6-13 Փետրուար 1919. Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը ամրագրեց Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակը

Փետրուար 6ի այս օրը, 93 տարի առաջ, Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարին, որ պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի հետագայ հոլովոյթին մէջ։

Նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորման եւ հայոց անկախ պետականութեան արմատաւորման սկզբնական փուլն էր։ Ողբի, որբի եւ սովի պայմաններուն մէջ իր հայրենիքին անկախութիւնը նուաճած եւ հայոց ազգային պետականութիւնը վերականգնած հայ ժողովուրդի վերածնունդի ՊԱՀն էր։ Հայաստանն ու հայութիւնը «անձեւ քաոս»ի վիճակէն դուրս բերելու եւ ազգային-հասարակական ու պետական-իրաւական մարմինով ու կերպարով օժտելու՝ միս ու ոսկոր կապելու եռանդուն, այլեւ դժուարին ոգորումի հանգրուանն էր։
Ազգային ինքնահաստատման ու պատասխանատուութեան այդ զգայուն պահուն իր աշխատանքները սկսաւ եւ, մինչեւ 13 Փետրուարի իր փակումը, հայ ժողովուրդի իրականութիւնը յուզող մեծ ու բարդ հարցերուն բուռն քննարկումը կատարեց եւ իր լուծումները առաջադրեց Արեւմտահայոց Համագումարը։

Արեւմտահայոց այս Երկրորդ Համագումարն էր, որ բիւրեղացուց եւ հռչակեց Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ազգային¬քաղաքական հանգանակը՝ անոր իրագործման ուղղութեամբ անսակարկ, բոլո՛ր ուժերով նուիրուելու յանձնառութեան տակ դնելով թէ՛ ինքզինք, թէ՛ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները։

Համագումարը իր տեսակին մէջ երկրորդն էր։ Առաջինը տեղի ունեցած էր երկու տարի առաջ, 1917ի Մայիս 2էն 11, դարձեալ Երեւանի մէջ։ Առաջինն ալ գումարուած էր պատմական նոյնքան ծանրակշիռ պայմաններու մէջ եւ, աւելի՛ն, անհամեմատօրէն ջլատիչ՝ ընդհանուր յուսաբեկութեան մթնոլորտի մը մէջ։ Ռուս-թրքական ռազմաճակատին վրայ թէեւ պարտուած էր հայասպան պետութեան բանակը, բայց ցարական զօրքերու հրամանատարութիւնը ոչ միայն չուզեց քայլ մը եւս յառաջ երթալ, այլեւ որոշեց նահանջել դէպի 1878ի ռուս¬թրքական սահմանագիծը՝ իր հետ գաղթի դատապարտելով, Կարինէն ու Սասունէն մինչեւ Վան, հարիւր-հազարաւոր հայութիւն։ Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած արեւմտահայութիւնը, այդպէ՛ս, ռուսական զօրքերու նահանջին հետ, արցունքը աչքերուն՝ գաղթականի ցուպով եւ ոտաբոպիկ, ակամայ պարպած էր Երկիրը ու որբի եւ սովի բազմութիւններով թափած էր Արարատեան Դաշտ ու Երեւան։

Արեւմտահայոց առաջին համագումարին մասնակցած էին արեւմտահայութեան բոլոր հատուածները ներկայացնող աւելի քան 66 պատգամաւորներ՝ առաւելաբար Դաշնակցութեան ղեկավարած հայ ազգային¬ազատագրական շուրջ երեսնամեայ պայքարին մէջ թրծուած անուանի ֆետայիներու եւ գործիչներու գլխաւորութեամբ։ Նոյնինքն Անդրանիկ պատուոյ նախագահ ընտրուեցաւ Արեւմտահայոց Առաջին Համագումարին, որ իր աշխատանքները աւարտեց՝ ցեղասպան ոսոխին դէմ կուրծք ցցելու եւ մինչեւ վերջին շուրջ վերապրող Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան համար պայքարելու վճռական որոշումով։ Մանաւանդ որ ցեղասպանը, ռուսական զօրքերու նահանջէն քաջալերուած, կþարշաւէր Արեւելահայաստանի ուղղութեամբ՝ ամբողջացնելու համար Հայաստանի կործանման եւ հայ ժողովուրդի բնաջնջման համաթրքական իր երազին իրագործումը։

Արեւմտահայոց Առաջին Համագումարէն ետք, մինչեւ 1919ի Փետրուար 6ը, Հայաստանն ու հայութիւնը պատմական տարողութեամբ անկիւնադարձային հանգրուան նուաճեցին։ Եւ արդէն անկախ Հայաստանի մանուկ Հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ, արեւմտահայութիւնը վերստին ի մի եկաւ եւ ձեռնարկեց Ազգի ու Հայրենիքի հետագայ ուղին հունաւորելու, բայց մանաւանդ վերապրող հայութեան ընելիքը որոշելու կոչուած Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարին։

Երկրորդին ներկայ չեղան Ռոստոմի, Արամի եւ Անդրանիկի տարողութեամբ ղեկավար դէմքերը։ Ռոստոմ եւ Արամ նոր մահացած էին։ Իսկ Անդրանիկ քէնցած էր Հանրապետութեան կառավարութեան եւ հայրենիքի ազգային-քաղաքական կեանքը ղեկավարող երէկի իր դաշնակցական ընկերներէն, որոնցմէ շատերու հետ միասնաբար, կողք-կողքի, կռուած էին երկար տարիներ՝ թրքական անիրաւութեանց, խժդժութեանց եւ ջարդարարութեան դէմ։

Տեղը չէ, անշո՛ւշտ, բանալու ծալքերը Անդրանիկի սրտնեղութեան եւ ինքնամեկուսացման։ Առանձին անդրադարձ ու քննարկում կը պահանջէ այդ մէկը եւ յուշատետրի էջերէն կատարուած է ատիկա։ Բայց այս առիթով անպայման պէտք է ընդգծել, որ Անդրանիկի բացակայութիւնը ախտանշաններէն մէկն էր աւելի ընդհանրական եւ խոր արմատ ունեցող ազգային-քաղաքական այն տարակարծութեան, որուն դէմ յանդիման գտնուեցաւ Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը։

Համագումարին մէջ տիրող հոսանքը նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման հրամայականին մնացեալ բոլոր նկատառումները ստորադասելու ազգային¬քաղաքական ուղղութիւնն էր։ Միայն հզօր Հայաստանի Հանրապետութեան կռուանով հայ ժողովուրդը կրնար ունենալ Արեւմտահայաստանը ազատագրելու եւ արեւմտահայութիւնը Երկիր վերադարձնելու իրա՛ւ յոյսը։

Համագումարին ներկայացուած էր նաեւ երկրորդ հոսանք մը, որ փոքրամասնութիւն կազմելով հանդերձ՝ կը ներշնչուէր Փարիզէն գործող Պօղոս Նուպար Փաշայի եւ անոր շուրջ խմբուած արեւմտահայ գործիչներու «Ծովէ Ծով Հայաստան»ի իրագործման ուղղութեամբ հայութեան ուժերը լարելու մտածողութենէն։

Քննարկումները եղան բուռն, հակադրութիւնները՝ սուր, բայց ի վերջոյ համագումարը յանգեցաւ այն եզրակացութեան, որ նոյնինքն Արեւմտահայաստանի վերատիրացման եւ աստանդական դարձած արեւմտահայութեան Երկիր վերադարձին համար կար մէկ ու միակ ուղի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումն էր Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան՝ հայրենիքի սահմաններուն ընդարձակումը Հայաստանի կառավարութեան առաջնային եւ աւագ պարտաւորութիւնը դարձնելով։
Այդպէս ալ եղաւ։

Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարէն ներշնչուած՝ կատարուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան փոփոխութիւն։ Ալ. Խատիսեանի վարչապետութեամբ կազմուեցաւ նոր կառավարութիւն, որուն անունով՝ վարչապետ Խատիսեան 28 Մայիս 1919ին պաշտօնապէս Հայաստանի Խորհրդարանին ներկայացուց Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի իրագործման ուղղութեամբ գործելու իր կառավարութեան անդառնալի յանձնառութիւնը։

Աւելի ուշ, աշնանամուտին՝ Սեպտեմբեր 1919ին, Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դաշնակցութեան Իններորդ Ընդհանուր ժողովը նաեւ ծրագրային ուժ տուաւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակին։
93 տարի առաջ, Փետրուար 6ի այս օրը բացուած Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը փաստօրէն հունաւորեց հայ ժողովուրդի պատմական ձգտումներուն եւ ազգային գերագոյն շահերուն իրականացման հետագայ ուղին՝ ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան ազգային հանգանակը ամրագրելով։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել