Ի նպաստ Արցախի անկախութեան՝ բանաձեւ Ա.Մ.Ն. Մասաչուսէց նահանգի Ներկայացուցիչներու տան մէջ

ՊՈՍԹԸՆ.- Օգոստոս 6-ին, Ա.Մ.Ն. Մասաչուսէց նահանգի Ներկայացուցիչներու Տունը որդեգրեց բանաձեւ մը, որուն մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրէսին կոչ կ՛ուղղուի սատարելու Արցախի ինքնորոշման եւ անկախութեան:

Բանաձեւը պատրաստած էր Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճանըսըն Հեքթ:

Այս առիթով Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան ըսաւ.-. «Շնորհակալ ենք Մասաչուսէցի Ներկայացուցիչներու Տան Արցախի ազատութեան ի նպաստ բանաձեւ որդեգրելու համար: Որդեգրելով սոյն բանաձեւը` նահանգի օրէնսդիր մարմինը կը խրախուսեն մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ընդհանուր արժէքները: Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք քոնկրեսական Հեքթին` այս հարցին մէջ իր ցուցաբերած վճռական ղեկավարութեան համար: Բարձր կը գնահատենք մեր հայրենակիցներ եւ երկարամեայ աջակիցներ Ճէյմս Գալուստեանի եւ Միտըլսեքս շրջանի շերիֆ Փիթըր Գութուճեանի մեծ նուիրումը եւ շարունակական ջանքերը` ուղղուած Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի շահերու հետապնդման»:

Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան լոյս ընծայած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ բանաձեւը կը դատապարտէ Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ հայերու կոտորածները, ինչպէս նաեւ բռնարարքները, զորս Ատրպէյճան գործած է Արցախի ինքնորոշումը պահանջող խաղաղ ցուցարարներուն դէմ: Բանաձեւը բարձր կը գնահատէ, որ Արցախի ժողովուրդը, հակառակ շարունակական հալածանքներուն եւ ճնշումներուն, Դեկտեմբեր 10, 1991-ին համաժողովրդական հանրաքուէի միջոցով քուէարկախ է ի նպաստ անկախութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան: Բանաձեւը կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի արձանագրած յաջողութիւնները ժողովրդավարութեան կառուցման ասպարէզին մէջ եւ այդ առումով մեծ քայլ կը նկատէ Յուլիս 19, 2012-ին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնները:

Նաեւ, փաստաթուղթը կը շեշտէ, որ Ատրպէյճան իր թշնամական քայլերով ներկայիս եւս կը շարունակէ սպառնալ Արցախի անվտանգութեան:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Տպել Տպել