«ՆԵՄԵՍԻՍ»ը՝ Պահանջատէր հայութեան պատասխանը Ապրիլ 24ին. Դաշնակցութեան ԿԱՄՔին ահաբեկիչ դարբինները

nemesis Մեծ Եղեռնի 97ամեակին նուիրուած յուշատետրի այսօրուան էջը իր լուսարձակները կը կեդրոնացնէ ԱՊՐԻԼ 24ին տրուած պահանջատէր հայութեան պատասխանին վրայ, որ Դաշնակցութեան ԿԱՄՔով կնքուեցաւ «ՆԵՄԵՍԻՍ» անունով եւ բարձրադիր տեղ գրաւեց հայոց նորագոյն պատմութեան լուսաշող նուաճումներու շարքին։

Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ծանրագոյն ոճիրին՝ Հայասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներու արդարահատոյց ահաբեկումներուն առանձին առիթներով անդրադարձ կատարուած է յուշատետրի էջերէն։ Այսօրուան էջով կը ներկայացուի ամփոփումը «Նեմեսիս»ին, որ Սիմոն Վրացեանի դիպուկ բնութագրումով եղաւ «Հայկական Նիւրեմպէրկ»ը։

«Նիւրեմպէրկ»ը Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտին կազմուած միջազգային այն դատարանն էր, որ հրեաներու դէմ Գերմանիոյ նացիական պետութեան գործադրած Ողջակիզման ցեղասպանական ոճիրին գլխաւոր պատասխանատուները դատաստանի ենթարկեց եւ, ատենի մեծ պետութեանց օրհնութեամբ, մահապատիժի դատապարտեց յանցագործները։

«Նիւրեմպէրկ»ը միջազգային արդարադատութեան հաշւոյն աննախընթաց նուաճում մը եղաւ, որ Ցեղասպանութիւնը իրաւականօրէն հռչակեց ոչ միայն զոհին, այլեւ ամբողջ մարդկութեան դէմ գործուած ծանրագոյն յանցագործութիւն ու խստօրէն պատժելի ոճիր։

Բայց եթէ «Նիւրեմպէրկ»էն երեսուն տարի առաջ կազմուած ըլլար միջազգային նման դատարան մը, որ նաեւ վայելէր օրհնութիւնը ատենի մեծ պետութեանց, վստահաբար Ատոլֆ Հիթլեր ցեղասպանական նման քայլի պիտի դիմէր՝ «Այսօր ո՞վ կը յիշէ հայերու ցեղասպանութիւն»ը յայտարարելով, իսկ հրեայ ժողովուրդին ու ողջ մարդկութեան պիտի խնայուէր կրկնութիւնը 1915ին հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան։

Դաժան ճշմարտութիւնը այն է, որ Առաջին Աշխարհամարտէն յաղթական դուրս եկած Դաշնակից մեծ պետութիւնները, հակառակ որ պատերազմի օրերուն լիովին տեղեկացուած էին իթթիհատական պարագլուխներու ձեռնարկած հայասպանութեան, նաեւ՝ հակառակ որ Պոլսոյ մէջ գործող իրենց դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն միջոցաւ ազդարարած էին թուրք գլխաւոր ջարդարարներուն, թէ անձնապէս պիտի պատժուէին եւ խստագոյն ձեւով, այսուհանդերձ՝ պատերազմի աւարտին միայն ձեւականօրէն զինուորական դատաստանի արժանացուցին իթթիհատական մեծ յանցագործները։ Թէեւ ջարդարարները ի բացակայութեան մահապատիժի դատապարտուեցան, բայց Դաշնակիցները տրուած դատավճիռները գործադրելու ոչ մէկ փորձ կատարեցին, արդարահատուցման ո՛չ կամք եւ ոչ ալ ուժ ցուցաբերեցին։

Այդպէ՛ս, Առաջին Աշխարհամարտը հազիւ աւարտած, երբ ծանր պարտութիւն կրած թրքական պետութիւնը անձնատուր ըլլալու պայմանագիր ստորագրեց 1918 թուականի Հոկտեմբեր 30ին, իթթիհատական կառավարութեան ու կուսակցութեան պարագլուխները գերմանական սուզանաւով Պոլիսէն փախուստ տուին եւ ապաստանեցան Գերմանիա: Անմիջապէս Դաշնակիցները Պոլսոյ զինուորական ատեանէն պահանջեցին դատաստանի ենթարկել յանցագործները, իսկ Թուրքիոյ 1918 թուականի Դեկտեմբեր 16ի հրամանագրով «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կառավարող կուսակցութեան ու երկրի կառավարութեան պարագլուխներ Թալէաթը, Էնվերը, Ճեմալը, Պեհաէտտին Շաքիրը եւ միւսները մեղադրուեցան Թուրքիան պատերազմի մէջ ներքաշելու, հայերու տեղահանութիւնն ու ցեղասպանութիւնը կազմակերպելու համար եւ, առ այդ, հեռակայ կարգով դատապարտուեցան մահուան:
Բայց այդ դատավճիռը գործադրելու փորձ երբեք չկատարուեցաւ թրքական դատարանին կամ անոր կազմութիւնը պարտադրած Դաշնակիցներուն կողմէ։

Հայ ժողովուրդի մազապուրծ փրկուած զաւակներուն վրայ մնաց պատասխանատուութիւնը Ցեղասպաններու պատժումին՝ նոյնինքն թրքական ատեանի արձակած մահապատիժի վճռին գործադրութեան։
Եւ պահանջատէր հայութիւնը իր ձեռքերով իրագործեց արդարահատուցման «Հայկական Նիւրեմպէրկ»ը, որուն տրուեցաւ «Նեմեսիս» անունը։

Յունական դիցաբանութեան Վրէժի չաստուածուհիին՝ Նեմեսիսի անունով կնքուեցաւ Ապրիլ 24ին տրուած հայկական պատասխանը, որովհետեւ այդպէ՛ս որոշեց 27 Սեպտեմբեր 1919ին Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. Իններորդ Ընդհանուր Ժողովը՝ ստանձնելով թուրք հայասպաններու արդար մահապատիժի դատավճռին գործադրութիւնը։

«Նեմիսիս»ի ցանկին վրայ առնուեցան նաեւ մուսաւաթական այն պետական պատասխանատուները, որոնք Իթթիհատի մեղսակիցները դարձան՝ Պաքուի եւ Շուշիի հայութիւնը տասնեակ հազարներով կոտորածի ենթարկելով 1918ի Սեպտեմբերին։

Հ.Յ.Դ. Իններորդ Ընդհանուր Ժողովի արձանագրութեանց մէջ, ըստ աւանդութեան, կիտաւոր պահուած է «Նեմեսիս»ի որոշումին արձանագրութիւնը, իսկ Դաշնակցութիւնը մինչեւ 1970ականները ամէն պատճառ ունէր գաղտնի պահելու թուրք ջարդարարներու ահաբեկման իր գործունէութիւնը՝ թէ՛ տակաւին ապրող դաշնակցական գործիչները ամէն կարգի հետապնդումներէ զերծ պահելու, թէ՛ Հայ Դատի ուժական պայքարին մերօրեայ զարթօնքը որեւէ վտանգի չենթարկելու նկատառումներով։

Ամբողջ տասնամեակներ մեր ժողովուրդը «Նեմեսիս»ի մասին տեղեկացաւ նոյնինքն բացայայտուած Ահաբեկիչներէն՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի, Արամ Երկանեանի, Արշաւիր Շիրակեանի, Միսաք Թոռլաքեանի, Ստեփան Ծաղիկեանի եւ անոնց ընկերներու յուշերէն։ Տեղեկացաւ նաեւ «Նեմեսիս»ը գործադրելու կոչուած Հ.Յ.Դ. Պատասխանատու Մարմնի անդամներ Արմէն Գարոյի, Շահան Նաթալիի, Շահան Սաչաքլեանի, Հրաչ Փափազեանի, Գրիգոր Մերճանոֆի, Երուանդ Ֆնտըգեանի, Յարութիւն Յարութիւնեանի եւ միւս ղեկավար գործիչներու հրատարակած յուշերէն թէ Հ.Յ.Դ. արխիւին մէջ պահուած նամակներէն ու զեկոյցներէն պատառիկներու հրապարակումէն։

Մինչեւ 1924ի Հ.Յ.Դ. Տասերորդ Ընդհանուր Ժողովը երկարած Դաշնակցութեան պատմութեան նուիրուած իր գիտական աշխատութեան մէջ, Հրաչ Տասնապետեան ի վերջոյ որոշակի ճշգրտութիւն եւ արխիւային յստակացում մտցուց «Նեմեսիս»ի որոշումին, ծրագրումին եւ գործադրութեան մասին։ Եւ բոլոր անոնք, որոնք հակադաշնակցական գրականութենէ ներշնչուած քարոզչութեան տակ իյնալով՝ «Նեմեսիս»ը զուտ անձնական եւ շահան-նաթալիական նախաձեռնութիւն համարելու սխալ տպաւորութեան տակ կը գտնուին, անպայման պէտք է ծանօթանան Հ. Տասնապետեանի փոխանցած արխիւային տեղեկութեանց, որպէսզի ստոյգ պատկերացում կազմեն մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն լուսաւոր այս էջին մասին։

Ապրիլ 24 է դարձեալ եւ հայ ժողովուրդի Գողգոթայէն 97 տարի ետք վերանորոգե՛նք աւելի քան մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներուն Սրբազան Կտակը՝ հայասպան թրքական պետութիւնը քաղաքական արդար հատուցում կատարելու պարտաւորութեան տակ դնելու պահանջատէր հայութեան Համազգային Ուխտը։
Այդ կը պատգամեն բոլորիս՝ Դաշնակցութեան ԿԱՄՔին ահաբեկիչ դարբինները, որոնք «ՆԵՄԵՍԻՍ»ի իրագործումով մարմնաւորեցին պահանջատէր հայութեան հաւաքական պատասխանը ԱՊՐԻԼ 24ին՝
Որպէսզի մեր սերունդները բնաւ մտահան չընեն դէմքերը Հայասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներուն եւ զանոնք «Հայկական Նիւրեմպէրկ»ի դատաստանին ենթարկած հայ ազգային հերոսներուն։

– 19 Յունիս 1920ին, Թիֆլիսի մէջ, Արամ Երկանեան ահաբեկեց Շուշիի հայութեան դէմ գործուած ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն՝ Ֆաթալի խան Խոյսկին, որ մուսաւաթական կառավարութեան վարչապետը եղած էր։

– 15 Մարտ 1921ին, Պերլինի մէջ, Սողոմոն Թեհլիրեան գետին փռեց Թուրքիոյ երբեմնի ներքին գործոց նախարար եւ Մեծ Եղեռնի գլխաւոր պատասխանատու Թալէաթ փաշան, որ հայերու տեղահանութիւնն ու սպանդը հրահանգելով յոխորտացած էր, թէ մէկ հատիկ հայ իսկ, թանգարանային նմոյշի համար, ողջ պիտի չձգէ…

– 18 Յուլիս 1921ին, Կ. Պոլսոյ մէջ, Միսաք Թոռլաքեան ահաբեկեց մուսաւաթական Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարար Պեհպուտ խան Ճիւանշիրը, որ եղած էր Պաքուի հայութեան կոտորածին գլխաւոր պատասխանատուն։
– 5 Դեկտեմբեր 1921ին, Հռոմի մէջ, իթթիհատական կառավարութեան վարչապետ Սայիտ Հալիմ փաշան ահաբեկուեցաւ Արշաւիր Շիրակեանի ձեռքով։

– 17 Ապրիլ 1922ին, Պերլինի մէջ, Արամ Երկանեան եւ Արշաւիր Շիրակեան ահաբեկեցին բժիշկ Պեհաէտտին Շաքիրն ու Տրապիզոնի կուսակալ Ճեմալ Ազմին։ Պ. Շաքիր Հայասպանութեան ծրագրի մշակման գլխաւոր պատասխանատուն եղած էր իթթիհատական եռապետութեան մէջ, իսկ Ճ. Ազմին ջրամոյն ըրած էր հազարաւոր հայ մանուկներ՝ Տրապիզոնի ծովուն բացերը։

– 25 Յուլիս 1922ին, Թիֆլիսի մէջ, ամենազօր նկատուած խորհրդային չեկայի աչքերուն առջեւ, Ստեփան Ծաղիկեան եւ իր երկու գործակիցները՝ Պետրոս Տէր-Պօղոսեան եւ Արտաշէս Գէորգեան զգետնեցին տխրահռչակ Ճեմալ փաշան, որ գլխաւոր պատասխանատուն եղած էր տեղահանուած հայութիւնը «մահուան կարաւաններով» բնաջնջելու ճիւաղային ծրագրին։

Թէեւ «Նեմեսիս»ի հարուածող բազուկին կապուած գործողութիւն մը չէր, բայց անպայման թուրք հայասպաններու ահաբեկման ցուցակին վրայ պէտք է յիշատակել նաեւ Իթթիհատի պատերազմական նախարար Էնվեր փաշայի սպանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Օգոստոս 1922ին, Տաճիկստանի մէջ, Կարմիր Բանակի հայ սպաներէն Յակոբ Մելքումովի ձեռամբ։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել