11 Մայիսին, 1905 թուին, Դրօ ահաբեկեց Բագուի նահանգապետ Նակաշիձէն

DroKanayan 107 տարի առաջ, 1905ի այս օրը՝ 11 Մայիսին, Անդրկովկասի նաւթային մայրաքաղաք Բագուի կեդրոնական հրապարակներէն Պարապետի վրայ, 21ամեայ հայ յեղափոխական մը ռումբի հարուածով ահաբեկեց նահանգապետ իշխան Նակաշիձէն։

Երիտասարդ այդ յեղափոխականը Դրաստամատ Կանայեանն էր՝ անզուգական Դրօ-ն, որ այդպէ՛ս, օր-ցերեկով եւ բանուկ հրապարակի մը վրայ, գործադրեց Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի (Բագուի) Կեդրոնական Կոմիտէին տուած մահապատիժի որոշումը՝ հարիւրաւոր անմեղ հայերու կոտորածը հրահրած ցարական նահանգապետին դէմ։
Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման եւ, ընդհանրապէս, համառուսական յեղափոխական խմորումներու պատմութեան ամէնէն ուշագրաւ եւ ուսանելի էջերէն է Նակաշիձէի ահաբեկումը։ Նաեւ՝ այսօրուան համար նշանակալի դասեր փոխանցող դրուագ մըն է, որ մէկէ աւելի զուգահեռներով լոյս կը սփռէ հայեւատրպէյճանական մերօրեայ հակադրութեան արմատներուն վրայ։

Ո՞վ էր Նակաշիձէ եւ ի՞նչ ըրած էր, որ պատժուեցաւ նման դաժան դատաստանով։

Ինչո՞ւ Բագուն թատերաբեմ հանդիսացաւ հայկական յեղափոխութեան այդօրինակ՝ ցուցական արդարադատութեան։
Բագուն 19րդ դարավերջին դարձած էր ոչ միայն Անդրկովկասի, այլեւ՝ ամբողջ Ցարական Կայսրութեան նաւթային կեդրոնն ու ամէնէն ճարտարարուեստական քաղաքը, ուր անխնայ մրցակցութեան մէջ էին ռուսական թէ անգլիական, թրքական թէ վրացական, հայկական թէ թաթարական դրամագլուխներն ու գործատէրերը։

Իսկ քսաներորդ դարու առաջին տարիները համառուսական առաջին յեղափոխութեան խառն ժամանակներն էին։ Ցարական Ռուսաստանը, արտաքին ճակատի վրայ, ծայրագոյն արեւելքի մէջ պատերազմ կը մղէր Ճափոնի դէմ, իսկ ներքին ճակատի վրայ կը դիմագրաւէր Ս. Փեթերսպուրկէն սկսած եւ կայսրութեան ողջ տարածքը ալեկոծած ընկերային յեղափոխութեան բուռն շղթայազերծումը։

Յատկապէս Անդրկովկասը յեղափոխական ալեկոծումի մէջ էր եւ յեղափոխական տարրերը, առանց ազգային խտրութեան, միասնաբար ծառացած էին ցարական բռնատիրութեան դէմ։

Բազմազգեան մեծ խառնարան մըն էր Անդրկովկասը, յատկապէս նաւթահորերով հարուստ Բագուն, ուր հայն ու ռուսը, վրացին եւ թաթարը մէկ կողմէ, ազգամիջեան յարաբերութիւններու ճակատին վրայ, սուր մրցապայքարի մէջ էին իրարու հետ, իսկ միւս կողմէ՝ ընկերային չարաշահումներու եւ կեղեքումներու առումով, միացեալ ուժերով ծառացած էին կայսերապետական ճնշումի գործիքներուն՝ խաւարամիտ ու յետադիմական տարրերուն դէմ։

Համառուսական յեղափոխութեան ալիքը հասկնալիօրէն լայն արձագանգ գտած էր Բագուի աշխատաւորութեան մէջ, անկախ նաւթահորերու կամ ճարտարարուեստական մարզի բանուորներու ազգային պատկանելութենէն։ Ի տես յեղափոխական խմորումներու այդօրինակ սաստկացումին ու ծաւալումին՝ ցարական իշխանութիւնները ամէն կարգի դաւ ու սադրանք կþորոճային, հակակշռելու համար յեղափոխութեան վարակիչ ալիքը։

Ահա՛ պատմական այս ենթահողին վրայ, խռովայոյզ Բագուի նահանգապետի իր դիրքէն, թաթարական ծագումով Նակաշիձէն ձեռնամուխ եղաւ յեղափոխական խմորումներու յենարանը հանդիսացող Բագուի աշխատաւորութիւնը ազգային հողի վրայ պառակտելու, իրարու դէմ հանելու եւ անոնց հակացարական յեղափոխական միասնութիւնը ջլատելու դաւադրութեան։

Իսկ նման սադրանքի յաջողութեան համար պատրաստի հող էր թուրք¬թաթար զանգուածը, իր բանուորութեամբ հանդերձ, անոր խաւարամտութեան ու կրօնամոլութեան հետեւանքով։ Մանաւանդ որ ինչպէս Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, նոյնպէս եւ Ցարական Կայսրութեան հովանիին տակ հրահրուած էր թաթարներու (ի դէպ՝ նաե՛ւ վրացիներու) ամբոխային այն տրամաբանութիւնը, թէ իբր հայ դրամատէրները՝ սակաւաթիւ ըլլալով հանդերձ, ե՛ւ մեծ կշիռ ունէին անդրկովկասի մեծահարուստներու առանձնաշնորհեալ խաւին մէջ, ե՛ւ բարեկեցիկ կեանք ապահոված էին իրենց բանուորներուն…

Նահանգապետ Նակաշիձէ առաւելագոյն նենգամտութեամբ իւղ թափեց հայ¬թաթարական հակադրութեանց ու թշնամանքի այդ կայծերուն վրայ՝ գաղտնաբար զինելով նաեւ թաթար ազգայնամոլական խմբաւորումները, որոնց գլխաւորութեամբ՝ 6 Փետրուար 1905ին, Բագուի տարբեր շրջաններուն մէջ, թաթար խուժանը յարձակեցաւ հայերու եւ անոնց խանութներուն ու հաստատութեանց վրայ՝ քանդելով, կողոպտելով եւ սպաննելով… Թուրք¬թաթար ամբոխին կատաղութիւնը շարունակուեցաւ երեք օր՝ հակառակ անոր, որ առաջին օրը անակնկալի եկած հայութիւնը շատ արագ ինքնապաշտպանութեան եւ հակահարուածի դիմեց՝ Դաշնակցութեան եւ անոր յանդուգն կամքն ու յաղթ բռունցքը մարմնաւորող հայդուկապետ Նիկոլ Դումանի ղեկավարութեամբ։ Թէեւ թուրք¬թաթար ամբոխի խժդուժութեանց սանձ դրուեցաւ, բայց երկուստեք հարիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ ինկան, իսկ Բագուի հայութիւնը ենթարկուեցաւ նիւթական հսկայական կորուստներու։

Այս աստիճան ծանր յանցագործութեան գլխաւոր պատասխանատուն էր նահանգապետ Նակաշիձէն։ Անոր սադրանքը անպատիժ պէտք չէ մնար՝ թէ՛ նոյնինքն յանցագործը արդար դատաստանի արժանացնելու համար, թէ՛ նման սադրանքներու եւ յանցագործութեանց կրկնումը կանխարգիլելու նպատակով։

Եւ նահանգապետին դէմ մահապատիժ որոշեց ոչ միայն Դաշնակցութիւնը՝ յանձին Բագուի Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի Կ. Կոմիտէի, այլեւ՝ ռուս ընկերվարական¬յեղափոխական կուսակցութիւնները իրենց կարգին մահապատիժի վճիռ արձակեցին Նակաշիձէի դէմ։ Մինչեւ անգամ Ռուս Սոցիալիստ¬Յեղափոխականներու կուսակցութիւնը դիմեց Դաշնակցութեան, որպէսզի Նակաշիձէի մահապատժին գործադրութեան իրաւունքը հայ յեղափոխականները զիջին Անդրկովկասի իրենց ռուս եւ այլազգի գաղափարակիցներուն։

Դաշնակցութիւնը ընդառաջեց Ռուս Սոցիալիստ-Յեղափոխականներու կուսակցութեան դիմումին, բայց այս վերջինի կողմէ կատարուած Նակաշիձէի ահաբեկման գործողութիւնը անյաջող անցաւ։

Ձարիզմի նենգ պաշտօնատարը անպայման պէտք է պատժուէր եւ ի վերջոյ պատժուեցա՛ւ Դրօ-ի ձեռամբ։ Դրօ այդ շրջանին կը ծառայէր ռուսական բանակին մէջ, բայց հազիւ լսած Փետրուար 6ի թուրք¬թաթար ամբոխի խժդուժութեանց լուրը՝ փութացած էր Բագու ու ինքզինք տրամադրած Նիկոլ Դումանի եւ Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի Կ. Կոմիտէին, հակահայ կոտորածներու ալիքին սանձ դնելու սրբազան գործին մասնակցելու նպատակով։ Դրօ նաեւ կամաւոր իր թեկնածութիւնը առաջարկեց Նակաշիձէի ահաբեկումի գործադրութեան համար, երբ ռուս յեղափոխականներու առաջին փորձը ձախողեցաւ։

Եւ Դուման իր հաւանութիւնը տուաւ։

Գործողութեան կազմակերպման պատասխանատուութիւնը վստահուեցաւ Կ. Կոմիտէի անդամներէն Աբրահամ Գիւլխանդանեանի, իսկ անփորձ ահաբեկիչին՝ Դրօ-ին պիտի աջակցէր Գանձակեցի Կռօ անունով նոյնպէս երիտասարդ յեղափոխական մը։

Եւ 11 Մայիս 1905ին Նակաշիձէ ստացաւ իր արժանի պատիժը։

Նակաշիձէն նահանգապետարան փոխադրող ձիակառքը, շրջապատուած ձիաւոր թիկնապահներով, ամէն օր կ’անցնէր Պարապետի հրապարակէն։ Գործողութեան համար ճշդուած օրը՝ Մայիս 11ին, Կռօ դիրք բռնած պէտք է ըլլար հրապարակ տանող փողոցին ծայրը, իսկ Դրօ՝ իբրեւ հրապարակին վրայ զբօսնող անցորդ, տոպրակի մը մէջ դրած մահարկու ռումբը, պիտի սպասէր Կռոյի ազդանշանին՝ թէ նակաշիձէի կառքը կը մօտենար։
Բայց այդ օր Կռօ ընդհանրապէս չէր երեւցած, իսկ Ա. Գիւլխանդանեան պահ մը երեւցած ու անհետացած էր։ Դրօ առանձին մնացած էր…

Հրապարակին վրայ գտնուող թուրք-թաթար պտղավաճառ մը մայթին վրայ շարած էր իր վաճառած միրգերը. թարմ կեռաս ունէր. Դրօ պտղավաճառին ապսպրեց տոպրակ մը կեռաս եւ մինչ վաճառորդը կը լեցնէր տոպրակը, յանկարծ լսուեցան ձիակառքի եւ ձիաւորներու ձայներ։ Առանց այլայլելու, Դրօ իր ձեռքի տոպրակէն հանեց պատրաստի ռումբը, արագօրէն վազեց յառաջացող կառքի ուղղութեամբ եւ նետեց ռումբը։ Ահաւոր պայթիւնին հետեւեցաւ հրապարակի խուճապահար անցորդներու մեծ իրարանցումը։ Դրօ խառնուեցաւ ամբոխին եւ անհետացաւ…

Նակաշիձէ, իր սպասաւորը, թիկնապահներ եւ կեռասի պտղավաճառը տեղն ու տեղը սպաննուեցան։
Ահ ու սարսափը պատեց կայսերապետական ուժերուն եւ ցարական ոստիկանութեան։

Բագուի Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի Կ. Կոմիտէն, հայ ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս Անդրկովկասի հանրային կարծիքին ուղղուած երկու անջատ յայտարարութիւններով, ստանձնեց պատասխանատուութիւնը Նակաշիձէի մահապատիժին։ Իսկ Հ.Յ.Դ. Կովկասեան Պատասխանատու Մարմինը, յատկապէս ցարական պաշտօնէութեան ուղղուած երրորդ յայտարարութեամբ մը, ազդարարեց Նակաշիձէի ահաբեկման ի պատասխան հակահայ նոր դաւեր սադրող ուժերուն, թէ աւելի հատու պիտի ըլլայ հայ յեղափոխականներու յաջորդ հարուածը։
Անշուշտ որոշ ժամանակի համար զգաստացան ռուս պաշտօնատարները, նոյնպէս եւ թուրք¬թաթար ազգայնամոլ շարժումներու պարագլուխները։

Բայց հրձիգութիւնը գործուած էր արդէն եւ ազգամիջեան լարուածութիւնն ու թշնամանքը մէկանգամընդմիշտ սանձազերծուած էին…

Փոքր ազգերը պէտք է զոհաբերուէին, իբրեւ պարզ խաղաքարեր, ի սպաս մեծապետական ինչ¬ինչ շահերու ձեռքբերման եւ աշխարհաքաղաքական հաշիւներու կարգաւորման…

11 Մայիս 1905ին Նակաշիձէի ահաբեկումը հայ ժողովուրդին հատու պատասխանն էր թէ՛ փոքր ազգերը զոհաբերելու պատրաստ մեծապետական ուժերուն, թէ՛ անոնց ձեռքը կոյր գործիքի վերածուած ազգայնամոլներուն։
Իսկ Դրօ-ի յանդուգն քայլն ու ընդհանրապէս Անդրկովկասի հայոց ինքնապաշտպանութեան կռուանները ամրապնդելու Նիկոլ Դումանի ռազմավարութիւնը մղիչ ուժ եւ ներշնչման աղբիւր դարձան հայ ժողովուրդին, որպէսզի միշտ պատրաստ գտնուի ինքնապաշտպանութեան, յատկապէս աշխարհասասան ցնցումներու ժամանակ մոլեգնած հակահայ խժդժութիւնները դիմագրաւելու համար։

Ն.
ԱԶԱՏ ՕՐ

Տպել Տպել