Քրիստափորի եւ Սիամանթոյի Միասնաբար Ս. Զաւարեանին Ուղարկած Բացիկը

Պոսթընի Հ.Յ.Դ. արխիւներուն մէջ գտնուող եւ 1167-89 թուահամարը կրող վերեւի այս փաստաթուղթը փոքր բացիկ մըն է, սակայն բացառիկ՝ իր պատմական արժէքով։ Հոն, կողք-կողքի կը գտնենք Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեանը եւ հայկական յեղափոխութեան տաղերգու Սիամանթոն, որոնք անջատաբար բայց միեւնոյն բացիկի նեղ տարածքին մէջ սեղմած են իրենց գրութիւնները, ուղղուած Ժընեւ, «Դրօշակ»ի խմբագրութեան եւ յատկապէս Սիմոն Զաւարեանին։

kristapor-siamanto-namag Թուականի կողքին (21 Դեկտ., 1903) դրուած Ժընեւը յայտնապէս սխալ է, եւ սովորական վարժութեան հետեւանք, որովհետեւ Քրիստափոր նոր միայն մեկնած էր անկէ դէպի Փարիզ, ուր այդ օրերուն կը գտնուէր նաեւ Սիամանթօ իբրեւ ուսանող Սորպոնի գրականութեան բաժնին։ Carte Postale նկարը եւս («Հանրապետութեան Յաղթանակը» պատկերող) փարիզեան է։

Ժենիան՝ Քրիստափորի կինն է. Ռուբէնը՝ իրենց մանկահասակ երեխան, որ դարմանուելու համար մօրը հետ Փարիզ ղրկուած էր։ Քրիստափոր, ինք, ճամբայ ելած էր Սոֆիա մեկնելու եւ Հ.Յ.Դ. Երրորդ Ընդհ. Ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները վարելու համար։

ԲԱՑԻԿԻ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

21 Դեկտ. 903, Ժընեւ

Սիրելի՛ք,

Երէկ սաղ-սալամաթ տեղ հասայ։ Ռուբէնը լաւանում է. այսօր Զ ժամով դուրս տարայ ման գալու եւ իրեն լաւ էր զգում։
Տեսայ մի քանի տղերանց։ Ուզում են «Դաշնակցութեան» Բ. Ընդհանուր Ժողովի արձանագրութիւնները։ Ուղարկեցէք 10 հատ «Ծրագիր». ինչ կայ նրա մէջ բաւական է։ Բաց թողած կէտերը ես կը բացատրեմ։ Բացի դրանից՝ ուղարկէք հայդուկային խմբերի լուսանկարներից 2 հատ։ Դա հարկաւոր է «Հայրենիքի» կլիշէի համար։
Ժենիան, Վալեան եւ Ռուբէնը բարեւում են։

Ձեր՝ Քրիստափոր

Յարգելի պարոն Զաւարեան,

Կը խնդրեմ ընտրեցէք հայդուկային խմբի այն պատկերներէն որոնք բռօֆիլ նկարուած են. եթէ չկայ խումբերուն մէջ, ուրիշ ոեւէ հայկական տիպարի մօտեցող նկար ղրկեցէք, միշտ նախամեծար սեպելով բռօֆիլը։

Բարեւներով՝ Ա. Եարճանեան

Այս անգամ «Դրօշակ»ները 10 կամ 20 թիւ աւելի ղրկեցէք որովհետեւ… Բարիզը այժմ փոխուած է…։

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել