաց, աւելի ուշ, ցարական իշխանութեան հրահրած հայ-թաթարական ընդհարումները մարելու ճիգերու ընթացքին՝ Անդրկովկասի մէջ ազգամիջեան համերաշխութիւն քարոզելով եւ բնաբանի վերածելով իր այն համոզումը, որ «երբ հրդեհ կայ, ոճիր է փոթորիկ բարձրացնելը»…
Հայ¬թաթարական ընդհարումներու աւարտէն ետք, Խ. Կարճիկեան որոշեց վերադառնալ Ս. Փեթերսպուրկ, ամբողջացնելու համար իր իրաւաբանական մասնագիտութիւնը։ Ուսման շրջանին ան դարձաւ Փեթերսպուրկի հայ ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան մղիչ ուժերէն մէկը։ Թէեւ իր հետ Փեթերսպուրկ գացած կնոջ ու զաւակներուն ապրուստի հոգը ծանր կը ճնշէր Կարճիկեանի վրայ եւ, մասնաւոր դասեր տալով, կենցաղային կարիքներու ապահովման ճիգերը շատ ժամանակ կը խլէին իրմէ, այսուհանդերձ՝ Կարճիկեան ի վիճակի եղաւ ոչ միայն իրաւաբանական բարձրագոյն ուսման իր դասերուն հասնելու, այլեւ՝ հանրային-կուսակցական բեղուն գործունէութիւն ծաւալելու։ Նոյն այդ շրջանին էր, նաեւ, որ Կարճիկեան սերտ կապեր հաստատեց համառուսական առաջին յեղափոխութեան կրակը արծարծած ռուս, վրացի եւ թաթար ժողովրդավարական գործիչներու հետ՝ համառուսական «դեմոկրատական» շարժման հետագայ զարգացման մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունենալով։

1910ին, արդէն իրաւաբան վկայուած, Խաչատուր Կարճիկեան վերադարձաւ Անդրկովկաս, հաստատուեցաւ Թիֆլիս եւ իբրեւ օգնական աշխատեցաւ ծանօթ երդուեալ հաւատարմատար Եակուլեանի մօտ։ Ոչ միայն բարելաւեց նիւթական իր վիճակը, այլեւ՝ աչքի զարկաւ իբրեւ կարող փաստաբան։ Իր առջեւ բացուեցան հանրային եւ ազգային պատասխանատուութեանց դռները եւ Կարճիկեան պատուով դուրս եկաւ իրեն վստահուած աշխատանքներէն։ Իր այդ վարկով ալ ստանձնեց 1912ին սկսած «Դաշնակցութեան Դատ»ին պաշտպանութիւնը ռուս ականաւոր փաստաբաններու կողքին, իբրեւ հայերէն փաստաթուղթերու հաւաքման, մշակման եւ պաշտպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն։ Պետական գործիչի եւ յեղափոխականի դաշնակցական համադրումին առաջին կարեւոր փորձաքարը հանդիսացաւ այդ դատավարութիւնը, որուն աւարտէն ետք, Օգոստոս 1913ին Կարնոյ մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդհանուր Ժողովին, Կարճիկեան ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Բիւրոյի անդամ։

Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէէն մինչեւ 1918ի իր ողբերգական մահը երկարող ժամանակաշրջանը Խաչատուր Կարճիկեանի համար եղաւ բառին բուն իմաստով ամբողջ կեանք մը լեցնող ու արժեւորող ԳՈՐԾի հանգրուան։
Գլխաւոր դրօշակիրներէն եղաւ Հայ Կամաւորական Շարժման ծրագրումին ու կազմակերպումին։ Յատկապէս իր պնդումներով՝ հայ կամաւորական գունդերը ռուսական զօրքերու յառաջապահ դիրքերը գրաւեցին ռազմաճակատին վրայ, որպէսզի առաջինը իրենք հասնին նահանջող թրքական զօրքերու կողմէ կոտորածի մատնուած հայութեան պաշտպանութեան։ Նաեւ Եղեռնէն փրկուած հայ որբերու եւ տեղահան գաղթականութեան խնամատարական գործին պատասխանատուութիւնը շալկեց իր ուսերուն՝ 1916¬1917 տարիներուն։

Իսկ երբ 1917ի Փետրուարին պայթեցաւ Ռուսական մեծ յեղափոխութիւնը, Խաչատուր Կարճիկեան առաջիններէն էր, որ Դաշնակցութիւնը ներկայացուց նորահաստատ իշխանութեանց անդրկովկասեան մարմիններուն մէջ։ Նոյնիսկ Լենինի Հոկտեմբերեան յեղաշրջումէն ետք, երբ Անդրկովկասի մէջ քաղաքական ու գաղափարական որոնումներու եւ բուռն հակադրութեանց իսկական խառնիճաղանճ մը առաջացաւ՝ ազգամիջեան խուլ, այլեւ սուր տարակարծութիւններով ու բախումներով ծանրաբեռնուած, Խաչատուր Կարճիկեան առանցքային դեր ստանձնեց հայկական շահերու անզիջող պաշտպանութեան մէջ՝ հետեւողականօրէն ամէն ճիգ թափելով, որ Անդրկովկասը դառնայ բոլոր ազգութեանց ժողովրդավարական ուժերու համերաշխութեան մեծ ընտանիքը։

Առանձին անդրադարձի կը կարօտին քննարկումն ու արժեւորումը Խ. Կարճիկեանի կատարած գործին ու ստանձնած դերակատարութեան՝ 1917ի Դեկտեմբերէն ու Լենինի կողմէ ռուս զօրքին ուղղուած «դէպի տուն» դարձի կոչէն եւ Բրեստ-Լիթովսքի հայավնաս պայմանագրի ստորագրութենէն մինչեւ 1918ի գարունը – թրքական արշաւանքը Հայաստանի վրայ եւ Կովկասի ուղղութեամբ յառաջանալու եւ Բագու հասնելու համաթրքական նկրտումները – երկարող հանգրուանը։ Բայց անմիջապէս հոս կ’արժէ նշել, թէ Խ. Կարճիկեան ոգի ի բռին պայքարեցաւ, որպէսզի Անդրկովկասի հայ եւ ռուս, վրացի եւ թաթար «դեմոկրատ»ները միացեալ ճակատով ու համերաշխ ուժերով դիմագրաւեն թրքական վտանգը։ Բայց ռուսը արդէն տարուած էր պոլշեւիկեան յեղափոխութեան միջնաբերդը պաշտպանելու հոգերով եւ ժամանակ չունէր Հայաստանի դիմագրաւած օրհասին մասին մտածելու, ուր մնաց օգնութեան ձեռք երկարելու։ Իսկ վրացի եւ թաթար «դեմոկրատ»ներու ազգայնամոլ ախորժակները ծանօթ պատմութիւն են. Անդրկովկասի թաթար բնակչութիւնը, «դեմոկրատ» իր առաջնորդներով հանդերձ, անձկութեամբ կը սպասէր թրքական յաղթանակին. մինչ վրացիները, սեփական գլուխը հողին մէջ թաղելով պաշտպանուիլ ուզող ջայլամի օրինակով, Հայաստանի եւ հայութեան հաշւոյն… զիջումներով, կը փորձէին ապահովել թրքական ներխուժող բանակին «բարեացակամութիւն»ն ու «ներողամտութիւն»ը…

Խաչատուր Կարճիկեան ի զուր պայքարեցաւ դէպքերու այդ թաւալգլոր գահավիժումին դէմ։ Երզընկայի եւ Կարնոյ անկումէն ետք կարգը հասաւ Կարսին, ուր հայկական զօրքը ծանրագոյն գին վճարեց համառուսական «դեմոկրատիա»յի անունով ծայր տուած դասալքութեան։ Եւ Կարսի անկման մեծ ողբերգութենէն անմիջապէս ետք՝ բոլորի՛ն – դաշնակցական թէ ընդդիմադիր – մատները ուղղուեցան դէպի Խաչատուր Կարճիկեանը, իբրեւ Սէյմի եւ Անդրկովկասեան ժամանակաւոր կառավարութեան մէջ Դաշնակցութեան ներկայացուցչական դէմքը, անոր վրայ բարդելով վրացական եւ թաթարական սադրանքներուն դէմ հատու պատասխան տուած չըլլալու պատասխանատուութիւնը։

Այդօրինակ ծանրագոյն մեղադրանքներու մթնոլորտին հետեւանքը եղաւ ազատ ու անկախ Հայաստանի կերտման յառաջամարտիկին եղերական վախճանը։ Հայաստան արդէն տիրացած էր իր անկախութեան եւ Խ. Կարճիկեան, իբրեւ Քաջազնունիի գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ կառավարութեան ելեւմտական նախարար, իր առաւելագոյն ներդրումը կը բերէր հայոց նորահաստատ պետականութեան հիմերու իրաւաբանական ամրապնդումին մէջ՝ յառաջադէմ օրէնքներու մշակումով եւ հաստատումով։ Խ. Կարճիկեանի ջանքերով նոր կազմուած էր Ալ. Խատիսեանի գլխաւորած երկրորդ՝ Հ.Հ. համախմբական կառավարութիւնը, որուն մէջ Խնամատարութեան նախարարի ծանր բեռը դրուած էր Կարճիկեանի ուսերուն։ Բայց Հայաստանն ու հայութիւնը տակաւին կը տուայտէին անձեւ քաոսին եւ որբի ու սովի ծաւերուն մէջ։ Եւ այդ մթնոլորտին մէջ էր, ահա, որ Հայկական Բանակի սպայ եւ Կարճիկեանի տարիներու մտերիմ Եգոր Տէր¬Մինասեան գործեց եղբայրասպան իր ծանրագոյն յանցանքը… Կարսի անկումին համար ՍԷՅՄի բոլոր պատասխանատուները ահաբեկելու ինքնագլուխ որոշումը կայացուցած Եգորը, վրացի ղեկավարներուն հասնելէ առաջ, ահաբեկեց իր մտերիմ ընկերն ու դաշնակցական ներկայացուցիչը…

Այդպէ՛ս ընդհատուեցաւ համակ զոհաբերում եւ հետեւողական պայքար մարմնաւորած կեանքը Խաչատուր Կարճիկեանի, որ իսկապէս քաւութեան նոխազը դարձաւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման տաժանագին երկունքին։

Ն

Տպել Տպել