8-9 Մայիս 1992, Շուշի. Արցախի ազատագրութեան յաղթարշաւին հերոսական խոյանքը

8էն 9 Մայիսը, քսան տարի առաջ, պատմական յիշարժան թուական դարձաւ եւ փառաւոր իր տեղը գրաւեց հայոց ազգային հերոսապատումին մէջ։
1992ի այս օրերուն, Արցախ աշխարհի հինաւուրց բերդաքաղաք Շուշին ազատագրուեցաւ հայ ժողովուրդի հերոսական զաւակներուն ռազմական բացառիկ սխրանքով։

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս Մայիս 9ին կը մեծարէ «Շուշիի ազատագրման եւ յաղթանակի» պետական տօնը։ Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական տօնացոյցով՝ Մայիս 9ն հռչակուած է «Յաղթանակի Օր»։

Թէ՛ իբրեւ ազգային-ազատագրական պայքարի յանդուգն նախաձեռնութիւն եւ թէ, մանաւա՛նդ, իբրեւ ռազմական փայլուն գործողութիւն, Շուշիի ազատագրման միօրեայ յաղթական գրոհը, որ 8 Մայիսին սկսաւ եւ 9 Մայիսին յաղթանակով պսակուեցաւ, ազգային-քաղաքական իր նշանակութեամբ կարեւորագոյն դարձակէտ մը խորհրդանշեց հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան համար։

Դրաւ սկիզբը Արցախի ազատագրութեան յաղթարշաւին։

Աւելի՛ն. Շուշիի ազատագրումով հայ ժողովուրդը ոչ միայն յաղթական հիմը դրաւ Արցախի վերատիրացման պայքարին, այլեւ՝ ռազմաքաղաքականօրէն ապահովեց վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութիւնը։

Բարձրանիստ բերդաքաղաքի անառիկ իր դիրքով յատկանշուող Շուշին ոչ միայն վերջին քառորդ դարուն, այլեւ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան բոլոր թէժ պահերուն, յատկապէս 17րդ դարէն սկսեալ թափ առած հայոց ազգային-ազատագրական պայքարի բախտորոշ բոլոր վերիվայրումներու ընթացքին, խորհրդանշած է հայկական ինքնութեան, ինքնուրոյնութեան եւ ազատ ու անկախ ապրելու ազգային մեր կամքին բարձրադիր ամրոցներէն մէկը՝ անառիկ եւ հերոսական։

Միջին դարերուն Շիկաքար բերդաքաղաքի անունով հռչակուած Շուշին մեր ժամանակները թեւակոխեց իբրեւ հայկական լեռնաշխարհի եզակի արծուեբոյններէն մէկը։ Հակառակ դարերու ընթացքին կատարուած այլացեղ ասպատակութեանց եւ բռնագրաւող ուժերու կողմէ նախաձեռնուած՝ հայկական այս հինաւուրց ոստանը օտարամուտ տարրերով բնակեցնելու եւ հայաթափման ենթարկելու փորձերուն, Շուշին ե՛ւ պահպանեց հայկական իր ազգային դիմագիծը, ե՛ւ դարձաւ հայ մշակոյթի ու դպրութեան, այլեւ հայ քաղաքական մտքի ու ռազմական տաղանդի զարգացման կարեւորագոյն բնօրրան մը։

1895ին Շուշի անդրկովկասեան յայտնի գիւղաքաղաք էր 30 հազար բնակչութեամբ, որուն 21 հազարը հայ էին։ Շուշիի Թեմական դպրոցը կը հանդիսանար, ատենին, ողջ հայաշարհի կրթական հինգ կարեւոր կրթօճախներէն մէկը, ուր թրծուեցան թէ՛ հայ ազգային-ազատագրական շարժման գլխաւոր դէմքերէն շատեր, թէ՛ հետագային՝ խորհրդային դարաշրջանին, Կարմիր Բանակի մեծանուն զօրավարներ դարձած հայ գործիչներ։

Հայաստանի անկախութեան կերտման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնաւորման տարիներուն, 1918-1921 թուականներուն, Շուշին առաջաւոր պատնէշը եղաւ Հայկական Դիմադրութեան՝ արեւելքէն եւ հիւսիս-արեւելքէն Հայաստանի ու հայութեան գոյատեւման սպառնացող թուրք-թաթար-ազերիական վտանգին եւ ներխուժման փորձերուն դէմ։ Արցախի հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարը ղեկավարելով՝ Շուշի հերոսաբար դիմադրեց համաթրքական գրաւման վտանգին եւ տեղի տուաւ միայն Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, երբ Ստալինեան կամայականութեամբ պարտադրաբար կցուեցաւ Խորհրդային Ադրբեջանին՝ իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ։

Խորհրդային լուծի տակ Շուշին հետեւողականօրէն ենթարկուեցաւ ատրպէյճանական հայաթափման քաղաքականութեան, բայց արցախահայութիւնը երբեք չհամակերպեցաւ ճնշումներուն։ 1960ականներու վերջերուն արդէն, Շուշիի հայութիւնը իր ժողովրդային ընդվզումի նախնական պոռթկումը ունեցաւ ատրպէյճանական Կոմկուսի ատենի ղեկավարութեան հակահայ բռնութեանց դէմ։ Իսկ երբ 1988ին արցախայութիւնը բարձրացուց Հայաստանի հետ Միացման դրօշը, ազերիական բանակի անառիկ յենակէտի վերածուած Շուշին դարձաւ պատուհաս՝ ողջ Արցախի գլխուն, յատկապէս իր անմիջական ստորոտը գտնուող Լ.Ղ.Ի.Մ.ի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը մնայուն ռմբակոծումի տակ առնելով։

Այս բոլոր առումներով հայկական հերոսութեան ու դիւցազնական խոյանքի փառահեղ մարմնաւորումը եղաւ 8 Մայիս 1992ին սկսած Շուշիի ազատագրման ռազմական գործողութիւնը, որ պատմական նշանակութիւն զգեցաւ նաեւ իր առաջացուցած ազգային միասնականութեամբ։

Հայկական գրոհը սկսաւ բոլոր ուղղութիւններով՝ Արցախեան Ազատամարտին զինուորագրուած հայ մարտիկներու բոլոր միաւորներուն մասնակցութեամբ, կանոնաւոր բանակայիններ ըլլային անոնք թէ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն եւ սփիւռքեան հայօճախներէն Արցախ փութացած նորօրեայ ֆետայիներ։ Դաշնակցութեան դրօշին տակ համախմբուած ազատամարտիկներ ըլլային անոնք, թէ 1988ի համաժողովրդական շարժման ալիքին հետ կեանք առած ջոկատներու «մահապարտներ» կամ «երկրապահ կամաւորականներ»։

Անշուշտ, յանդուգն այդ գրոհի ընթացքին, առասպելատիպ հայ հերոսներու արիւնէն ծանր գին վճարեցինք անառիկ Շուշին ազատագրելու համար։ Բայց ազատութեան եւ յաղթանակի ուղին միշտ ալ արեամբ ներկուած է եւ, կռուի դաշտին վրայ ինկած նոյն այդ հերոսներու արեան գնով, թանկագին իր արժէքն ու նշանակութիւնը նուաճած է ազատագրական պայքարի իւրաքանչիւր յաղթանակ ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ՝ բոլոր ժողովուրդներու պատմութեան մէջ։

Հայոց յուշատետրի 8-9 Մայիսի էջով՝ Շուշիի ազատագրութեան այս փառապանծ յաղթանակին մէջ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր նախ կ՛արժեւորենք մեր ժողովուրդի արի այրերուն միասնական յանդգնութիւնն ու հերոսութիւնը։
8¬9 Մայիս 1992ի գրոհով եւ յաղթանակով՝ հայկական ուժերը նուաճեցին երազը, ազատագրեցին Շուշին եւ ճամբան հարթեցին Հայաստանի հետ սահմանի ողջ երկայնքով Արցախի վերատիրացումին։

Արցախի իրողական ազատագրումին եւ Հայաստանի հետ միացումին ամրակուռ անկիւնաքարը հանդիսացաւ Շուշիի վերատիրացումը, որուն փառքի մետալին ամբողջական արժեւորումը տակաւին պարտք ենք հայոց նորագոյն պատմութեան եզակի այս յաղթանակը արեան գնով նուաճած մեր ազատամարտիկներուն։

Այդ իմաստով ալ Մայիս 8-9ին քսանամեակը կը ծառայէ շեշտելու, Յաղթանակաի Օրուան փառաբանանքի կողքին, միաժամանա՛կ, Շուշիի վերաշինութեան, վերաբնակեցման ու նորովի ծաղկման պայքարը համազգային ուժերով իր վերջնական յաղթանակին առաջնորդելու հրամայականն ու պարտաւորութիւնը։

Շուշիի ազատագրութեան համար ինկած հայ ժողովուրդի մեծ ու հերոս զաւակներներուն պարտք ենք տակաւին ամբողջ Արցախի իրողական անկախութեան եւ Հայաստանի հետ միութեան պահպանումն ու նաեւ իրաւական ճանաչումով հաստատագրումը։
Պարտք ենք, մանաւա՛նդ, Արցախի պետական ու հասարակական զարգացման ու յառաջդիմութեան ապահովումը, անպարտելի մեր բանակին հզօրացումը, ընկերատնտեսական բարգաւաճումն ու նորահաս սերունդներու կրթական զարգացումը, որպէսզի ոչ մէկ թուրք կամ ազերի երբեւէ փորձէ դիմել Արցախը, վերստին, բրտօրէն իր լուծին ենթարկելու ոտնձգութեանց…

Շուշիի ազատագրութեան քսանամեակը, հետեւաբար, ոչ միայն յաղթանակ տօնելու, այլեւ՝ համազգային մեր այս մեծ Պարտքին տէր կանգնելու աներեր Յանձնառութիւնը վերանորոգելու ուխտի օր է։

Ի վերջոյ, քսան տարի առաջ, Շուշիի ազատագրումով, Արցախի իրողական անկախութեան եւ մայր հայրենիքին հետ միացման միջազգային ճանաչման ապահովումը դարձաւ Հայ Դատի պայքարին ռազմավարական առաջնահերթ թիրախը։

Ամբողջ քսանամեակ մը ահա՛, մեր աչքերուն առջեւ, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ, փաստօրէն եւ պետականօրէն, հակահայ քաղաքականութեան լծուած ուժեր կը շարունակեն որոճալ Արցախն ու ամբողջ Հայաստանը բիրտ ուժով ծունկի բերելու անարգ ծրագիրներ։ Համաթրքական այդ սպառնալիքին եւ վտանգին՝ համազգային մեր Պատասխանը պիտի ըլլայ Հայաստանի հետ Արցախի պետական եւ հասարակական արագընթաց զարգացման, հզօրացման եւ ժողովրդավարացման ամրագրումը։

Ատրպէյճանի ռազմագոռ յաւակնութիւններուն եւ Անգարայի հակահայ ճնշումներուն հատու պատասխան տալու համար, հայ ժողովուրդը աւելի քան երբեք այսօ՛ր, Շուշիի ազատագրման 20ամեակին առիթով, կոչուած է վերանորոգ թափով յառաջ մղելու հայոց ազատամարտիկներուն նուաճած յաղթարշաւը։

Շուշիի ազատագրութեան համար թափուած հերոսներու արիւնը արդէն դարձած է սրբազան Կտակ՝ արեամբ նուաճուածը ամէն գնով պահպանելու, այլ մանաւանդ զարգացման ուղիով արմատաւորելու եւ անդառնալիօրէն հայացնելու, իբրեւ ազգային անկորնչելի հարստութիւն գալիք սերունդներուն աւանդ յանձնելու։

Որպէսզի միշտ հպարտութեամբ յիշատակուի փառքը 8-9 Մայիս 1992ին հայ ժողովուրդի բացած լուսաւոր դարաշրջանին՝ հայոց պատմութեան մերօրեայ մեծագոյն յաղթանակին։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել