Յովհաննէս Թումանեան (1869-1923). Ամենայն հայոց բանաստեղծ՝ «հանճարեղ Լոռեցին»

hovhannes_toumanian Այսօր, Փետրուար 7ին (հին տոմարով), հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր հանճարեղ զաւակներէն Յովհաննէս Թումանեանի, որ իր անմահ գործով արժանաւորապէս նուաճեց պատուանդանը «ամենայն հայոց բանաստեղծ»ի։

Մեծն Եղիշէ Չարենց թարգմանը կը հանդիսանար ողջ հայութեան, երբ մեր ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն բախտորոշ մէկ հանգրուանին՝ հայ գրականութեան «հանճարեղ Լոռեցին» հռչակեց Թումանեանը։

Լոռեցի էր Թադէոս Թումանեանի որդի Յովհաննէսը։ Ծնած էր 7 Փետրուար 1869ին, Դսեղ գիւղը, հոգեւորական ընտանիքի յարկին տակ։ Նախնական կրթութիւնը գիւղի դպրոցին մէջ ստանալէ ետք, յա ճախած էր Ջալալօղլուի (այժմու Ստեփանաւան) դպրոցը, որմէ շրջանաւարտ՝ 1883ին անցած էր Թիֆլիս, «Ներսիսեան» Ճեմարանի մէջ ուսումը շարունակելու համար։ Սակայն նիւթական ծանր պայմաններու ճնշումին տակ, 1887ին ակամայ լքած էր դպրոցը եւ նետուած կեանքի ասպարէզ՝ աշխատանք գտնելով նախ Թիֆլիսի հայոց Դատաստանական Խորհուրդի, ապա՝ Հայ Հրատարակչական Միութեան գրասենեակներուն մէջ։

Ամենայն հայոց բանաստեղծին կազմաւորման շրջանը յատկորոշող կենսագրական այս ուրուագծային տեղեկանքի պաստառին վրայ իրենց տեղն ու նշանակութիւնը կը գտնեն Յովհաննէս Թումանեան մարդուն, հայուն, գրողին եւ ազգային-հասարակական գործիչին տիրական յատկանիշները.

– Անսահման բարութեամբ եւ միշտ լաւատեսութեամբ՝ անհուն ժպիտով կեանքին նայող մարդը եղաւ Թումանեան։

– Սեփական ազգի բազմաչարչար պատմութեամբ տառապող, հայու սեփական սխալները սրտցաւօրէն քննդատող, ինքնաքննադատութեան եւ ինքնամաքրման յառաջապահ դիրքերուն վրայ կանգնող եւ, մանաւա՛նդ, հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի վաղուան պայծառ օրուան հաւատացող ու պայքարող հաստատակամ հայը եղաւ Թումանեան։

– Հայոց աշխարհի բնական գեղեցկութիւններով ու հայ ժողովուրդի տոհմիկ բարքերով գինովցած գրողը եղաւ Թումանեան, որ այդ բոլորին հանճարեղ երգիչը դառնալով՝ անմահացաւ ու իրեն հետ անմահացուց Հայաստանն ու հայութիւնը։

– Հայ ժողովուրդի ազգային զարթօնքին եւ ազատագրական պայքարին անձնուէր դրօշակիրը եղաւ Թումանեան՝ ազգային-հասարակական իր գործունէութեամբ ու մտածողութեամբ, հաւատաւոր ջաոագովը դառնալով ինչպէս հայ ժողովուրդի անբուժելի ռուսասիրութեան, նոյնպէս եւ վրացի ու թուրք-թաթար հարեւաններուն հետ անկեղծ բարեկամութեան։

Այս բոլորին ինքնատիպ եւ ճառագայթող համադրումը մարմնաւորեց Յովհաննէս Թումանեան։

Բազմազաւակ իր ընտանիքով եւ նահապետական նիստուկացով՝ արժանացաւ հայոց նոր դարաշրջանի ժողովրդային բանաստեղծի արդար փառքին։ Եւ պատահական չէ, որ իր դիւցաներգութեամբ, վիպերգներով, հեքիաթներով եւ առակներով Թումանեան դարձաւ ամէնէն շատ սիրուած ու կարդացուած գրողներէն մէկը հայ իրականութեան։
Հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան հանճարեղ վերանորոգողի եւ ջերմեռանդ պահապանի իր գրական ստեղծագործութեամբ, նաեւ ու մանաւա՛նդ իր վերնայարկ բնակարանին մէջ հիւրընկալած ատենի հայ լաւագոյն մտաւորականութեան «Վերնատան հանդիպումներով»՝ Թումանեան 1900ականներուն իրագործեց հոգեկան-գաղափարական միասնութեան ոգեշնչող մթնոլորտ մը, որ մինչեւ մեր ժամանակները կը պահպանէ օրինակելի աւանդի եւ ներշնչման աղբիւրի իր այժմէականութիւնն ու թելադրականութիւնը։

Երբ մեծապետական սադրանքներու եւ ծաւալապաշտական նենգ հաշիւներու հետեւանքով Անդրկովկասի գլխաւոր երեք ազգութեանց՝ հայերուն, վրացիներուն եւ թաթար-թուրքերուն միջեւ արիւնալի ընդհարումներ հրահրուեցան 1905ին, յատկապէս Թումանեան բարձրահասակ կանգնեցաւ հաշտարար խառն յանձնախումբերու առաջին դիրքերուն վրայ, ազգամիջեան ներքին համերաշխութեան ի սպաս հաւատաւոր աշխատանք ծաւալելով։

Կուսակցականի խառնուածք չունէր Թումանեան եւ միայն կարճատեւ անդամակցութիւն ունեցաւ Դաշնակցութեան, որուն ազգային-գաղափարական ուղիին հաւատացող համակիրը մնաց մինչեւ վերջ։ Այդ պատճառով ալ, մտքի եւ գրչի իր ընկերներուն հետ, 1909ին բանտ նետուեցաւ ցարիզմին կողմէ, որ ձեռնամուխ եղած էր Դաշնակցութեան «կազմալուծումին», համառուսական առաջին յեղափոխութեան շրջանին Դաշնակցութեան ծաւալած հակացարական պայքարը սանձելու քաղաքականութեամբ։

Թումանեան ազգային գործիչին կերպարը իր առաւելագոյն հնչեղութիւնը ստացաւ Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպման իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ։ Յատկապէս մեծ եղաւ Թումանեանի ներդրումը թրքական պետութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հարիւր¬հազարաւոր հայ գաղթականներու պատսպարման, բուժման եւ սննդաւորման դժուարին գործին մէջ։ Այդ ժամանակ էր, որ Ս. Էջմիածնի վերանորոգուած վեհարանը գաղթականներուն առջեւ իբրեւ պատսպարան բանալու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դժկամութեան առ ի պատասխան՝ Թումանեան յայտարարեց, թէ ինքն ալ «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ»ն է եւ, այդ իրաւունքով, բանալ տուաւ վեհարանը։

Յուշատետրի սիւնակը նեղ է՝ սպառիչ արժեւորումը կատարելու համար Յովհաննէս Թումանեան ԵՐԵՒՈՅԹին։ Բայց անպայման պէտք է աւելցնել ուրուագծային այս նշումներուն վրայ, որ ռուսասիրութիւնը ազգային խոր արմատներ ունեցող արեւելում էր Թումանեանի համար։ Ոչ միայն գրական¬մշակութային կապերով, այլեւ՝ «Հիւսիսի աստղ»ին մեծ յոյսերով սպասող հայ ժողովուրդին հոգեխառնութեամբ Թումանեան միշտ քարոզեց եւ գործեց ռուս ժողովուրդին հետ բարեկամութեան եւ զինակցութեան օգտին։ Այդ ճամբով ալ, Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Թիֆլիս մնալով եւ Ազգային Խորհուրդի ճամբով իր գործունէութիւնը շարունակելով, Թումանեան ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի հայեւռուս բարեկամութիւնը հեռու պահէ հակադրութեան եւ թշնամանքի որոգայթներէն։

Այս առումով Թումանեանի վերջին առաքելութիւնը եղաւ Հայաստան ժամանումը 1921ի Մարտին, պոլշեւիկներու խժդժութեանց դէմ Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութենէն անմիջապէս ետք, որպէսզի Սիմոն Վրացեանի «Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէ»ին եւ խորհրդայիններուն միջեւ հաշտեցման եզրեր գտնէ։

Այդ առաքելութիւնը սպասուած արդիւնքը չտուաւ, իսկ Թումանեան բռնուեցաւ դեղնախտէ։ Անմիջապէս վիրահատման պէտք է ենթարկուէր եւ ան ճամբայ ելաւ դէպի Մոսկուա՝ Պերլին անցնելու եւ հոն մասնագիտական գործողութեամբ բուժուելու համար։ Բայց խլիրդը խոր բոյն դրած էր մէջը եւ հայ գրականութեան փառքը կազմող «Հանճարեղ Լոռեցին» վախճանեցաւ Մոսկուայի մէջ՝ 1923ի Մարտ 23ին։

Ամենայն հայոց բանաստեղծին ծննդեան տարեդարձը մեր ժողովուրդին շնորհաւորելու եւ նորահաս սերունդները հոգեմտաւոր մեր ժառանգութեամբ վերանորոգելու՝ հաղորդութեա՛ն առիթ մը թող ըլլայ ընթերցումը Յովհաննէս Թումանեանի «ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ՀԵՏ» բանաստեղծութեան.

Վաղուց թէեւ իմ հայեացքը Անյայտին է ու հեռւում
Ու իմ սիրտը իմ մըտքի հետ անհուններն է թափառում,
Բայց կարօտով ամէն անգամ երբ դառնում եմ դէպի քեզ՝
Մըղկըտում է սիրտըս անվերջ քո թառանչից աղեկէզ,
Ու գաղթական զաւակներիդ լուռ շարքերից ուժասպառ,
Ե՛ւ գիւղերից, ե՛ւ՛ շէներից՝ տըխո՜ւր, դատարկ ու խաւար,
Զարկուա՜ծ հայրենիք,
Զըրկուա՜ծ հայրենիք։
Խըռնըւում են մըտքիս հանդէպ բանակները անհամար,
Տըրորում են քո երեսը, քո դաշտերը ծաղկավառ,
Ու ջարդարար ոհմակները աղաղակով վայրենի,
Աւարներով, աւերներով, խընջոյքներով արիւնի,
Որ դարձըրին քեզ մըշտական սեւ ու սուգի մի հովիտ,
Խեղճ ու լալկան քո երգերով, հայեացքներով անժըպիտ,
Ողբի՜ հայրենիք,
Որբի՜ հայրենիք։
Բայց հին ու նոր քո վերքերով կանգնած ես դու կենդանի,
Կանգնած խոհո՜ւն, խորհըրդաւոր ճամփին նորի ու հընի.
Հառաչանքով սըրտի խորքից խօսք ես խօսում աստծու հետ

Ու խորհում ես խորին խորհուրդ տանջանքներում չարաղէտ,
Խորհում ես դու էն մեծ խօսքը, որ տի ասես աշխարհքին
Ու պիտ դառնաս էն երկիրը, ուր ձըգտում է մեր հոգին
Յոյսի՜ հայրենիք,
Լոյսի՜ հայրենիք։
Ու պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած,
Հազա՜ր-հազար լուսապայծառ հոգիներով ճառագած,
Ու երկնահաս քո բարձունքին, Արարատի սուրբ լանջին,
Կենսաժըպիտ իր շողերը պիտի ժըպտան առաջին,
Ու պոետներ, որ չեն պըղծել իրենց շուրթերն անէծքով,
Պիտի գովեն քո նոր կեանքը նոր երգերով, նոր խօսքով,
Իմ նո՜ր հայրենիք,
Հըզո՜ր հայրենիք…

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել