Աշոտ-Երկաթ (Արմենակ Լեւոնեան, 1870-1904). Դաշնակցական ֆետային եւ գաղափարի մարտիկը, որ Խոջալլու ձորակի կռուին զոհուեցաւ

ashod-yergat_ Յունիս 21ի այս օրը, 1904 թուականին, հայոց հինաւուրց քաղաք Արճէշի մերձակայքը, քիւրտերու կողմէ Խոջալլու անուանուած ձորակի մը մէջ, շուրջ երեսուն հոգիէ բաղկացած դաշնակցական ֆետայիներու զինատար խումբ մը կենաց-մահու կռիւ մղեց հարիւրաւոր զինեալ քիւրտերու դէմ։

Իգդիրէն ճամբայ ելած ու ռուսեւթրքական սահմանը հատելով Սասուն ուղղուող ֆետայիներուն խմբապետը Աշոտ-Երկաթն էր, որ պարտականութիւնը ունէր իր խումբին հետ մեծաքանակ զէնք, զինամթերք եւ դրամ հասցնելու Սասնոյ մէջ համաժողովրդային ապստամբութիւնը նախապատրաստող Հրայր-Դժոխքի եւ Վահանի։
Արճէշը պատմական հայկական քաղաք մըն էր Մեծ Հայքի Տուրուբերան նահանգի Աղիովիտ գաւառին մէջ, Վանայ լիճի հիւսիսային ափին: Ինչպէս որ օրին Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը ընդգծած է Արճէշի կռուին նուիրուած իր թըղթակցութեան մէջ, ֆետայիներու խումբը հանգիստի պէտք ունէր, բայց չէր ուզած գիշերել Արճէշի հայկական գիւղերէն որեւէ մէկուն մէջ, որպէսզի սահմանը կտրող հայ ֆետայիներու պատուհասը դարձած թալանող քիւրտերու կողմէ նկատուելու պարագային, ամբողջ գիւղը թիրախ չդառնար քիւրտերու եւ թրքական կառավարութեան ջարդարար ախորժակներուն։

Աշոտ¬Երկաթ Խոջալլու ձորակին մէջ գտնուող քարայր մը ընտրած էր իբրեւ հանգիստի եւ գիշերելու վայր։ Տեղաւորուելէ ետք, խմբապետը երեք ֆետայիներ (Քլեցի Պօղոսը եւ երկու Ապրոներ) առանց զէնքերու ուղարկած էր մերձակայ հայկական գիւղերը, որպէսզի սնունդ բերեն ուժասպառ խումբին։ Բայց ֆետայիները, սնունդ ապահովելէ ետք, վերադարձի ճամբուն վրայ ինկած էին քիւրտ թալանողներու ձեռքը, որոնք անդրադառնալով թէ հայ երիտասարդները պատահական անցորդներ չէին, այլ ֆետայիներ, Քլեցի Պօղոսին տեղւոյն վրայ դաշոյնով կը մորթեն, Ապրոներէն մէկը կը ձերբակալեն, իսկ երրորդը կը յաջողի փախուստ տալ եւ վերադառնալ քարայր։
Քիւրտերը կը հալածեն եւ կը պաշարեն ֆետայիներու թագստոցը։ Մութը հազիւ բացուած խմբապետը կը դասաւորէ, որ խումբը կռիւ մղելով ճեղքէ պաշարման շղթան եւ շարունակէ ճամբան։ Այդպէս ալ կ’ըլլայ։ Իսկ ինք՝ խմբապետը երկու ընկերներով կը մնայ քարայրին մէջ, ուր փոխադրուած պայթուցիկներուն մէկ մասը վար դրած էր, որպէսզի քիւրտերու ներշուժման պարագային պայթեցնէ ռումբերը։

Արճէշի մերձակայ Խոջալլու ձորակի քարայրին պայթումը պատճառ դարձաւ աւելի քան 30 քիւրտ զինեալներու մահուան, իսկ Աշոտ-Երկաթ, երբ կռիւ մղելով կþուզէր հասնիլ արդէն պաշարումը ֆեղքած ու ազատած իր խումբին, փամփուշտ կը ստանայ եւ կը գլորի ձորը։

Անթաղ նահատակի ճակատագրին արժանացած Աշոտ-Երկաթը աւազանի անունով Արմենակ Լեւոնեան էր։ Ծնած էր 1870ին, Բաղէշի Ծղակ գիւղը։ Ուսումնատենչ երիտասարդ՝ պանդուխտ գացած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր միացած էր Հ.Յ.Դ. շարքերուն եւ շրջանի մը համար աշխատակցած էր նոր հիմնուած «Հայրենիք» օրաթերթին։

Դէպի Երկիր կոչին առաջին ընդառաջողներէն եղաւ Աշոտ-Երկաթ։ 1903ին մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Երրորդ Ընդհանուր Ժողովին Սոֆիա (Պուլկարիա)։ Այնուհետեւ անցաւ Սասուն եւ գործակիցը դարձաւ Հրայր-Դժոխքի ու Վահանի։

Զինատար խումբերու եւ զէնքերու փոխադրութեան գործին նուիրեց իր կեանքը եւ 1904ի Յունիսին, երբ դարձեալ կը կտրէր սահմանը դէպի Երկիր՝ Յունիս 21ի այս օրը, Արճէշի մերձակայ Խոջալլու ձորակի կռուին, զէն ի ձեռին ինկաւ ազատութեան արիւնոտ ճանապարհին։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել