Մալխաս (Արտաշէս Յովսէփեան, 1877¬1962). Հայոց Ազատամարտին նուիրեալն ու անկրկնելի յուշարարը

malkhas- Սփիւռքահայ սերունդներու ազգային¬գաղափարական կազմաւորման ու ինքնաճանաչման մէջ անփոխարինելի է ներդրումը Մալխասի, որուն մահուան յիսնամեակը լրացաւ այս Յունուար 4ին։
Վեց հատոր կազմող Մալխասի «Զարթօնք» վէպը բարձի գիրք եղաւ օտար ափերու վրայ հասակ նետած մեր սերունդներուն համար։

Բառին ամէնէն վաւերական իմաստով փուռէն նոր դուրս ելած տաք հացի պէս լափեցինք «Զարթօնք»ը։ Ոչ միայն պատանեկան մեր երեւակայութիւնը գերեցին Մալխասի կերտած հերոսները՝ Վարդանն ու Լեւոնը, Սոնիան ու Եւգինէն, Առիւծ Գեւոն ու Թոփալ Սատանան, այլեւ՝ իւրաքանչիւրէն վարակիչ օրինակ մը, կեանքը իմաստաւորող վարքագիծ մը եւ գաղափարապաշտութեան անմեռ սերմեր արմատ նետեցին հաւաքական մեր էութեան մէջ։

Մալխասի «Զարթօնք»ով անմահացած կերպարներն ու ազգային¬գաղափարական արժէքները ընդգրկեցին 19րդ դարավերջէն մինչեւ 1920ականները երկարած հայոց պատմութեան ամէնէն բախտորոշ, ողբերգական, այլեւ հերոսական ժամանակաշրջանը։ «Զարթօնք»ը փաստօրէն հանդիսացաւ վիպականացուած ժամանակագրութիւնն ու յուշագրութիւնը հայ յեղափոխական շարժման, որուն թէ՛ նուիրեալ մասնակիցներէն եղաւ, թէ՛ իբրեւ անմահ կտակ վիպական շունչով հետագայ սերունդներուն փոխանցողը դարձաւ ինք՝ հեղինակը։

Յեղափոխական իր ծածկանունն ու հետագային նաեւ գրչանունն էր Մալխասը, որ մկրտուած էր Արտաշէս Յովսէփեան անունով։ Ծնած էր 1877ին, Տրապիզոն։ Ուսումը ստացած էր Կարնոյ Սանասարեան վարժարանին մէջ, ուր եւ թրծուած էր դաշնակցականի իր աշխարհայեացքն ու նկարագիրը։ Ուսումը նոր աւարտած՝ հաստատուած էր Սամսոն քաղաքը, ուր ծանօթացած էր հայ յեղափոխական շարժման ու նորաստեղծ Դաշնակցութեան առաջին գործիչներէն Եգիպտացիին (նոյնպէս Տրապիզոնի զաւակ Արտաշէս Դեւեան) հետ, որուն ներշնչումով ալ երիտասարդ այդ տարիքին անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան։

Իր սերնդակիցներէն շատերու պէս Մալխաս եւս ստիպուեցաւ պանդխտութեան դիմել։ Եղբայրը արդէն պանդուխտ գացած էր Միացեալ Նահանգներ։ Մալխաս հետեւեցաւ եղբօր, քանի մը տարի մնաց Միացեալ Նահանգներ, ուր նոր հիմնուած Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Հայրենիք»ին կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ՝ ազգային¬հայրենասիրական յօդուածներով։

1900ականներու սկզբնաւորութեան վերադարձաւ Երկիր ու իբրեւ Դաշնակցութեան լիազօր գործիչ ուղարկուեցաւ յաջորդաբար Ուրմիոյ շրջանը եւ Վան։ Իրեն վստահուեցաւ Խոյի եւ Ս. Դաթէի վանքի զէնքերու փոխադրութեան եւ պահեստաւորման գործը։ Մաս կազմեց նաեւ Սասնոյ օգնութեան փութացող զինատար խումբերուն։

1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք հաստատուեցաւ իր ծննդավայրը՝ Տրապիզոն, ուր ձեռնարկեց Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Խարիսխ» թերթի հրատարակութեան։ Իսկ երբ պայթեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը, Մալխաս ամբողջապէս նետուեցաւ Տրապիզոնի հայութեան ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ։

Այնուհետեւ, Հայ Կամաւորական Շարժման միանալով՝ Մալխաս իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի անկախութեան կերտումի դիւցազնական ճակատամարտներուն։ Ընտրուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր եւ պատնէշի վրայ արթուն հսկողի իր նուիրումն ու գործունէութիւնը շարունակեց մինչեւ 1921ի Փետրուարեան ապստամբութիւնը եւ, ապա, Զանգեզուրի վրայով զանգուածային նահանջը դէպի Պարսկաստան։

Տարագրութեան մէջ եւս, աւելի քան քառասուն տարի, Մալխաս մնաց պատնէշի վրայ։ Վերջնականապէս հաստատուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր աշխոյժ եւ ղեկավար մասնակցութիւն ունեցաւ Դաշնակցութեան ինչպէս կազմակերպչական, նոյնպէս եւ երիտասարդ սերունդներու գաղափարական դաստիարակութեան աշխատանքներուն մէջ։

Կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ «Հայրենիք» ամսագրին։ Այդ շրջանին ամբողջացուց իր կոթողական գործը՝ «Զարթօնք»ը, ինչպէս նաեւ յուշագրական երկը՝ «Ապրումներ» խորագրով։
Մալխաս 85 տարեկան էր Դեկտեմբեր 1962ին, երբ հրապարակային ելոյթներու համար հրաւիրուեցաւ Պէյրութ։ Սրտի կաթուածը, սակայն, թոյլ չտուաւ, որ հայ ազգային¬ազատագրական այս մեծ նուիրեալն ու անզուգական յուշարարը ի կատար ածէ նաեւ իր վերջին առաքելութիւնը։ Տարուեցաւ Պէյրութի Սի.Էմ.Սի. հիւանդանոցը, ուր եւ առյաւէտ փակեց իր աչքերը՝ խոր սուգի մատնելով ողջ հայութիւնը, հայրենամերձ գօտիի հայօջախներէն մինչեւ անդր¬ովկիանոսեան ափերու մեր գաղութները։

Անկրկնելի Մալխասի մահուան յիսնամեակին առիթով կþարժէ նշել, որ յունահայութիւնը օրին տասնօրեայ սուգ հռչակեց՝ յարգելու համար հայոց սերունդներու ազգային¬գաղափարական ինքնա- ճանաչման ի խնդիր այնքան հիմնական եւ անփոխարինելի շունչ ու ոգի ներարկած Հայկական Ազատամարտի մեծ վկան։

Ն.
ԱԶԱՏ ՕՐ

Տպել Տպել