«Հայրենիք»ի խմբագրական. Բեւեռացման ընտրութիւնները

Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Տունը՝ դեմոկրատական, իսկ Ծերակոյտը՝ հանրապետական։ Երբ երկրի մը քաղաքական ամբողջ կառոյցը հիմնուած է երկկուսակցական դրութեան վրայ, դժբախտաբար ակնկալութիւնը, արդիւնքն ու ապագան կախեալ պիտի ըլլան այդ երկու հատուածներէն՝ կարմի՛ր թէ կապոյտ, կամ գունաւորման աշխարհէն մուտք գործելով պայմաններուն հետ համեմատաբար համընկնող անտառի քաղաքականութեան՝ փի՛ղ թէ աւանակ։

Նոյեմբեր 6-ին պատահածը յիսուն նահանգներու մէջ քաղաքական կարմիր եւ կապոյտ գոյներով օժտուած քարտէսը երկու տարի ետ տարաւ՝ 2016։

Մտածելու, վերլուծելու, դատելու եւ ըստ այնմ շարք բռնելու եւ քուէարկելու այդ գործելաձեւը ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կամ խոր իմաստ ունի թէ՛ քուէարկողին եւ թէ՛ քուէարկուողին վրայ։
Պարզապէս բեւեռացումն է, որ հետզհետէ արմատախիլ կ՛ընէ ողջմտութիւնը, ազատութիւնը, արդարութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը։

Դեռ շատ մելան կարելի է հոսեցնել, շարունակ էջեր ու էջեր մրոտել այս միջանկեալ ընտրութիւններուն մասին։ Մատնանշումներ եւ հաստատումներ տեղին է կատարել՝ ստեղծուած իրավիճակը յաւելեալ թափանցիկութեամբ ներկայացնելու համար։

Առաջին հերթին, պէտք է անպայման նշել, թէ սպասուած կապոյտ ցունամին տեղի չունեցաւ։ Այսինքն՝ դեմոկրատները չկրցան հնձել բազմաթիւ կարմիր տարածաշրջաններէ ակնկալուած քուէները։
Արձանագրուած քանի մը անակնկալներէ անկախ, կարմիրը մնաց հաստատ կարմիր, կապոյտն ալ՝ լազուարթ կապոյտ։

Հարաւային նահանգներն էին, որոնք դարձան բուռն կռուախնձոր, յատկապէս հանրապետականներու սիրտը նկատուող Թեքսասի մէջ, ուր կը սպասուէր որ դեմոկրատներու ապագայ խոստացող երտասարդներէն Պեթօ Օ՚Ռուրք, որ կը կրէ «սպիտակամորթ Օպամա» ծածկանունը, կարենար յաղթական դուրս գալ։ Սակայն ասիկա չպատահեցաւ, եւ երիտասարդ դեմոկրատականը չկրցաւ ինքզինք պարտադրել եւ երկու առ հարիւր քուէներու տարբերութեամբ տեղի տուաւ։

Միւս կողմէ, սակայն, յիշատակելի են իգական սեռի թեկնածուներուն, որոնք մեծամասնութեամբ առաջադրուած էին դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ, արձանագրած յաջողութիւնները։ Յիշատակելի եւ պատմական իրադարձութիւն մըն է նաեւ, որ Միշիկընէն երկու իսլամ եւ միեւնոյն ժամանակ իգական ներկայացուցիչներ առաջին անգամ ըլլալով մուտք գործեցին Ներկայացուցիչներու Տուն։
Զարմանալիօրէն, նախագահ Թրամփ այս արդիւնքները շռնդալից յաղթանակ նկատեց․․․։ Նմանօրինակ արտայայտութիւններով ալ, ան կատարեց իր յետընտրական մամլոյ ասուլիսն ու հարցազրոյցը, որուն ընթացքին գեր-յարձակունակ ոճով պատասխանեց լրագրողներուն՝ աւելի եւս ջղագրգռելով եւ ելեկտրականացնելով մթնոլորտը։

Նենսի Փելոսի շատ հաւանաբար վերստին Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակի պաշտօնը ստանձնելով, մինչեւ ո՞ւր պիտի տանի Թրամփի դէմ պայքարը, սկսելով վերջինիս տուրքերու գաղտնի թղթածրարի բացայայտումէն մինչեւ 2016-ի նախագահական ընտրութիւններուն Ռուսաստանի դերակատարութիւնը։

Իսկ Սպիտակ Տան մէջ, ըստ երեւոյթին, գործէ արձակուելու ալիքը պիտի շարունակուի, այն փոքր հաւանականութեամբ, սակայն, որ անոր վարձակալն ալ գործէ արձակուելու երկմտանքին եւ արհաւիրքին մէջ մուտք գործէ։

Շարունակուողը պայքարը չէ, այլ յանկերգը՝ մերթ կարմիր եւ մերթ կապոյտ երանգներով։

hairenikweekly.com

09/11/2018

Տպել Տպել