Խմբապետ Մուշեղ (1887-1956). Հայաստանի ազատագրման ու հայացման պայքարին յառաջամարտիկ դաշնակցականը

mousheg- Մարտ 19ի այս օրը, 56 տարի առաջ, Պէյրութի մէջ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի Ֆետայական Շարժման առասպելական հերոսներէն խմբապետ Մուշեղը, որուն ծննդեան 125ամեակը կը տօնենք այս տարի։

Դաշնակցական ֆետայիներու փաղանգին մէջ առանձնայատուկ իր պատուանդանը ունի Սասնոյ Խիանք գաւառի ծնունդ այս մեծագործ քաջը, որ աւազանի մկրտութեամբ կնքուած էր Մուշեղ Աւետիսեան անունով եւ որ հայոց յիշողութեան մէջ անմահացաւ իբրեւ Խմբապետ Մուշեղ։

1887ին ծնած՝ Մուշեղ կը պատկանէր Հայկական Ազատամարտի միջնաբերդ Տարօն Աշխարհը ըմբոստացման եւ պայքարի հանած անզուգական Ֆետայիներու երկրորդ սերունդին։ Մանուկ տարիքին ականատես դարձաւ 1894-1895ի Սասնոյ առաջին ապստամբութեան, իր կարգին կրեց հետեւանքները Համիտեան կոտորածներուն մահասփիւռ խորշակին եւ, Ս. Կարապետ վանքի ու Մշոյ վարժարաններուն մէջ յեղափոխաշունչ ուսումի տիրանալով, պատանի տարիքէն սնանեցաւ ու առաջնորդուեցաւ Սերոբ Աղբիւրներու եւ Հրայր Դժոխքներու, Անդրանիկներու եւ Գէորգ Չաւուշներու յանդգնութեան, արութեան եւ անձնազոհութեան օրինակով։

Սասնոյ երկրորդ եւ երրորդ ապստամբութեանց շրջանին, 1904ին եւ 1907ին, Մուշեղ արդէն անդամագրուած էր Դաշնակցութեան եւ աշխոյժ մասնակից էր ֆետայական կռիւներուն։ Երիտասարդ իր այդ տարիքէն Մուշեղ գրաւեց ուշադրութիւնը Ռուբէն Տէր-Մինասեանի, որուն այդ ժամանակաշրջանին վստահուած էր Տարօն Աշխարհի յեղափոխական կազմակերպումը։

1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Ռուբէնի յանձնարարութեամբ, Մուշեղ անցաւ Տիգրանակերտ եւ լծուեցաւ տեղւոյն հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռուանները կազմակերպելու գործին։ Դաշնակցութեան Զինուորի իր կերպարը այդպէ՛ս արմատաւորուեցաւ եւ ամրապնդուեցաւ։

Եւ երբ Իթթիհատական իշխանութեան առաջին տարիներուն ամէնուր խանդավառութիւն կը տիրէր ազատութեան, հաւասարութեան եւ արդարութեան խոստումներուն նկատմամբ, Մուշեղ ամբողջապէս նուիրուեցաւ Տարօնի հայութեան դիմադրական կորովը վառ պահելու, զէնքերը վար չդնելու եւ յոռեգոյնին՝ արիւնալի պատուհասին կազմակերպականօրէն պատրաստ գտնուելու տենդագին աշխատանքին, Ռուբէնի իսկ խրախուսանքով եւ յանձնարարութեամբ։

Այդ շրջանին էր, նաեւ, որ Հայկական Ազատամարտի առասպելատիպ քաջերէն Կորիւնի հետ, Մուշեղ անմիջական գործակիցը դարձաւ Սիմոն Զաւարեանի, որ իբրեւ կրթական հսկիչ եւ ուսուցիչ Պոլիսէն առաքուած էր գաւառները։ Այդ ճամբով էր, որ գաւառներու հայութիւնը եւ յատկապէս Տարօնի Աշխարհը թէ՛ հոգեմտաւոր, թէ՛ զինումի առումներով նախապատրաստուեցաւ Ցեղասպանին հետ օրհասական ճակատումին։

Եւ 1915ին, Տարօնի հայութեան վեցամսեայ հերոսամարտին ամբողջ տեւողութեան, Մուշեղ դարձաւ շրջանի զինուորական հրամանատարութեան գլխաւոր դէմքերէն մէկը՝ հնարաւորինս փրկելով Տարօնի հայութիւնը։ 1916էն 1917, իբրեւ Խնուսի ձիաւոր գումարտակի հրամանատար, Մուշեղ մնաց Սասնոյ լեռներուն վրայ եւ շարունակեց քրտական ու թրքական սանձարձակութեանց ենթակայ հայութեան բեկորները հաւաքելու եւ փրկելու Գործը։

1917ի ռուսական զօրքերու նահանջէն եւ Արեւմտահայաստանի պարպումէն ու մազապուրծ հայութեան Արեւելահայաստան գաղթէն ետք, սասունցի մարտիկներու իր ձիաւոր գունդին գլուխը կանգնած՝ Խմբապետ Մուշեղ վճռորոշ մասնակցութիւն բերաւ Հայաստանի անկախութեան կերտման Հերոսամարտներուն։ Իսկ 1918ի Մայիս 28ին հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տարին, զէնքի իր հին ընկերոջ՝ Փեթարայ Մանուկի հետ միասին, ապա անոր նահատակութենէն ետք առանձինն՝ Խմբապետ Մուշեղ պատմական նշանակութեամբ մեծ գործ կապեց իր անունին, Թալինի ամբողջ շրջանը թաթարներէն մաքրագործելով եւ հայացնելով՝ Սասունէն ու Մուշէն գաղթած հայութեամբ բնակեցնելով։

Խմբապետ Մուշեղի վերջին խոյանքը հանդիսացաւ 1921ի Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութեան յաղթանակը։ Սասունցի իր քաջագործ մարտիկներուն գլուխն անցած՝ Խմբապետ Մուշեղ եղաւ Փետրուար 18ի ըմբոստացման առաջին ազդանշանը տուող դաշնակցական գործիչներէն մէկը՝ Էջմիածինէն եւ Աշտարակէն վտարելով կարմիր ջոկատայիններն ու անոնց սուիններով իշխանութեան տիրացած հայ պոլշեւիկները։

Հայաստանի մէջ խորհրդային լուծի ամբողջական հաստատումէն ետք, Ատրպատական անցած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարութեան ու ապստամբ ժողովուրդին հետ, Խմբապետ Մուշեղ իր կարգին ցմրուր ճաշակեց տարագիր հայու ճակատագրին դառն բաժակը։ Որոշ ժամանակ ապրեցաւ Յունաստան, ապա՝ Հալէպ եւ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Պէյրութ, ուր եւ վախճանեցաւ 19 Մարտ 1956ին՝ սերունդներուն կտակելով Դաշնակցութեան Զինուորի եւ Քաջ Խմբապետի օրինակելի աւանդ մը։

Հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան համար մինչեւ վերջին շունչ բոլոր ուժերը , ի հարկին նաեւ կեանքը նուիրաբերելու միշտ պատրաստ Սասունցի Քաջը, Անվեհեր Ֆետային եւ Հաւատաւոր Դաշնակցականը իրենց անկորնչելի մարմնաւորումը գտան Խմբապետ Մուշեղի մէջ։

Իր ծննդեան 125ամեակին առիթով՝ Խմբապետ Մուշեղի նուիրուած ոգեկոչման այս էջը կ՛արժէ եզրափակել, Հայաստանի ազատագրման եւ հայացման պայքարի ծիրէն ներս, Թալինի բերդին ազատագրման մէջ յառաջամարտիկ այս դաշնակցականին ունեցած պատմակշիռ դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առնող եւ նոյնինքն Խմբապետ Մուշեղի յուշերէն քաղուած հետեւեալ պատառիկով.

– «… Ինչ որ ամէնէն մտահոգիչն էր, Երեւանի եւ Ալեքսանդրապոլի շրջաններուն մէջ լաւագոյն հողերու վրայ նստած էին թուրքն ու թաթարը, երբ անդին, ցուրտին եւ արեւին տակ հարիւր հազարաւոր հայեր ենթակայ էին ամէն տեսակ զրկանքներու եւ կը մահանային հարիւրներով ու հազարներով։

«Թալինի բերդը ռազմական բացառիկ նշանակութիւն ունէր մեր փոքր երկրին համար. Անիկա ոչ միայն կþիշխէր Էջմիածնի եւ Աշտարակի վրայ, այլ նաեւ տեւական սպառնալիք մըն էր Երեւանի համար: Հետագային, երբ Սարդարապատի կռիւները տեղի ունեցան, այն ատեն միայն հասկցուեցա մեր շարժման կարեւորութիւնը»։

Խմբապետ Մուշեղի եւ իր ղեկավարած սասունցի քաջամարտիկներու ձիաւոր գունդը ստացած էին Արամի համաձայնութիւնն ու օժանդակութիւնը եւ արագօրէն կը պատրաստուէին «պապենական այդ հողերը վերագրաւելու»։ Վերակազմեալ սասունցիների գունդը դասաւորուած էր 10 յիսունեակներով.

– «Գիտէինք այն դժուարութիւնները,- կը շարունակէ պատմել Խմբապետ Մուշեղ,¬ որոնց պիտի հանդիպէինք Թալինի բերդը գրաւելու համար: Ռուբէն մեզի տուած էր յարձակման ընդհանուր յատակագիծ մը…
«Յաջորդ օր բոլոր պատրաստութիւնները վերջացած էին: Իրիկունը ճամբայ պէտք էր իյնայինք, արշալոյսին հասնելու համար Ալագեազ:

«Մեր երեւումը տպաւորիչ դարձնելու համար, կռուող ուժերուն պիտի միանային քառապատիկ թիւով մարդիկ:
(Տարօնէն գաղթած ժողովուրդը կը հետեւէր սասունցիների ձիաւոր գունդին, որպէսզի այդ հոծ բազմութեան երեւումը հոգեբանական ճնշում գործադրէր Հայաստանի ու հայութեան դէմ թշնամաբար տրամադրուած թուրք ու թաթարին վրայ)։
«… Հեռադիտակով արդէն կը նշմարենք, որ թուրքերը հապճեպով դուրս կու գան բերդէն ու կը մտնեն բերդը շրջապատող երկար խրամներուն մէջ։ Մեր ուժերը բաժնած ենք երեք թեւի.¬ Ձիաւորներէն մաս մը, Մօրուք Կարապետի գլխաւորութեամբ, կþառաջանայ դէպի Թալինի հիւսիսը։ Փեթարայ Մանուկն ու Չոլոն, հարիւրէ աւելի կռուողներով, կը բռնեն հարաւի ուղղութիւնը։ Իսկ իմ ձիաւորներս կþառաջանան կեդրոնէն.

«… Թուրքական գնդացիրները… կը սկսին աշխատիլ։ Մեր զինուորներուն հրահանգած ենք ոչ մէկ գնով ձիերէն վար չիջնել եւ միահամուռ գրոհով մը յարձակիլ ուղղակի խրամներուն վրայ… Առաջին՝ թափով կատարուած այս խիզախումը կը շշմեցնէ թշնամին։ Մեր ուժերը արդէն խրամներուն մէջն են, իսկ թուրքերը արագ կերպով կը նահանջեն դէպի բերդը։ Անոնցմէ մաս մը խրամներուն մէջ սուինամարտի կը բռնուի մեր ուժերուն հետ։ Այժմ կը մնայ բերդը գրաւել։ Հիւսիսէն առաջացող Մօրուք Կարապետին ձիաւորները կը յաջողին հասնիլ բերդին առջեւ, անոնց օրինակին կը հետեւին նաեւ հարաւէն եւ կեդրոնէն յառաջացող մեր ուժերը։ Բերդի պատերուն տակ այլեւս թրքական գնդացիրները չեն կրնար մեզի վնաս հասցնել։

Մօրուք Կարապետը եւ Հզոն կը յաջողին խորտակել Թալինի բերդին երեք հսկայ դուռներէն մէկը։ Կանխաւ պատրաստուած գերաններն ու երկաթ ձողերը իրենց դերը կատարած էին։ Մեր ձիաւորները ներս կը խուժեն այդ դուռնէն։ Տղերքին հրահանգ էր տրուած՝ «թշնամիին հետ վարուիլ այնպէս, ինչպէս անիկա վարուած էր մեր ժողովուրդին հետ»։ Թուրքերը, ճարահատ, հիւսիսային դուռնէն կը դիմեն լեղապատառ փախուստի։ Մօրուք Կարապետին եւ իմ ձիաւորները կþանցնին անոնց հետապնդման։

«Իրիկուան դէմ ամբողջ Ալագեազը մաքրուած է թշնամիներէն: Ժողովուրդը հետզհետէ կը սկսի հասնիլ ու տեղաւորուիլ թշնամիին լքած գիւղերուն մէջ։ Թաթարներու լքած պաշարին ու անասուններուն բաշխումը կատարուեցաւ, արդար կերպով, գաղթականներուն միջեւ»։

Ի դէպ, Ալագեազի գիւղերու ազատագրման ու հայացման այդ փրկարար ու հերոսական քայլը ծանրագոյն յանցագործութիւն հռչակուեցաւ 1926 թուին, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, երբ պոլշեւիկները Երեւանի մէջ բեմադրեցին «Դաշնակցութեան Դատավարութիւնը»։ Իսկ ի պատասխան այդ մեղադրանքին, «Սասունցի պ. Սինոյեանը մէկ պարզ պատասխան կուտար դատաւորին.¬ «Տուն չունէինք բնակուելու եւ հաց չունէինք ուտելու: Թուրքերը Սասնոյ եւ Մշոյ մէջ գրաւած էին մեր տուները եւ նստած էին մեր հացին վրայ։ Մենք ալ քշեցինք այս տեղի թուրքերը՝ տուն եւ հաց ունենալու համար»։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել