Սեբաստացի Մուրատ (1874¬1918). Հայկական Ազատամարտի դիւցազնական դէմքը

sebasdatsi Օգոստոսի այս օրերուն, 94 տարի առաջ, Պաքուի հայութիւնը կենաց¬մահու կռիւ կը մղէր հակահայ մոլուցքով տարուած մուսաւաթական թաթարներուն եւ Անդրկովկասի նաւթային մայրաքաղաքը գրաւելու արշաւանքին ձեռնարկած թրքական զօրքերուն դէմ։

Թէեւ Օգոստոս 1918ին Առաջին Աշխարհամարտը մօտեցած էր իր աւարտին, բայց Պաքուի նաւթահորերուն տիրանալու համար կատաղի ու վերջին պայքար մը կը մղուէր մէկ կողմէ թուրք¬գերման զինակիցներուն, իսկ միւս կողմէ ռուս¬անգլիացի դաշնակիցներուն միջեւ։

1917ի Հոկտեմբերին պոլշեւիկներու իշխանութեան գլուխ գալով եւ ռուսական զօրքին ուղղուած Լենինի տուն¬դարձի կոչով՝ ռուսեւթրքական ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին ծայր առած էր ռուսական բանակին կազմալուծումը. ամէնուր ռուս զօրքի դասալքութիւն ու նահանջ էր՝ պատճառ դառնալով, որ Հայ Կամաւորական Գունդերն ու ռուսական բանակի հայ սպաներն ու զինուորները առանձին մնան թրքական զօրքերուն եւ անոնց միացած թուրք¬թաթար զինեալներուն դէմ, Նախիջեւանէն մինչեւ Պաքու։

Փետրուար 1918էն սկսեալ, ռուս¬թրքական ռազմաճակատի կազմալուծումէն օգտուելով՝ Նուրի փաշայի թրքական զօրաբանակը ամէն գնով կþարշաւէր դէպի Պաքու, գերման իր զինակիցին նաւթով ապահովելու ռազմավարական պատրուակով համաթրքութեան երազը իրականացնելու համար։ Պաքուի մուսաւաթականները, իրենց թուրք «եղբայրներ»ուն դիմաւորելու նպատակով, ոտքի հանած էին թուրք¬թաթար բնակչութիւնը՝ խուժանը զինելով եւ զայն յատկապէս հայերու վրայ սպանդի ու թալանի յարձակման մղելով։

Հակադարձաբար՝ ռազմավարական աննախադէպ զինակցութիւն կնքուած էր Պաքուի հայութեան քաղաքական ուժերուն միջեւ։ Ազգային Խորհուրդը՝ Դաշնակցութեան գլխաւորութեամբ եւ ռուս սոցիալիստ¬յեղափոխականներուն մաս կազմող հայ գործիչներու աջակցութեամբ, միացեալ ճակատ կազմած էր հայ¬ռուս¬թուրք պոլշեւիկներու հետ, որոնց ղեկավարն էր Ստեփան Շահումեան։ Այդպէ՛ս, ռուսական բանակի եւ կարմիր ջոկատայիններու հետ կռուի դաշտ իջած էին դաշնակցական խումբերը։ Ստեղծուած էր ընդհանուր հրամանատարութիւն՝ ռուսական բանակի գնդապետ Աւետիսեանի ղեկավարութեամբ եւ հայդուկապետ Համազասպի փոխ¬հրամանատարութեամբ։

Առանձին անդրադարձի արժանի է 1918ի Պաքուի հայութեան հերոսամարտին պատմութիւնը՝ իր դրական նուաճումներով եւ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի դասալքութեան հետեւանք անփառունակ վախճանով։

Յուլիս 30ին Շահումեան եւ պոլշեւիկները փախուստի դիմեցին, իսկ Պաքուի Ազգային Խորհուրդը՝ Ռոստոմի ու Աբրահամ Գիւլխանդանեանի ղեկավարութեամբ, ինքնապաշտպանութեան օրհասական կռիւը մղելու պատմական որոշումը տուաւ։ Անշուշտ հայոց դիմադրականութեան օգնեց նաեւ Պարսկաստանէն ստացուած անգլիական զօրքի հրամանատարութեան օգնութեան հասնելու խոստումը բերող ռատիօ¬հեռագիրը։ Բայց առանց այդ յոյսին ալ, հայութիւնը տարբեր ելք չունէր։ Թուրքը կու գար ամբողջացնելու իր սկսած ցեղասպանական ոճիրը եւ հայը իր սեփական բազուկով պիտի պաշտպանուէր…

Ահա՛ այդ օրհասական պահուն Պաքուի հայութեան՝ գնդապետ Աւետիսեանի եւ Համազասպի տասը հազարնոց հայկական զօրքին օգնութեան հասան, Ռոստոմի պահանջին ընդառաջելով, դաշնակցական ֆետայիի հերոսական ուղի նուաճած Սեպուհն ու Սեբաստացի Մուրատը իրենց խումբերով։

Եւ Յուլիս 31էն մինչեւ Օգոստոս 5 ահեղ կռիւներ մղուեցան Պաքուի մէջ Նուրի փաշայի աւելի քան 20 հազար զինուոր եւ հազարաւոր մուսաւաթական զինեալ հաշուող զօրքի խուժման դէմ։ Ռազմական գերակշռութիւնը թրքական կողմին կը պատկանէր, անգլիական զօրքը կþուշանար, բայց Պաքուի պաշարուած հայութիւնն ու հայկական զօրքը անտեղիտալիօրէն կը պայքարէին…

Եւ 4 Օգոստոսին, երբ թրքական զօրքերը ուժեղ յարձակողականով մը վերջին ու մահացու հարուած մը կը փորձէին հասցնել հայկական ուժերուն, դիւցազնական խոյանքներու անզուգական հերոսը՝ Մուրատ կացութիւնը փրկեց։ Իր գլխաւորած ուժերով՝ Մուրատ յաջողեցաւ ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող բլուր մը գրաւել եւ, թրքական զօրքերը երկուքի բաժնելով, ընդհանուր խուճապի մատնեց զանոնք եւ ստիպեց փախուստի դիմել։
Յաղթական այդ ճակատամարտին կերտիչն ու նահատակը եղաւ, միաժամանակ, Սեբաստացի Մուրատ, որ Սասնոյ լեռներուն, Վասպուրականի տարածքին եւ Սեբաստիոյ մէջ ընդ հուր եւ ընդ արիւն երկար ճամբայ կտրելէ ետք՝ առյաւէտ փակեց աչքերը Պաքուի մէջ։

Առասպելական տիպար էր Մուրատ՝ քաջ եւ ուժեղ ու յանդուգն ֆետայի, որ իրաւամբ մարմնաւորեց Հայկական Ազատամարտի դիւցազնական դէմքը։ Ծնած էր Սեբաստիոյ Կովտուն գիւղը, 1874ին, հայ բոշայական ընտանիքի մէջ։ Ինչպէս հայ բոշայական ծագում ունեցող Կոմսն (Վահան Փափազեան) ու գրող Վրթանէս Փափազեանը, Սեբաստացի Մուրատ եւս ամբողջական հայու իր կերպարը ստեղծեց եւ հայ ժողովուրդի յաւերժական հերոսներու փաղանգին մէջ արժանաւոր դիրք գրաւեց։

Իր գիւղի դպրոցին մէջ աշակերտական կեանքին երկար չդիմացաւ։ Իր ըմբոստ ու ազատութիւնը սիրող նկարագրով՝ հազիւ պատանի, հեռացաւ դպրոցական կեանքէն ու խաշնարածութեան նուիրուեցաւ։ Լեռներու սիրահար եւ վարպետ որսորդ՝ Մուրատի կեանքը կտրուկ փոխուեցաւ, երբ հովիւ եղած ատեն պատահական թուրքեր յարձակեցան վրան՝ զինք սպաննելու եւ հօտը գողնալու համար։ Մուրատ սպաննեց յարձակող թուրքերէն մէկը եւ միւսներուն փախուստի մատնեց։ Ոստիկանութիւնը չկրցաւ Մուրատին ձերբակալել, բայց փոխարէնը՝ հօրը բանտարկեց եւ Մուրատ ստիպուեցաւ յանձնուիլ, որպէսզի փրկէ հօրը։ Բանտարկուեցաւ, բայց կարճ՝ քանի մը ամիս տեւեց բանտարկութիւնը, որովհետեւ անչափահաս էր։ Ազատ արձակուեցաւ, բայց հեռացուեցաւ Սեբաստիայէն։

Մուրատ անցաւ Պոլիս, ուր Պոմոնթիի գործարանին մէջ բեռնակրութիւն ըրաւ եւ երեկոները դպրոց յաճախեց՝ տարրական ուսման եւ գրագիտութեան տիրանալու համար։ Նոյն շրջանին անդամակցեցաւ Հնչակեան կուսակցութեան, որուն կողմէ նախաձեռնուած Աչըքեան պատրիարքին դէմ ցոյցին մասնակցած ըլլալու մեղադրանքով Մուրատ դարձեալ ձերբակալուեցաւ։ Այս անգամ եւրոպական միջամտութեանց շնորհիւ աքսորուեցաւ Պոլիսէն՝ իր ընկերներով։ Անցաւ Եգիպտոս ու Յունաստան։ Բայց արդէն չէր կրնար Երկրէն հեռու մնալ։ Գնաց Թիֆլիս, ուր նորակազմ Դաշնակցութիւնը ի մի կը խմբէր գաղափարապաշտ հայ երիտասարդները՝ Դէպի Երկիր խումբեր կազմելով։ Մուրատ անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան եւ վեց օր ոտքով ճամբայ կտրելով հասաւ Կարս, ուրկէ առաջին առիթով իսկ, զինատար խումբի միանալով, մտաւ Երկիր՝ Բասէնի դաշտով Սասուն անցնելու համար։ 1903 թուականն էր. Մուրատի տարիներու երազը իրականացաւ եւ ան, Թորգոմի սահմանը կտրող առաջին խումբին հետ, իբրեւ պարզ զինուոր, մտաւ երկիր։

Մուշ եւ Սասուն, Հրայր Դժոխքի եւ Գէորգ Չաւուշի կողքին, Սեբաստացի Մուրատ ոչ միայն կրակէ մկրտութիւն ստացաւ, այլեւ՝ իր բնատուր ֆիզիքական ուժով, մարտիկի խիզախութեամբ եւ դիւցազնական նկարագրով անմիջապէս գրաւեց բոլորին ուշադրութիւնը։ Կարգուեցաւ խմբապետ եւ 1904ի գարնան, երբ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան հրամանատարական կազմը կþորոշուէր, Մուրատի առաջարկուեցաւ ընդհանուր հրամանատարի պատասխանատուութիւնը։ Բայց Մուրատ կտրականապէս մերժեց եւ պնդեց, որ Անդրանիկն է այդ պաշտօնին արժանաւոր տէրը։ Եւ այսօր արդէն պատմական դարձած է այդ առթիւ Մուրատի արտասանած խօսքը, թէ՝ «Անդրանիկն է այդ առաջնորդը եւ եթէ անգամ նա մեռած լինի, իր դիակը մեր դրօշակին հետ պէտք է տարուի մեր առջեւէն.¬ դէպի կռիւ ու ազատութիւն»։

Մուրատի անուան շուրջ առասպելներ շատ հիւսուեցան Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան շրջանին՝ իր քաջագործութիւններուն բերումով։ Յատկապէս հռչակ ստացաւ Մուրատի հերոսական գործունէութիւնը՝ 1904ի ամրան, Սասնոյ ապստամբութեան աւարտէն եւ Աղթամար կղզի հաւաքուած ֆետայիներու նշանաւոր ժողովէն ետք, երբ թրքական զօրքերու պաշարման շղթան ճեղքեց, թրքական նաւ մը գրաւեց եւ իրեն հետեւող ժողովուրդն ու ֆետայիները ապահով Պարսկաստան հասցուց։ Այդ առիթով, Ս. Թադէի վանքի պատերուն, ֆետայիներու յատուկ արձանագրութիւն ձգելու սովորութեամբ, Սեբաստացի Մուրատ իր կարգին փորագրեց հետեւեալը.
¬«Անցանք մենք ընդ հուր եւ ընդ ջուր, իսկ ես կþաւելցնեմ նաեւ ընդ արիւն եւ նորէն կþերթանք դէպի հուր եւ արիւն»։

Այդպէ՛ս հունաւորուեցաւ Մուրատի ողջ կեանքը։ Վերադարձաւ Սասուն, մասնակցեցաւ 1907ի հերոսական կռիւներուն։ Դարձեալ բռնեց Պարսկաստանի ճամբան եւ երբ 1908ին հռչակուեցաւ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը, Մուրատ երկար ժամանակի համար վերադարձաւ Սեբաստիա։ Բնաւ չհաւատաց Սահմանադրութեան եւ տենդագին շարունակեց ժողովուրդի զինման եւ երիտասարդներու պատրաստութեան գործը։ 1910ին, իր ընկերներու եւ շրջապատի ճնշման տակ, ամուսնացաւ՝ Դանիէլ Վարուժանի կնքահայրութեամբ, որ Մուրատի պաշտողներէն էր եւ անոր նուիրած է իր հանրածանօթ քերթուածներէն «Բեգաս»ը։

Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէին, երբ Իթթիհատական ոճրապետութիւնը ձեռնարկեց հայերու զինուորագրումին, Մուրատ ըմբոստացողներէն մէկը եղաւ՝ իր զինակցներով քաշուելով լեռները, որպէսզի ապստամբ հայերը հալածելու պատրուակ չտայ թուրքերուն։ Լեռներու վրայ Մուրատ դարձաւ հայկական գիւղերու պահապան հրեշտակը՝ թուրք եւ քիւրտ ասպատակողներու դէմ։ Իսկ երբ թրքական ճնշումը սաստկացաւ եւ տարագրութիւնն ու ջարդերը համատարած բնոյթ ստացան, Մուրատ ապրեցաւ իր կեանքին մեծագոյն ոդիսականը։ Հարիւրաւոր գաղթական ժողովուրդի եւ զինեալ երիտասարդութեաան գլուխն անցած՝ Մուրատ դժուարին ճամբորդութիւն մը կատարեց, թուրքերու կողմէ բռնագրաւուած առագաստանաւով, դէպի Պաթում. Մուրատի ոդիսականին պատմականը եւ արժեւորումը այնքան հարազատօրէն ու առասպելական շունչով կատարած է Զապէլ Եսայեան։

Կովկաս հասնելով՝ Մուրատ ամբողջապէս նուիրուեցաւ Կամաւորական շարժման։ Ռազմաճակատներու վրայ, հերոսական իր խոյանքներով, միշտ կացութիւններ փրկեց։ Եւ Արեւմտահայաստան մտնող ռուսական զօրքերուն ու հայ կամաւորներուն հետ՝ Սեբաստացի Մուրատ եւ Կայծակ Առաքել պատմական տարողութեամբ փրկարար գործ կատարեցին, երբ Հայկական Բարձրաւանդակի տարածքին ցիրուցան եղած եւ քրտական ցեղախումբեր ինկած հայ բեկորներու ազգահաւաքին ձեռնարկեցին։ «Մէկ հայ, մէկ ոսկի» կարգախօսով՝ անոնք Կովկասէն նուիրահաւաք կատարեցին եւ հայ բեկորները… «գնեցին» քիւրտերէն։

Ռուսական զօրքի նահանջէն եւ, այնուհետեւ, լենինեան տխրահռչակ «տուն¬դարձ»ի կոչէն ետք, Մուրատ եւ Սեպուհ, որոնք Սասնոյ կռիւներու օրերէն անբաժան դարձած եւ եղբայրացած էին, փութացին հոն, ուր հայութեան վտանգ կը սպառնար։

Այդ ճամբով ալ անոնք՝ Սեպուհ եւ Մուրատ երկուքով, 1918ին, յայտնուեցան Պաքու. մեծ ոգեւորութիւն առաջացուցին իրենց երկարամեայ ընկերոջ՝ Համազասպի հրամանատարութեան տակ կռուող հայ քաջորդիներու շարքերուն մէջ։

Բայց ճակատագիրը դասաւորած էր այնպէս, որ Պաքուի հայոց հերոսամարտը դառնայ հայ ազգային¬ազատագրական շարժման դիւցազնական այս հերոսին՝ առասպելատիպ Սեբաստացի Մուրատին վերջին խոյանքին ժամադրավայրը։
4 Օգոստոս 1918ին նահատակուեցաւ Մուրատ՝ պատրաստելով յաջորդ օրուան, 5 Օգոստոս 1918ի Պաքուի հայութեան յաղթանակը Նուրի փաշայի թրքական զօրքերուն դէմ։

Եւ հերոսի փառքով հողին յանձնուեցաւ հայրենի մեր հողին ինքնատիպ ծնունդ այս դիւցազնը, որուն յիշատակին Աւետիս Ահարոնեան տարիներ ետք պիտի վկայէր՝

«Ես չեմ յիշում մեր յեղափոխական մարտիկներից մէկին, որ այնքան խորունկ ու ամբողջական տպաւորութիւն թողած լինի վրաս, որքան Սեբաստացի Մուրատը։

«Այս վայրկեանիս իսկ, երբ գրում եմ այս տողերը, Մուրատը աչքիս առջեւն է՝ իր բրոնզէ, ձուլածոյ կազմուածքով, իր խորը, անհանգիստ, կրակ աչքերով, այդ թաւ ու թանձր յօնքերով, առնական պարանոցի վրայ մի զարմանալի գլուխ, որ համակ ուժ էր եւ շիտակութիւն։ Խիտ ու շատ սեւ մազերը, որ սկսում էին ճակտի կէսից ցցւում վեր՝ գարնան բոյսերի թափով, նրան տալիս էին առիւծի տեսք։ Իր բազուկները խորտակիչ էին. նա սիրում էր զսպել ամենակատաղի ձին. Մուրատի հեծած երիվարը ուրիշ ոչ ոք կարող էր սանձահարել։ Իր քալուածքը հաստատուն էր ու աշխոյժ. երբ նա քայլում էր, թւում էր թէ մի աշխարհ է շարժւում։

«Եւ ի՜նչ հմայիչ, ի՜նչ խոհուն էր Մուրատի զրոյցը. անփառասէր խառնուածք, բարդ միտք, յստակ իմացականութիւն ¬ Մուրատ կարող էր վէճի նստել ամէն մի հրապարակախօսի, ամէն մի հասարակագէտի, գրագէտի հետ՝ միշտ աւելցնելով մի անոյշ ժպիտով, թէ «դէ մենք ժողովրդի մարդ ենք, անգէտ, ռամիկ ենք, աւելի¬ պակաս կը ներէք»…
«Ահա՛ Մուրատը…»։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել