25-27 Մայիս 1918. Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի յաղթական ճակատամարտները, որոնք հայոց պատմութեան անիւը շրջեցին դէպի Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտումը

Մայիսի այս օրերուն, տակաւին Առաջին Աշխարհամարտի արհաւիրքին մէջ ապրող հայ ժողովուրդը, թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած իր բեկորներով, Արարատեան Դաշտին վրայ իր վերջին ուժերը հաւաքեց, եղեռնագործ թրքական զօրքերու ընդհանուր գրոհին դէմ մէկ մարդու պէս ծառացաւ եւ, փառապանծ յաղթանակներ արձանագրելով, նոր դարաշրջան բացող հաշուեյարդար կատարեց իր պատմութեան եօթը դարերու թաւալգլոր անկումի ընթացքին հետ։

Շրջեց ընկրկումի, պարտութեան, գերութեան եւ համակերպումի այսպէս կոչուած ճակատագրական կործանարար անիւը եւ նուաճեց Ազգի ու Հայրենիքի յաղթական վերականգնումը՝ զինու զօրութեամբ Հայաստանի անկախութիւնը կերտելով ու հայոց ազգային մերօրեայ պետականութիւնը կեանքի կոչելով։

Յատկապէս 25 Մայիս 1918ը դարձակէտի նշանակութիւն ունեցաւ, որովհետեւ այդ օր, Սարդարապատի ճակատին վրայ, հայ ժողովուրդը իր առաջին յաղթանակը նուաճեց Մայիս 18էն սկսեալ թրքական բանակի ձեռնարկած միաժամանակ երեք ուղղութիւններով ընդհանուր, այլ վերջին հարուածի ուժգնութիւնը ունեցող գրոհին դէմ։

Կովկասեան ճակատի թրքական զօրքերու հրամանատար Վեհիբ Փաշան սրած էր ե՛ւ սուինները, ե՛ւ ախորժակները։ Յունուար 1918ի առաջին օրերէն սկսեալ յաղթական կþարշաւէր Հայաստանի վրայ՝ օգտուելով Ռուսաստանը ցնցած 1917ի փետրուարեան յեղափոխութենէն եւ, ամիսներ ետք, անոր յաջորդած հոկտեմբերեան՝ պոլշեւիկեան յեղաշրջումէն, որոնք յանգեցան համաշխարհային պատերազմէն Ռուսաստանը դուրս բերելու եւ, Դեկտեմբեր 1917ին, ռազմաճակատներէն ռուս զօրքերը «տուն կանչելու» լենինեան քայլին եւ անոր կործանարար հետեւանքներուն՝ հայ ժողովուրդին համար։

Կովկասեան ճակատին վրայ 1915-16ին անփառունակ պարտութիւն կրած թրքական բանակը յաջողեցաւ, 1918ի առաջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին, ոչ միայն վերագրաւել 1915էն ետք ռուսական յաղթական բանակին իր զիջած հողերը, այլեւ՝ նախապատերազմեան ռուս¬թրքական սահմանը հատելով, արագընթաց յառաջանալ մինչեւ Ղարաքիլիսա։ Իսկ Ղարաքիլիսայի վրայ Մայիս 18ին իր ձեռնարկած ուժեղ յարձակումին զուգահեռ, Վեհիբ Փաշա իր զօրքերը Մայիս 20ին շարժման մէջ դրաւ Սարդարապատի եւ Բաշ-Ապարանի ուղղութեամբ, որպէսզի Անդրկովկասը ամբողջապէս թրքական հակակշռի տակ առնելու եւ համաթրքական երազը իրագործելու ճամբուն վրայ, իր յաղթարշաւը արգելակող «Հայկական Սեպը» մէկանգամընդմիշտ ընկճէ ու բնաջնջէ։

1917ի տարեմուտը նորովի յոյսերով ողջունած հայ ժողովուրդը, որ տենդագին լծուած էր ազատագրեալ Արեւմտահայաստանը վերաբնակեցնելու, Թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան վէրքերը դարմանելու, գաղթականներն ու որբերը հաւաքելու եւ հայկական ինքնավարութեան կռուանները ամրապնդելու հսկայական գործին, յանկարծ՝ ռուսաստանեան խռովութեանց հետեւանքով, դէմ յանդիման կանգնեցաւ անաւարտ մնացած ցեղասպանութեան վերջին արարին…

Հայ Կամաւորական Գունդերը արդէն միաւորուած էին՝ Կովկասեան ճակատի ամբողջ երկանքին տարածուած եւ մինչեւ Պիթլիսի դռները հասած ու Երզնկա մտած ռուսական բանակի Հայկական Կորպուսին մէջ, որ կանոնաւոր բանակի վերածուած էր զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանի ընդհանուր հրամանատարութեան եւ Անդրանիկի, Դրոյի, դաշնակցական Խեչոյի, Քեռիի, Սեպուհի ու Գարեգին Նժդեհի օրինակով անուանի մարտիկներու հրամանատարութեան տակ։

Աւելի՛ն. 1917ի փետրուարեան յեղափոխութեան հետ, Անդրկովկասի մէջ եւս ցարական իշխանութեան փլուզումով ու վրացիներու, թաթարներու եւ հայերու գործակցութեամբ ժամանակաւոր կառավարութեան՝ Անդրկովկասեան Սէյմի աստիճանական ձեւաւորումով, հայութիւնը քայլ առ քայլ սկսած էր ամրապնդել իր ազգային-քաղաքական ուղին։ Գումարուած էին Արեւմտահայոց եւ Արեւելահայոց իրերայաջորդ Ազգային Համագումարները, որոնք մէկ կողմէ հայկական վեց նահանգներու եւ Կիլիկիոյ միացումով ինքնավար Արեւմտահայաստանի նպատակը բիւրեղացուցած էին, իսկ միւս կողմէ՝ պարզած էին Անդրկովկասի հայախիտ շրջանները վարչական առանձին միաւորներու մէջ համախմբելու եւ դաշնակցային կապերով նախ Անդրկովկասի ու, ապա, Ռուսաստանի հետ ժողովրդավարական միութիւն հաստատելու դրօշը։

Թրքական պետութիւնը, իթթիհատական իր եղեռնագործ ղեկավարութեամբ, անտարբեր կամ ձեռնածալ նստած չէր, անշո՛ւշտ։ Մինչ Ռուսաստան կը գալարուէր յեղափոխութեան տարերքով, իսկ Անդրկովկասի ժողովուրդները ակամայ գործակցութեան պայմաններուն մէջ սեփական գլուխը պահպանելու ելքեր կþորոնէին, անդին՝ թրքական իշխանութիւնները զէնքով, դրամով ու քաղաքական հովանաւորչութեամբ Կովկասեան Ճակատի ռուսական զօրքերու թիկունքը հարուածող կոյր գործիքի կը վերածէին Հայաստանի եւ ամբողջ Անդրկովկասի քիւրտ ու թաթար ազգաբնակչութիւնը։ Արարատեան դաշտէն մինչեւ Շիրակ եւ Զանգեզուրի լեռներէն մինչեւ Գանձակ, քիւրտ թէ թուրք մոլեռանդ տարրը, ցեղապետներով ու խաներով ղեկավարուող զինեալ հրոսակախումբեր կազմած՝ մէկ ձեռքով Սէյմի եւ Պոլշեւիկեան յեղափոխութեան զօրակցելու դրօշ կը պարզէր, իսկ միւսով ազգամիջեան գրգռութիւններ կը հրահրէր, հայեւռուս զինուորներու միջեւ անվստահութիւն կը սերմանէր եւ ընդհանրապէս կþաշխատէր ռուսական բանակի թիկունքը քայքայել։

Ահա այս զարգացումներու խորապատկերին վրայ Թուրքիա ստացաւ իր սպասած հրաշքը՝ պոլշեւիկներու իշխանութեան գլուխ գալով Ռուսաստանի դուրս քաշուիլը Առաջին Աշխարհամարտէն։ Դեկտեմբեր 1917ի Պրեսթ-Լիթովսկի հաշտութեան պայմանագիրը եւ, Յունուար 1918ին, անոր հետեւած Անդրկովկասեան Սէյմի ու Թուրքիոյ միջեւ կնքուած զինուորական գործողութեանց դադրեցման պայմանագիրը գլխիվայր շրջեցին ուժերու հաւասարակշռութիւնը Կովկասեան Ճակատի վրայ, ի նպաստ Թուրքիոյ։ Արեւմտահայաստանի ազատագրեալ տարածքին, ինչպէս եւ Արեւելահայաստանի խորերը միաժամանակ թափ առին քիւրտ¬թաթարական գրգռութիւնները եւ հայերու հետ ընդհարումները, որոնք ռազմաճակատը լքող ռուս զինուորներու առաջացուցած իրարանցումին վրայ գումարուելով՝ ընդհանուր անձկութեան եւ բարոյալքումի վիճակ առաջացուցին։

Հակառակ իր կնքած զինադուլի պայմանագրերուն եւ հակառակ, նոյնպէս, ռազմական ուժի առումով իր աննպաստ դիրքին, Թուրքիա արագօրէն ձեռնարկեց ներկայացած յարմար պահը առաւելագոյն չափով օգտագործելու քայլերու։ Ռուսական զօրքերու թիկունքին՝ Կարս ու Արդահանէն մինչեւ Ալեքսանդրապոլ, քիւրտ¬թաթարական խռովութեանց հրահրման զուգահեռ, Վեհիբ Փաշա սկսաւ ճնշումի տակ առնել ռազմաճակատի ռուսական դիրքերը։ Առաջին թիրախը եղաւ Երզնկան, ուր ռուս զինուորներու հեռանալէն ետք միայն հայկական զօրք մնացած էր։ Թրքական վերահաս գրոհին եւ անոր հետեւող խաղաղ բնակչութեան սպանդին առաջքն առնելու մտահոգութեամբ՝ զօր. Նազարբէկեան հրահանգեց պարպել Երզնկան՝ ե՛ւ բանակով, ե՛ւ բնակչութեամբ։ Վեհիբ Փաշա հանգիստ մուտք գործեց Երզնկա Յունուար 31ին։

Այդպէս սկսաւ եւ շատ արագ թափով ընթացաւ մէկ կողմէ հայկական զօրքի նահանջը, իսկ միւս կողմէ Վեհիբ Փաշայի բանակին յառաջխաղացքը։ Յունուարին վերջերուն գրեթէ ռազմական հաւասար ուժը ներկայացնող հակադիր զօրքերուն միջեւ, երկու ամիս ետք, կտրուկ փոխուեցաւ հաւասարակշռութիւնը։ Կարինը, Վանը, Կարսը եւ Ալեքսանդրապոլի յաջորդական գրաւումներուն հետ, թրքական բանակին ե՛ւ քանակական, ե՛ւ ռազմամթերքի ուժը կրկնապատիկ գերազանցեց հայկական զօրքի կարողականութիւնը։ Ապրիլին Վեհիբ Փաշա արդէն հասած էր Ղարաքիլիսա եւ օրհասական վտանգը շօշափելի իրականութիւն դարձած էր հայ ժողովուրդին համար։

Անդրկովկասեան Սէյմի միջոցաւ զինադադարի հասնելու եւ թրքական արշաւանքը սանձելու փորձերը կեղծ էին եւ ապարդիւն անցան։ Աւելի՛ն. վրացիք իրենց փրկութիւնը գտան Թուրքիոյ դաշնակից գերմանացիներու մէջ, մինչ թաթարները սկսան Արարատեան դաշտի հայութեան շուրջ պաշարման աքցանը սեղմել Գանձակէն ու Զանգեզուրէն։
Միայն հրաշքը կրնար փրկել հայ ժողովուրդը, որ այլեւս նահանջի տեղ չունէր, ոչ ալ անձնատուութիւնը կրնար զինք փրկել, որովհետեւ թուրքը կը յառաջանար հայութեան վերջին կռուանը եւս բնաջնջելու որոշումով։
Հայ ժողովուրդը եւս արժանացաւ հրաշքի, երբ Արամի ներշնչումով ու ղեկավարութեամբ Երեւանի մէջ մէկ մարդու պէս ծառացաւ հայութիւնը։

Եւ երբ Ղարաքիլիսան կրակի տակ առած Վեհիբ Փաշան իր զօրքերէն մաս մը 20 Մայիս 1918ին գրոհի մղեց միաժամանակ Սարդարապատի եւ Բաշ-Ապարանի ուղղութեամբ, իր դէմ գտաւ ռազմաճակատ նետուած անպարտելի ժողովուրդ մը, որ մեծով ու պզտիկով, հոգեւորականով ու կիներով, բոլորով կռուի ելած էր՝ Ազատութիւն կամ Մահ վճռականութեամբ։

25էն 27 Մայիս 1918ին հայութիւնը յաղթանակով աւարտեց Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի օրհասական ճակատամարտները, որոնք միասնաբար՝ իբրեւ Մայիսեան Հերոսամարտ՝ նուաճեցին յաղթական դարձակէտը հայոց նորագոյն պատմութեան եւ պսակուեցան Մայիս 28ի փառապանծ քայլով, Հայաստանի Անկախութեան կերտումով։

Առանձին քննարկման նիւթ է պատմական զարգացումներու հետագայ ընթացքը, Մայիս 28ով նուաճուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը կործանելու թուրքեւպոլշեւիկեան աններելի դաւադրութիւնը, որ յանգեցաւ Հայաստանի խորհրդայնացումին եւ եօթը տասնամեակ գերեվարումին՝ քսաներորդ դարու ամէնէն բիրտ ամբողջատիրութեան մահասփիւռ կրունկներուն տակ։

Բայց այսօր առիթն է եւ Մայիսեան Հերոսամարտի պանծալի տարեդարձին նուիրուած յուշատետրի այս վկայութեամբ անպայման պէտք է յուշել ու մատնանշել, որ խորհրդայինները ամբողջ եօթանասուն տարի ուրացան Մայիս 28ի դարակազմիկ արժէքը։ Նոյնիսկ երբ 1968էն ետք սկսան վերարժեւորել Սարդարապատի Հերոսամարտը, դարձեալ պատմական նենգափոխութեան ամէն ճիգ թափեցին, որպէսզի Մայիս 28ի ազգային-քաղաքական իմաստէն՝ Հայաստանի Անկախութեան կերտումէն փորձեն հեռու պահել Մայիսեան Հերոսամարտներու նշանակութիւնը։

Իսկ ինչ որ կը պատահի վերանկախացեալ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ, մեր օրերուն, երբ Մայիս 28ը պետականօրէն կը տօնուի իբրեւ Հանրապետութեան եւ ոչ թէ Անկախութեան Օր, վերջին հաշուով իր մէջ կը կրէ վերապրուկը խորհրդային կարգերու պարտադրած ստրկամտութեան սաղմերուն։

Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Անկախութեան Օրը խորհրդանշելու իր իմաստէն զրկելով Մայիս 28ը, զայն պարզապէս իբրեւ Հանրապետութեան Օր տօնելով պետականօրէն, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը փաստօրէն կը համակերպի խորհրդայիններէն «ժառանգուած», այլ նաեւ ըստ էութեան մեծապետական աշխարհին կողմէ պարտադրուած… ինքնաժխտումին եւ ձեռնթափութեան։

Վերջին հաշուով 21րդ դարու մեծապետական «տրամաբանութեան» պարտադրած նորօրեայ ստրկամտութեան հետեւանքով է, որ պետական հանգանակի վերածած ենք Ազատ ու Անկախ Հայաստանը՝ զայն ամբողջական ու Միացեալ տեսնելու մեր ազգային անբռնաբարելի իրաւունքէն կամայ թէ ակամայ զիջում կատարելով։
Ազգային մեր յիշողութեան տէր կանգնելու եւ սեփական պատմութեան հետ հաշտ ապրելու հրամայականը յուշելու կու գայ Մայիս 28ի տարեդարձը։

Նուաճելով 25-27 Մայիս 1918ի Մայիսեան Յաղթանակները եւ զանոնք պսակող Մայիս 28ի Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի ամբողջական եւ անբաժանելի աւանդը՝ հայ ժողովուրդը ընտրեց պատմական վերապրումի իր անդառնալի ուղին։

Միայն ժամանակի խնդիր է, որ հայ քաղաքական միտքը մաքրուի ստրկական համակերպումի ժանգերէն եւ իր ամբողջական փառքով վերարժեւորէ Մայիս 28ի խորհուրդը՝ իբրեւ Հայաստանի Անկախութեան կերտման անկրկնելի Օրը։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել