23 Նոյեմբեր 1920ին վարչապետ Համօ Օհանջանեանի «Բիւրօ-Կառավարութիւն»ը իր հրաժարականը ներկայացուց խորհրդարանին

ohantchanian 91 տարի առաջ, 23 Նոյեմբերի այս օրը, Հայաստանի խորհրդարանին իր հրաժարականը ներկայացուց 28 Մայիս 1918ին կերտուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ վարչապետին՝ Համօ Օհանջանեանի գլխաւորած «Բիւրօ-Կառավարութիւն»ը։

Հայաստանի Հանրապետութեան կարճատեւ կեանքին ամէնէն օրհասական պահուն, հայ եւ թուրք պոլշեւիկներու մայիսմէկեան խռովութեանց հետեւանքով նորանկախ մեր երկրին ու պետութեան սպառնացող կործանման վտանգը դիմագրաւելու վճռականութեամբ, 5 Մայիս 1920ին օրուան Հ.Յ.Դ. Բիւրոն լրիւ կազմով ստանձնեց ազատ ու անկախ Հայաստանի կառավարութեան պատասխանատուութիւնը։

Ատրպէյճանը խորհրդային իշխանութեան դրօշը պարզած էր Ապրիլ 1920ին եւ Լենինի ու Քեմալի միջեւ գաղտնի զինակցութիւնը արդէն գործադրութեան յանձնուած էր՝ առաջին հերթին Հայաստանը ճզմել փորձելով թրքական սալին եւ ռուսական մուրճին միջեւ։

Համատարած ներքին խռովութիւններ եւ հակապետական ընդհանուր ապստամբութիւն առաջացնելու պոլշեւիկեան-քեմալական փորձերը յաջողելու հեռանկար չունէին։ Այսուհանդերձ՝ իր կայացման ու արմատաւորման առաջին քայլերը նետող Հայաստանի Հանրապետութեան համար ծանրագոյն հարուած էր իր անկախութեան կործանումը հետապնդող Լենին-Քեմալ սադայէլական զինակցութիւնը։

Թէեւ թէ՛ խորհրդարանը, թէ՛ վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութիւնը բացարձակ մեծամասնութեամբ դաշնակցականներէ կը բաղկանային, այսուհանդերձ՝ թուրքեւռուսական վտանգը դիմագրաւելու յարմարագոյն քաղաքականութեան որդեգրման հարցին մէջ սուր տարակարծութիւններ առաջացած էին։ Տիրող մտայնութիւնը, անշո՛ւշտ, երկաթէ բռունցքով ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտպանելն էր։ Բայց միաժամանակ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի եւ քեմալական Թուրքիոյ գրոհներուն դէմ կռիւ մղելու հեռանկարը քաղաքական անձկութեան մատնած էր շատերը։ Մեծ թիւ չներկայացնելով հանդերձ՝ արհամարհելի չէր հեղինակութիւնը քաղաքական եւ զինուորական այն ղեկավար դէմքերուն, որոնք Ատրպէյճանի օրինակին հետեւելու եւ խորհրդային իշխանութիւնը ընդունելու ելքը կþառաջադրէին։

Հակառակ ուղղութեամբ տաքցած էր մեր ժողովուրդը, յատկապէս Հայաստանի անկախութեան ձեռքբերման համար գերագոյն զոհաբերութիւն կատարած եւ արեան գին վճարած բազմութիւնները չէին ուզեր լսել անգամ հայրենի ազատութենէն ու անկախութենէն զիջումներ կատարելու պետական «իրատեսութեան» հրամայականներուն մասին…

Օրուան համաժողովրդային պահանջն էր խստագոյն պատիժի ենթարկել դաւաճաններն ու դասալիքները եւ ամէն գնով շուտափոյթ ճզմել թուրքեւթաթար փոքրամասնութեանց վրայ հիմնուած հակապետական ներքին խռովութիւնները։ Ահա՛ այդ պահանջին անսալով էր, որ Դաշնակցութիւնը տէր կանգնեցաւ պատմական իր պատասխանատուութեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոն իր ուսերուն վրայ վերցուց ամբողջական բեռը ազատ ու անկախ Հայաստանի կառավարումին։
Համօ Օհանջանեան եւ Ռուբէն Տէր-Մինասեան, Արշակ Ջամալեան եւ Աբրահամ Գիւլխանդանեան, Սիմոն Վրացեան ու Գրիգոր Ղազարեան եւ Սարգիս Արարատեան կազմեցին եօթը հոգինոց Բիւրօ¬Կառավարութիւնը, որուն գլխաւոր եւ միակ առաքելութիւնը Հայաստանի անկախութեան սպառնացող ներքին խռովութեանց վտանգին դիմագրաւումն ու յաղթահարումն էր։ Բնականոն պայմաններու եւ պետական կարգուկանոնի վերահաստատումէն ետք, Բիւրօ¬Կառավարութեան արտակարգ առաքելութիւնը վերջ պիտի գտնէր։

Այդ մեկնակէտով ալ, մեր ժողովուրդին ուղղուած իր անդրանիկ կոչին մէջ, Բիւրօ¬Կառավարութիւնը հետեւեալ խտութեամբ ներկայացուց նորանկախ Հայաստանի դիմագրաւած օրհասական վտանգը.¬
«Տաճիկ փաշաները մի կողմից, բոլշեւիզմի կարմիր պատմուճանը հագած ադրբեջանեան խաները՝ միւս կողմից, նորից սպառնում են Հայաստանի անկախութեանն ու ազատութեանը»։

Վարչապետ Համօ Օհանջանեանին եւ յատկապէս ներքին գործոց ու ռազմական նախարարի լայն լիազօրութիւններով գործող Ռուբէն Տէր-Մինասեանին համար դժուար չեղաւ խռովարարները զսպել։ Հակառակ պոլշեւիկեան յաւակնութիւններուն եւ ատրպէյճանեան թէ քեմալական օգնութեանց, ապստամբական դրօշ պարզած եւ մինչեւ իսկ խորհրդային իշխանութիւն հռչակած խռովութեանց բոյները, նոյնիսկ հայոց ազգային բանակէն ներս, խստօրէն պատժուեցան, հակակշռի տակ առնուեցան եւ պետական կարգուկանոնը վերահաստատուեցաւ։ Այդ յաջողութեան խօսուն վկայութիւնը եղաւ նոյն ամսու աւարտին Մայիս 28ի փառահեղ տօնակատարութիւնը։ Ժողովուրդը ողողած էր քաղաքամայր Երեւանը եւ մեծ ցնծութեամբ կþողջունէր զօրահանդէսը հայոց միակամ ու կուռ բանակին։

Բայց ներքին ճակատի վրայ արձանագրուած այդ յաջողութիւնը բաւարար երաշխիք չէր, որպէսզի Բիւրօ-Կառավարութիւնը իր առաքելութիւնը աւարտած համարէր եւ հրաժարական ներկայացնէր։ Հայաստանին ու հայութեան սպառնացող բուն վտանգը թուրքեւթաթար ապստամբներու կամ հայ պոլշեւիկներու հրահրած խռովութիւնները չէին, այլ՝ անոնց ետին կանգնած Լենին¬Քեմալ մեղսակցութիւնն էր, որուն հետագայ հրձիգութեանց դէմ մեր երկիրն ու ժողովուրդը ապահովագրելու համար՝ հարկ էր բարձրագոյն մակարդակի երկխօսութեան ձեռնարկել Խորհրդային Ռուսաստանի ղեկավարութեան հետ։ Վարչապետ Համօ Օհանջանեան, որ միաժամանակ արտաքին գործոց նախարար էր, կեանքի կոչեց Լեւոն Շանթի պատմական պատուիրակութիւնը, որ անհրաժեշտ տուեալները ունէր՝ խորհրդայիններուն հետ հասկացողութեան եզրեր գտնելու եւ Հայաստան-Ռուսաստան միջ-պետական համախոհութիւն առաջացնելու համար։

Ծանօթ է դառն պատմութիւնը ամիսներու վրայ երկարած Լեւոն Շանթի պատուիրակութեան ձեռնարկած բանակցութիւններուն։ Խորհրդային կողմը լիազօր նշանակեց Լեգրանը, որ ամենայն հնարամտութեամբ յառաջ մղեց ձգձգումի քաղաքականութիւն մը՝ մէկ կողմէ իբր թէ համաձայնութեան եզրերու հասունացման անհրաժեշտ ժամանակը տալու, բայց խորքին մէջ աշխատելով, որ Լենին-Քեմալ զինակցութիւնը ամրապնդուի եւ հետագայ հատու հարուածը նախապատրաստէ ընդդէմ Հայաստանի…

Խորհրդային ձգձգումի այդ քաղաքականութեան մեղքի պտուղը շուտով երեւան եկաւ, երբ Սեպտեմբերի վերջերուն քեմալական զօրքը, առանց պատերազմի պաշտօնական յայտարարութեան, ներխուժեց Հայաստան։ Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներուն, հազիւ հողատարածքով ընդարձակուած եւ տնտեսական-ընկերային կայունացման հիմեր հաստատած Հայաստանը, ի վերջոյ, յայտնուեցաւ երկու կրակի միջեւ ու թատերաբեմ դարձաւ կարմիր ու քեմալական նախայարձակ զօրքերու դէմ մղուած անհաւասար ուժերով օրհասական մարտերու։

Ռազմական գործողութեանց ճնշումը առաւելագոյնս չարաշահուեցաւ Խ. Ռուսաստանի լիազօր բանագնաց Լեգրանի կողմէ, որպէսզի Հայաստանի կառավարութեան պարտադրէ խորհրդայնացման իր պահանջը, որուն մասին փաստօրէն լուռ մնացած էր ռուսական կողմը՝ մինչեւ Թուրք-հայկական պատերազմի բռնկումը եւ այդ օրերուն՝ Հոկտեմբերի վերջերուն Լեգրանի ժամանումը Երեւան։

Խորհրդայինները արդէն սկսան նոր խօսակիցներ պահանջել Հայաստանի կառավարութեան ղեկին։ Յատկապէս Ռուբէն Տէր-Մինասեանի փոխարինման պահանջը սուր կերպով դրուած էր խորհրդայիններու կողմէ, որոնք Ռուբէնին վրայ կը բեռցնէին Ղարաբաղի, Զանգեզուրի թէ Իջեւանի ճակատներուն վրայ, Նժդեհի եւ Սեպուհի նման դաշնակցական հերոսներու ձեռամբ, Կարմիր Բանակի զօրքերուն կրած ծանր պարտութեանց ողջ պատասխանատուութիւնը։

Ահա այդ հրամայականէն մեկնելով, Նոյեմբեր 23ին, վարչապետ Համօ Օհանջանեան խորհրդարանին ներկայացուց իր կառավարութեան հրաժարականը՝ յատուկ յայտարարութեամբ մը ընդգծելով, որ՝ «Բացւում է նոր շրջան, քաղաքական ուժերի նոր սիտուացիա… Իմ կառավարութիւնը ներկայացրեց իր հրաժարականը՝ նկատի ունենալով հանրապետութեան շահերը»։ Հրաժարականը ընդունուեցաւ եւ նոր կառավարութիւն կազմելու պատասխանատուութիւնը յանձնուեցաւ Բիւրօ-Կառավարութեան մէջ գիւղատնտեսութեան եւ աշխատանքի նախարար Սիմոն Վրացեանի։ Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ վարչապետը Նոյեմբեր 25ին գործի լծեց իր կառավարութիւնը՝ ռազմական նախարար ունենալով Դրոն։ Դահլիճին կեանքը հազիւ ութ օր տեւեց եւ Հայաստան յանձնուեցաւ խորհրդային իշխանութեանց՝ Դեկտեմբերի 2ին։

«Ն.
ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել